Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խաղերը Միասնականութեան Խորհրդանիշ Են

Յուլիս 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին յաջորդող երկու տասնամեակները հայկական սփիւռքի վերակազմակերպման ու գործունէութեան ծաւալման տարիներ դարձան: Բազմացան սփիւռքի գաղութներուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ անոնք հետզհետէ համագաղութային կազմակերպութեան կերպարանք ստացան: Նոյնանման նպատակներ ունեցող գաղութային կազմակերպութիւններ միաւորուեցան եւ ստեղծեցին համագաղութային միութիւններ: Հայաստանի անկախութենէն ետք- հաստատուելով նաեւ հայրենիքի մէջ, անոնք վերածուեցան համահայկական կառոյցներու, ճշմարտութիւն դարձնելով «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» լոզունգը:

Համահայկական կարեւորագոյն կազմակերպութիւններէն մէկն է ՀՄԸՄ-ը (Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն): Անոր համամիութենական մարզախաղերն ու սկաուտական բանակումները կը համախմբեն հազարաւոր հայորդիներ աշխարհի չորս ծագերէն:

Համամիութենական նման համախմբումները կ՛իրականանային սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ: Սկզբնապէս յատուկ Մերձաւոր Արեւելքին, այդ համախմբումները տարածուեցան դէպի Եւրոպա ու հեռաւոր այլ շրջաններ: Հայաստանի անկախութիւնը զանոնք բերաւ իրենց բնական հաւաքավայրը, աշխարհացրիւ հայութեան հայրենիքը` Հայաստան:

Ահա, համաճարակի կաշկանդումներէն հազիւ, ու ոչ ամբողջականօրէն, ազատուած ՀՄԸՄ-ական մարզիկները կրկին հաւաքուած են քաղաքամայր Երեւանի մէջ, ուր տեղի կ՛ունենան 11-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը: Սփիւռքի զանազան գաղութներէն հաւաքուած 645 մարզիկ-մարզիկուհիներ նախ այցելեցին Եռաբլուր, ուր թաղուած են, հազարաւոր հայրենիքի պաշտպան մարտիկներու կողքին, նաեւ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներ ու սկաուտներ:

Ուրբաթ, 22 յուլիսի մարզախաղերու բացման արարողութեան նախորդող տողանցքին միացան «Հրաշք» կազմակերպութեան 200 հաշմանդամ մարզիկներ, իրենց 50 կամաւոր օգնականներով: Ծիծեռնակաբերդէն վառուած ջահը փոխանցավազքով հասաւ, Ազատութեան հրապարակ, ուր Արցախի մէջ, պատերազմի ընթացքին իր երկու ոտքերը եւ աջ թեւը կորսնցուցած հետախոյզ մարզիկ Սարգիս Ստեփանեան բոցավառեց մարզախաղերու ջահը:

Ոգեւորիչ այս մթնոլորտը անխառն չէ դժբախտաբար: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի հայաստանաբնակ մարզիկները եւս մասնակից են մարզախաղերուն: Սակայն, բացման հանդիսութեան, որուն մասնակցած են Արժանթինի, Իրաքի եւ Սուրիոյ դեսպանները, բացակայ է հայրենի պետութիւնը: Ո՛չ համապատասխան նախարարութենէն, ո՛չ ալ սփիւռքի գործերու կոմիսարութենէն ներկայացուցիչներ կային: Պէտք է ափսոսալ, որ ազգային միասնութեան խորհրդանիշ նման համախմբումները, ազնիւ պայքարի, նման առիթները չեն քաջալերուիր հայրենի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ, պարզապէս այն պատճառով, որ կազմակերպողները «մերոնցից» չեն:

Մարզական խաղերը, իրենց ազնիւ մրցակցութեան մթնոլորտով, երբ պարտուողը կը շնորհաւորէ իր եղբայր կամ քոյր յաղթականը, կը պարզեն ազգային միութեան թերեւս սաղմնային, սակայն կարեւոր հանգամանք մը: Քաղաքական տարակարծութիւնները պէտք չէ առաջնորդեն ազգի բաժանման: Իշխանափոխումէն չորս տարի ետք, հանդուրժելի չէ «սեւ ու ճերմակի» բաժանարար վարքագիծը: Ազգը չի կրնար պառակտում հանդուրժել:

ՀՄԸՄ-ը իր քայլերգով ինքզինք կը բնորոշէ իբրեւ «հսկայ նուիրման տորմիղ հրաթեւ»: Մարդկային այս տորմիղին, որ հրաթեւ է, յատկանիշը հայրենիքին նուիրումն է: Ամէն մրցող մարզիկ հայրենիքին նուիրուած զինուոր է, պատրաստ զայն պաշտպանելու ոսոխին դէմ: Ինչպէս իրարու դէմ մրցող մարզիկները, իբրեւ քոյր ու եղբայրներ, անբաժանելի համախմբում մը կը ներկայացնեն, այնպէս ալ ազգը անբաժանելի ամբողջութիւն է, իր տարակարծիք անդամներով հանդերձ:

Մաղթենք, որ ՀՄԸՄ-ական միասնական ոգին վարակիչ դառնայ ու օրինակ ծառայէ աւելի տարողունակ ազգային ընդհանուր միասնականութեան:

 

 

 

Նախորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Արդիւնքները

Յաջորդը

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան` 75-73 Արդիւնքով Պարտուելով Աւստրալիայէն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?