Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կորսնցուցինք Փուլ Մը, Սակայն Մենք Մեզ Շահեցանք․ Հայերը Բարդ Մարտահրաւէրի Ընդառաջ

Մայիս 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ ժողովուրդը իր գոյերթին մէջ երբեք չմոռցաւ բոլոր այն ջարդերը, որոնց ենթարկուեցաւ, յատկապէս՝ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութիւնը բոլորեց իր 107-րդ տարելիցը։ Հակառակ ցեղասպանութեան դառնութեան, հայ ժողովուրդը  յաջողեցաւ, աշխարհի տարբեր կողմեր տարածուելով իր կեանքի անիւը կրկին թաւալել եւ ոտքի կանգնիլ ու ողջ աշխարհին ներկայացնել վերապրելու իր բանաձեւը։

Կը վերյիշեմ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ Ապրիլ ամսուան կսկիծը վերապրելու, այլ 27 Սեպտեմբերէն 9 Նոյեմբերին Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան վրայ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմին սրտաճմլիկ հետեւանքները լուսարձակի տակ բերելու։

Պէտք է խոստովանիլ, որ թէեւ պատերազմ մը տանուլ տուինք, սակայն  պարտութեան ու յուսալքումի հոգեբանութեամբ չընկճուեցանք, նախ` այն պատճառով, որ պատերազմող կողմերուն ուժերը համապատասխան չէին․ մէկէ աւելի կողմեր դաւաճանեցին մեզի։  Մեր երկիրը ներքաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումներու աշխատանքին լծուած էր, երբ անակնկալ գրոհով մեզ անել կացութեան մատնեցին։ Սակայն, հակառակ այս յարձակումին, հայոց բանակը խիզախութեամբ դէմ դրաւ  ազրպէյճանական հրոսակներուն, որոնց կը զօրակցէր Թուրքիան՝ տրամադրելով մեծաթիւ անօդաչու սարքեր, սպաներ, մասնագէտ զինուորականներ, զինեալ ահաբեկիչներ եւ այլն։

Թէեւ յարձակող կողմը տիրացաւ մեր հողերու նկատառելի մէկ մասին, սակայն չյաջողեցաւ զինաթափ ընել մեզ, կամ տկարացնել մեր իրաւունքներու վերատիրացման կամքն ու հաւատքը։ Ընդհակառակն, պատերազմը, ինչպէս շատ մը պատերազմներու պարագային, մեզ աւելի ուժեղ եւ վճռական դարձուց։ Կորսնցուցինք փուլ մը, սակայն մեր պայքարի փուլերը չեն աւարտած տակաւին։

Մեր դիմաց ունինք փորձառութիւնը այնպիսի ժողովուրդներու, որոնք ահաւոր պարտութիւններ կրեցին, ինչպէս՝ ճափոնցիները Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին, կամ գերմանացիները, երբ ձերբազատեցան նացիստներու ժառանգութենէն։ Սակայն հակառակ այս բոլորին, Ճափոնը  վերագտաւ իր ուժը, որովհետեւ չէր կորսնցուցած իր հաւատքն ու պայքարի ոգին։ Ան վճռեց վերականգնել իր փառքը՝ կեդրոնանալով իր տնտեսութեան, գիտութեան ու ճարտարարուեստին վրայ։ Ներկայիս ան կը դասուի համաշխարհային մակարդակով առաջին եօթը բարգաւաճ երկիրներու կարգին։ Փաստօրէն Ճափոն տնտեսական հրաշք գործեց եւ այսօր գերազանցած է պատերազմին իրեն յաղթող ուժերը։

Ուստի, հարկ է, որ մենք եւ մեր երիտասարդները եւս դասեր քաղենք 44-օրեայ պատերազմէն՝ հետեւելու Ճափոնի եւ այլ երկիրներու օրինակին։ Կարիքը ունինք «ներքին յեղափոխութեան»՝ վերանորոգելու մեր խոստումը եւ հաստատելու, որ հայ ժողովուրդը ստեղծագործ է, խաղաղասէր ու կարելիութիւն ունի ոչ միայն զարգանալու եւ ինքզինք պաշտպանելու, այլեւ՝ իր գիտութեամբ եւ խաղաղասիրութեամբ օժանդակելու տարբեր ժողովուրդներու եւ պետութիւններու։

Ուրեմն գործի լծուինք, Հայաստանի մէջ կառուցենք գործարաններ, առեւտրական հսկայ կեդրոններ՝ հայուն ձեռքով եւ ստեղծագործ միտքով։ Այն հայուն, որ այլազան երկիրներու մէջ ապրելով  եզակի ձեռքբերումներ ունեցաւ երաժշտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարարուեստի եւ այլ մարզերու մէջ։

Վստահաբար Հայաստան ունի այդ ներուժը՝ երկիրը վերածելու արդիական գործարանի մը։

Պատերազմները երբեք չեն բարելաւած ժողովուրդներուն կեանքը, սակայն անոնց մշտապէս յաջորդած է  վերածնունդի շրջան մը, որուն ընթացքին տուեալ երկիրը յաջողած է վերաշինել պատերազմին քանդածը եւ յուսալից ապագայ կերտելու մղել իր ժողովուրդը։

Հայութիւնը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, վճռած է տոկալ ու վերազարթնիլ, ծաղկեցնել իր հայրենիքը եւ շրջել ներկայ դժուար կացութիւնը։

Մենք պատերազմ հրահրող ազգ չենք։ Ընդհակառակը, խաղաղութիւն կը ցանկանք մեզի եւ դրացի երկիրներուն։ Այդուհանդերձ, պէտք է զօրացնենք եւ արդիականացնենք հայոց բանակը, որպէսզի պատրաստ ըլլանք դիմագրաւելու աւելի ծանր մարտահրաւէրներ։ Որքան ճիշդ կը հնչէ իմաստասէրին հետեւեալ խօսքը․ «Մէկ ձեռքը կը շինէ, իսկ միւսը կը պահպանէ, կը դիմադրէ»։

Մեր պատերազմը այս փուլին սահմանին չէ, զինուորական պատերազմ չէ, այլ՝  ներհայկական է, մեր կորուստները վերածելու վերականգնումի մարտահրաւէրի։ Այս մարտահրաւէրի յաղթահարման մէջ կը կայանայ մեր իսկական մեծութիւնը։ Մեր պատմութի՛ւնը վկայ։

Հայ ազգը վերապրեցաւ խաղաղասէր  ու ազատատենչ ժողովուրդներուն սպառնացող ամենամեծ աղէտէն ետք, մոխիրներէն յարութիւն առաւ ան ու շարունակեց կառուցել, սորվիլ, արարել եւ աշխատիլ անկոտրում թափով։

Այսօր եւս նոյնը պէտք է ընել՝ դասուելու քաղաքակիրթ եւ յառաջադէմ այն պետութիւններուն կարգին, որոնք, հակառակ դժուարութիւններուն, հաստատուն քայլերով իրենց ժողովուրդներուն ապահովութիւնը, բարեկեցութիւնն ու հանգիստ կեանքը ապահովեցին։

Կիրակոս Գույումճեան

Քուէյթ

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

«Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան Ֆոնտ»ի Յանձնախումբի Տեղեկագիր

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?