Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիզպոն»-ի Ուղիով

July 27, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ ԼԵՄ. Յաճախ շատերը հարց կու տան, թէ ի՞նչ էին Լիզպոնի գործողութեան արդիւնքները: Լիզպոնի գործողութիւնը երկու արդիւնք արձանագրեց. մէկը` համաշխարհային քաղաքական գետնի վրայ, իսկ միւսը` լիբանանահայ երիտասարդին ազգային կեանքին մէջ:

Համաշխարհային գետնի վրայ արեւմտեան երկիրներուն մէջ դարձեալ բարձրացաւ Հայ դատի պահանջատիրութեան ջահը, հակառակ անոր որ թրքական իշխանութիւնը ամէն ջանք կը թափէր Հայ դատը ահաբեկչութեան հետ կապելու, սակայն` ապարդիւն, եւրոպական շարք մը երկիրներ յաջորդող փուլին ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իսկ ներլիբանանեան ազգային կեանքին մէջ Լիզպոնի դէպքը ազգային ներշնչման առիթ դարձաւ մասնաւորապէս դաշնակցական երիտասարդ սերունդին, եւ այս մէկը արդէն իսկ փաստուեցաւ արցախեան ազատագրական պայքարին ընթացքին, երբ բազմաթիւ կամաւորներ սփիւռքէն ուղղուեցան դէպի Արցախ, իսկ շատերը անմահացան եւ միացան Լիզպոնի հերոսներուն:

Այսօր, երբ կը յիշատակենք Լիզպոնի գործողութեան 39-ամեակը, կը խօսինք երիտասարդութեան ազնուագոյն մօտեցումին, հայրենասիրութեան անգերազանցելի օրինակին եւ նուիրաբերուելու կամքի տարողութեան աննախադէպութեան մասին: Ճիշդ այստեղ է, որ հայկական դաշտը հասարակական ընկալելիութեան վրայ աշխատելու պատճառ ունի, որպէսզի անիկա չազդուի միջազգային օրինաչափութիւններուն կողմէ նման նուիրական արարքները նսեմացնել միտող կարծրատիպեր ստեղծելու քաղաքականութենէն:

Հոս հայ երիտասարդը, եւ մասնաւորապէս դաշնակցական երիտասարդը, հսկայ ընելիք ունի թէ՛ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ եւ թէ՛ շարունակելու մեր սրբազան պայքարը թշնամիին դէմ:

Լիզպոնի սխրագործութիւնը ճանաչողականութեան անհրաժեշտ աստիճանաչափը չէ նուաճած հայրենիքի մէջ: Դժբախտաբար այսօր հայրենի իշխանութեան ոչ հայանպաստ եւ հակապետական քայլերը երբեք չեն նպաստեր Հայ դատի գործընթացին: Միւս կողմէ կը տեսնենք անտարբերութիւն, յուսախաբութիւն, տարակուսանք եւ երբեմն` ափսոսանք, կարծես այսօր շատեր կ՛ապրին այն համոզումով, որ արցախեան երկրորդ պատերազմին իբրեւ հետեւանք վերջ գտաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարը: Աւելի՛ն. թշնամին կ՛օգտագործէ մեր պառակտումները եւ համազգային անմիաբանութիւնը` հարուած հասցնելու սփիւռքի կառոյցներուն:

Ո՛չ, Լիզպոնի մեր տղաքը չնահատակուեցան, որպէսզի մենք յանձնուինք թշնամիին սադրանքներուն: Անոնք իրենց ամէնէն թանկագինը չզոհեցին, որ հայ ժողովուրդը թշնամիին  առջեւ ծունկի գայ ու «խաղաղութիւն» աղաչէ, մինչ թուրքին եաթաղանը մեզի կը սպառնայ: Մեր տղոց պատգամը շատ յստակ էր: Լիզպոնի խոյանքը իր բոլոր մանրամասնութիւններով եւ խորհուրդի բոլոր ծալքերով պէտք է ծանօթացուի հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին: Չմոռնանք, որ Լիզպոնի հերոսները, առանց հայրենիքը տեսած ըլլալու, հայրենիքի համար էր, որ տուին իրենց գերագոյնը: Ճանաչողական աշխատանքը այս առումով անհրաժեշտ է, որ թափ ստանայ: Հոս սփիւռքի երիտասարդութիւնը եւ յատկապէս դաշնակցական երիտասարդը, որ երբեք թշնամիին առջեւ չի խոնարհիր, չի կրնար այս պայքարին մէջ յուսալքուիլ, այս նոյն երիտասարդութիւնն է, որ արցախեան վերջին պատերազմին իր բռունցքը բարձրացուց եւ գործնականի անցաւ:

Լիզպոնի տղոց զոհողութիւնը կը յիշեցնէ մեզի այն, ինչ որ Ռոստոմ ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը զգացում մը չէ, ինչպէս մարդիկ կը զգան Աստուած, սակայն չեն տեսներ զայն, նոյնն ալ` Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը եւ անոր նպատակները»: Յիշենք Լիզպոնի մեր տղոց պատգամը ամէն օր եւ ոչ թէ տարին անգամ մը եւ մտածենք այդ մասին ոչ միայն երգելով, այլ` գործելով: Հետեւաբար, սրբազան գործի պէտք է անցնիլ շարունակել մեր նահատակներուն ճամբան մինչեւ յաղթանակ:

Եւ այսպէս, սիրելի՛ Վաչէ, Արա, Սեդօ, Սիմոն եւ Սագօ, «Կ՛երդնունք անբիծ պատուովը ձեր, ընդարձակել պայքարը մեր»:

ՀՅԴ ԼԵՄ

Նախորդը

«Երիտասարդութիւնը Պէտք Է Գիտակցի, Որ Մեր Հարցերը Միայն Յարատեւ Պայքարով Կը Լուծուին» «Ռազմիկ»-ին Կ՛ըսէ Յովիկ Պերթիզլեան

Յաջորդը

Լիզպոնի Հինգ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.