Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 27, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Հանդիպումը` Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետին Հետ

19 յուլիսին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները հանդիպում ունեցան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի հետ:

Հանդիպումին մասնակցեցան` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեանը, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արա Պուլուզեանը եւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանը:

Ա. Մոսիեան ողջունեց հիւրերը եւ շնորհաւորեց Զաքար Քէշիշեանը` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընտրուելուն առիթով եւ նշեց, որ Զ. Քէշիշեան Արցախի մէջ օտար մարդ չէ եւ արդէն աւելի քան 30 տարի է, որ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ «Վարանդա» երգչախումբին մէջ:

Ան վստահեցուց, որ փոխադարձ համագործակցութեամբ աւելի պիտի սերտանայ եւ կարելի պիտի ըլլայ աւելի շատ ծրագիրներ իրականացնել Արցախի մէջ:

Զ. Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին ջերմ ընդունելութեան համար, եւ որուն ան կ՛արժանանայ ամէն անգամ, որ Արցախ գտնուի:

Քէշիշեան նշեց, որ ինք տարիներ շարունակ աշխատած է Արցախի մէջ, եւ Արցախը իր հարազատ օճախն է: Համազգայինը` իբրեւ ՀՅԴ ուղեկից կառոյց, հիմնադրութեան 95-ամեակի շեմին, հաւատարիմ մնալով իր կանոնագիրին մէջ ամրագրուած Հայ դատի ուղղութեամբ աշխատանքներ տարուող ու տանելու նպատակին, այս ծանր օրերուն իր պարտականութիւնը կը նկատէ մշակութային առաւել աշխուժ աշխատանքներ ծաւալել Արցախի մէջ:

Հանդիպումին մասնակիցները ծանօթացան ցարդ ծրագրուած Համազգայինի աշխատանքներուն, զորս ներկայացուցած է Արցախի գրասենեակը:

Ա. Մոսիեան իր կարգին կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ ապազգային քարոզչութեան դէմ մեծ պարտականութիւն ունի այսօր Համազգայինը` ապահովութեան պարունակին մէջ:

ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանի «Արցախ Ֆոնտ»-ը Արցախի Կողքին

Յուլիսի սկիզբը Արցախ կը գտնուէր ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի «Արցախ ֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի յանձնախումբի անդամ Փոլին Դոստումեանը: Ան «Արցախ ֆոնտ»-ի Արցախի մասնաճիւղի պատասխանատու Տրդատ Մարտիրոսեանի ուղեկցութեամբ 10 օրերու ընթացքին այցելեց Արցախի շարք մը սահմանամերձ բնակավայրեր եւ իմացաւ բնակիչները յուզող հարցերը:

Փոլին Դոստումեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ սահմանային գիւղերու բոլոր բնակիչները վճռականօրէն տրամադրուած են ու կը փափաքին կառչած մնալ իրենց հողին, սակայն որոշ պարագաներու աջակցութեան կարիքը ունին:

«Երիտասարդութիւնը կը փափաքի կառչած մնալ իր հողին: Եթէ յարմար աշխատանքային պայմաններ ունենան, շատ աւելի կը դիւրանայ անոնց ամէնօրեայ կեանքը, ապրուստը: Ի հարկէ առաջին պարագային անվտանգութեան հարցն է. շարք մը բնակավայրերու մէջ թշնամին 300-400 մեթր հեռաւորութեան վրայ է, եւ ասկէ մեկնելով` գիւղատնտեսական աշխատանքներով, անասնապահութեամբ զբաղիլը կը դժուարանայ: Գիւղերու բնակիչները յայտնեցին, որ անասնապահութեան տեսակէտէ, բացէն փակ ձեւի պիտի անցնին, բայց այդ պարագային ալ անասուններու կերի, նոր ձեւին վարժուելու հարցը կայ», նշեց ան:

Հիմնադրամի ներկայացուցիչը նաեւ նոր ծրագիրներու համար տեղեկատուութիւն ստանալու նպատակ կը հետապնդէ: «Որոշ շրջաններու մէջ ուսումնասիրած ենք խոզաբուծութեամբ, մեղուաբուծութեամբ զբաղելու կարելիութիւնները: Այս ծրագիրները տակաւին պէտք է բիւրեղացնենք, որպէսզի կարենանք այնպէս ընել, որ առաւելագոյնս արդիւնաւէտ ըլլայ եւ շարունակական: Կ`ուզենք, որ բնակիչները կարենան յառաջիկայ տարիներուն առանց բարեգործութեան այդ աշխատանքը շարունակել: Նաեւ այնպէս մը պէտք է ընել, որ ոչ թէ անհատական օժանդակութիւն ըլլայ, այլ համայնքը օգտուի: Մենք այստեղ չենք գտնուիր մէկ անգամուան համար, մեր ծրագիրները երկարատեւ պիտի ըլլան», ըսաւ Փ. Դոստումեան:

Ըստ Դոստումեանի, պէտք է միասնաբար կասեցնել թշնամիներուն ծրագիրը` Արցախը հայաթափելը: «Սփիւռքը պէտք է թիկունք կանգնի Արցախին: Երբեմն մարդիկ կ՛ըսեն` ընտանիքի մը օգնելով ի՛նչ պիտի փոխուի, բայց ես այդպէս չեմ մտածեր, որովհետեւ այստեղ ապրող ամէն մէկ ընտանիք մեզի համար արդէն մեր հայրենիքի անվտանգութեան, գոյութեան հարցը կը լուծէ: Պէտք է սփիւռքահայութիւնը չվախնայ եւ բնակի Արցախի մէջ, Արցախի ժողովուրդի կողքին, որովհետեւ ուրիշ ձեւ չկայ», կը կարծէ բարեգործական հիմնադրամի յանձնախումբի անդամը:

ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի «Արցախ ֆոնտ»-ը նաեւ օժանդակած է ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի «Վերելք» ծրագրին` առաջին փուլին համար յատկացնելով  30 հազար տոլար: Արցախի այցելութեան ընթացքին Փոլին Դոստումեան հանդիպեցաւ ծրագրի շահառու երիտասարդներուն հետ: Ըստ անոր, ծրագիրը պիտի շարունակուի եւ թիկունք պիտի կանգնի Արցախի մէջ սեփական գործով զբաղելու փափաք ունեցող երիտասարդութեան:

Տեղեկացնենք, որ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի «Արցախ ֆոնտ» հիմնադրամը Արցախի մէջ կը գործէր նախքան պատերազմը, 44-օրեայ պատերազմէն ետք ալ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը: Հիմնադրամի վերջին ծրագիրներէն է Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ համայնքի հանդիսութիւններու սրահի վերանորոգումը,  Մարտունիի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի շրջաններու շարք մը գիւղերու բնակիչներուն հաւի ճուտեր յատկացնելու ծրագիրը:

Միջազգային Գիտաժողով` «Ծոցի Արաբական Երկիրներն ու Հայ Համայնքները. Արդի Միտումներ Եւ Հիմնախնդիրներ» Խորագիրով

Վերջերս Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկը ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ կազմակերպած էր միջազգային գիտաժողով` «Ծոցի արաբական երկիրներն ու հայ համայնքները. արդի միտումներ եւ հիմնախնդիրներ» նիւթով:

Գիտաժողովը նպատակ ունէր դիւանագիտական եւ ակադեմական շրջանակներու ներգրաւումով գիտական դիւանագիտութեան հարթակին մէջ քննարկել արդի հարթակին եւ միջազգային ու տարածաշրջանային զարգացումներու առանցքին մէջ Ծոցի արաբական երկիրներու դերակատարումը, Հայաստան-Ծոցի արաբական երկիրներ համագործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ` այդ երկիրներուն մէջ հայ համայնքներու զարգացման միտումները, առկայ հիմնահարցերն ու մարտահրաւէրները:

Գիտաժողովին մասնակցեցան խումբ մը դիւանագէտներ` Արաբական Միացեալ Էմիրութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպան, Թունուզի Հանրապետութեան եւ Մարոքի Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտոր Արշակ Փոլատեանը, Էրպիլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արշակ Մանուկեանը, Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պահա Տեսուկին, Հայաստանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար դոկտոր Ահլամ Ռաշիտ Ալ-Սալամին, Հայաստանի մէջ Իրաքի դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար դոկտոր Սուհէյլան Մ. Խալիլ Ալ-Ճուպուրին, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտոր Նորա Արիսեանը եւ այլոք, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի պետական տարբեր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ:

Գիտաժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանը, որ շատ կարեւոր նկատեց այսպիսի գիտաժողովի իրականացումը եւ շեշտեց Արեւելագիտութեան հիմնարկի դերակատարութիւնը Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած արաբական տարբեր երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հետ գիտական կրթական կապերու սերտացման, համագործակցութեան ընդլայնման եւ արդիական տարբեր թեմաներով քննարկումներու միացեալ հարթակ ձեւաւորելու գործին մէջ:

Գիտաժողովի հիւրերն ու մասնակիցները ողջունեց Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռոպերթ Ղազարեանը: Ան եւս շեշտեց այսպիսի խորագրով միջազգային գիտաժողովի կազմակերպման կարեւորութիւնը` նկատի առնելով տարածաշրջանային զարգացումներն ու միտումները:

Երեւանի պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի նախագահ Ռուբէն Մելքոնեան եւս կարեւոր նկատեց այսպիսի գիտաժողովներու իրականացումը: Ան յատկապէս շեշտեց Երեւանի պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի համագործակցութեան կարեւորութիւնը ակադեմական, գիտական եւ կրթական ոլորտներու մէջ, նաեւ ընդգծեց Ծոցի արաբական երկիրներու մէջ տարբեր տարիներու աշխատած մեր դիւանագէտներուն դերը երկկողմ յարաբերութիւններու սերտացման եւ աշխուժացման գործին մէջ:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի առաջին դեսպան, Թունուզի Հանրապետութեան եւ Մարոքի Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտոր Արշակ Փոլատեան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ զարգացման օրինաչափութիւններուն մասին եւ ներկայացուց Արաբական Միացեալ Էմիրութեան հայ համայնքի գործունէութեան եւ փոխգործակցութեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպանատան հետ:

Էրպիլի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արշակ Մանուկեան խօսեցաւ արդի փուլին Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներու եւ անոնց մէջ առկայ հիմնահարցերու ուսումնասիրման կարեւորութեան մասին: Համառօտ ներկայացուց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-իրաքեան Քիւրտիստան յարաբերութիւններու սերտացման կարելիութիւններն ու իրաքեան Քիւրտիստանի տարածքի վրայ հայերու եւ քիւրտերու միջեւ շփումներն ու համակեցութիւնը:

Զեկուցումներով հանդէս եկան առաջատար հետազօտողներ` Ծոցի արաբական երկիրներէն (Արաբական Միացեալ Էմիրութենէն, Քուէյթէն, Քաթարէն), Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկէն, Երեւանի պետական համալսարանէն եւ Վ. Բրիւսովի անուան պետական համալսարանէն:

Հայաստանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար դոկտոր Ահլամ Ռաշիտ Սալամին իր «Հանդուրժողականութիւնը եւ համակեցութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ցեղային փոքրամասնութիւններու միջեւ» զեկուցման ծիրին մէջ խօսեցաւ այդ երկրին մէջ փոքրամասնութիւններու, նաեւ հայերու նկատմամբ վարուող պետական քաղաքականութեան, փոխգործակցութեան եւ համակեցութեան մասին:

Ծոցի արաբական երկիրներու աստուածաշնչեան ընկերութեան ղեկավար դոկտոր Հրայր Ճէպէճեան իր «Քրիստոնէական ներկայութիւնը Ծոցի արաբական երկիրներու մէջ. պատմական զարգացումներ, առաքելութիւն եւ մարտահրաւէրներ» զեկուցումով անդրադարձաւ քրիստոնէական այս տարածաշրջանին մէջ ներկայութիւնը ` վաղ շրջանէ մինչեւ մեր օրերը: Ընդգծուեցաւ իսլամի ներթափանցումէն ետք առկայ առանձնայատկութիւնները, ապա փորթուգալական եւ անգլիական գաղութային շրջաններու իւրայատկութիւնները, ամերիկեան միսիոնարական կազմակերպութիւններու ծառայութիւնները` 1894 թուականէն սկսեալ: Քննարկեց նաեւ ներկայ փուլին Ծոցի երկիրներուն մէջ առկայ կրօնական հանդուրժողականութիւնը եւ համակեցութիւնը` անդրադառնալով նաեւ հայ համայնքներուն:

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի արաբական երկիրներու բաժինի վարիչ Լիլիթ Յարութիւնեան իր «Քուէյթի հայ համայնքը. արդի միտումներ եւ մարտահրաւէրներ» զեկուցման առանցքին մէջ քննարկեց Քուէյթի հայ համայնքի կազմաւորման առանձնայատկութիւնները, համայնքի զարգացման հիմնական միտումները եւ առկայ հարցերը: Ներկայացուց համայնքի հոգեւոր, կրթական եւ աշխարհիկ հիմնական կառոյցները, յատուկ կերպով շեշտեց Հայաստան-Քուէյթ յարաբերութիւններու զարգացման իւրայատկութիւնները եւ կարելի ուղղութիւնները: Խօսեցաւ նաեւ այն մարտահրաւէրներուն մասին, որոնք համաձայնուած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ներառեալ նաեւ` Ծոցի տարածաշրջանը, 2011 թուականէն ընթացող փոխակերպումներու մասին, որոնք իրենց բացասական ազդեցութիւնները կ՛ունենան տարածաշրջանի հայ համայնքներուն վրայ:

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի վարիչ Արաքս Փաշայեանի «Ինքնութեան կերպափոխումները Ծոցի տարածաշրջանի հայ համայնքներու մէջ (արդի շրջան)» զեկուցումը նուիրուած էր Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ վերջին տասնամեակներուն ներքին գաղթի իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած հայ համայնքներու մէջ տարուող հայապահպանութեան ջանքերուն: Անոնք թէեւ աղերսներ ունին Մերձաւոր Արեւելքի աւանդական սփիւռքին հետ, սակայն Ծոցի տարածաշրջանին մէջ սփիւռքացումը կ՛ընթանայ որոշակիօրէն այլ ճանապարհով` իր վրայ կրելով ներքին եւ արտաքին` աշխարհաքաղաքական գործընթացներու ազդեցութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ քաղաքական զարգացումները մեծ ազդեցութիւն ունեցան Ծոցի տարածաշրջանին հայկական ինքնութեան կերպափոխման վրայ: Հայկական սփիւռքին մէջ վերջին տասնամեակներուն հայապահպանութեան ուղղուած դժուարութիւններուն զուգահեռ,  որոշակիօրէն աւելցաւ հետաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ, որ շահեկան է հայապահպանութեան տեսանկիւնէն: Արդի աշխարհին մէջ բազմակի ինքնութիւններու մէջ հայկական ինքնութիւնը կը շարունակէ մնալ տիրապետող Ծոցի հայ համայնքներու անդամներու եւ հայկական ծագում ունեցող մարդոց մեծ մասին մէջ: Փաստ է, որ հայկական ինքնութեան զարթօնքը ուղիղ կապ ունի Հայաստանի գրաւչութեան հետ:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Azad-Hye հայկական կայքը ներկայացնող Հրաչ Քալսահակեանը «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքը. ներկայ եւ հեռանկարներ» զեկուցման առանցքին մէջ խօսեցաւ համայնքին կազմաւորման, զարգացման արդի միտումներուն եւ առկայ հիմնահարցերուն մասին: Անդրադարձաւ համայնքին մէջ առկայ իրողութիւններուն, աշխարհիկ եւ հոգեւոր կառոյցներու գործունէութեան:

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի Թուրքիոյ բաժինի վարիչ Լեւոն Յովսէփեան իր «Թուրքիան եւ Ծոցի տարածաշրջանային անվտանգութեան կարգը. Անգարայի ռազմական աշխուժ ներթափանցումը Ծոցի տարածաշրջանային անվտանգութեան ենթահամալիր» զեկուցման ընթացքին խօսեցաւ «Արաբական գարնան» գործընթացներէն ետք Մերձաւոր Արեւելքի եւ մասնաւորապէս Ծոցի տարածաշրջանին մէջ ուժային բեւեռայնութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան կարգին մէջ ընթացող զարգացումներու եւ նոր միտումներու մասին: Ծոցի նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ այդ ենթատարածաշրջան ակնառու ու աննախադէպ ներթափանցումը քննարկեց տարածաշրջանային անվտանգութեան համալիրներու տեսութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան կարգի վերլուծական շրջանակին մէջ` վեր հանելով այդ ենթահամալիրին բեւեռայնութեան ձեւաւորման մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը, ռազմական քաղաքական ներթափանցումը:

Արեւելագիտութեան հիմնարկի արաբական երկիրներու բաժինի աւագ գիտաշխատող Գոռ Գէորգեան «Եգիպտոս-Սէուտական Արաբիա» յարաբերութիւններու առանձնայատկութիւնները կերպափոխուող Մերձաւոր Արեւելքի մէջ զեկուցման շրջանակին մէջ ներկայացուց երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման միտումներն ու փոխակերպումները արդի փուլին մէջ, զանոնք պայմանաւորող դրդապատճառներն ու հետեւանքները` տարածաշրջանային զարգացումներու առանցքին մէջ:

Արեւելագիտութեան հիմնարկի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի առաջատար գիտաշխատող Աղաւնի Յարութիւնեան «Չինաստան – Ծոցի արաբական երկիրներ համագործակցութիւն գօտի եւ ճանապարհ» զեկուցման շրջանակներուն մէջ խօսեցաւ Չինաստանի համար Ծոցի տարածաշրջանի տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան մասին:

Արեւելագիտութեան հիմնարկի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի գիտաշխատող Մուշեղ Ղահրիեան իր «Փափուկ ուժը գործնականում. Ծոցի արաբական երկիրներու օրինակով» զեկոյցին մէջ քննարկեց Ծոցի արաբական երկիրներու փափուկ ուժի քաղաքականութիւնը` իբրեւ սեփական ազդեցութիւն այլ երկիրներու մէջ տարածելու ոչ հարկադրական մեթոտ: Ան նշեց, որ առկայ հսկայական ֆինանսական միջոցները կը կիրարկուին տարբեր ոլորտներ զարգացնելու, երկրին ճանաչում եւ հեղինակութիւն բերելու համար:

Երեւանի պետական համալսարանի արաբագիտութեան ամպիոնի վարիչ Հայկ Քոչարեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի գիտաշխատող Տաթեւիկ Մկրտչեան «Հայաստանի եւ հայութեան ընկալման միտումները արաբալեզու ընկերային ցանցերու մէջ 2020 թուականի արցախեան պատերազմի ժամանակահատուածին» խորագրեալ իրենց զեկուցման մէջ նշեցին, որ արաբալեզու մետիա տիրոյթի ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ընդհանուր առմամբ կը ներկայացուի իբրեւ երկու երկիրներու` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հանգոյց, եւ առաւել չէզոք դիրքերէ հանդէս կու գան: Միեւնոյն ժամանակ տարբեր լրատուական հարթակներ տարբեր փուլերու մէջ հայկական կողմին մերթ աւելի դրական, իսկ երբեմն ալ աւելի բացասական կը ներկայացնեն: Փաստեցին, որ ընկերային ցանցերու վրայ վերոնշեալ չափանիշներով օգտահաշիւներու գործունէութեան բովանդակութիւնը թոյլ կու տայ եզրակացնելու, որ այս հակամարտութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ պայքար:

Վ. Բրիւսովի պետական համալսարանի Ասիական լեզուներու գիտական ուսումնական կեդրոնի ղեկավար Քրիստինէ Ռաֆայէլովան իր «Քաղաքավարութեան հասկացողութիւնը միջմշակութային հաղորդակցութեան բնաբանին մէջ Ծոցի արաբական երկիրներու մէջ» զեկուցման մէջ նշեց, որ միջմշակութային հաղորդակցութեան տեսութեան մէջ քաղաքավարութեան սկզբունքները կը դիտարկուին իբրեւ հաղորդակցական գործընթացի պահպանում` հիմնուած փոխադարձ կողմերու իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու վրայ: Տարբեր մշակոյթներու մէջ, տուեալ պարագային` արաբական եւ հայկական, քաղաքավարութեան սկզբունքներու արտայայտման եղանակները կապուած են տուեալ հասարակութիւններու կառուցուածքի եւ անոնցմով ընդունուած ընկերային վարքագիծի մոտելներու հետ, որոնք կ՛արտայայտուին մշակութային եւ լեզուական առանձնայատկութիւններով համաձայնուած բառապաշարով, ձեւաբանական եւ շարահիւսական միջոցներով:

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող  Գրիգոր Վարդանեան «Հայաստան-Ծոցի արաբական երկիրներ տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարները զեկուցման շրջանակին մէջ անդրադարձաւ այն հարցերուն, որոնք կը խոչընդոտեն երկու կողմերու կարելիութիւններու ամբողջական իրացման: Ըստ անոր, հայ եւ քաթարցի գործարարներու շփումները պէտք է աշխուժանան, որպէսզի կողմերը սկսին ճանչնալ շուկաները եւ իրենց կարելիութիւնները:

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի Թուրքիոյ բաժինի գիտաշխատող Տաթեւիկ Մանուկեան իր «Քիւրտերու ընկալումները Ծոցի արաբական երկիրներու մէջ» զեկուցման մէջ խօսեցաւ այն մասին, որ Ծոցի արաբական երկիրներու մէջ քիւրտերու ընկալումները համեմատաբար նոր երեւոյթ են, եւ անոնք հիմնականօրէն կ՛ընկալուին` իբրեւ Սուրիոյ քիւրտեր եւ Իրաքի քիւրտեր: Վերջին շրջանին մէջ որոշակիօրէն աշխուժացած են Ծոցի տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու հետ քիւրտերու շփումները` հասարակական, քաղաքական, տնտեսական եւ այլ հարթութիւններու մէջ:

Հաղորդենք, որ գիտաժողովը կազմակերպուած էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի արաբական երկիրներու բաժինը, համագործակցութեամբ` Միջազգային յարաբերութիւններու եւ Թուրքիոյ բաժիններու հետ:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (26 Յուլիս 2022)

Յաջորդը

ԼԵՄ-ի Առօրեայէն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 13, 2025
Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին
Հայրենի Կեանք

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին

Յուլիս 31, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?