Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան. «Ուէպ» Աստղադիտակը

Յուլիս 26, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

 

Ընդհանուր ակնարկ

«Ճէյմզ Ուէպ» տիեզերական աստղադիտակի գիտական նպատակներէն մէկը ժամանակի ընթացքին ետ նայիլն է, երբ կալաքսիները նորաստեղծ էին: Ուէպն այդ մէկը կ՛ընէ` դիտելով կալաքսիները, որոնք կը գտնուին շատ հեռու` մեզմէ աւելի քան 13 միլիառ լուսատարի հեռաւորութեան վրայ: Նման հեռաւոր եւ աղօտ առարկաներ տեսնելու համար «Ուէպ»-ին մեծ հայելի պէտք է: Աստղադիտակի զգայունութիւնը կամ այն մանրամասնութիւնները, զորս ան կրնայ տեսնել, ուղղակիօրէն կապուած է հայելիի մակերեսին հետ, որ լոյս կը հաւաքէ դիտարկուող առարկաներէն: Աւելի մեծ մակերեսը աւելի շատ լոյս կը հաւաքէ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս աւելի մեծ դոյլը փոքրէն աւելի շատ ջուր կը հաւաքէ անձրեւած ժամանակ:

Ճարտարագիտական մարտահրաւէրներ

«Ուէպ» աստղադիտակի գիտնականներն ու ճարտարագէտները պարզած են, որ 6,5 մեթր լայնութեամբ առաջնային հայելին անհրաժեշտ է այս հեռաւոր կալաքսիներու լոյսը չափելու համար: Այսքան մեծ հայելի կառուցելը դժուար է նոյնիսկ գետնի վրայ օգտագործելու համար: Այսքան մեծ հայելի նախապէս երբեք տիեզերք չէ արձակուած:

Եթէ «Հապըլ» տիեզերական աստղադիտակի 2,4 մեթրանոց հայելին չափուէր այնքան, որ բաւականաչափ մեծ ըլլար «Ուէպ»-ի հետ բաղդատած, ան չափազանց ծանր կ՛ըլլար ուղեծիր արձակուելու համար: «Ուէպ»-ի խմբակը պէտք էր նոր ձեւեր գտնէր հայելին կառուցելու համար, որպէսզի ան ըլլայ բաւականաչափ թեթեւ («Հապըլ»-ի հայելիի զանգուածին միայն մէկ տասներորդը), բայց նաեւ` բաւականաչափ ամուր:

«Ուէպ» աստղադիտակի խմբակը որոշած է հայելիի հատուածները պատրաստել պերիլիումէ, որ ե՛ւ ամուր է, ե՛ւ թեթեւ: Իւրաքանչիւր հատուած կը կշռէ մօտաւորապէս 20 քիլոկրամ:

Ծալովի հայելիներ

«Ուէպ» աստղադիտակի խմբակը նաեւ որոշած է հայելին կառուցել հատուածներով` կառուցուածքի մը վրայ, որ կը ծալուի, ինչպէս` սեղանի մը բաժինները, որպէսզի ան տեղաւորուի հրթիռին մէջ: Այնուհետեւ, հայելին կը բացուի գործարկումէն ետք: 18 վեցանկիւնաձեւ հայելիի հատուածներէն իւրաքանչիւրը ունի 1,32 մեթր տրամագիծ` հարթէ հարթ: («Ուէպ»-ի երկրորդական հայելին ունի 0,74 մեթր տրամագիծ):

«Ճէյմզ Ուէպ» տիեզերական աստղադիտակի ցուցադրուած երկու «թեւերէն» մէկը` ծալուած: Իւրաքանչիւր թեւ ունի իր հիմնական հայելային հատուածներէն երեքը: Երբ «Ուէպ»-ը արձակուի, երկու թեւերը կը տեղաւորուին այս դիրքի վրայ, բան մը, որ թոյլ կու տայ հայելին տեղաւորելու տիեզերանաւին մէջ:

Ինչո՞ւ վեցանկիւն

Վեցանկիւն ձեւը թոյլ կու տայ, որ մօտաւորապէս շրջանաձեւ, հատուածաւորուած հայելին ըլլայ կցուած ու կպչած վեցապատիկ համաչափութեամբ: Կցուած ու կպչած ըսելով` կը հասկնանք, որ հատուածները կը տեղաւորուին առանց բացատներու. եթէ հատուածները շրջանաձեւ ըլլային, ապա իրենց միջեւ բացատներ կ՛ըլլային: Համաչափութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ պէտք է ըլլայ ընդամէնը 3 տարբեր տեսողական բաժանմունքներ այս 18 հատուածներուն համար, իւրաքանչիւրը` 6 հատուած ունենալով (տե՛ս ստորեւ կցուած նկարը): Վերջապէս, ցանկալի է մօտաւորապէս շրջանաձեւ ընդհանուր հայելիի ձեւը, որովհետեւ ան կը կեդրոնացնէ լոյսը յայտնակներու (detector) ամենախտացուած շրջաններուն վրայ: Հաւկթաձեւ հայելին, օրինակ, կու տայ պատկերներ, որոնք կը քաշուին մէկ ուղղութեամբ: Քառակուսի հայելին մեծ չափով լոյսը կ՛ուղարկէ կեդրոնական շրջանէն դուրս:

Հասնիլ կատարեալ մէկ կեդրոնացումի. ուղղիչները (Actuators)

Տիեզերքին մէջ յայտնուելէ ետք այս հայելիներուն հեռաւոր կալաքսիներու վրայ ճիշդ կեդրոնացնելը եւս մէկ մարտահրաւէր է: Ուղղիչները կը կեդրոնացնեն ուղղութիւնը թիրախին վրայ: Առաջնային հայելային հատուածները եւ երկրորդական հայելին կը տեղափոխուին վեց ուղղիչներով, որոնք կցուած են իւրաքանչիւր հայելիի կտորի յետնամասի միջոցաւ: Հայելիի առաջնային հատուածները իրենց կեդրոնին նաեւ ունին լրացուցիչ այլ ուղղիչ մը, որ կարգաւորէ անոր կորութիւնը: Աստղադիտակի երրորդական հայելին կը մնայ անշարժ:

ՆԱՍԱ-ի Կոտարտի «Ուէպ» աստղադիտակի տեսողական տարրերու տնօրէն Լի Ֆայնպըրկ կը բացատրէ. «Առաջնային հայելիի հատուածներով մէկ մեծ հայելի կազմելը կը նշանակէ, որ իւրաքանչիւր հայելի պէտք էր կցուած ըլլար մարդու մազի հաստութեան 1/10.000-րդին: Առաւել զարմանալին այն է, որ ճարտարագէտներն ու գիտնականները, որոնք կ՛աշխատէին «Ուէպ» աստղադիտակի վրայ, բառացիօրէն ստիպուած էին «ստեղծել» այդ մէկը ընելու մեթոտը»:

Ուղղիչները ու առաջնային հայելիին մէկ հատուածը

Ճարտարագիտական մարտահրաւէր. «Ուէպ»-ի հայելիները սառած պահելը

Մէկ այլ մարտահրաւէր է «Ուէպ»-ի հայելին սառած պահելը: Կանուխ ժամանակուան տիեզերքի առաջին աստղերն ու կալաքսիները տեսնելու համար աստղագէտները պէտք է դիտարկեն անոնց կողմէ արձակուած ենթակարմիր լոյսը ու օգտագործեն աստղադիտակ ու գործիքներ, որոնք համահունչ (optimized) են այս լոյսին: Տաք առարկաները կ՛արձակեն ենթակարմիր լոյս կամ ջերմութիւն. եթէ «Ուէպ»-ի հայելին «Հապըլ» տիեզերական աստղադիտակի նոյն ջերմաստիճանը ըլլար, հեռաւոր կալաքսիներու աղօտ ենթակարմիր լոյսը կը կորսուէր հայելիի ենթակարմիր փայլքին մէջ: Այսպիսով, «Ուէպ»-ը պէտք էր ըլլար շատ պաղ («cryogenic») եւ իր հայելիներու ջերմաստիճանը ըլլար մօտ -220 C: Հայելին` որպէս ամբողջութիւն, պէտք է շատ ցուրտ ջերմաստիճաններուն դիմակայելու կարողութիւն ունենայ, ինչպէս նաեւ պահպանէ իր ձեւը:

«Ուէպ»-ը սառած պահելու համար կ՛ուղարկուի խոր տիեզերք` Երկիր մոլորակէն հեռու: Արեւային վահանակները կը ստուերեն հայելիներն ու գործիքները արեւի տաքութենէն, ինչպէս նաեւ կը պահպանեն զանոնք տաք տիեզերանաւէն

Ինչպիսի՞ աստղադիտակ է «Ուէպ»-ը

«Ուէպ»-ը յայտնի է որպէս երեք հայելային համակեդրոնական (anastigmat) աստղադիտակ: Կերպարանքով անոր առաջնային հայելին գոգաւոր է (concave), երկրորդը` կորնթարթ (convex) եւ քի՜չ մը առանցքէն դուրս կ՛աշխատի: Երրորդը կը ջնջէ յառաջացած տարաբեկութիւնը (աստիկմաթիզմը) ու նաեւ կը հարթեցնէ կիզակէտային հարթութիւնը (focal plane): Սա նաեւ առիթ կ՛ընծայէ աւելի լայն տեսադաշտ ունենալու:

Հայելիի հետազօտութիւններ եւ նորաձեւութիւններ

ՆԱՍԱ-ն ձեռնամուխ եղաւ աստղադիտակներու հայելիներ ստեղծելու նոր ուղիներու հետազօտման: Advanced Mirror System Demonstrator (AMSD) ծրագիրը չորս տարուան համագործակցութիւն էր ՆԱՍԱ-ի, Ազգային հետախուզութեան գրասենեակի եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերու միջեւ` ուսումնասիրելու թեթեւ հայելիներ կառուցելու ուղիները: ASMD-ի ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ կառուցուած եւ ամբողջութեամբ փորձարկուած են երկու փորձնական հայելիներ. մէկը պատրաստուած է պերիլիումէ Ball Aerospace-է կողմէ, իսկ միւսը` Kodak-ի կողմէ (նախապէս ITT, այժմ` Harris Corporation) մշակուած յատուկ տեսակի ապակիէ հայելիները:

Փորձագէտներու խմբակ ընտրուած է այս երկու հայելիները փորձարկելու համար` պարզելու, թէ որքա՞ն լաւ կ՛աշխատին, որքա՞ն կ՛արժեն, եւ որքան դիւրին (կամ դժուար) կրնայ ըլլալ 6,5 մեթրանոց հայելի կառուցելը: Փորձագէտները խորհուրդ տուին, որ պերիլիումի հայելին ընտրուի «Ճէյմզ Ուէպ» տիեզերական աստղադիտակին համար` քանի մը պատճառներով, որոնցմէ մէկն այն է, որ պերիլիումը կը պահպանէ իր ձեւը շատ նուազ ջերմաստիճաններու մօտ: Փորձագէտներու խմբակի առաջարկութեան հիման վրայ Northrop Grumman-ը (ընկերութիւնը, որ կը ղեկավարէ «Ուէպ»-ի կառուցման ջանքերը) ընտրած է պերիլիումի հայելին, եւ ՆԱՍԱ Կոտարտի նախագիծի ղեկավարութիւնը հաստատած է այս որոշումը:

Ինչո՞ւ պերիլիում

Պերիլիումը թեթեւ մետաղ է (աթոմային յապաւումը` Be), որ ունի բազմաթիւ առանձնայատկութիւններ, որոնք զայն ցանկալի կը դարձնեն «Ուէպ»-ի առաջնային հայելիի համար: Մասնաւորապէս պերիլիումը շատ զօրաւոր է շնորհիւ իր ծանրութեան եւ իր ձեւը լաւ պահելու լայն տարողութեամբ ջերմաստիճաններու պարագային: Պերիլիումը ելեկտրականութեան եւ ջերմութեան լաւ հաղորդիչ է եւ մագնիսական չէ:

Որովհետեւ ան թեթեւ է եւ ամուր, պերիլիումը յաճախ կ՛օգտագործուի գերձայնային (ձայնի արագութենէն աւելի արագ) օդանաւներու եւ տիեզերանաւերու բաժիններ շինելու համար: Ան նաեւ կ՛օգտագործուի երկրային ծրագիրներու պարագային, ինչպէս` զսպանակներու եւ այլ գործիքներու շինութեան պարագային: Պերիլիումով աշխատած ժամանակ պէտք է զգուշ ըլլալ, որովհետեւ ապառողջ է պերիլիումի փոշին շնչելը կամ կլլելը:

Ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր պատրաստուած են պերիլիումի հայելիները

«Ճէյմզ Ուէպ» տիեզերական աստղադիտակի 18 յատուկ թեթեւ պերիլիումի հայելիները պէտք էր 14 կանգառ կատարէին Միացեալ Նահանգներու 11 տարբեր վայրերուն մէջ` անոնց արտադրութիւնը աւարտելու համար: Ճանապարհորդութիւնը սկիզբ առաւ Եութայի պերիլիումի հանքերուն մէջ, այնուհետեւ յաջորդաբար տեղափոխուեցան ամբողջ երկրին մէջ` մշակման եւ փայլեցման համար: Իրականութեան մէջ հայելիները իրենց պատրաստութեան ճանապարհին կանգ առած են ութ նահանգներու մէջ` որոշ նահանգներ այցելելով մէկէ աւելի անգամ, նախքան իրենց մեկնիլը Հարաւային Ամերիկա` բարձրանալու իրենց վերջնական ճանապարհորդութեան, դէպի տիեզերք:

«Ուէպ»-ի հայելին պատրաստելու համար պերիլիումը արդիւնահանուած է Եութայի մէջ եւ մաքրուած է Օհայոյի Պրաշ Ուէլմանի մէջ: «Ուէպ»-ի հայելիներուն մէջ օգտագործուող պերիլիումի որոշակի տեսակը կը կոչուի O-30, որ մանր փոշի մըն է: Փոշին դրուեցաւ չժանգոտուող պողպատէ մեծկակ տաշտերու մէջ եւ ճնշուելով կաղապարուեցաւ հարթ ձեւի: Երբ պողպատէ կաղապարը հանուեցաւ, ստացուած պերիլիումի կտորը կիսով չափ կտրուեցաւ, որպէսզի երկու հայելային մասնաբաժիններ շինուին մօտ 1,3 մեթր լայնութեամբ: Իւրաքանչիւր հայելիի մասնաբաժին օգտագործուած է մէկ հայելային հատուած պատրաստելու համար. ամբողջական հայելին պատրաստուած է 18 վեցանկիւն հատուածներէ:

Հայելային մասնաբաժիններն ստուգուելէ ետք անոնք ուղարկուած են Axsys Technologies` Քուլմանի մէջ, Ալապամա: Առաջին երկու հայելային մասնաբաժինները աւարտեցան 2004 թուականի մարտին:

Axsys Technologies-ը հայելային մասնաբաժինները բերաւ իրենց վերջնական ձեւին: Հայելիի ձեւաւորման գործընթացը կը սկսի պերիլիումի հայելիի ետեւի մասի մեծ բաժինը կտրելով` ձգելով ընդամէնը «հեծան» (rib) կառուցուածք մը: Հեծանները ունին ընդամէնը մօտ 1 միլլիմեթր հաստութիւն: Հակառակ անոր որ մետաղին մեծ մասը կ՛անհետանայ, հեծանները, սակայն, բաւարար են հատուածի ձեւը կայուն պահելու համար: Այս մէկը կը դարձնէ հատուածը շատ թեթեւ: Պերիլիումի հայելիի հատուածի ծանրութեան 20 քկ է, իսկ ամբողջական առաջնային հայելային հատուածի ծանրութիւնը, իր ուղղիչներով միասին, մօտաւորապէս 40 քկ:

Հայելիի փայլեցում

Երբ հայելային հատուածները ձեւաւորուեցան Axsys-ի կողմէ, անոնք ուղարկուեցան Ռիչմոնտ, Քալիֆորնիա, ուր SSG/Tinsley-ն զանոնք փայլեցուց:

SSG/Tinsley-ն սկսաւ մանրացնել իւրաքանչիւր հայելիի մակերեսը` հասցնելով զայն իր վերջնական ձեւին: Այդ մէկը ընելէ ետք հայելիները խնամքով հարթուեցան եւ փայլեցուեցան: Հարթեցման եւ փայլեցման գործընթացը կը կրկնուէր մինչեւ իւրաքանչիւր հայելիի հատուածին կատարեալ ըլլալը: Անկէ ետք հատուածները փոխադրուեցան ՆԱՍԱ-ի Մարշալի տիեզերական թռիչքներու կեդրոն` Հանցվիլի մէջ (MSFC), Ալապամա` cryogenic փորձարկման համար:

Որովհետեւ շատ նիւթեր ջերմաստիճանի փոփոխութեան ժամանակ կը փոխեն իրենց ձեւը, Ball Aerospace-ի փորձարկման խումբը աշխատած է ՆԱՍԱ-ի ճարտարագէտներու հետ` Մարշալի «X-ray and Cryogenic» հաստատութեան մէջ (XRCF)` հայելիի հատուածները սառեցնելու համար մինչեւ այն ջերմաստիճանը, որ «Ուէպ»-ը ենթադրաբար պիտի ենթարկուի անոր` ըլլալով խոր տիեզերքին մէջ (-240 աստիճան սելցիուս):

Հայելիի առաջնային հատուածներու cryogenic փորձարկումը սկսած է Մարշալի XRCF-ի մէջ, Ball Aerospace-ի կողմէ, 2009 թուականին:

Այս ջերմաստիճաններու ազդեցութեան պատճառով հայելիի հատուածի ձեւի փոփոխութիւնը արձանագրուած է Ball Aerospace Engineers-ի կողմէ` օգտագործելով լէյզըրային ինթըրֆերոմեթր: Այս տեղեկութիւնները, հայելիներուն հետ միասին, վերադարձաւ Քալիֆորնիա` Թինսլիի մէջ վերջնական փայլեցման համար: Հայելիներու վերջնական փայլեցումը աւարտած է յունիս 2011-ին:

Ոսկիի ծածկոյթ

Երբ հայելային հատուածի վերջնական ձեւը կոփուեցաւ ցուրտ ջերմաստիճանի պատճառով, եւ փայլեցումը աւարտեցաւ, կիրարկուեցաւ ոսկիի բարակ ծածկոյթ մը, որովհետեւ ոսկին կը բարելաւէ ենթակարմիր լոյսի հայելիի արտացոլումը:

Որոշ թեքնիք մանրամասնութիւններ. ինչպէ՞ս ոսկին կարելի է կիրարկել հայելիներուն վրայ: vacuum vapor deposition թեքնիքով: Աստղադիտակի հայելիներու ծածկոյթի փուլը ստանձնած էր Quantum Coating Incorporated-ը: Ըստ էութեան, հայելիները կը տեղադրուին օդատութեան Չամպըրի մէջ, եւ փոքր քանակութեամբ ոսկի կը գոլորշիացուի` հանգչելով հայելիին վրայ: Այն տարածքները, զորս մենք չենք ուզեր ծածկել (ինչպէս` ետեւի կողմը, բոլոր մեքանիզմները եւ այլն) կը դիմակաւորենք: Ոսկիի իտէալական հաստութիւնը 1000 Անկսթրոմն է (100 նանօմեթր): Տձեւ SiO2-ի (ապակի) բարակ շերտ մը կը դրուի ոսկիին վրայ, որպէսզի պաշտպանէ զայն քերթուածքէ` ձեռքով բռնած ժամանակ կամ եթէ մասնիկներ (փոշի օրինակ) յայտնուին անոր մակերեսին վրայ (ոսկին մաքուր է եւ շատ փափուկ):

Ոսկիի ծածկոյթի կիրարկումէն ետք հայելիները եւս մէկ անգամ վերադարձան Մարշալի տիեզերական թռիչքներու կեդրոն` cryogenic ջերմաստիճանի մէջ հայելիի մակերեսի ձեւի վերջնական ստուգման համար: Հիմա արդէն հայելային հատուածները պատրաստ են: Այնուհետեւ անոնք մեկնեցան ՆԱՍԱ-ի Կոտարտի տիեզերական թռիչքներու կեդրոն` Կրինպելթի մէջ, Մերիլանտ:

«Ուէպ»-ի հայելիները

Կազմուած հայելիներ

Թռիչքի առաջին երկու հայելիները ՆԱՍԱ-ի Կոտարտի կեդրոն հասան սեպտեմբեր 2012-ին: 2013 թուականին վերջին թռիչքի բոլոր հիմնական հայելային հատուածները, ինչպէս նաեւ երկրորդական եւ երրորդական հայելիները պէտք էր ըլլային Կոտարտի մէջ: Հայելիները կը պահուէին մաքուր սենեակի մէջ, յատուկ պաշտպանիչ դարաններու վրայ` աստղադիտակի մնացեալ բաժինները սպասելով:

Աստղադիտակի կառուցուածքը (հիմնականին մէջ աստղադիտակի «ոսկորները», որոնց վրայ պիտի ամրացուէին հայելիները) առաքուած են Northrop Grumman-էն եւ հասած ՆԱՍԱ-ի Կոտարտի կեդրոն օգոստոս 2015-ին: 22 նոյեմբեր 2015-ին տեղադրուած է առաջին հայելին:

Նկատի ունենանք, որ կազմելու ժամանակ հայելիները պաշտպանելու համար անոնք ծածկուած էին բարակ, սեւ ծածկոցներով, որոնք հանուեցան հայելին ամբողջութեամբ կազմուելէ ետք:

Վերջին հայելին տեղադրուեցաւ փետրուար 2016-ին:

Երբ հայելիներու աշխատանքը աւարտեցաւ, հերթաբար սարքաւորումներ տեղադրուեցան աստղադիտակին մէջ: Կոտարտի մէջ եղած ժամանակ աստղադիտակը նաեւ ենթարկուեցաւ միջավայրային քննութեան` ստուգելու համար, թէ ան կրնա՞յ դիմակայել արձակման դժուարութիւններուն: Քննութիւնը յաջողութեամբ աւարտած աստղադիտակը ուղարկուեցաւ ՆԱՍԱ-ի Ճոնսըն Հիւսթըն, Թեքսաս` cryogen ջերմաստիճանի մէջ սարքաւորումներու փորձարկման համար: ՆԱՍԱ-ի Ճոնսընի չամպըր A-ը ՆԱՍԱ-ի միակ ջերմային օդատութեան չամպըրն է, որ բաւականաչափ մեծ է «Ուէպ»-ի համար:

Հայելիներու հաւասարեցում` երկրի վրայ եւ տիեզերքի մէջ

Աստղադիտակը ուղեծիրի վրայ յայտնուելէ ետք, Երկրի վրայ գտնուող ճարտարագէտները պէտք է ուղղումներ կատարեն` աստղադիտակի հիմնական հայելային հատուածներու դիրքին, որպէսզի անոնք համապատասխանին` ապահովելով սուր ու կեդրոնացուած պատկերներ:

Ճարտարագէտները փորձարկած են հաւասարեցման այս գործընթացը ՆԱՍԱ-ի Ճոնսըն տիեզերական կեդրոնին մէջ, A չամպըրի cryogenic, օդատութեան միջավայրին մէջ` շուրջ 100 օրուան ընթացքին: Չամպըրի միջավայրը կը նմանի տիեզերական ցուրտ այն միջավայրին, ուր պիտի գործէ «Ուէպ»-ը եւ որտեղ ան պիտի հաւաքէ տիեզերքի նախապէս չդիտարկուած հատուածներու տուեալները: Չամպըրէն ներս ճարտարագէտները լէյզըրային լոյս սփռած են աստղադիտակին մէջ եւ դուրս` գործելով որպէս «արհեստական աստղեր»-ու աղբիւր: Փորձարկումը ստուգեց, որ ամբողջ աստղադիտակը, ներառեալ տեսողական համակարգն ու սարքաւորումները, աշխատած են այս ցուրտ միջավայրին մէջ եւ հաստատած, որ աստղադիտակը կ՛աշխատի նաեւ տիեզերքի մէջ:

Յաջողելով ՆԱՍԱ-ի Ճոնսըն կեդրոնի իր քննութիւնները` «Ուէպ»-ը իր հայելիներով տեղափոխուեցաւ Նորթրոփ Կրումման, ուր աստղադիտակը պիտի զուգուէր արեւապաշտպան վահանով եւ կցուէր տիեզերանաւին:

Աղբիւր` ՆԱՍԱ

Նախորդը

Պայծառակերպութեան Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Սփիւռքեան Օրատետրս

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?