Լիբանանի պետական գրասենեակներու համատարած անդամալուծումը հետեւանք է անշուշտ ֆինանսական ու տնտեսական իրավիճակին եւ ճգնաժամի խորացման:
Այս երեւոյթին քաղաքական դիտարկումը մտածել կու տայ ճնշամիջոցներու կուտակման ընդհանուր վարքագիծին մասին:
Այս վարքագիծի ձեռք ձգած արդիւնքներուն մաս կը կազմէ կառավարութիւն չկազմելու փաստը եւ նոր նախագահի ընտրութեան անորոշութիւնը:
Այս բոլորով հանդերձ, վերահսկելի քաոսի քաղաքագիտական բանաձեւը կը թուի, որ կը կիրարկուի նաեւ Լիբանանի համար: Իրաւապահ մարմիններու եւ յատկապէս բանակի գործունէութիւնը, հակառակ երկրին մէջ տիրող աննախադէպ պայմաններուն, կը շարունակուի համեմատաբար բնական ձեւով:
Արդարադատութեան բաժանմունքները նոյնպէս իրենց վերապահուած գործառոյթները իրականացնելու փաստեր կը փորձեն արձանագրել: Թէ՛ Կեդրոնական դրամատան եւ թէ՛ գումարներու մաքսանենգման ուղղութիւններով դատական գործընթացներու ականատես կը դառնայ հասարակութիւնը: Առընթեր, առնչակից պետութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն կողմէ յուշումներ կը կատարուին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին առումով վճիռներ արձակելու:
Կաթուածահարումը ուրեմն, համընդհանուր չէ: Հարուածուող ոլորտները յատկապէս պետական բազմաբնոյթ ծառայութիւններ քաղաքացիական ոչ թէ սոսկ դժգոհութեան, այլ անզօրութեան եւ անկարութեան համոզումը ամրագրելն է: Զգացնելը, որ ըստ էութեան պետականազուրկ հասարակութիւն մըն է, ձգուած իր բախտին, իր ճակատագիրը ինքնուրոյն որոշելու հարկադրանքին առջեւ:
Այս պայմաններուն մէջ կը թուի, որ օրակարգէ դուրս եկած է կառավարութեան կազմութիւնը: Այն ուժերը, որոնք օրն ի բուն պահանջեցին, սատարեցին եւ ֆինանսաւորեցին, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունենան ճիշդ ժամանակին, հիմա նոյն աշխուժութիւնը չեն ցուցաբերեր կառավարութեան կազմութեան ուղղութեամբ: Յայտնապէս, ծրագրուածը այս իրավիճակով հասնիլ է նախագահութեան պաշտօնավարման աւարտի ժամկէտին:
Բազմակողմանիօրէն լաւատեսութիւն փոխանցող յայտարարութիւններ կան ծովային սահմանագծումի օրակարգին առնչութեամբ: Այստեղ տեսանելի է շտապողականութիւնը:
Քաոսային այս վիճակին մէջ անուղղակիօրէն ըսել կ՛ուզուի, որ տնտեսական ապաշրջափակումը պայմանաւորուած է ծովային սահմանագծումի շուրջ կայանալիք համաձայնութեամբ, որմէ ետք Լիբանան կրնայ իր նաւթահորերն ու կազահորերը հորատել եւ իր բնական հարստութիւնը արտահանել:
Ծովային սահմանազատումը հանգուցային օրակարգ է եւ ունի աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն: Ժետտայի համաժողովը, ըստ էութեան, տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ բարի դրացիութեան հրամայականներ քննարկելով, ենթահող հարթած է ուժանիւթի արտահանման եւ նոր շուկաներու հայթայթման առաջադրանքին:
Այս շտապողականութիւնը ռուսական ուժանիւթի այլընտրանքային արտադրամասեր ապահովելու շարժառիթէն կը մեկնի:
Ծովային սահմանագծումի գործընթացն ու հորատման աշխատանքներուն թափ տրուիլը կրնայ նախանշել լիբանանեան փակուղիէն ելքեր ցոյց տալու որոշ նախադրեալներ: Այդ մէկը սակայն գին ունի: Լիբանանէն պահանջուած է իրեն պատկանող բնական հարստութենէն զիջիլ Իսրայէլին:
Տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան հարցերու կարգաւորումը նոր առեւտրատնտեսական կապեր հաստատելը կամ բարի դրացիութեան յարաբերութիւններ հիմնելը նախապայմաններ կ՛ենթադրեն: Ակնկալուածը զիջումներ են` երկրին պարտադրուած փակուղիէն ելքեր ցոյց տալու համար: Մինչ այդ` կառավարելի կամ վերահսկելի քաոս:
«Ա.»