Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի Հետքերով

Յուլիս 26, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐԳԵՒ ԱՒԱԳԵԱՆ

Խորհուրդ մեծ եւ հոգեպարար,

Ազգային Յարութիւն Հրաշափառ.

Վհատութիւնը փոխանցիկ է, ինչպէս` յոյսին ներշնչած խանդավառութիւնը:

Կարծի՞ք, թէ՞, համեմուած կեղծիք, նոյն իմաստով, նոյնանման խորագրերով անցեալին եւս յօդուածներ ստորագրուած են, ու այս ճամբուն վրայ բաւականին մելան հոսած է, բայց` տեղ չհասած երեւոյթ, կարծիք պարզապէս:

Մա՛րդը, որուն հանճարին գիտութիւնը լուսաւորեց մարդկային հոգիին ամէնէն թաքուն խորշերը:

Մա՛րդը, որուն հոգին, սակայն, մնաց մութ առեղծուած մը ու կը մնայ մինչեւ օրս:

Մա՛րդը, որ կը լսէ փողոցի աղմուկին մէջէն հեռաւոր ահազանգի մը ձայնը, որ կ՛ազդարարէ մօտալուտ վտանգի մը ահաւորութիւնը:

Աւարայրէն մինչեւ Սարդարապատ, Մուսա Լեռէն մինչեւ Արցախ ճամբայ անցած ժողովուրդը ճառերու պէտք չունի, այլ` գործնական նեցուկի:

Մարդկութեան քաղաքակրթական ողջ ընթացքին աշխարհի քարտէսները որքա՜ն ներկեր փոխած են, որքա՜ն սահմանագիծներ աջ ու ձախ, առջեւ ու ետեւ տարած ու բերած են, իրենց բազուկի ուժով գինովցած ու ետքը պատմութեան արխիւ նետուած են, մոռացութեան ենթարկուած` բռնակալներու կամքով:

Ճիշդ եւ ճիշդ նո՛յնը կատարուեցաւ նաեւ 1917 թուականի աշնան` Ռուսաստանի ոչնչացումէն ետք, երբ Ռուսաստանի արդէն յեղափոխական գաղութարարները Փետրուարեան յեղափոխութիւնը ճնշելէ եւ ստալինեան նոր կայսրութիւն հիմնելէ ետք, Արցախն ու Նախիջեւանը դարձուցին Ազրպէյճանի գերիշխանութեան ենթակայ տարածքներ:

Պէտք է պատռել այն քարտէսները, որոնց սահմանագծումները պարտադրուած են ազգերու, բռնակալ ուժերու աւազակաբարոյ ղեկավարներու քմահաճ պարտադրանքով` ի հաշիւ փոքր, թոյլ եւ տկար ու մանաւանդ անհամերաշխ ժողովուրդներու…

Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարը ընդգծելէ ետք, այդ կոչին վերադառնալու եւ գաղափարական մեր ուխտը վերանորոգելու առիթն է Լիզպոնի օրուան խորհուրդը:

Օրին պատմութեան նենգափոխումը հետզհետէ կը ստանայ աւելի բազմակողմանի ու խորամանկ բնոյթ:

Դէպքին ընկերաբանական, հոգեբանական թէ այլ բացատրութիւններ տալու պիտակին տակ, ըստ էութեան, անոնց բանականացումն է, որ տեղի կ՛ունենայ: Այսպէս էր պարագան յատկապէս Լիզպոնի սխրագործութեան, որուն մեկնաբանութեան ընթացքին արեւելեան թէ արեւմտեան լրատուամիջոցները կը կեդրոնանան ազգային կամ կրօնական ենթադրեալ հակամարտութեան մը ընկերաբանական վերլուծումին վրայ` ըստ ամենայնի անտեսելով հարցին քաղաքական երեսը:

Անկախութեան նոր փորձառութիւնները կու գան կեանքի նոր պայմաններէն եւ մեր շրջապատէն:

Պիտի ապրին յաղթանակով միայն անոնք, որոնք կը քալեն իրենց ժողովուրդին պատմութեան ուղիէն:

Շարունակուող հերոսամարտը բնականաբար կ՛ունենայ իր դասալիքները ու նահանջողները:

Այս փուլն ալ կ՛անցնի ու մեր ժողովուրդը իր առողջ բնազդով ու բաց աչքերով կը շրջանցէ այդ դժուարին փուլը, կը տեսնէ ճշմարտութիւնը եւ կ՛անջատէ ցորենը մոլախոտէն: Որքան ալ առարկայական պայմանները աննպաստ թուին եւ ենթակայական խայծերը` յարաբերական, թոյլ հակազդելու համար միջավայրին ու անոր կազմալուծող, քայքայիչ գործընթացին, պէտք է հաստատել, որ Լիզպոնի խիզախութիւնը մեր ժողովուրդին մէջ վերականգնեց ազգային պատկանելիութեան հպարտութիւնը, բոցավառեց հայկականութեան ու արժանապատուութեան կրակը:

Հայրենիքը արդար իրաւունքն է միայն անոնց, որոնք գիտեն այդ հողին վրայ տառապիլ, որոնք գիտեն քամել իրենց էութիւնը խաւար շրջանի մը համար, մինչեւ որ ծագի արշալոյսը…

Մեր սերունդը այն սերունդն է, որ տակաւին երէկ ազատ Հայաստանի երազով կ՛ապրէր:

Արդէն իրականութիւն է երէկուան մեծ երազը, ազատ է Հայաստանը, ամբողջ աշխարհին կողմէ ճանչցուած ինքնուրոյն հանրապետութիւն է ան, իր եռագոյն դրօշով կանգնած է այլ պետութիւններու շարքին:

Տէրն ենք հաստատ այն համոզումին, որ արցունքներէն ետք ծիածանը կը ծաղկի…

Կը յարգենք իւրաքանչիւրին առանձնայատկութիւնն ու հարցերը լուծելու եղանակը:

Այնուամենայնիւ, այն, ինչ որ կատարուեցաւ ու կը շարունակուի կատարուիլ հայրենիքի մէջ, այլեւս ոչ մէկը յեղափոխութիւն կը կոչէ, ոչ ալ յեղաշրջում, ոչ ալ ժողովրդավարութիւն կամ բարեփոխութիւն:

Ինչո՞ւ այդպէս պատահեցաւ:

Կարելի չէ նկարագրել այն մեծ ոգեւորութիւնը, որ ստեղծուեցաւ համատարած, յորդառատ յուզումէ, հոգիները լիացած, ի տես սխալին` շրթները փակուած, ու մանաւանդ հարցէն անտեղեակները` հիացած:

Նախ յիշենք, որ նոր ղեկավարները ո՛չ իրենց բարոյական սկզբունքներով, ո՛չ կրթութեամբ, ո՛չ նուիրուածութեամբ, ո՛չ քաղաքական ու յեղափոխական փորձով որեւէ առաւելութիւն ունին նախորդներէն:

Ուրեմն ինչո՞ւ զարմանալ, որ այս նոյն ընթացքին մէջ են նաեւ այսօրուան ղեկավարները, որոնք ժողովրդավարութեան ալիքին վրայ անցան իշխանութեան գլուխ:

Պէտք է գաղափարները ազատագրել կաղապարի կապանքներէն, խուսափիլ բարոյական խրատաբանութենէն ու աժան հնչեղութիւն ունեցող լոզունգներէն:

Ազատատենչութիւն, հաւասարութիւն, ինքնորոշման տարրական իրաւունքին մասին նուազագոյն արտայայտութիւն` այն ամէնը, ինչ երէկուան եւ այսօրուան գաղութարարներուն աչքին մահացու յանցանք էր, այսօր պատիւ կը բերէ ոեւէ քաղաքակիրթ ժողովուրդի ու անոր յեղափոխական գործիչներուն:

Այս բոլորը կարելի է իրականացնել միայն ու միայն, երբ կը բաժնես ու կը գործես հետեւեալ սկզբունքով` ապրիլ ժողովուրդին կեանքով, բաժնեկից դառնալ անոր հոգեւոր ու նիւթական զրկանքներուն, դառնալ անոր իղձերուն, երազներուն ու ցանկութիւններուն հարազատ թարգմանը:

 

 

Նախորդը

Սփիւռքեան Օրատետրս

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?