Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքեան Օրատետրս

Յուլիս 26, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Պիտի չուզէիր երբեք գրիչդ ձեռք առնել ու սկսիլ թուղթը մրոտել, անշուշտ եթէ գաղափարներդ ուռճացած չըլլային ու չնեղէին ուղեղիդ բոլոր բջիջները: Պիտի չուզէիր քու գրածներովդ փորձել համոզել ու նոյնիսկ «խաբել» բոլոր այն ընթերցողները, եթէ ընթերցող ունենայիր, եթէ հաւատացած չըլլայիր, որ տողերուդ յանձնած բոլոր բառերդ իրաւացի ու միաժամանակ հասուն մտքի մը պտուղներն էին: Հեւքոտ ու տառապող սրտի մը յարատեւ զարկերը: Պիտի չուզէիր: Անկասկա՛ծ: Բայց եթէ կ՛ուզես, եթէ կը տենչաս ու քու բոլոր մտածումներուդ եւ կարծիքներուդ կը հաւատաս, պէտք է անպայման դիմես գրչիդ ու թոյլ տաս, որ ան վազէ տողերուդ վրայէն` իրեն հետ հոսեցնելով ճակտիդ քրտինքը, որ կամաց-կամաց պիտի թեթեւցնէ նաեւ սրտիդ զարկերուն հեւքը: Ահա թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւր մտածող միտք կը դիմէ իր գրիչին:

Գարնանային երեկոյ մը մատներուս մէջ գրիչս ամուր սեղմած, նոյնպէս ես ալ սրտատրոփ, հետեւեցայ մտածումներովս սնանող գրչիս տողանցքին: Ապա անհամբեր սպասեցի իր թեթեւացման, իր հանդարտումին` հաստատ գիտնալով, որ միշտ լրումի մը աւարտին է, որ ջիղերը կը հանդարտին, ուղեղը կը հանգչի, հոգին գոհունակութեամբ կը լեցուի, ու գրիչը զինաթափ կ՛ըլլայ: Մէկ խօսքով` հոգեկան զմայլանք: Բայց ի՜նչ զմայլանք է այս, ո՞վ ստեղծած է, ո՞վ ճշդած է անոր սահմանները:

Ուղեղիդ մէջ գաղափարներդ տեւաբար կը խլրտան, զիրար կը հալածեն, ու դո՛ւն տկար, յոգնած ու դադրած վախկոտ մը` կ՛ուզես վայրկեան առաջ դուրս նետել զանոնք, ձերբազատիլ անոնց խայթոցներէն ու վերջապէս հանգիստ շունչ մը քաշել:

Ու ի՜նչ երանելի է այդ հանգիստը: Տենչալի համայն մարդկութեան: Նոյնիսկ մեր Արարիչին:

Շատեր երկար ժամեր, օրեր, ամիսներ կ՛աշխատին, որպէսզի կարենան օր մը, կամ համրուած օրեր արձակուրդ առնել ու հանգստանալ:

Բոլորին նման` ես ալ կը տենչամ միտքս հանգստացնել: Արձակուրդ տալ գաղափարներուս: Մաքրել, յղկել, նորոգել, նոյնիսկ ինձմէ հեռացնել այն, ինչ որ միայն ինծի կը պատկանի: Ա՛յն, ինչ որ առաջին սիրոյ առաջին համբոյրին նման` իր գողտրիկ դրոշմը ձգած է վրաս: Սակայն ո՞ւր կարելի է կատարել այս բոլորը: Տա՞նդ մէջ, գործատեղի՞դ, դուրսը ընկերներո՞ւդ հետ, ակո՞ւմբը, մամուլի՞ն մէջ, ժողովներէն նե՞րս, ո՞ւր… ըսէ՛ք, ո՞ւր:

Ո՞վ կ՛ուզէ ունենալ քու այդ հինցած գաղափարներդ ու զգացումներդ: Որո՞ւ հոգը, թէ դուն ի՜նչ կը մտածես: Այս կեանքին մէջ ամէն մարդ իր հոգը ունի եւ, աւելի՛ն, իր ճամբան: Ուստի որո՞ւ հետ պիտի կարենաս փոխանակել այս բոլորը: Ո՛չ ոքի: Հաւատացէ՛ք` մարդիկ մէկ կամ քանի վայրկեաններու համար քեզ մտիկ պիտի ընեն, թերեւս քեզի իրաւունք ալ տան եւ ապա պիտի շարունակեն երգել իրենց երգը…

Ո՛չ ոք քեզի տեղ-տուն, հող կամ գետին պիտի տայ, որ քու այդ զգացումներդ, գաղափարներդ սերմանես… Ուրեմն քեզի կը մնայ դարձեալ գրիչդ ձեռք առնել ու առանձնութեանդ մէջ դուրս թափել բոլոր մտածումներդ ու յետոյ վայելել հաճոյքը գրիչիդ սահունութեան եւ թուղթիդ մրոտումին:

«Գրելու հաճո՛յք», ըսի եւ թերեւս ալ գրելու «քոմփլեքս» պէտք էր որ աւելցնէի: Կ՛ենթադրեմ, որ եթէ գրելը «քոմփլեքս» է, է՛ նաեւ իրաւունք ու հարազատութիւն, որ ծնած է մարդուն բանականութեան հետ ու տուած անոր նկարագրին` գեղեցիկ երանգ եւ որակ: Այլ խօսքով` անմահութիւն… Կը կարծեմ, որ միայն բախտաւոր աստղի տակ ծնած հազուագիւտ մարդիկ կրնան ունենալ այդ նկարագիրը, որպէսզի իրենց գրիչով կարենան իրենց աստղը գծել… ու երանգաւորել:

Բայց ինչպէ՞ս գտնել այդ աստղի ուղին: Չեմ գիտեր: Գիտեմ սակայն, որ այդ անձինք ունին երենց յատուկ սովորութիւնը յուշատետր պահելու:

Բայց ի՞նչ է այս յուշատետր ըսուածը, հարց կու տամ ես ինծի: Հաւանաբար տասնեակ մը էջերու հաւաքածոյ մը, որուն մարդիկ կը դիմեն որեւէ մէկ պահուն: Ուստի որոշեցի ես ալ ունենալ իմ յուշատետրս ու անոր դիմել, անոր ներկայութիւնը զգալ, վայելել եւ զայն ընդունիլ իբրեւ խոստովանահայր:

Յուշատետր կամ օրատետր: Առաջին իսկ օրէն սիրեցի զայն եւ միաժամանակ ատեցի ալ: Բայց միշտ իր ներկայութիւնը փնտռեցի, որովհետեւ տարիներէ ի վեր հոն պահած եմ դէմքս, մտքիս պատկերները` զարդարուն կամ անգոյն, ապրուած ժամերուս ու պահերուս արձագանգները, ինչպէս նաեւ` սէրերուս եւ ատելութիւններուս ցոլացումները: Մէկ խօսքով` կեանքիս հայելին:

Օրատետրս:

Ապրումներուս խոստովանահայրը ըլլալէ աւելի` է՛ նաեւ մտածումներուս պահակը, ներաշխարհիս արձագանգը: Գեղեցիկ է, երբ մարդիկ ունենան իրենց կեանքի հայելին ու յաճախ անոր մէջ դիտեն իրենց հոգին: Բայց այս մէկը կը կարծեմ միայն քաջերուն տրուած է. հետեւաբար երկչոտութիւն մը յաճախ զիս հեռու կը պահէ իրմէ:

Օրատետրս` ապրուած օրերուս եւ վատնած ժամերուս մեծագոյն վկան: Բազմաթիւ էջերէ կազմուած, սեւ եւ ճերմակ: Ծուռ ու շիտակ տողերով լեցուն, որոնք, չեմ գիտեր, երբեմն զիս կը տանին շա՜տ հեռուներ… Դպրոց, ազգային հաստատութիւններ, միութիւններ, ժողովներ, ծածուկ ու խարդախ որոշումներ, աւանդութիւններ, ծննդավայր, եկեղեցի, հոգեւորականներ, պատգամներ, հրահանգներ, ընտրութիւններ, պահանջատիրութիւն, Հայ դատ, վրէժ, ճակատամարտ, պատերազմ, պարտութիւն եւ յաղթանակ: Գրական շարադրանքներ չեն եւ ոչ ալ` վիպական պոռթկումներ, այլ` դաժան ու խոր իրականութիւններ: Պարզապէս` հայու եւ մանաւանդ սփիւռքահայու բարդոյթ, որմէ կարելի չէ խուսափիլ:

Այս անիծեալ օրատետրիս բոլոր էջերը հաստատապէս զիս կը մատնեն: Կը մատնեն նաեւ մեզ` իբրեւ հայերու, որ տակաւին չենք մօտեցած երազին ու միշտ զոհ դարձած ենք աննպաստ պայմաններուն: Չենք անդրադարձած, որ այս աննպաստ դէպքերը շնչասպառ կը վազեն մեր ճակատագրի ետեւէն: Մեր գիտցած «մենք»-ը չենք: Հաւատացէ՛ք` այլեւս յոգնած ենք կարգախօսներ լսելէ, իրարու հետ վիճելէ, զիրար ատելէ, մեր բախտը ուրիշին կապելէ: «Ես»-ն ու «անձնական»-ը գերադասած ենք «մենք»-ին: Վկա՛յ` սփիւռքի ու հայրենիքի մեր ժողովուրդին իրավիճակը:

Հայ ենք եւ կ՛ապրինք ծանօթ ու անծանօթ բեւեռներու մէջ ճզմուած: Մեր երազները անհետացած են: Մեր պատմութեան էջերուն վրայի գիրերը խառնուած ու դարձած` անընթեռնլի: Մենք երբեք քաջութիւնը չենք ունեցած օր մը իսկ զմեզ դիտելու մեր ցեղին հայելիին մէջէն: Ուստի մեր կեանքը սկսած է մեզ նուաճել:

Մենք ճակատագրի բերումով կամ կամովին գաղթած ենք Ամերիկա, Եւրոպա կամ այլուր` լքելով մեր ծննդավայրերն ու հայրենի հողերը, տուներն ու դաշտերը եւ` արտագաղթած, հետեւաբար դատապարտուած` ձուլման մարդկային այս անօրինակ խառնարանին մէջ, որովհետեւ տակաւին չենք սորված, որ հայրենիքն է մեր նոր կեանքի բանալին եւ մեր նոր առաքելութեան ուղին: Բայց չէ՞ որ մենք ծիծեռնակի նման ալ ենք, «տուն կը շինենք ու կ՛երգենք եւ ամէն անգամ, երբ նոր տուն մը կառուցենք, մեր հին բոյնը կը յիշենք» ու երկար կ’ափսոսանք: Խե՜ղճ ծիծեռնակ, որուն ճակատագիրն ալ մեզի հետ կապած ենք: Խե՜ղճ թռչուն եւ խե՜ղճ հայ ժողովուրդ: Հայրենիք եւ սփիւռք ունեցող ժողովուրդ ճակատագիրդ արդէն դարձած է բոց:

Շուարած ես, քանի անտէր ես: Քեզ օտարներն ու նոյնիսկ արիւնակիցներդ խաբած են, որովհետեւ բախտդ անոնց եւ ուրիշին կապած ես: Դէմքդ այլափոխուած է: Հայ հոգիդ տակաւին չէ կեդրոնացած ու հայ միտքդ պանդուխտ է:

Ի՞նչ խօսքեր… եւ ի՜նչ տողեր…

Ե՞րբ գրած եմ, Աստուա՛ծ իմ: Ինչո՞ւ արձանագրած եմ այսքան տխուր եւ յուսահատ զգացումներ: Արդեօ՞ք հպարտանք առթող պահեր չենք ունեցած իբրեւ ժողովուրդ կամ ազգ: Արդեօ՞ք իրապէս ճշմարտութիւններ են, թէ՞  պարզապէս տխուր վայրկեանի մը ճնշման տակ ծնած գաղափարներ: Աստուած տայ` ո՛չ: Իսկ եթէ այո՛, ուրեմն իսկապէս, խե՜ղճ ժողովուրդ, ինկած է վահանդ: Այս ամէնօրեայ պայքարիդ մէջ ո՞վ պիտի փրկէ քեզ եւ ինչո՞ւ, ո՞ր առաւելութիւններուդ համար: Ո՞ւր թաղած ես կամ ձգած եւ որո՞ւ ծախած` խիղճդ, կորովդ, արժանապատուութիւնդ եւ ազգային գիտակցութիւնդ: Ե՞րբ իսկապէս պիտի վերադառնաս քու սրբազան իտէալիդ, որ կարենաս կշռել ու չափել կեանքիդ ծանրութիւնն ու լրջութիւնը: Ե՞րբ պիտի զգաստանան քու մեծ ու փոքր ղեկավար զաւակներդ: Ըսէ՛: Մինչեւ ե՞րբ արմատներէդ ու աւանդական չափանիշներէդ հեռու պիտի մնաս ու ապրիս: Ե՞րբ վերջապէս քաջութիւնը պիտի ունենաս քեզի պարտադրուած պատմութեան ընթացքը շեղել` անվախ ու քաջ:

***

Յանկարծ յուսահատական էջերով լեցուն այս անիծեալ յուշատետր-օրատետրս փակեցի: Այլեւս չուզեցի բառ մը իսկ աւելցնել, նոյնիսկ` իր ներկայութիւնը հանդուրժել: Անկասկած որ ես տեսած էի ազգս տողերուս հայելիին մէջէն: Աստուա՛ծ իմ, շուարած եմ եւ նոյնիսկ սարսափած…

bedig43@aol.com

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան. «Ուէպ» Աստղադիտակը

Յաջորդը

Լիզպոնի Հետքերով

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?