Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յետցեղասպանութեան Ստեղծարարութիւնը` Յիշողութեան, Արուեստի Եւ Պահանջատիրութեան Միջեւ» Խորագիրով Միօրեայ Երիտասարդական Սեմինար

Մայիս 13, 2022
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած աշխատանքներու ծիրին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ միօրեայ երիտասարդական սեմինար` «Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութիւնը` յիշողութեան, արուեստի եւ պահանջատիրութեան միջեւ» խորագիրով, 21 մայիս 2022-ին, «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ: Աշխատանքներու գործընթացին եւ սեմինարի մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար «Ազդակ» հարցազրոյց ունեցաւ սեմինարի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Զաքար Քէշիշեանի հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը.

«ԱԶԴԱԿ».- «Արուեստ», «Յիշողութիւն», «Պահանջատիրութիւն». ինչո՞ւ յատկապէս այս եռեակը կը նշէք որպէս ստեղծարարութիւն դրսեւորող ազդակներ:

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.-  Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը վերջին տասնամեակին աւանդութեան վերածած է իւրաքանչիւր ապրիլ 24-ի, արհեստավարժ թէ աշակերտական իր անհատներով եւ ստեղծագործական խումբերով, գեղարուեստական երեկոյի մը շուրջ համախմբել լիբանանահայութեան մշակութասէր հատուածը: Այս տարի, իբրեւ նորութիւն, որդեգրուեցաւ երիտասարդական սեմինարի այս ձեւը, տրուած ըլլալով, որ երկար տարիներէ ի վեր երիտասարդական մշակութային թեքումով սեմինար չէր կազմակերպուած մեր գաղութին մէջ:

Յետցեղասպանութեան տարագիր հայութիւնը իրեն հետ տարագրեց նաեւ իր հոգեմտաւոր մշակութային ժառանգութենէն այն, ինչ որ կրցաւ: Բնականաբար հայրենիքէն հեռու հայօրէն ապրելու ամէնէն ապահով խարիսխը իր մշակոյթն էր: Անշուշտ` նաեւ եկեղեցին ու դպրոցը, որոնք, վերջին հաշուով, հայ մշակոյթի բաղկացուցիչ տարրեր են, իրենց թելադրականութիւնն ու մասնակցութիւնը ունեցան հայապահպան այս առաքելութեան մէջ, սակայն, լայն առումով, առաւել ներգործուն դերակատարութիւնը վերապահուած էր եւ կը շարունակուի վստահուիլ հայ մշակոյթին, որուն միջոցով հայրենի եզերքէ հեռու ապրող ու արարող հայը հաւաքական հոգեմտաւոր արժէքները ժառանգելով` իր ինքնուրոյն գոյութիւնը պիտի պահպանէր:

Նոյն յետցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի հայ մշակոյթը, արուեստի իր զանազան դրսեւորումներով, ակամայ արդէն իսկ տարագիրի իր երանգն ու դրոշմը ունէր եւ նոյնիսկ ցայսօր ենթագիտակցաբար կը շարունակէ զայն կրել սփիւռքահայու արուեստի իւրաքանչիւր արարումի մէջ:

Անդրադառնալով վերնագրին մէջ տեղ գտած եռեակին` «արուեստ», «յիշողութիւն» եւ «պահանջատիրութիւն» յղացքներուն. «արուեստ»-ին` երգի ու երաժշտութեան, պարի կամ նկարչութեան մէջ այս կամ այն ձեւով պահուած է անհատական կամ խմբային պատմութիւն մը, եւ անոնց ընդմէջէն է, որ կը դրսեւորուի այն` յոյզերու, զգացումներու եւ գաղափարներու հետ միասին: Այդ բոլորին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի մարդու կեանքի փորձն ու «յիշողութիւն»-ը, որոնցմով կեանքի կը կոչենք մեզի աւանդուած պատմութիւնները, կամ ապրուած անցեալի մը դէպքերը եւ ապրումները: Երբ տակաւին կայ ոճիր մը, որուն փոխհատուցում չէ տրուած, մեղաւոր մը, որուն պատիժ չէ սահմանուած, եւ դատ մը, որ տակաւին լուծումի չէ յանգած, «պահանջատիրութեան» զգացում մը կ՛առթուի առողջ եւ գիտակից միտքին մէջ` անհատը դարձնելով յանձնառու եւ գործուն: Այլ խօսքով, «արուեստ»-ը կը դառնայ դրդապատճառ եւ միջոց` «յիշողութիւնը» վառ պահելու եւ անոր վրայ հիմնելու «պահանջատիրութիւն»: Հայ իրականութեան մէջ այս բոլորը շաղկապուած են իրարու, եւ կարելի չէ զանոնք իրարմէ անջատել, եւ երբ այդ բոլորին փոխկապակցութեան ու ծալքերուն կը ծանօթանանք եւ քաջատեղեակ կ՛ըլլանք անոնց, եղածն ու անցուդարձը հասկնալը աւելի կարելի կը դառնայ:

Աշխարհաքաղաքացի հայ արուեստագէտներ շատ կան, որոնք հեռու են հայկական միջավայրէ եւ իրենց արուեստի արտադրանքը, որքան ալ որակական բարձր յատկանիշներով օժտուած ըլլայ, մաս չի կազմեր ընդհանրական հայ մշակոյթին: Հոս մեր քննարկելիքը կը վերաբերի հայ հաւաքականութեան կողմէ ընդունուած եւ որդեգրուած մշակութային փորձառութիւններու եւ անոնցմէ բխած կարծրատիպերու քննական վերլուծութեան:

«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ սոյն սեմինարը, ինչո՞ւ ձեռնարկէն ամիսներ առաջ յանձնախումբը միօրեայ այս սեմինարին պատրաստութեան գործին լծուած է:

Զ. Ք.- Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը նման սեմինար մը իրագործելու համար, նիւթերու մատուցման թէ երիտասարդական-ընկերային առումով, կազմակերպական հնարաւորինս բարձր մակարդակ մը ապահովելու համար կեանքի կոչեց նման սեմինարներու բազմիցս մասնակից եղած, ակադեմական պատրաստութեամբ անձերէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որոնց մէջ կան համալսարանի դասախօսներ եւ արուեստագէտներ, որոնք ամիսներէ ի վեր լծուած են ծրագրաւորումի աշխատանքին` առաւելագոյնս իր նպատակին ծառայեցնելու համար այս սեմինարը: Արդի աշխարհին մէջ, ուր մշակոյթի մը սահմաններն ու պատկանելիութիւնը յաճախ աղաւաղումի ենթակայ են, անհրաժեշտ է մշակութասէր հայ երիտասարդներ պահ մը ի մի համախմբել ազգային մշակոյթի արժէքներու շուրջ խորհրդածելու:

«ԱԶԴԱԿ».- Որո՞նք են սեմինարի մասնակիցները. ինչպէ՞ս կարելի է մասնակցիլ այս ձեռնարկին:

Զ. Ք.-  Մասնակցութեան համար հրաւիրուած են աւելի քան հարիւր երիտասարդներ, որոնք իբրեւ ներկայացուցիչներ իրենց համալսարանի հայկական ակումբներուն, ուսանողական թէ երիտասարդական լիբանանահայ բոլոր միութիւններուն եւ հանրակրթական դպրոցներու բարձր դասարանի աշակերտներուն, մայիս 21-ին պիտի համախմբուին Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ: Լրջօրէն մասնակցիլ փափաքող ոեւէ երիտասարդ մասնակցութեան համար յայտ կրնայ ներկայացնել այցելելով https://bit.ly/3ODbUxj:

«ԱԶԴԱԿ».- Անհատը ներկայանալով սեմինարին` ինչի՞ ակնդիր եւ ունկնդիր պիտի ըլլայ: Այնտեղ հրամցուած նիւթերը ի՞նչ մարզերու կը վերաբերին, եւ որո՞նք պիտի ըլլան դասախօսները:

Զ. Ք.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ ու «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի նիւթաբարոյական աջակցութեամբ իրականացուող այս սեմինարի իրագործումին համար Լիբանանէն, Չեխիայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Սուրիայէն եւ Քուէյթէն հրաւիրուած են աւելի քան տասնեակ մը դասախօսներ, որոնք մշակութային տարբեր նիւթերու մասին պիտի զեկուցեն ու զրուցեն երիտասարդներուն հետ: Հայ մշակոյթը իր հարուստ տեսականիով հնարաւորինս լայնօրէն քննարկման նիւթ պիտի դառնայ: Գրականութեան, երաժշտութեան, բեմական ու կիրառական արուեստի, մամուլի ու կրթութեան մարզերու մասին զեկուցելու, երիտասարդներուն հարցումներուն պատասխանելու եւ քննարկման մասնակցելու համար հրաւիրուած են դասախօսներ` դոկտ. Արա Սանճեան, դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Անիթա Մուչոյեան, դոկտ. Արտա Ճէպէճեան,  դոկտ. Սիլվիա Անժելիք Ալաճաճի, Զաքար Քէշիշեան, դոկտ. Հայկ սրկ. Իւթիւճեան, դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, Վաչէ Ատրունի, Հրաչ Թոքաթլեան, Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավէրտեան, Լեւոն Շառոյեան եւ Հրակ Աւետանեան, զրուցավարներ ունենալով` Քրիստ Խրոյեան, Կարէն Եօսուլքանեան, Գայիանէ Մածունեան եւ Գրիգոր Ալոզեան: Ձեռնարկին նաեւ իր մասնակցութիւնը  պիտի բերէ եւ իր խօսքը ուղղէ լիբանանցի երաժիշտ Ղատի Ռահպանի: Սեմինարի աւարտին Արմէն Ապտալեանի առաջնորդութեամբ մասնակից լսարանին հետ տեղի պիտի ունենայ զրոյց` «Մշակութային հայրենիք» թեմայով:

«ԱԶԴԱԿ».-  Ձեր կարծիքով ու ենթադրութեամբ, ձեռնարկի աւարտին մասնակիցին մտապաշարը ինչո՞վ պիտի հարստանայ, ինչպիսի՞ հայեցակարգեր պիտի մշակէ եւ ինչպիսի՞ դիտանկիւններ պիտի յայտնաբերէ:

Զ. Ք.- Ձեր հարցումը զիս ետ տարաւ շուրջ քառասուն տարիներ, երբ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ իբրեւ դասախօսի մասնակցութեամբ, կաթողիկոսարանին մէջ կայացաւ նոյնանման երիտասարդական սեմինար մը, որուն մասնակցելու երանութեան արժանացած եմ: Դասախօսներէն կը յիշեմ  երջանկայիշատակ վաւերական մտաւորականներ` Զարեհ արք. Ազնաւորեանը, Գրիգոր Շահինեանն ու Վազգէն Էթիեմէզեանը, որոնք օրին հայ մշակոյթի մասին տարբեր դասախօսութիւններով մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին մեր` պատանի ու երիտասարդ մասնակիցներուս մէջ, որոնցմէ շատեր այսօր մեր ազգային ընդհանրական կեանքին մէջ դերակատարութիւն ունին: Պատճա՞ռը. ճանչցած են հայ մշակոյթի դերն ու կարեւորութիւնը եւ իրենց մէջ կրած են անոր արժէքները` տարիներու թաւալումին հետ աւելցնելով իրենց գիտելիքն ու սէրը անոնց նկատմամբ: Եթէ մասնակից այս երիտասարդներէն իւրաքանչիւրին մէջ ազգային-մշակութային կայծ մը բոցկլտայ, սեմինարը ծառայած կ՛ըլլայ իր նպատակին:

«ԱԶԴԱԿ».- Ի վերջոյ, 107-ամեակը բոլորելէն ետք, այսօր ինչո՞ւ այս տեսակի ոճն ու մօտեցումը: Այսօր հանրութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան, որ Մեծ եղեռնի 6-րդ սերունդն է, ի՞նչ կը պատգամուի սեմինարին ընդմէջէն:

Զ. Ք.- Սփիւռքի մէջ Հայ դատի հետապնդման համար մեր գոյատեւումի միակ հիմքը մեր մշակոյթն է, որ, կարեւորութեամբ կրկնենք, կը զատորոշէ մեզ մեր շրջապատին մէջ եւ կ՛ապահովէ մեր ինքնութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը: Հայրենիքէն դուրս հայ մնալ ու հայկական արժէքներով ապրիլ որոշողներուն համար պարտադիր է ժամանակ առ ժամանակ հաւաքական մշակութային կենսափորձին անդրադառնալը, զայն լաւապէս ճանչնալն ու քննական միտքով վերանայիլը: Այս մէկը ոչ միայն մտաւորականութեան կը վերաբերի, այլեւ` երիտասարդութեան: Մշակոյթը կը պատկանի ժողովուրդին եւ զայն կարելի չէ կրաւորական ձեւով պարտադրել այսօրուան երիտասարդներուն: Սեմինարը կը նպատակադրէ ընդունուած եւ մշակոյթ դարձած որոշ երեւոյթներ լուսաբանել, մղել մասնակիցները հասկնալու յաճախ կարծրատիպի վերածուած մշակութային արտայայտութիւնները եւ իրենց առաջարկուած յիշողութեան վրայ կառուցել դէպի ապագայ տանող անհատական եւ հաւաքական իրենց կեանքերը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (12 Մայիս 2022)

Յաջորդը

Դպրոցին Մէջ Ինչպէ՞ս Վարուիլ Գաղթական Երեխայի Հետ

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?