ՎԱՐԱՆԴ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
«Հայաստան» մասնաճիւղ
39 տարիներ առաջ անոնք ընտրեցին պայքարի ճամբան: Ընտրեցին այն ճամբան, որ վերադարձ չունէր: Ընտրեցին այն ճամբան, որ կը ստիպէր անձնազոհողութիւն` յանուն հայրենիքի: Այդ ճամբան տարբեր էր, կը ճանչնար ո՛չ ապագայ, ո՛չ ընտանիք, ո՛չ ալ կեանք:
Լիզպոնի գործողութիւնը պարզապէս «տեռորիստական» աքթ մը չէր, այլ` սուրբ գործողութիւն մը, որ ամրացուց հայրենիքի ազատագրութեան զինեալ սուրբ պայքարի ճամբան: Շնորհիւ իրենց` մենք ունեցանք նոր առիթ մը` ամրապնդելու մեր պատկանելիութիւնն ու ինքնութիւնը: Շնորհիւ իրենց` մեր մէջ ծնաւ պայքարի նոր ոգի մը, որ այլեւս չի համաձայնիր մեր ցեղի գլխովին կորչելու մտքին հետ:
Սիրելի՛ տղաք. այսօր, զայրոյթն ու ամօթը, միացած` սրբազան ինքնադժգոհութեան, կ՛այրեն մեզ: Այսօր կը դողանք կատաղութենէն: Կը դողանք զայրոյթէն, որ նոյնիսկ ձեր սուրբ անձնազոհութիւնն իսկ չկրցաւ խռովեցնել մեր մէկ մասին հոգեւոր մրափը: Այո՛, Սիմոն, մենք դեռ ուրիշին խամաճիկներն ենք: Այո՛, Արա, մենք համոզուած ենք, որ առանց մեր հողերուն ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ ալ կեանք: Այո՛, Վաչէ, մենք ալ կ՛ուզենք տեսնել մեր ժողովուրդը խաղաղ ու հանգիստ իր հայրենիքին մէջ: Այո՛, Սեդրակ, մենք պիտի չխրտչինք, որքան ալ որ թուրքը զօրաւոր ըլլայ մեզմէ: Այո՛, Սարգիս, «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Մենք ալ կ՛ուզենք ձեզի միանալ եւ դառնալ խենթեր: Ձեր խօսքերը տակաւին այժմէական են: Ձեր գծած ճամբան յստակ է մեզի` հայ երիտասարդութեան: Ո՛չ, մենք պիտի չըլլանք այդ սերունդը, որմէ «բուռ մը հող չմնաց»: Կը վստահեցնեմ, որ մենք պատրաստ ենք շարունակելու ձեր ճամբան: Կը սպասենք այն հրահանգին, որ պիտի բանայ այդ երկաթէ դուռը, զոր արգելափակած է ձեր ճամբան անցնիլը: Մեր մէջ կ՛եռայ պայքարի ոգին, երբ լսենք ձեր անունները: Մեր մէջ կ՛արթննայ անբացատրելի ուժ մը, երբ այցելենք ձեր գերեզմանները: Այո՛, մենք ալ կ՛ուզենք ձեզի պէս ըլլալ: Մեզի այլեւս աւելորդ-պակաս խօսքեր կամ գրառումներ պէտք չեն: Գաւաթը յորդած է. նստած` կը դիտենք մեր հայրենիքի ոչնչացումը: Իջէ՛ք երկնքէն եւ հրամայեցէ՛ք. հրամայեցէ՛ք, որ շարունակենք ձեր գծած ճամբան, իջէ՛ք եւ խորտակեցէ՛ք այդ դուռը®
«Կեցցէ՛ ազատատենչ հայ ժողովուրդը,
Կեցցէ՛ Հայկական յեղափոխութիւնը»: