Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երիտասարդութեան Աշխուժ Մասնակցութիւնը Կարեւոր Է Այս Ընտրութիւններուն, Որովհետեւ Ան Շարժում Է Եւ Մթնոլորտ, Հոսանք Կը Ստեղծէ» «Ռազմիկ»-ին Կ՛ըսէ Յակոբ Հաւաթեան

Մայիս 13, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց եւ արտագրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի հետ, որ անդրադարձաւ 2022-ի Լիբանանի ընտրութիւններու կարեւորութեան եւ երիտասարդութեան դերին` ընտրապայքարին մէջ:

«ՌԱԶՄԻԿ».- Ինչո՞ւ 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները ճակատագրական են Լիբանանի եւ յատկապէս լիբանանահայութեան համար:

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ.- Որեւէ երկրի մէջ ընտրութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ նոր փուլ մը կը բանայ եւ նոր առաջնահերթութիւններ կը դնէ: Այս պարագային ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը աւելի շեշտուած է, որովհետեւ անցնող տարիներուն Լիբանանը ապրեցաւ իր պատմութեան ամէնէն մեծ ու աննախընթաց ճգնաժամերէն մէկը: Այս իմաստով քաղաքացին իր մորթին վրայ կրեց այդ ճգնաժամին ամբողջական ազդեցութիւնը եւ սուղ գին վճարեց:

Բնականաբար քաղաքացին աւելիով հետաքրքրուած է այս ընտրութիւններով, որովհետեւ արդարօրէն կ՛ակնկալէ, որ այս անբացատրելի իրավիճակէն դուրս բերելու ձեւն է, եւ ճամբան` ապահովելու քաղաքացիին տարրական ընկերային, տնտեսական եւ առողջապահական իրաւունքները: Անշուշտ պէտք չէ զանց առնել անտարբերներու հատուած մը, որ մի՛շտ եղած է, բայց ընդհանուր առմամբ լիբանանցին այսօր հետաքրքրուած է, եւ այս ընտրութիւնները իրեն համար կարեւոր են:

Ինչ կը վերաբերի լիբանանահայ գաղութին, մենք անմասն չենք այս ընդհանուր պատկերէն: Մենք ալ մեր վրայ կրեցինք անցնող քանի մը տարիներու ճգնաժամերու ազդեցութիւնը: Բայց լիբանանահայութեան համար աւելիով կարեւորութիւն կը ներկայացնեն այս ընտրութիւնները, որովհետեւ անկէ ետք քաղաքական գործընթացներ տեղի պիտի ունենան, եւ երկիրը դէպի վերականգնումի առաջնորդող նոր քայլեր պիտի ձեռնարկուին: Այս իմաստով պէտք է նշել նաեւ, որ Լիբանանը համայնքային երկիր մըն է, եւ այդ բոլոր գործընթացներուն ճիշդ ուղղուածութիւնը կապուած է համայնքներու միջեւ խաղաղ գոյակցութեան եւ իրերհասկացողութեան անյետաձգելի հրամայականին: Այս ծիրին մէջ բնականաբար հայ համայնքը մասնակից պիտի դառնայ, որպէսզի ունենայ իր արդար իրաւունքները: Հետեւաբար կարեւոր են` համայնքի ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը, համայնքի ճշգրիտ քաղաքական նշանակութեան ամրապնդումը` ապահովելու լիբանանահայութեան ունենալիք լիիրաւ դերակատարութիւնը:

«Ռ.».- Այսօր Լիբանան կը պատրաստուի մուտք գործելու քաղաքական նոր փուլ մը: Ընտրութիւններուն  լոյսին տակ արձանագրուած արդիւնքներով հայ գաղութին ներկայացուցչութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել հայ համայնքի իրաւունքներու երկարատեւ պահպանման վրայ:

Յ. Հ.- Ճիշդ կ՛ակնարկէք, որ այս ընտրութիւններուն մեր համայնքի ճշգրիտ ներկայացուցչութեան նախապայման է յառաջիկայ փուլերուն նոր ներքին համաձայնութիւններու համար, որովհետեւ շատ մը կարելիութիւններու եւ ընտրանքներու մասին կը խօսուի երկիրը դուրս բերելու համար այս ճգնաժամէն: Ճիշդ է, որ ճգնաժամը տնտեսական է, բայց նաեւ ունի քաղաքական ենթահող: Հետեւաբար համայնքի ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը նախապայման է, որպէսզի համայնքը լիիրաւ ձեւով իր իրաւունքները կարենայ ձեռք բերել: Ասոր կողքին, նաեւ դերակատար պիտի դառնայ համաձայնութիւններու ընդհանուր գործընթացին:

Այսօր բոլորը կը վկայեն, որ լիբանանահայ համայնքին որդեգրած կեցուածքները Լիբանանի վերջին 40 տարիներուն ապրած դժուարութիւններուն եւ տագնապներուն մէջ ճիշդ դուրս եկան: Մենք բոլորին ըսինք, որ լիբանանահայ քաղաքական կուսակցութիւններուն որդեգրած դրական չէզոքութիւնը օրինակ պէտք է դառնայ հարցերը առանց պատերազմի, այլ երկխօսութեամբ լուծելու: Վերջաւորութեան, եղբայրասպան կռիւներէ ետք բոլորն ալ եկան եւ համախմբուեցան կլոր սեղանի մը շուրջ: Մենք կը հաւատանք, որ այս երկրին մէջ ոչ մէկը կրնայ դիմացինը չէզոքացնել: Այս երկիրի հարստութիւնն է համայնքներու խաղաղ ու համերաշխ գործակցութիւնը` անշուշտ պահելով մրցակցութեան բարձր եւ վեհանձն ոգին:

Հետեւաբար այս համայնքներու խաղաղ գոյակցութիւնը պէտք է դարձնել հիմնական առանցք` հարցերու լուծման համար: Այդ իսկ պատճառով մենք շահագրգռուած ենք հայկական ճշգրիտ ներկայացուցչութեամբ, որպէսզի հայութիւնը իր դերակատարութիւնը բերէ, ինչպէս նաեւ իր իրաւունքները այս երկիրի պետական կառոյցին մէջ արժանապատիւ կերպով ունենայ:

«Ռ.».- Վերջին չորս տարիներուն ընթացքին ի՞նչ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքին կատարած կարեւորագոյն աշխատանքները:

Յ. Հ.- Կասկածէ վեր է, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը իր Երեսփոխանական գրասենեակով անցնող ճգնաժամի բոլոր փուլերուն մեր ժողովուրդի կողքին կանգնեցաւ: Մեր ժողովուրդը միշտ դիմեց գրասենեակ եւ ընդհանրապէս այդ բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրուեցան ժողովուրդին կարիքներուն անսալու համար, անշուշտ` այն կարելիութեան սահմաններուն մէջ, որ ձեռնտու է: Այլ խօսքով, Երեսփոխանական գրասենեակը նաեւ իր կողքին ունենալով մեր բարեսիրական միութիւնները` պետութեան կառոյցներու բացակայութեան ժամանակ ստանձնեց պետութեան գործը` բժշկական, ընկերային, տնտեսական, ուտեստեղէնի եւ այլազան կարիքներու գոհացումի: Կասկածէ վեր է, որ ան յաջողեցաւ հայ քաղաքացիին արժանապատուութիւնը բարձր պահել: Կանգնեցաւ լիբանանահայուն կողքին եւ կը շարունակէ կանգնիլ:

Պէտք է նաեւ յստակ ըլլայ, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը եւ գրասենեակը աշխուժ ներկայութիւն եղան խորհրդարանէն ներս շարք մը որոշումներու եւ օրէնքներու ներկայացման համար: Օրէնքներ ներկայացուց եւ այլ օրէնքներու պարագային ալ այլոց հետ դերակատար դարձաւ: Այստեղ հետեւեալն է կացութիւնը. միշտ կատարուած գործը գնահատելը դժուար է, որովհետեւ կարիքները շատ մեծ են, բայց ատով հանդերձ, Երեսփոխանական գրասենեակը եւ մեր համայնքի բարեսիրական միութիւններն ու հաստատութիւնները մեծ աշխատանք տարին լիբանանահայութեան վերականգնումի գործընթացին մէջ:

Կատարած ենք հազարաւոր քաղաքացիներու ծառայութիւններ` զանազան բնագաւառներու մէջ, ինչպէս` ընդհանուր ապահովութեան սպասարկութիւն, նախարարութիւններ, դեղորայք, ուտեստեղէն, նիւթական եւ այլն: Ընդհանուր պատկեր մը տալու համար, ըսեմ, որ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին Երեսփոխանական գրասենեակին կատարուած են 14.634 հարցերու դիմումներ, որոնցմէ 14.265-ն արդէն իսկ լուծուած են: Այս մէկը յստակ բարձր համեմատութեան պատկեր մը կու տայ Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ գրասենեակին տարած աշխուժ եւ յաջող գործունէութեան:

«Ռ.».- Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է ընտրապայքարներուն մէջ երիտասարդութեան աշխուժ մասնակցութիւնը:

Յ. Հ.- Երիտասարդութիւնը վերջին այս ճգնաժամին մէջ, ժողովրդային շարժումի ընդհանուր մթնոլորտին մէջ աշխուժ ձեւով մասնակից դարձաւ, եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը քաջալեր հանդիսացաւ, որ մեր երիտասարդութիւնը այս շարժումներուն մասնակցի: Բայց շատ շուտ արդէն երիտասարդութիւնը, ունենալով քաղաքական պատրաստուածութիւն, շուտ անդրադարձաւ, որ այդ ժողովրդային շարժումները պարզապէս ընկերային արդարութեան, ժողովուրդի բարօրութեան կամ քաղաքացիի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար չեն, այլ կը հետապնդեն ուրիշ նպատակներ:

Այսօր երիտասարդութեան դերը կարեւոր է նաեւ այս ներկայ ընտրապայքարի ընդհանուր քարոզչական մթնոլորտին մէջ, ուր աւելի շատ ապատեղեկատուութիւն կայ, քան թէ` իսկական տեղեկութիւն: Հետեւաբար երիտասարդութեան աշխուժ մասնակցութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ երիտասարդութիւնը շարժում է եւ մթնոլորտ, որ իրեն հետ հոսանք կը ստեղծէ: Ան նաեւ նախանձախնդիր է, որովհետեւ  այստեղ իր ապագան պիտի կերտէ:

Բոլոր այս պատճառներուն համար երիտասարդութիւնը պէտք է ամէնէն շատ հետաքրքրուած տարրը ըլլայ այս ընտրութիւններու ծիրէն ներս, եւ բնականաբար անբացատրելի պիտի ըլլայ երիտասարդի մը անտարբերութիւնը ընտրութիւններու այս ընդհանուր հոլովոյթէն:

Աւելի՛ն. երիտասարդութիւնը իր ըսելիքը ունի ընդհանուր համայնքի աշխատանքներու ծրագրաւորման մէջ, որովհետեւ մենք կ՛ապրինք նոր ժամանակներու մէջ, եւ ժամանակակից գործելաոճի որդեգրման մէջ մեծ է անոր դերը: Յարգելով աւանդականը եւ արմատները ամուր պահելով` պէտք է մեր գործելաոճին մէջ, հայեացքներուն մէջ նորութիւն եւ թարմութիւն մտցնել: Երիտասարդութիւնն է, որ այս անհրաժեշտութեան մղիչ ուժը կրնայ դառնալ: Հետեւաբար երիտասարդութիւնը այս ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի իր առաջադրանքներուն, իր նպատակներուն եւ իր ակնկալիքներուն իրականացման հաստատ համոզումով:

 

 

Նախորդը

Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Եւ Բարդ Ընտրական Օրէնք

Յաջորդը

Մեր Խօսքը

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?