Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Եւ Բարդ Ընտրական Օրէնք

May 13, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՌԱԶՄԻԿ» ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի եւ տնտեսական տագնապի հարցերը փոխարինուեցան ընտրական լուրերով, վերլուծութիւններով եւ խորհրդարանի հետագայ պատկերին մասին խօսակցութիւններով: 6 մայիսին արաբական եւ 8 մայիսին աւելի քան 40 երկիրներու մէջ լիբանանցիներ քուէարկեցին իրենց իւրաքանչիւրին ընտրաշրջանին մէջ առաջադրուած ընտրացանկերուն: 15 մայիսին ընտրութիւնները պիտի կատարուին այս անգամ Լիբանանի մէջ: Սակայն արդիւնքներուն մասին մտածելէ առաջ քուէարկելու իրաւունք ունեցող իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է գիտնայ ընտրական օրէնքին մանրամասնութիւնները: Հետեւաբար ընտրական օրէնքը բացատրելու համար այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանը եւ հիմնուի 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու թիւերուն եւ արդիւնքներուն վրայ:

Պէյրութ Ա. ընտրաշրջանը ունի 8 աթոռներ, որոնք կը բաժնուին հետեւեալ ձեւով, 3 աթոռ` հայ առաքելական, 1` հայ կաթողիկէ, 1` մարոնի, 1` յոյն ուղղափառ, 1` յոյն կաթողիկէ եւ 1` փոքրամասնութիւններ: Քուէարկողները կրնան քուէարկել ընտրացանկի եւ այդ ցանկին մէջ ընդգրկուած թեկնածուի մը: Սակայն կարելի չէ սաութ թաֆտիլի տալ մէկէ աւելի թեկնածուի: Եթէ ընտրող մը որեւէ ցանկի ձայն չտուաւ, սակայն թեկնածուի մը տայ, ապա իր ձայնը նկատի կ՛առնուի նաեւ ընդհանուր ցանկին:

2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Պէյրութ Ա. ընտրաշրջանի մէջ առաջադրուած էին 5 ընտրացանկեր: Քուէարկողներու ընդհանուր թիւը կազմեց 43.666: Ընտրական օրէնքին համաձայն, կը կատարուի նախնական ընտրական քանորդի ճշդումը հետեւեալ ձեւով.

43.666/8=5458.25

Հետեւաբար ընտրացանկերը երկրորդ փուլ անցնելու համար նախ պէտք է գերազանցած ըլլան 5459 ձայներու շեմը: Առաջին քանորդի ճշդումէն ետք այն բոլոր ձախողած ցանկերուն ձայները դուրս կու գան ընդհանուր ձայներու գումարէն, եւ տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ հաշիւը.

(43,666-1366)/8=5287.5

Այսպիսով, 5287,5 քանորդին հիման վրայ կը ճշդուին երկրորդ փուլ անցած բոլոր ցանկերուն աթոռներուն թիւերը:

2018-ին Պէյրութ Ա. ընտրաշրջանին մէջ 5 ընտրացանկերէն 3-ը կարողացան գերազանցել ընտրական քանորդի շեմը: 18.373 ընտրողներ քուէարկեցին Ազգային ազատ հոսանք-Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն ցանկին («Հզօր Պէյրութ առաջին»), 16.772` Լիբանանեան ուժեր-Փաղանգաւոր կուսակցութիւն-SGBL ցանկին (Պէյրութ առաջին) եւ 6.842` «Քուլունա ուաթանի»-ն:

Հոս տեղի կ՛ունենան հետեւեալ հաշիւները.

«Հզօր Պէյրութ առաջին». 18.373/5287.5= 3.475
«Պէյրութ առաջին». 16.772/5287.5= 3.172
«Քուլունա ուաթանի». 6.842/5287.5= 1.294

Այս արդիւնքներուն համաձայն, «Հզօր Պէյրութ առաջին»-ը կը ստանայ 3 աթոռ, «Պէյրութ առաջին»-ը 3 եւ «Քուլունա ուաթան»-ին 1: Սակայն Պէյրութ Ա-ի մէջ 8 եւ ոչ 7 աթոռներ կան: Հետեւաբար վերջին աթոռը կը ճշդուի` նայելով ընտրական քանորդին համեմատ բարձրագոյն կոտորակին, այս պարագային «Հզօր Պէյրութ առաջին»-ը ստացաւ վերջին աթոռը եւ այսպիսով 3-ը վերածեց 4-ի:

Այս փուլէն ետք այլեւս պէտք է ճշդել, թէ որո՞նք են յաղթող թեկնածուները:

Ընտրական օրէնքին համաձայն, թեկնածուները իրենց ստացած սաութ թաֆտիլիներուն համեմատ նկատի կ՛առնուին: Ապա կը սկսի յաղթողներու ճշդումը: Օրինակի համար, մարոնի համայնքի թեկնածուներուն մէջ առաջին հանդիսացած էր Փաղանգաւոր կուսակցութեան թեկնածուն: Հետեւաբար ան դարձաւ երեսփոխան: Նոյն ցանկէն յոյն ուղղափառ եւ հայ կաթողիկէ թեկնածուները եւս ընտրուեցան: Այսպիսով, ամբողջացաւ «Պէյրութ առաջին» ցանկին յատկացուած բոլոր աթոռներուն ճշդումը: Այսինքն այս ցանկին մէջ մնացեալ բոլոր թեկնածուները ձախողեցան` անկախ իրենց ստացած ձայներէն: Յոյն կաթողիկէ համայնքին պարագային, 4.788 ձայներով առաջին հանդիսացողը ընտրուեցաւ երեսփոխան: Այս չորս թեկնածուներէն ետք 5-րդ հանդիսացաւ մարոնի համայնքի «Հզօր Պէյրութ առաջին»-ի թեկնածուն, որ սակայն ձախողեցաւ` նկատի ունենալով, որ ընտրաշրջանը մարոնի համայնքին յատկացուցած է մէկ աթոռ, որուն տիրացած էր «Պէյրութ առաջին» ցանկը:

Անցնելով հայ առաքելական համայնքին` երեսփոխան ընտրուեցան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան թեկնածուներ Յակոբ Թէրզեանը 3.451 եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանը 2.376 ձայներով: «Քուլունա ուաթանի» ցանկին մէջ հայ առաքելական թեկնածուն եւս ընտրուեցաւ:

Փոքրամասնութիւններու աթոռին պարագային կը տեսնենք ընտրական կոտորակներու կարեւորութիւնը: Բոլոր ցանկերը արդէն իսկ ստացան իրենց նուաճած ընտրական քանորդին համեմատ աթոռներու թիւը: Սակայն «Հզօր Պէյրութ առաջին» ցանկը, ունենալով բարձրագոյն կոտորակը, ստացաւ յաւելեալ աթոռ եւ տիրացաւ փոքրամասնութիւններու աթոռին, որուն թեկնածուն ստացած էր 539 ձայներ: Այստեղ հարկ է նշել, որ նոյնիսկ եթէ ուրիշ ցանկի մէջ փոքրամասնութիւններու թեկնածուները գերազանցած էին 539 քուէներու թիւը, անոնք պիտի մնային ձախողած, նկատի ունենալով, որ իրենց ցանկերը յաւելեալ աթոռներ ստանալու իրաւունքը չունին: Այս պատճառով 2018-ի ընտրութիւններուն Զահլէի մէջ երեսփոխան ընտրուեցաւ 77 ձայներ ստացած հայ առաքելական աթոռի թեկնածուն:

Այս յօդուածին միջոցով փորձեցինք կարելի եղածին չափ ամփոփ ձեւով բացատրել ընտրական օրէնքը եւ անոր մանրամասնութիւնները` շեշտը դնելով քուէարկելու կարեւորութեան վրայ, որովհետեւ կոտորակներու խաղին մէջ 0,01 տարբերութիւնը կրնայ արդիւնք փոխել:

Կը տեսնուինք 15 մայիսին:

 

 

Նախորդը

Դպրոցին Մէջ Ինչպէ՞ս Վարուիլ Գաղթական Երեխայի Հետ

Յաջորդը

«Երիտասարդութեան Աշխուժ Մասնակցութիւնը Կարեւոր Է Այս Ընտրութիւններուն, Որովհետեւ Ան Շարժում Է Եւ Մթնոլորտ, Հոսանք Կը Ստեղծէ» «Ռազմիկ»-ին Կ՛ըսէ Յակոբ Հաւաթեան

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.