Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հանէ՛ Դիմակը Դէմքէդ, Վա՛ր Առ Կարմիր Պերէդ

May 13, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ

Թուրքին բարբարոսութիւնը ընդդէմ հայերու չէ սկսած 1915-ի ջարդէն, ան դարեր շարունակ հալածած է մեզ: Եթէ առնենք պատմութիւնը 1915 թուականէն ետք, պիտի տեսնենք, թէ այն թիւը, որուն մասին կը խօսինք` մէկուկէս միլիոն, շատ նուազ է եւ շատ հեռու` իրականութենէն: Փորձեցին մեզ բնաջնջել, բայց մնացինք, տեղահանուեցանք, բայց մնացինք եւ այսօր, հարիւր եօթը տարիներ ետք, տակաւին կը մնանք ու պիտի մնանք պահանջատէր` մինչեւ մեր իրաւունքներու եւ պահանջներու իրականացումը: Թուրքը շարունակեց իր բարբարոսութիւնը` նահատակներուն թիւը աւելցնելով մէկուկէս միլիոն առաւել մէկ, առաւել տասը, հարիւր, իսկ վերջինը արցախեան 44-օրեայ պատերազմին` հազարներով: Գնեց խիղճեր` Հայաստան թէ սփիւռք, փորձելով հարուածել ազգս` զայն պառակտելով: Այդ երազն անգամ պիտի չիրականանայ: Անկարելի է ջնջել ազգ մը, որ գիտէ պահանջատէր եւ մարտունակ սերունդ պատրաստել, անկարելի է ջնջել ազգ մը, որուն մանուկները հպարտ են, որ հայ են, որուն մանուկները կը յիշեն ու կը պահանջեն: Ծախուած խիղճերը չեն կրնար նոյնիսկ շալկել այդ լոզունգները, զորս շալկած են հայ մանուկները: Հոս կ՛ուզեմ յիշել Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի մէկ ոտանաւորէն տուն մը, ուր նահատակի մը թաղման ժամանակ կ՛ըսէ.

Գնա՛ զրուցէ հայկազարմից մեծ որդւոց,
Որ կան այստեղ ազատ ու քաջ դեռ հայեր,
Որոնք ի բիւր պատերազմաց թէպէտ խոց`
Ի ժայռ կանգուն են կեցել:

Հայուն պայքարը միայն թուրքին դէմ չէ, այլ նաեւ` այն հայերուն, որոնք կը գործեն թուրքին հրահանգներով` անոր երազները իրականացնելու. պայքարը այն հայուն դէմ է, որ կը սեղմէ թուրքին ձեռքը ու կը նստի բանակցութեան սեղան` զիջելու եւ հող ծախելու:

Որպէս լիբանանահայ քաղաքացի` կ՛ուզեմ անդրադառնալ Լիբանանի մէջ հայերը պառակտելու թուրքին փորձերուն: Հիւրընկալ այս երկիրը մեզ ընդունեց իր հողերուն վրայ, որոշ ժամանակ ապրեցանք թիթեղաշէն տուներու մէջ, մեր աշխատասիրութեան իբրեւ արդիւնք եւ գոյատեւելու նպատակով կարողացանք այդ թիթեղաշէն տուները վերածել քարի: Շինեցինք եկեղեցի, դպրոց, ակումբ. Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն մեծ կորուստներ եւ վնասներ կրելով հանդերձ, մնացինք չէզոք եւ հասանք բոլորին մարդասիրական օգնութիւններով, այնպէս ալ կը հասնինք կարելիութեան սահմաններու մէջ մինչեւ օրս: Թուրքը փորձեց մեզ մխրճել այդ պատերազմի մութ անկիւնները, չկարողացաւ. իր ցուցմունքներով եւ ֆինանսաւորումով սպաննեց կամ առեւանգեց մեր ղեկավարներէն ոմանք` այլոց ձեռքով, դարձեալ չկարողացաւ մեզ պառակտել, իսկ այսօր դարձեալ մեզ պառակտելու փորձերով մէջտեղ նետեց մարդիկ, որոնք կը քարկոծեն հայ անհատներ, պատասխանատուներ` իրենց սուտերով ու զրպարտութիւններով: Թուրքին երազն է մեզ պառակտել, իսկ քարկոծողներուն երազն է երեսփոխանական կամ այլ աթոռի տիրանալ. հակառակ անոր որ անոնք առաջադրուած են իբրեւ թեկնածուներ հայ համայնքին, բայց ոչ մէկ օր եղած են հայ: Կը պահուըտին այն լոզունգին ետեւ` ըսելով. «Մենք դէմ չենք այս կամ այն կուսակցութեան, այլ դէմ ենք անոնց ղեկավարութեան»: Թող հանեն իրենց դէմքերուն դրած հայու դիմակը, որպէսզի երեւին իրենց իսկական դէմքերը:

Իսկ հայրենիք, ա՜խ հայրենիք, ոստիկան ջան, որ կը ձերբակալես հայ ցուցարարներ, կը հրես, կ՛արգիլես ցոյցերու ընթացքը` ընդդէմ վարչակարգի. քաջ գիտեմ, որ համոզուած չես քու ըրած արարքներուդ, բայց հրահանգի ենթակայ ես, ձեզմէ շատեր, եթէ ոչ բոլորդ, ունիք նահատակ հայր, եղբայր, զաւակ, ընկեր թէ բարեկամ: Հանէ՛ գլխէդ կարմիր պերէդ եւ միացիր ցուցարարներուն` կերտելու նոր Հայաստան, ունենալու ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիք: Մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ վրաս երկու տարեկան մանուկին կանչը` պայքար, պայքար մինչեւ վերջ:

 

 

Նախորդը

Մեր Խօսքը

Յաջորդը

Քուէարկե՛նք Դաշնակցութեան

RelatedPosts

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին
Անդրադարձ

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին

September 23, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Փաշինեան Չի Քաջալերեր Սփիւռքահայերը` Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու

September 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.