Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուէարկե՛նք Դաշնակցութեան

Մայիս 13, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

Ընդամէնը քանի մը ժամեր մեզ կը բաժնեն 15 մայիսէն`  դէպի քուէատուփ ուղղուելու ճակատագրական օրէն: Այն օրէն, որուն բոլոր լիբանանցիները  կը սպասեն, որպէսզի  հաստատ քայլերով ուղղուին դէպի  քուէարկութեան կեդրոններ եւ որպէս լիբանանցի քաղաքացիներ` իրենց իրաւունքն ու պարտաւորութիւնը կատարեն հանդէպ իրենց ծննդավայրին` Լիբանանին:

Սակայն շատերու համար այդ իրաւունքին եւ պարտաւորութեան կիրարկումը այս օրերուս  զիրենք շփոթի կը մատնէ, որովհետեւ անոնք կը տարուին իրենց շուրջի տարաձայնութիւններէն եւ մանաւանդ անհիմն ու անհեթեթ խօսքերէն, թէ ինչո՞ւ քուէարկել, թեկնածուները ի՞նչ պիտի կարենան փոխել կացութենէն, ինչո՞ւ ի՛նչ փոխուեցաւ, նախորդները ի՞նչ նպաստ ունեցան, ոչ ոք իր տուած խոստումները գործադրեց եւ այլն: Եւ որքան մօտենան քուէարկութեան ժամերը, անոնց միտքերուն մէջ ստեղծուած շփոթը աւելի կը սրի, յատկապէս որովհետեւ, հրապարակ նետուած տարաձայնութիւններուն կողքին, զանազան կողմերու թեկնածուներ մթնոլորտը աւելի կը վատթարացնեն եւ ինչ-ինչ ձեւերով ամէն ճիգ կը թափեն  ազդելու համար ժողովուրդին կեցուածքին վրայ: Բայց տեղին է նշել հետեւեալները:

Որպէս լիբանանահայեր` բոլորս ալ քաջ գիտենք, որ Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր նախնիները զանազան երկիրներու  մէջ, ուր հաստատուեցան, ունեցան իրենց տէր ու տիրական  կուսակցութիւն մը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որուն շուրջ համախմբուեցան եւ կազմակերպեցին իրենք զիրենք: Նոյնը եղաւ պարագան նաեւ Լիբանան ժամանած մեր նախնիներուն, որոնց համար,  սակայն,  այդ համախմբումն ու  կազմակերպումը ստացան  տարբեր բնոյթ, որովհետեւ Լիբանան տարիներ շարունակ դիմագրաւեց բազմաթիւ դժուարութիւններ, ինչպէս` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, տնտեսական ահաւոր տագնապը, «Քորոնա» ժահրը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը եւ այլ տագնապներ:  Այդ բազմապիսի տագնապներու հոլովոյթին ընթացքին հայ համայնքին շահերը պաշտպանողն ու անոր տէր կանգնողը եղաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Այս հզօր կուսակցութիւնը, որուն շարքերուն հաւատարիմ տղաքը պաշտպանեցին մեր հայկական թաղամասերը, հայ ընտանիքները եւ երբեմն ալ մինչեւ իսկ իրենց արեան գնով տէր ու տիրական եղան լիբանանահայ գաղութի բոլոր զաւակներուն անխտիր: Իրենց կամաւոր եւ ազգանուէր ծառայութեան մէջ անոնք ոչ մէկ խտրութիւն դրին հայորդիներուն միջեւ եւ չզլացան բոլորին պաշտպանութեան մէջ: Այսօր շա՜տ շատեր` պատասխանատու դիրքի վրայ գտնուողէն մինչեւ համեստ հայորդիներ, կը վկայեն այդ մասին: Գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար, ոչ ալ` ինքնագովութիւն ըրած, եթէ հաստատենք, որ այս կուսակցութիւնն ու իրեն ուղեկից միութիւնները բազմաբնոյթ օժանդակութիւններ կատարած են մեր համայնքի զաւակներուն, որոնք, յատկապէս` վերջին տարիներուն, ընկերային, առողջապահական կամ տնտեսական որեւէ  խնդիր լուծելու համար անվարան կերպով ուղղուեցան Դաշնակցութեան ժողովրդային տուները,  ուր պատասխանատու  ընկերներ  լսեցին անոնց դիմումները եւ անկարելին կարելի ընելով` հասան անոնց: Տնտեսական տագնապի օրերուն մեր ազգի զաւակներէն ո՞վ չդիմեց մեր ակումբները իրեն աշխատանքի առիթ կամ օրապահիկ ապահովելու համար,  ո՞ր հայ մամիկը կամ պապիկը չդիմեց մեր ակումբները սննդեղէնի կամ դեղորայքի ապահովումի համար, «Քորոնա» ժահրով վարակուած ո՞ր հայորդին չուղղուեցաւ ախտաճանաչման անվճար քննութիւն կատարելու կամ դեղորայք ստանալու  համար: Պատահեցաւ նոյնիսկ, որ այս հզօր կուսակցութեան տղաքը չսպասեցին, որ մարդիկ իրենց դիմեն ինչ-ինչ հարցերու լուծման համար եւ յարգելով անոնց պայմանները` օժանդակութեան առաջարկներ ներկայացուցին եւ  կացութիւններ փրկեցին:

Դեռ աւելի՛ն, այս կուսակցութիւնը ոչ միայն հայութիւնը  պաշտպանեց  մեր թաղերուն ու շրջաններուն մէջ, այլ մեզ ներկայացուց Լիբանանի խորհրդարանին մէջ, ուր շնորհիւ մեր հայ նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն` ան հսկեց հայութեան իրաւունքներուն եւ երաշխաւորեց մեր համայնքին գոյատեւումը:

Վերոնշեալները անհերքելի իրողութիւնները ի գործ դրուած են  ի խնդիր  լիբանանահայութեան բարօրութեան, որուն իրականացման ճամբուն վրայ այս հզօր կուսակցութիւնը գոհունակութեամբ եւ առանց ակնկալութիւններու կատարեց իր հայրական դերը` հանդէպ իր ժողովուրդի զաւակներուն: Թերեւս այդ ուղղութեամբ մտածելն անգամ ճիշդ չէ:

Այսօր, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու նախօրեակին, որպէս քաղաքացիներ, պէտք է գիտակցինք այդ իրողութեան եւ ընդունինք, թէ այդ բոլորը անհատական նախաձեռնութիւններ չէին: Եւ ինչպէ՞ս կարելի է այդպէս համարել, յատկապէս երբ ականատես ենք անոնց: Յատկապէս երբ գիտենք, որ անոնց ետին կայ մեր հաւաքականութեան շահերը հետապնդող, մեզ գուրգուրացող եւ դժուար պահերու մեզի ապաւէն կուսակցութիւն մը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

Հետեւաբար 15 մայիսին չտատամսինք եւ ինքնավստահ քայլերով ուղղուինք դէպի քուէատուփեր ու մասնակցինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն:  Այդ մասնակցութիւնը մեր բոլորին իրաւունքն ու պարտաւորութիւնն է: Սակայն այդ իրաւունքի եւ պարտաւորութեան կիրարկման մէջ ըլլանք արդար: Չտարուինք շռայլուած անհատական խոստումներով եւ վարդագոյն տեսութիւններով,  որոնց հրապոյրը այսօր կրնայ մեզ դիւթել, բայց վաղը` խամրիլ: Հարկ է, որ գիտակցինք, թէ մեր գաղութին ձեռքբերումներն, նուաճումներն ու գոյատեւումը երբեք չիրագործուեցան այդ անհատներուն  ճամբով:

Ի վերջոյ մենք հաւատացած ենք այս կուսակցութեան դաւանանքին, գիտենք անոր 132 տարիներու պատմութիւնը եւ կը հաւատանք անոր ապագայ ծրագիրներուն: Պատմութի՛ւնը վկայ:

Ուստի 15 մայիսին կատարենք մեր քաղաքացիական պարտաւորութիւնը: Ուղղուինք դէպի քուէատուփեր եւ անվերապահօրէն քուէարկենք Դաշնակցութեան:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հանէ՛ Դիմակը Դէմքէդ, Վա՛ր Առ Կարմիր Պերէդ

Յաջորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Ընդունեց Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Բայց Մենք Հայ Ենք…
Անդրադարձ

Բայց Մենք Հայ Ենք…

Մայիս 25, 2022
Ընթերցումներ.  Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը
Անդրադարձ

Ընթերցումներ. Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը

Մայիս 25, 2022
Ակնարկ.  Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ
Անդրադարձ

Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ

Մայիս 24, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In