Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՋԱՀ Լրատուական – Թիւ 4. Եօթը Օր Եօթը Գիշեր Արցախի Պատանիներուն Շունչով

Մայիս 6, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առաջին օր. շաբաթ, 2 ապրիլ 

Շաբաթ, 2 ապրիլի Պէյրութի օդակայանին մէջ Արցախի տաղանդներուն վայրէջքը մեկնակէտն էր ամբողջ եօթը օր տեւած յուզումնախառն օրերուն, որոնց ընթացքին լիբանանահայ գաղութը մտովին փոխադրուեցաւ Արցախ, միացուց իր հոգին Արցախի պատանիներու հոգիներուն եւ փոխանակեց ոգեղէն այն ուժը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ մեծ խանդավառութեամբ անցընել եօթը օրեր ու վայելել տաղանդաւոր երեխաներուն եւ դաշնակահարուհիին մատուցած գեղարուեստական յայտագիրները` դրական տրամադրութեամբ լեցնելով նաեւ ծանր օրեր ապրող լիբանանահայութեան առօրեան:

12-17 տարեկան 8 տաղանդաւոր պատանիները եկած էին Ստեփանակերտէն, Շուշիէն, Հադրութէն եւ Արցախի այլ շրջաններէն: Անոնց կ՛ընկերակցէր արհեստավարժ դաշնակահար Նադեժդա Յակոբեանը, ինչպէս նաեւ` Արցախի մշակոյթի, գիտութեան, կրթութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ` Արմէն Յովսէփեանը:

Մասնակից ութ տաղանդաւոր պատանիներն էին`

Արսէն Սաֆարեան (շեփոր, 16 տարեկան)
Ստեփանակերտ, Սայաթ-Նովայի  անուան երաժշտական քոլեճ

Ապրիլի կէսերուն այս տաղանդաւոր պատանին Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ միջազգային մրցումի եւ գրաւեց առաջին դիրքը, ինչպէս նաեւ արժանացաւ «Կրան փրի»¬ի:

Աննա Դանիլովա (մեներգ, 16 տարեկան)
Շուշիի Դանիէլ Ղազարեանի անուան երաժշտական մասնագիտացուած դպրոց

Կարէն Յարութիւնեան (մեներգ, 12 տարեկան)
Մարտունի, Սօս գիւղ, Ճարտարի արուեստի դպրոց

Աստղիկ Աւանեսեան (քանոն, 13 տարեկան)
Ստեփանակերտի Հ. Գիւրջեանի անուան արուեստի դպրոց

Լիա Մանասեան (ասմունք, 17 տարեկան)
Շուշիի Խաչատուր Աբովեանի անուան միջնակարգ դպրոց

Կարէն Եսայեան (տուտուկ, 14 տարեկան)
Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոց

Վլադիմիր Գալստեան (դաշնամուր, մեներգ, 13 տարեկան)         
Ստեփանակերտ, Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոց

Տիգրան Աւագեան (տհոլ, 12 տարեկան)
Հադրութի արուեստի դպրոց

«Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւ ողջագուրուելէ ետք հիւրընկալող ընտանիքներուն եւ պատասխանատուներուն հետ, ժամանման կանուխ պահերէն իսկ Արցախ աշխարհի հոգին, ոգին եւ գեղարուեստը արդէն իսկ սկսան տարածուիլ Լիբանանի մէջ:

Ապա խումբը ուղղուեցաւ դէպի  Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն ու հանդիպեցաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ խնամակալութեան անդամներուն հետ, որոնք բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեցին ՋԱՀ յանձնախումբի ճամբով իրագործուելիք անոնց եօթը օրուան ծրագիրներուն: Արցախի մշակոյթի, գիտութեան, կրթութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ, Արմէն Յովսէփեան իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, որ նման նախաձեռնութիւններ անհետեւանք չեն մնար. «Մէկ կողմէն պատանիները կը ծանօթանան իրենց հասակակիցներուն եւ մշակութային փոխադարձ ճանաչողական կապեր կը ստեղծեն եւ միւս կողմէն` կ՛իմաստաւորեն մեր առօրեան եւ ապագայ փոխադարձ ծրագիրները կ՛ոռոգեն», ըսաւ Ա. Յովսէփեան: Ապա ան յուշանուէր մը յանձնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ծանօթանալէ ետք կառոյցին մէջ գործող դպրոցներուն, պատանիները Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբին հետ ունեցան փորձ կատարումներ:

Նոյն օրը երեկոյեան անոնց ժամադրավայրն էր ՀՅԴ Սարդարապատ ակումբը, ուր անհամբեր կը սպասէին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու պատանիները: Պատանի տաղանդները միութիւններու պատանիներուն հրամցուցին գեղարուեստական կարճ յայտագիր մը, որ մեծ խանդավառութեամբ լեցուց սրահը: Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Զարեհ Պոյաճեան, շնորհաւորելով հերոսածին Արցախի տաղանդները, անոնց բարի գալուստ մաղթեց` վստահեցնելով, որ Լիբանանի պատանին կը շնչէ ու կ՛ապրի Արցախով եւ միշտ պատրաստ է զօրավիգ կանգնելու Արցախին ու արցախահայութեան: Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում. տաղանդաւոր պատանիները ստացան ՀՅԴ ԼՊՄ Ընդհանուր վարիչ մարմինի հրատարակած «Դաշնակցական պատանիին գիրքը» ու ազգային-յեղափոխական երգերու խտասալիկ մը, մինչ Արմէն Յովսէփեան յանձնեց «Մամիկն ու պապիկը» խորհրդանշող յուշանուէր մը` ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ին: Յայտագրէն ետք, ձեռք ձեռքի բռնած, շուրջպարով մը արտայայտեցին միշտ միասին ըլլալու եւ Արցախին կողքին կանգնելու իրենց խոստումն ու վճռակամութիւնը:

Ուշ երեկոյեան հիւրընկալող ընտանիքները վերջապէս ստանձնեցին իրենց փոքրիկ գանձերը, որոնք քիչ մը յոգնած էին, բայց` տակաւին եռանդուն, որովհետեւ մէկ օրուան մէջ անոնք կրցած էին Արցախէն Պէյրութ հասնիլ ու Պուրճ Համուտի սրտին մէջ ստեղծել անփոխարինելի խանդավառութիւն:

Երկրորդ օր. կիրակի, 3 ապրիլ

Դէպի Այնճար. Առաւօտեան «Շաղզոյեան» կեդրոնէն ճամբայ ելանք դէպի Այնճար, ուր ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբը կազմակերպած էր հարուստ եւ խառն ապրումներով լեցուն ծրագիր մը:

Խումբը առաջին հերթին ներկայ գտնուեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ պատարագին: Ապա անոր յաջորդեցին շարք մը այցելութիւններ: Խումբը զգացական եւ զօրակցական այցելութիւն մը կատարեց Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նահատակ Գէորգ Հաճեանի ընտանիքին, որմէ ետք այցելեց Մուսա-Լեռ Այնճարի թանգարան, արուեստի ցուցասրահ, ինչպէս նաեւ` գրագէտ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարան: Խումբը շատ տպաւորուած էր գիւղի հայկական մթնոլորտով եւ այնճարցիներու ջերմ հիւրընկալութեամբ:

«Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ ճաշելէ ետք խումբը այցելեց Այնճարի պատմական բերդը:

Ժամը 5:00-ին «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահը լեցուած էր հայորդիներով, որոնք մեծ ջերմութեամբ եւ յուզմունքով դիմաւորեցին արցախցի խումբը, որ ունեցաւ գեղեցիկ համերգ մը:

Այնճարցիները իրենց զօրակցութիւնը եւ նեցուկը յայտնեցին արցախցի խումբին` նշելով, որ Արցախը մեր յաղթանակի խորհրդանիշն է, եւ թէ` մենք Արցախով կ՛ապրինք ու կը տագնապինք:

Օրուան աւարտին Արցախի պատանիները խանդավառ պահեր անցուցին Այնճարի ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան երէց պատանիներուն հետ, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ:

Արցախի շունչն ու հոգին այնճարցիներուն փոխանցած արցախցի խումբը վառ յիշատակներով վերադարձաւ Պէյրութ:

Երրորդ օր. երկուշաբթի, 4 ապրիլ

Երկուշաբթի առաւօտեան, իրենց տաքուկ ընտանեկան նոր տուներէն դժուար բաժնուելով, տաղանդաւոր պատանիները սկսան իրենց ծրագիրի աշակերտական համերգային բաժինին:

Առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային Միացեալ վարժարանէն ներս: Կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմէքճեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք Արցախէն ժամանած խումբին, աշակերտներէն խնդրեց յայտագրի ընթացքին ամբողջ մտքով ու հոգիով փոխադրուիլ Արցախ: Եւ այդպէս ալ աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ ըմբոշխնեցին մէկ ժամէն աւելի տեւած գեղարուեստական յայտագիրը: Պատանիներուն լաւագոյնս ներկայացուց եւ յայտագիրը վարեց խմբավար Զաքար Քէշիշեան, որ արդէն իր երկար տարիներու գործունէութեամբ Շուշին կապած է սփիւռքահայութեան եւ ջանք չխնայեց այդ կապը ամրապնդելու բոլոր դպրոցներու աշակերտութեան հետ:

Տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան հետ ջերմ հիւրասիրութեան պահը առիթ էր հանգստանալու եւ պատրաստուելու երկրորդ եւ մեծաթիւ հանդիսատես ունեցող աշակերտական համերգին` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահէն ներս, ուր ներկայ էին Վահան Թէքէեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարաններու աշակերտութիւնն ու անոնց ընկերակցող պատասխանատու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները: Ներկայ էին նաեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարաններու տնօրէնները, որոնք ձեռնարկի աւարտին իրենց սրտի եւ զօրակցական խօսքերը փոխանցեցին արցախցի խումբին:

Ամբողջ մէկուկէս ժամ տեւող գեղարուեստական յայտագրին կ՛ընկերակցէր դաշնակահարուհի Նադեժդա Յակոբեան, որ ոչ միայն նախապատրաստական աշխատանքները կատարողն էր, այլ նաեւ` պատանի տաղանդներուն ուժ ու կորով բաշխողը:

Երկու յաջող ելոյթներէ եւ ճաշի դադարէ մը ետք խումբը պտոյտ մը ունեցաւ դէպի Հարիսայի սրբավայրը եւ ապա` Զմմառու վանքը, ուր իւրայատուկ էր հանդիպումը Արցախի բարբառը խօսող վանականի մը հետ եւ յուշանուէրներու յանձնումը: Երեկոյեան անոնք կանգ առին Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր ու ծանօթացան շէնքին մէջ գործող Համազգայինի դպրոցներուն, մարզական, սկաուտական եւ կուսակցական միութիւններուն:

Չորրորդ օր. երեքշաբթի, 5 ապրիլ

Համազգայինի Մ. եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի մուտքին խումբը դիմաւորեց տնօրէն Փաուլա Եղիայեանը, որ ջերմօրէն ընդունեց պատանիները եւ ներկայացուց դպրոցին պատմականը:

«Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ աւարտական դասարանէն Արամ Հանտեան ողջունեց խումբը` յայտնելով, որ Արցախը իւրաքանչիւրիս սիրոյ, ուժի, պայքարի, բռնագրաւեալ հողերու վերատիրացման, յարատեւման ու գոյատեւման խորհրդանիշն է: Ան ճեմարանականներու անունով զօրակցութիւն յայտնեց արցախցիին` հաստատելով, որ անոնք միշտ կ՛ապրին Արցախի հետ, կը զգան արցախցիին հետ եւ կը պայքարին անոր հետ:

Ապա խումբը ունեցաւ գեղեցիկ ելոյթ մը, որ մեծ խանդավառութիւն պատճառեց սրահը լեցուցած աշակերտներուն, որոնք իրենց ծափերով եւ երգերով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին արցախցի պատանիներուն: Ձեռնարկի աւարտին  Փաուլա Եղիայեան իր կարգին գնահատական խօսք ուղղեց բոլորին, ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Խումբը ապա բարձրացաւ Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն մօտ, որոնց հետ ծանօթանալէ ետք, միասնաբար երգեցին «Երազ իմ երկիր հայրենի»-ն` ստեղծելով յուզիչ պահ մը:

Այդ օրուան աշակերտական երկրորդ ելոյթը տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ, ուր խումբը ունեցաւ իր համերգը Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Պետողլեան սրահին մէջ` ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ հոգեւոր հայրերու: Ձեռնարկի աւարտին դպրոցի տնօրէն Արամ Գարատաղլեան ըսաւ, որ ծանր պայմաններու մէջ ապրող այս պատանիները եթէ կարողացան գալ եւ հրապուրել մեզ իրենց արուեստով, ապա ուրեմն մենք մեր կարգին կը խոստանանք, որ մեր կարելիութեան սահմաններէն ներս միշտ նեցուկ պիտի կանգնինք Արցախին:

Իր կարգին հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան յայտնեց. «Մենք կը հաւատանք, որ Արցախը պիտի վերադառնայ մեզի, սակայն մեր բոլորին պարտականութիւնն է աղօթել եւ կառչած մնալ հայկական մշակոյթին` օրինակ ունենալով այս պատանիները եւ թշնամիին դէմ զինուիլ մշակոյթով, լեզուով եւ հայոց պատմութեամբ, քանի որ պայքարը երկար է»:

Ելոյթէն ետք Արամ Գարատաղլեան իր գրասենեակէն ներս ընդունեց օրուան հիւրերը, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ապա վարժարանին անունով նուէրներ յանձնեց պատանիներուն:

Ապա խումբը ճաշի հիւրը եղաւ «Փուռ Իշխանեան»-ին, որմէ ետք ուղղուեցաւ Անթիլիասի մայրավանք, եւ այնտեղ այցելեց Կիլիկիոյ թանգարան եւ հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, որ զօրակցական խօսքեր ուղղեց արցախցի հիւրերուն: Պատանիները ապա ներկայացուցին մէկական կատարում, որմէ ետք վեհափառ հայրը անոնց յուշանուէրներ յանձնեց:

Ապա խումբը ընթրիքի հիւրը եղաւ ճաշարան Վարուժի:

Հինգերորդ օր. չորեքշաբթի, 6 ապրիլ

Օրուան առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ, ուր արցախցի խումբը ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ տնօրէն դոկտ. Դալար Աթէշեանի կողմէ:

Արցախցի պատանիներու խումբը այստեղ եւս փոխանցեց Արցախի շունչը, ոգին եւ ապրելու կամքը դպրոցի աշակերտներուն, որոնք ուշի ուշով հետեւեցան յայտագիրին:

Ձեռնարկի աւարտին դոկտ. Աթէշեան յայտնեց, որ արցախցի պատանիները իրենց երգով եւ նուագով հաւատքի եւ յոյսի կամուրջ դարձան եւ բոլորին Արցախ փոխադրեցին` ապրելու եւ շնչելու Արցախով:

Առաքինազարդ քոյր Ալիս Մկրտիչեան իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, որ Աստուծոյ նախախնամութիւնը անպակաս է հայուն կեանքէն, նշելով, որ հայը միշտ պիտի ապրի սիրելով ու յաղթելով: Աւելի ուշ աշակերտութեան կողմէն հաւաքուած սիրոյ եւ երախտագիտութեան նուէրը յանձնուեցաւ պատանիներուն:

Ապա խումբը հասաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ կրթական տնօրէն Անի Բագրատունիի եւ վարչական տնօրէն Սրբուկ Ճենանեանի կողմէ: Խումբը ծանօթացաւ մանկապարտէզի գունազարդ գրադարանին, ուր նաեւ նախաճաշեց դպրոցի տնօրէնութեան հետ: Անկէ ետք ուղղուեցաւ դէպի «Սիրան Մանուկեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ աշակերտական համերգը, որուն մեծ հաճոյքով հետեւեցան դպրոցի աշակերտները:

Նախքան ձեռնարկի մեկնարկը` աշակերտները իրենց տպաւորութիւնները փոխանցեցին «Վանայ ձայն» ռատիոկայանին, ինչ որ ուղղակի առցանց սփռուեցաւ, ինչպէս նաեւ` ձեռնարկի սկիզբի բաժինը:

Ձեռնարկի աւարտին Անի Բագրատունի գնահատեց տաղանդաւոր պատանիներուն կատարումները, որոնք Արցախի շունչն ու արցախցիի կամքը փոխանցեցին ներկաներուն, վստահեցնելով, որ լիբանանահայ աշակերտը միշտ Արցախին նեցուկ է:

Դպրեվանքը իր հոգեւոր շունչով եւ գեղեցիկ դիրքով մեծ ազդեցութիւն ձգեց պատանիներուն վրայ: Անոնք նոյնիսկ փափաքեցան, որ Լիբանան իրենց յաջորդ այցելութիւնը սկսին դպրեվանքէն: Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնեզեան ջերմ ընդունելութիւն ցուցաբերեց եւ իր գրասենեակէն ներս ունեցած հանդիպումին ընթացքին, ներկայացուց դպրեվանքի պատմութիւնը եւ գործունէութիւնը: Ապա խումբը ծանօթացաւ դպրեվանքի յարկերուն եւ բակին մէջ մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ յայտնաբերեց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանը:

Ժամերգութեան մասնակցելէ ետք տեղի ունեցաւ համերգը, որ մեծ տպաւորութիւն ձգեց դպրեվանքի սաներուն վրայ, որոնք համերգի աւարտին Արցախի քայլերգով եւ «Կիլիկիա» երգերով պատուեցին արցախցի հիւրերը:

Ընթրիքի մթնոլորտը խանդավառ էր: Հակառակ իրենց յոգնութեան` պատանիները այնտեղ եւս խանդավառ եւ հարազատ մթնոլորտ ստեղծեցին:

Վեցերորդ օր. հինգշաբթի, 7 ապրիլ

Հինգշաբթի առաւօտեան ժամադրավայրն էր Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը: Թէ՛ առաւօտեան եռանդը եւ թէ՛ ալ աշակերտութեան ջերմ ծափողջոյնները եկեղեցւոյ սրահը լեցուցին եռանդուն խանդով մը, որ վարակեց նաեւ մանկապարտէզի փոքրիկները, որոնք անմասն չմնացին այս մթնոլորտէն: Համերգի աւարտին դպրոցի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան իր խօսքին մէջ վստահեցուց, որ Արցախն ու արցախահայութիւնը միշտ մեր հպարտութիւնը եղած են, աւելցնելով, որ տաղանդաւոր պատանիները մէյ մէկ ադամանդներ են, զորս պէտք է տեւաբար քաջալերել:

Օրուան երկրորդ ժամադրավայրն էր Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» կառոյցը, ուր պատանիները ծանօթացան թէ՛ դպրոցին եւ թէ՛ ալ առիթը ունեցան այցելելու Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը: Աւարտին, պատանիները ճաշի հիւրն էին «Թռչնոց բոյն»-ին:

Դադարէ մը ետք բոլորին ժամադրավայրն էր «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը, երեկոյեան ժամը 8-ին, ուր տեղի ունեցաւ այնքան սպասուած «Ղօղանջ վերապրումի» հանրային համերգը:

Հոծ բազմութեան ներկայութեան, ամբողջ մէկուկէս ժամ տեւող համերգին ընթացքին, արցախեան շունչն ու ոգին, կորովն ու հաւատքը ոչ միայն բեմին վրայ կը տեսնուէր, այլ նաեւ` հանդիսատեսներու դէմքերուն վրայ, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` յաջողեցան իրենց յուզմունքին զուգահեռ զգալ լաւատեսութիւնն ու յոյսը:

Հանրային եւ կալայի ձեռնարկներուն սկիզբը ցուցադրուեցաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեանի խօսքը: Ան հաստատեց, որ հակառակ Արցախի դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն` ջանք չի խնայուիր նոր սերունդին տալու հայեցի, ազգային եւ գաղափարական դաստիարակութիւն, եւ յարատեւ աշխատանք կը կատարուի հայրենիք-սփիւռքի կապերու ամրապնդումին ուղղուած: Նախարարը ողջունեց «Ղօղանջ վերապրումի» ծրագիրը` մաղթելով նորանոր նուաճումներ եւ յաջողութիւններ: Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ արցախեան վերջին պատերազմին եւ անոր յաջորդող փուլին վերաբերող տեսերիզներ:

Պատանիները հանդիսատեսներուն ծանօթացուց եւ բեմավարութիւնը ամենայն հարազատութեամբ կատարեց Զաքար Քէշիշեան:

Վերջին երկու երգերուն յայտագիրին միացաւ Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը:

Եօթներորդ օր. ուրբաթ, 8 ապրիլ

Ուրբաթ առաւօտեան խումբը հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին հետ, որ ողջունեց հերոսական Արցախէն ժամանած տաղանդները Պէյրութի մէջ` յաջողութիւն մաղթելով անոնց ապագայ ծրագիրներուն:

Ապա խումբը առիթը ունեցաւ շրջագայելու Պուրճ Համուտի մէջ` ծանօթանալու շուկային եւ գոհունակութեամբ տուն տանելու խորհրդանշական նուէրներ: Երեխաները նաեւ սրտի մեծ գոհունակութեամբ եւ երախտապարտութեամբ ճաշի հիւր եղան Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող «Ճաշարան Աբօ»-ին:

Քանի մը ժամ դադարէ ետք պատանիները մեծ խանդավառութեամբ պատրաստուեցան կալա համերգին` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահէն ներս: Իր բացման խօսքին մէջ Նարէ Գալեմքերեան դիտել տուաւ, որ ՋԱՀ յանձնախումբի այս ձեռնարկին նպատակն էր ամրապնդել հոգեկան կապը լիբանանահայուն եւ արցախցիին միջեւ, անգամ մը եւս հաստատելով, որ լիբանանահայութիւնը միշտ իրենց կողքին է: «Իրենց տուները ակամայ լքած եւ անորոշութեան մէջ ապրող մեր պատանիները մեզի եկան ըսելու, որ իրենց կամքը անկոտրում է, հաւատքը` ամուր եւ յոյսը` միշտ վառ: Հետեւաբար մենք իրաւունք չունինք յուսալքուած մնալու, պէտք է շարունակենք եւ ամրապնդենք մեր պայքարը` յանուն հերոսական Արցախի, յանուն բռնագրաւուած տարածքներուն, յանուն ազգի միասնութեան եւ ազատութեան», շեշտեց ան: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցած լիբանանահայ գաղութի զանազան հիմնարկներուն, հաստատութիւններուն, աշակերտներուն, ծնողներուն, սրտցաւ հայրենակիցներուն եւ պատանիները հիւրընկալող ընտանիքներուն:

Յայտագիրը նախորդող օրուան կրկնութիւնն էր` քիչ մը աւելի ընդլայնուած: Աւարտի վերջին երկու երգերուն անոնց միացան Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի անդամները: Նախքան ձեռնարկի փակումը` իր սրտի խօսքը ուղղեց պատանիներուն ընկերակցող, Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ եւ Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի եւ գեղարուեստական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Յովսէփեան, որ դիտել տուաւ, թէ արցախահայութեան հոգին դարձեալ պարուրուեցաւ լիբանանահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն տուներուն մէջ: Արմէն Յովսէփեան յոյս յայտնեց, որ նման նախաձեռնութիւններ աւելի յաճախակի կը դառնան, որովհետեւ անոնք կարեւոր են Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի դիմաց մարտահրաւէրներու յաղթահարման օժանդակելու: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց պատանիներուն ընկերակցած արհեստավարժ, շնորհաշատ դաշնակահար Նադեժդա Յակոբեանին` անոր անձնուէր աշխատանքին համար եւ այս բոլորին կայծը հանդիսացող Զաքար Քէշիշեանին: Աւարտին ան Արցախը խորհրդանշող յուշանուէր մը յանձնեց ՋԱՀ յանձնախումբին:

Ձեռնարկէն ետք, մինչեւ կէս գիշեր պատանիներն ու խումբը իրարու հետ ունեցան վերջին ընթրիք մը` նախքան անոնց օդակայան ժամանումը երեք ժամ ետք:

Հարկ է նշել, որ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի ներկայացուցիչ Արմէն Յովսէփեանը իւրաքանչիւր դպրոցի տնօրէնին յանձնեց յուշանուէր մը: Իւրաքանչիւր ձեռնարկէ ետք ան կը յանձնէ յուշանուէրը եւ կ՛ուղղէր իր սրտի խօսքը` երախտագիտութիւն յայտնելով կազմակերպուած ծրագիրին, դպրոցներու հիւրընկալութեան եւ ջերմութեան համար եւ Արցախ-լիբանանահայութիւն կապերը ամրապնդելու ուղղուած ջանքերուն համար:

Շաբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերուն էր, որ խումբը հասաւ Պէյրութի օդակայան. շատ դժուար էր բաժնուիլը իրենց հարազատ օճախէն, հիւրընկալող ընտանիքներէն, յանձնախումբի անդամներէն, շաբթուան խանդավառ ու վարակիչ մթնոլորտէն: Այդ իսկ պատճառով մինչեւ օրս կապերը կը շարունակուին թէ՛ խումբին եւ թէ՛ անոնց ծնողներուն հետ:

Պատանիները իրենց արուեստով, հաւատքով, անկոտրում կամքով եւ քաջութեամբ եկան յոյս ներշնչելու մեզի եւ հաստատեցին, որ պայքարի կրակը միշտ վառ կը մնայ, եւ պէտք չէ երբեք դադրիլ պայքարելէ, հաւատալէ, ճիգ թափելէ, եւ պինդ մնալէ:

Հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամին, քաղաքական, ապահովական, ընկերային ծանր հարցերուն` լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց Հայաստանին եւ Արցախին իր նեցուկ կանգնելու վճռակամութիւնը` իր կատարած բազմաթիւ նիւթական եւ ոչ-նիւթական նուիրատուութիւններու ճամբով: ՋԱՀ յանձնախումբը իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ այս ծրագիրի յաջողութեան մասնակցած բոլոր կողմերուն:

Մեր Դիմատետրի էջին վրայ կրնաք գտնել Արցախ TV-ի տուած Արմէն Յովսէփեանի հարցազրոյցը, ինչպէս նաեւ արցախցի պատանիներու տպաւորութիւններուն վերաբերող տեսերիզը:

FB – ՋԱՀ

Հետեւեցէք մեր էջին, ուր պիտի գտնէք Ջաւախքի, Արցախի եւ Հայաստանի վերաբերող պատմական նիւթեր, նորութիւններ, լուրեր, տեսերիզներ:

Նախորդը

Ֆելիքս Յարութիւնեանի Մահուան 10-ամեակ

Յաջորդը

Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արցախ

RelatedPosts

Բայց Մենք Հայ Ենք…
Անդրադարձ

Բայց Մենք Հայ Ենք…

Մայիս 25, 2022
Ընթերցումներ.  Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը
Անդրադարձ

Ընթերցումներ. Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը

Մայիս 25, 2022
Ակնարկ.  Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ
Անդրադարձ

Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ

Մայիս 24, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In