Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը յայտարարեցին Լիբանանի աշխատուժի 2022-ի վիճակագրական տուեալները:
Պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կեդրոնատեղիին մէջ, հովանաւորութեամբ` փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի, եւ ներկայութեան` աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամի ներկայացուցիչ Զուհէր Ֆայեատի, Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան արաբական երկիրներու տնօրէն Ռուպա Ժարատաթի, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանի եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի:
Այս առիթով Մ. Կիտանեան յայտնեց, որ Լիբանանի աշխատուժի այս վիճակագրութիւնը կատարուեցաւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան ֆինանսաւորումով եւ թեքնիք օժանդակութեամբ` աւելցնելով, թէ այդ աշխատանքը սկսած է 27 դեկտեմբեր 2021-ին եւ տեւած մինչեւ 31 յունուար 2022:
Ան նշեց, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը օգտագործած է 2018-2019 տարիներուն իր կատարած աշխատուժի ու ընտանիքներու ապրուստի իրավիճակին վերաբերող վիճակագրական տուեալները եւ` կեդրոնանալով Լիբանանի մէջ աշխատող աշխատուժին վրայ, հասած է նոր ցուցանիշներու:
Դոկտ. Կիտանեան ընդգծեց, որ վիճակագրութեան աշխատանքի շրջագիծը չի ներառեր պաղեստինեան գաղթակայանները, զօրանոցները եւ այն կառոյցները, որոնք երկրին բնակարանային համակարգին մաս չեն կազմեր:
Ան աւելցուց, որ 2018-2019 տարիներու վիճակագրութիւնը կատարուած է 9459 ընտանիքներու հետ:
Դոկտ. Կիտանեան յայտնեց, որ Լիբանանի աշխատուժի 2022-ի վիճակագրութեան տուեալներէն կարելի եղած է եզրակացնել հետեւեալ հիմնական վեց կէտերը. ժողովրդագրական յատկանիշներ, կրթութիւն, առողջական ապահովագրութիւն, աշխատուժ եւ աշխատանքի հիմնական յատկանիշներ, աշխատանքի որոնում, ընտանիքներու եկամուտ եւ արտագաղթի միտում:
Ժողովրդագրական յատկանիշներուն առումով, դոկտ. Կիտանեան յայտնեց, որ Լեռնալիբանանը կը մնայ բնակիչներուն ամէնէն բարձր համեմատութիւնը ներառող նահանգը` 39 առ հարիւր, ամէնէն փոքրը Աքքարն է` 5,5 առ հարիւր, իսկ մայրաքաղաք Պէյրութը` 6,5 առ հարիւր:
Ան հաստատեց, որ տարիքներու պարագային 0-14 տարեկան քաղաքացիները կը կազմեն բնակչութեան 25,4 առ հարիւրը, 65 տարեկանէն վեր քաղաքացիները` 10,2 առ հարիւրը, իսկ այն քաղաքացիները, որոնք կը գտնուին իրենց ընտանիքներուն ապրուստը ապահովելու տարիքին մէջ կը կազմեն բնակչութեան 55,4 առ հարիւրը:
«Կրթութեան առումով այս տարի պետական դպրոցներու աշակերտութեան թիւի համեմատութիւնը 52,8 առ հարիւր է, իսկ սեփական դպրոցներ յաճախող աշակերտութեան համեմատութիւնը` 36,9 առ հարիւր: Համեմատութիւն մը, որ 2004-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ կ՛արձանագրուի Լիբանանի մէջ: Այս իրականութիւնը կ՛ենթադրէ ուշադրութիւն դարձնել երկրին պետական ուսումը պաշտպանելու եւ զարգացնելու` նկատի ունենալով, որ երկրին աշակերտութեան կէսէն աւելին պետական դպրոց կը յաճախէ», հաստատեց դոկտ. Կիտանեան:
Ան նշեց, որ առողջական ապահովագրութիւն ունեցող քաղաքացիներուն համեմատութիւնը նուազած է 49 առ հարիւրի` աւելցնելով, որ տասնամեակէ մը ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ լիբանանցիներուն գրեթէ կէսը ապահովագրութենէ զուրկ է:
«Իսկ անձնական ապահովագրութիւն ունեցող քաղաքացիներուն համեմատութիւնը, որ 2018-2019 թուականներուն 22 առ հարիւր էր, ներկայիս` 14 առ հարիւրի նուազած է», յայտնեց դոկտ. Կիտանեան:
Աշխատուժի եւ աշխատանքի հիմնական յատկանիշներու, ինչպէս նաեւ աշխատանքի որոնումի պարագային ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական աշխուժութեան արձանագրած նուազումին առընթեր, 15 տարեկան եւ վեր աշխատուժին (աշխատաւոր եւ անգործ) համեմատութիւնը 43,4 առ հարիւր է, իսկ անգործութեան համեմատութիւնը արտակարգ բարձրացում արձանագրած է` հասնելով 30 առ հարիւրի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ աշխատուժի մէկ երրորդը անգործ է:
Դոկտ. Կիտանեան նշեց, որ ամէնէն աւելի բարձրացած է Աշխատուժի թերավարձատրութեան վիճակագրական տուեալը (Composite measure of labour underutilization):
«Աշխատուժի թերավարձատրութեան վիճակագրական տուեալը, որ 2018-2019 տարիներուն 16,2 առ հարիւր էր, 2022-ին հասած է 50,1 առ հարիւրի: Այս կը նշանակէ, թէ Լիբանանի ամբողջական աշխատուժին 50 առ հարիւրը պէտք է աշխատանքի նոր առիթներ որոնէ: (Ամբողջական աշխատուժ ըսելով կը հասկնանք` արդէն իսկ գործող աշխատաւորներն ու հաւանական աշխատաւորները):
Անգործութեան առումով Պաալպեք-Հերմել նահանգը արձանագրած է ամէնէն բարձր համեմատութիւնը` 30 առ հարիւր, ապա հարաւային Լիբանանը` 24 առ հարիւր, Պեքաայի նահանգը` 22 առ հարիւր:
Սեփական մարզին մօտ եւ անկանոն աշխատանքի շրջագիծին մէջ գործող աշխատուժը, որ առողջական ապահովագրութիւն չի ստանար իր գործատէրերէն, 2022-ին 62,4 առ հարիւրի համեմատութիւն ունի:
Իսկ անկանոն կերպով գործող կարգ մը ընկերութիւններուն մօտ գործի ընդունուած աշխատուժի համեմատութիւնը, որ 2018-2019 թուականին 35,2 առ հարիւր էր, ներկայիս 48,3 առ հարիւր է:
«Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ արձանագրուած սղաճի բարձր համեմատութիւնը եւ անոր դիմաց երիտասարդ աշխատուժին ստացած աշխատավարձը, Աշխատուժի թերավարձատրութեան վիճակագրական տուեալը, որ 2018-2019 թուականին 29,4 առ հարիւր էր, 2022-ին` 64,2 առ հարիւր է», շեշտեց Մ. Կիտանեան:
Ընտանիքներու եկամուտ ապահովելու իմաստով լիբանանցի ընտանիքներուն մեծ մասը` 73 առ հարիւրը, հաստատած են, որ աշխատանքի շնորհիւ եկամուտ ունին:
«Կալուածներէ եւ նիւթական որոշ երաշխիքներէ եկամուտ ապահովող ընտանիքներու պարագային, անոնք 2018-2019 թուականին 14 առ հարիւրի եկամուտ կ՛ապահովէին, իսկ 2022-ին անոնց ապահոված եկամուտը նուազած է 5 առ հարիւրի:
«Հանգստեան կոչուող եւ ընկերային հատուցում ստացողներուն համեմատութիւնը 28 առ հարիւրէն 10 առ հարիւրի նուազած է: Իսկ կառավարութենէն օժանդակութիւն ստացողներուն համեմատութիւնը 5 առ հարիւրէն 11 առ հարիւրի բարձրացած է, իսկ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէն ստացուած գումարները 4 առ հարիւրէն 15 առ հարիւրի բարձրացած է:
«Արտերկրի իրենց ազգականներէն նիւթական օժանդակութիւն ստացողներուն համեմատութիւնը 10 առ հարիւրէն 15 առ հարիւրի բարձրացած է:
«Բոլոր կողմերէն օժանդակութիւն ստացող եւ ընտանիքին ամսական եկամուտը նուազ քան 2,400,000 լ. ոսկիի հասնող ընտանիքներուն համեմատութիւնը 49,1 առ հարիւր է, իսկ անոնք, որոնք, օժանդակութիւններով հանդերձ, ընտանիքին եկամուտը 15 միլիոն լ. ոսկիի կը հասնի` 3 առ հարիւրի համեմատութիւն մը կը կազմեն:
«Լիբանանցի ընտանիքներուն 83 առ հարիւրը երբեք չեն կրնար ամիս մը իսկ գոյատեւել, եթէ իրենց եկամուտները կորսնցնեն, մինչդեռ որոշ փոքր համեմատութիւն մը յայտնեց, որ նուազագոյնը վեց ամիս կրնան տոկալ եւ գոյատեւել», ըսաւ դոկտ. Կիտանեան:
Արտագաղթի իմաստով Մարալ Կիտանեան հաստատեց, որ 15 տարեկանէն վեր լիբանանցի քաղաքացիներուն 52 առ հարիւրը կը փափաքի արտագաղթել, 15-24 տարիքին մէջ եղող երիտասարդներուն` 69 առ հարիւրը, 25-44 տարիքի մէջ եղողներուն` 66 առ հարիւրը, իսկ 65 տարեկան եւ վեր քաղաքացիներուն միայն 10 առ հարիւրը կը փափաքի լքել Լիբանանը:
Դոկտ. Կիտանեան յայտնեց, որ այս արդիւնքները Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան պաշտօնական կայքով պիտի հրատարակուին, իսկ աւելի ուշ պիտի կատարուին եւ հրատարակուին անգործութեան համեմատութիւնները:
Ան յոյս յայտնեց, որ այս արդիւնքները օժանդակեն երկրին տնտեսական ծանր կացութիւնը շրջանցելու:
Դոկտ. Կիտանեան բարձր գնահատեց Ռուպա Ժարատաթի գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան անձնակազմին աշխատանքը եւ վիճակագրութեան ընդառաջող ընտանիքները:
Իր կարգին, Ռուպա Ժարատաթ իր արտասանած խօսքին մէջ ընդգծեց Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հետ աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնն ու հեզասահութիւնը` աւելցնելով, որ կատարուած վիճակագրական աշխատանքն ու անոր արդիւնքները, այլ խօսքով` գոյացած համեմատութիւնները խիստ կարեւոր են:
«Այդ համեմատութիւնները կ՛օժանդակեն իմանալու տնտեսական տագնապին ունեցած իսկական ազդեցութիւնը աշխատանքներուն վրայ, որպէսզի անոնք ուսումնասիրուին, եզրակացութիւններու յանգին եւ ըստ այնմ հարցերու լուծման ռազմավարութիւններ ճշդուին` գործադրելով պահանջուած բարեկարգումները», շեշտեց ան: