Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ.- «Բագին» 2021 Թիւ 2-3

May 16, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բովանդակութիւն

Խմբագրական          

Մարկ Նշանեան  |  ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Յարութիւն Քիւրքճեան

ՉՈՐՍ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ ԵՏՔ
Գրիգոր Պըլտեան        |  ԱՐՄԱՏԱԽԻԼ
Վարդան Մատթէոսեան

ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՃՄԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԷՆ
Յակոբ Կիւլլիւճեան

ՆՇԱՆԵԱՆ ԵՒ ՊԱՐԱԳԱՅ ԻՒՐ
Դալար Շահինեան | ՔՆՆԱԴԱՏԻՆ ՀԱՅԵԼԻՆ`

ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻԿԻՆ ՄԻՋԵՒ
Սագօ Արեան     |  ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ, ԿԱՄ` ՍՓԻՒՌՔԷՆ ԱՆԴԻՆ

Հինգ նկարի պատմութիւն
Վիոլետ Գրիգորեան      |  ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՎԻՒԸ
Կարէն Ճալլաթեան

ԲԱՑ ՀԱՄԱՍՏԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մարկ Նշանեան        |   ՋՈՐՋՕ ԱԳԱՄԲԷՆ` ՎԵՐԱՊՐՈՂԸ

ԵՒ ՎԵՐԱՊՐՈՒԿԸ
Սթեֆան Քրիստընսըն     ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆԻ ԿՐԿՆԱԿԻ  ՀԱՐԿԱԴՐԱՆՔԸ
Միշէլ Սիւրիա     |  ՄՆ, ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ Կ՛ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՄ ԶԻՆՔ
Կիլ Անիճար      |  ՄԱՀԱՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ.

ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ
Տէյվիտ Գազանճեան    «ՄԵՆՔ` ԱՆՀԱՅԵՐՍ»
Մարկ Նշանեան        |  ԱՒԵՐՈՒՄԻՆ ԱՒԵՏՈՒՄԸ
Գառնիկ Աւ. Ք. Գ.     |  ԱՂԷՏԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ (Մարկ Նշանեանի առիթով)
Դաւիթ Մոսինեան       |  ԹԱՐԳՄԱՆԵԼ ԱՂԷՏԸ
Հրայր Անմահունի   ԳԱՂՏՆԱԶԵՐԾՈՒՄԸ
Նորվան Արք. Զաքարեան   |   ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆ, ԿԱՄ,

ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Մարկ Նշանեան        |  ՀԱՆԴԻՊԱԿԱՑ ԱՓԷՆ (Հատուած)
Րաֆֆի Աճէմեան        |   ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆ`  ՊԱՏԿԵՐ, ՊԱՏՈՒՄ,

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՏՈՐ 2` ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՄԱՏԵՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՑԱՆԿ

Խմբագրական

1980-ին, մինչ քաղաքը կ՛այրի ու անոր հետ Սփիւռքը կը մտնէ մեծ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան մը, Պէյրութի մէջ իրարմէ անջատ լոյս կը տեսնեն երկու հատորներ, որոնք նախաշաւիղը պիտի դառնան մտածողական լայն աղեղի մը, հայերէն գիրը կրկնողական իր յանկերգէն հանելու ու զայն դէպի արդիականութիւն բերելու ձգտումով, որպէսզի ան ու անով արտայայտուողը կարենայ ինքզինք մտածել որպէս ապագայ: Եւ ուրեմն անհրաժեշտութիւնը ինքզինք կարենալ տեսնելու ինչպէս որ է` հայելաբար, բայց նաեւ այլին մէջէն որպէս թարգմանելի իրականութիւն ու ինքնութիւն: Երկու հատոր, մէկը` Գրիգոր Պըլտեանի Տրամը, միւսը` Մարկ Նշանեանի ԿԱՄ շարքի առաջին թիւը, երկուքն ալ օրին գրեթէ աննկատ անցած,- պէտք է ընդունիլ որ օրուան մտահոգութիւնները հայութեան սիրտը հանդիսացող օրրանին մէջ այլ ուղղութիւններով կը բանէին,- կարելի է ըսել երկուքն ալ իրենց օրէն առաջ յայտնուած, կարծես ապագայէն է որ կը խօսէին մեր ականջներուն: Քառասուն տարի հեռաւորութեամբ է որ կը կատարենք այս անդրադարձը, մինչ երկու հեղինակներն ալ այդ քառասուն տարիներուն ընթացքին պիտի անցնէին աշխատանքի բեղուն ու իսկապէս շնորհաշատ փուլերէ, հատոր հատորի ետեւէ տալով աներեւակայելիօրէն ճոխ արտադրութիւն մը, կամարելով գիրերու աշխարհին լայն տարերքը` վերլուծականէն մինչեւ փիլիսոփայական, գրականէն մինչեւ թարգմանական, ներառելով ժամանակակից մտքի ու մտահոգութիւններու ամբողջ շրջարկը:

«Բագին»-ի այս թիւը կը նուիրենք Մարկ Նշանեանին: ԿԱՄ-ի առաջին այդ թիւէն ետք Նշանեանի արտադրութիւնը կը կազմէ այսօր բազմատասնեակ հատորներու շարք մը,  բազմալեզու ու բազմաթիւ ուղղութիւններով ընթացող, որոնց մէջ գրական վերլուծումը, փիլիսոփայականն ու թարգմանականը կը հանդիսանան անոր հաստ ու հիմնական երակները: Ասոնց կ՛աւելնայ նաեւ դասաւանդութեան երկար ու երախտաշատ գործունէութիւն մը, որ կ՛երկարի ցամաքամասէ ցամաքամաս ու լեզուէ լեզու, որ ինքնին հարազատ մէկ պատկերը կու տայ այն իրականութեան որ մերն է եւ որ կը կոչենք սփիւռք: Ո՛չ մէկ ատեն հաւանաբար, եթէ բացառենք Մխիթարեանները, մեր լեզուն ունեցած է իմաստասիրական հիմնաւոր գրականութիւն մը մտածելու ձգտող այսքան լայն աղեղով ձեռնարկ մը: Վերջապէս այդ չէ՞ թարգմանութեան իսկական նպատակը: Վերջին տարիներուն, Նշանեանի հատորները լոյս կը տեսնեն ետեւ ետեւի. Բենիամին, Նիցչէ, Բլանշոյ, Բեռման, Ագամբէն, Ֆուկոյ…: Տակաւին կան ԿԱՄ-ի ինը հատորներուն մէջ երեւցող բազմաթիւ անունները: Դժուար հեղինակներ ու գրութիւններ, հոյակապ արտադրութեամբ մը մեր լեզուին մէջէն անցնելով, մեր մտքերուն կը դիմեն, պատրաստելով գետին մը, ուրկէ կարելի ըլլար մտածել այս լեզուին ապագան: Մե՛ր ապագան:

Բացառաբար, ճոխ թիւ մը կը  հրամցնենք, մեր ընթերցողներուն հետ կիսել կարենալու համար Մարկ Նշանեանի վաստակին զանազան երեսները շօշափող բազմաթիւ հեղինակներու գրութիւնները: Մեր մաղթանքն է, որ անոնց ընթերցումը նոյնքան բաւարարող ըլլայ ձեզի համար, որքան որ թիւը ի մի բերելը եղաւ մեզի համար:

Նախորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. Արաբոյի Օրերէն Մինչեւ Մեր Օրերը Հնչած «Զարթ(ն)ի՛ր, Լաօ՛» Ահազանգային Երգին Պատգամը

Յաջորդը

Ճակատագրական Ընտրանքներու Ժամանակներ

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.