– Ափ ի բերան մնացի,- ըսաւ:
– Ինչո՞ւ, ի՞նչ եղաւ որ,- հարցուց Վահէն, որ տակաւին չէր սորված, թէ այս մարդը այդ տեսակ խօսք մը մէջտեղ կը նետէ, ձկնորսի մը նման, որ խայծ մը կը նետէ ջուրին մէջ այն յոյսով, որ մէկը կը բռնուի:
– Ի՞նչ պիտի ըլլար: Նորէն դրամ հաւաքելու ելեր են:
– Ո՞վ դրամ հաւաքելու ելեր է:
– Օր մը եկեղեցին, օր մը դպրոցը: Ա՛լ մարդոց հոգին ելաւ, կը բաւէ: Այս բոլոր դրամները ու՞ր կ՛երթան կոր:
– Զուիցերիական պանքերուն մէջ կը դրուին կոր,- ըսի զինք խօսեցնելու համար,- քու տուած դրամներովդ ուսուցիչները եւ հոգաբարձուները` բոլորն ալ Ֆլորիտայէն վիլլաներ կը գնեն կոր, որպէսզի երբ թոշակ առնելու սկսին, ձմեռները հոն անցընեն:
Գիտէի, որ մէկ սենթ չէր տար: Այսպէս խօսողները հանգանակութիւններու բնաւ չեն մասնակցիր: Ձեռք երկարելու փոխարէն` իրենց լեզուները կ՛երկարեն:

– Ի՞նչ է: Վրա՞ս կը խնդաս կոր:
– Հա՛, Չէի՞ր գիտեր, որ դպրոց պահելը շահաբեր գործ է: Մէյ մը շուրջդ նայէ, նոյնիսկ պետական դպրոցներու ծնողական յանձնախումբերը ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, որպէսզի հասոյթ բերեն դպրոցին: Մեր միութիւնները, անշուշտ` քո՛ւ կարծիքովդ, Օնթարիոյի կառավարութենէն աւելի հարուստ են եւ այս հանգանակութիւնները կը կազմակերպեն պարզապէս քեզ ջղայնացնելու համար:
– Զաւէ՛ն, ձգէ, որ մարդուն բացատրենք, հեգնական դիրք բռնելով` չենք կրնար զինք սիրաշահիլ,- ըսաւ Վահէն, որ ի ծնէ մարդ արարածին վրայ աւելի համարում ունեցող մէկն էր քան ես:
– Շունչդ մի՛ հատցներ: Իրեն հարցուր, որ քանի՞ թոռնիկ ունի եւ անոնցմէ քանի՞ն հայկական դպրոց կը յաճախեն:
– Ատիկա ի՞նչ կապ ունի,- ըսաւ Սողոմոնը, որ այս խօսակցութիւնը սկսած էր:
Երբեմն յանցաւոր կը զգամ, երբ այս տեսակ մարդիկը կը պախարակեմ, որովհետեւ իրենց կը մեղքնամ: Երեւակայեցէք, որ խեղճ մարդուն ծնողքը իր անունը ի՞նչ դրած են` «Սողոմոն», մարդը այդ անունին ծանրութեան տակ կքած է իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, որովհետեւ ի՛նչ որ ալ իրագործէ, չի կրնար այդ անունին պատիւ բերել: Անոր համար ներողամիտ պէտք է ըլլանք իրեն հանդէպ, բայց մարդ ես, հակառակ որ չես ուզեր հետը իյնալ, չես դիմանար: Լռեցի:
– Սողոմո՛ն, քանի՞ տարիէ Քանատա կ՛ապրիս,- հարցուց Վահէն, որ ճանչցուած էր իբրեւ հանդարտօրէն, ճշգրիտ եւ հատու տրամաբանութիւն կիրարկող անհատ մը:
– Քսաներեք տարի,- ըսաւ Սողոմոնը` կասկածանքով նայելով Վահէին, քանի որ միտքին մէջ չէր կրնար պատկերացնել, թէ այդ հարցումին պատասխանը զինք դէպի ո՞ւր պիտի առաջնորդէր:
– Լա՛ւ, շա՛տ լաւ: Այս քսաներեք տարիներուն, ամէն ապրիլ ամսուան վերջաւորութեան, պետական տուրքի հարցաթերթիկը լեցուցիր, եւ եթէ պաշտօնեայ ես, ամսականէդ կտրեցին տուրքը, որ եկամուտդ քսան տոկոսով կրճատեց: Կը յիշե՞ս նաեւ, որ այդ թուղթերուն մէջ էջ մը կար, որ քեզի կը հարցնէր, թէ պետական դպրոցներէն կաթողիկէ՞, թէ հանրային դպրոցներու կ՛ուզես յատկացնել քու տուրքիդ մէկ մասը:
– Այո՛, կը յիշեմ:
– Լա՛ւ, ատիկա կը նշանակէ, որ դուն ամսական դրութեամբ տեղական դպրոցներուն կը նպաստես:
– Ատիկա օրէնք է, չենք կրնար խուսափիլ:
– Մեր դպրոցներուն ստիպուած չես նպաստելու, մարդիկ կոչ կ՛ուղղեն, եւ եթէ ուզես, կը մասնակցիս: Ասոր մէջ ափ ի բերան մնալու ի՞նչ կայ:
– Վահէ, դուն կը կարծես, թէ տրամաբանելով կրնաս հայու մը մի՞տքը փոխել: Անգամ մը Ֆրանսահայ պատմաբան Քլեր Մուրատեանը հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ինծի. «Հայերուն մօտ կուսակցութիւնը կրօնի պէս է, եւ երբ որ մէկը կը ծնի, իր ընտանիքին փարած կուսակցութեան համակիր կ՛ըլլայ եւ երբեք չի փոխեր, որովհետեւ հաւատափոխութեան պէս բան մը պիտի ըլլար անիկա»: Ես պիտի աւելցնէի, որ հայերուն մօտ որեւէ միտք կամ կարծիք կրօնական ջերմեռանդութեամբ կը պահպանուի, եւ ատոր հակառակ որեւէ փաստ արժէք չի ներկայացներ, որովհետեւ հաւատքը ապացոյցի պէտք չունի:
– Սողոմո՛ն, դուն իմ ըսածս հասկցար, չէ՞,- պնդեց Վահէն միամտաբար:
– Այո՛, բայց…
– Բայցը ո՞ր մէկն է: Քեզի յստակօրէն բացատրեցի, որ դուն արդէն ուզես-չուզես տեղական դպրոցներուն կ՛օգնես կոր: Մէկը վզիդ չոքեցա՞ւ որ հայկական դպրոցի հանգանակութեան մասնակցիս:
– Բայցը այն է, որ չես կրնար պետական դպրոցները հայկական դպրոցներուն հետ բաղդատել,- պատասխանելէ խուսափեցաւ Սողոմոնը:
– Ահա՛,- ըսի ես,- ինչպէս որ կ՛ըսեն Հայաստանի մէջ` շան գլուխը հոն թաղուած է: Ես քեզի ըսի, որ հարցնես, թէ քանի՞ թոռնիկ ունի, եւ անոնք ո՞ր դպրոցները կը յաճախեն: Հիմա ըսէ նայինք, Սողոմո՛ն, քանի՞ թոռնիկ ունիս:
– Երեք թոռնիկ տղայէս եւ երկու թոռնիկ` աղջիկէս:
– Ուրեմն, առանց թուաբանական խրթին հաշիւներու, երկու զաւակներուդ երեխաները գումարելով` կը ստանանք հինգ թոռնիկ: Մինչեւ հոս կրցա՞ր հետեւիլ:
– Քու նպատակդ ի՞նչ է,- ըսաւ Սողոմոնը բարկացած:
– Քու թոռնիկներէդ ոչ մէկը հայկական դպրոց կը յաճախէ, եւ չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կրնաս արդարացնել ասիկա:
– Շատ դիւրին է: Մերինները կը վախնան, որ իրենց զաւակները լաւագոյն կրթութիւնը չեն ստանար հայկական դպրոցներուն մէջ:
– Եւ ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած է այդ մտահոգութիւնը:
– Ինչի՞ վրայ պէտք է հիմնուած ըլլայ. պետական դպրոցները անշուշտ աւելի բարձր մակարդակ պէտք է ունենան:
– Բայց դուն արդեօք գիտե՞ս, որ նոյն պետական քննիչները հայկական դպրոցներու վրայ ալ կը հսկեն: Կը կարծե՞ս, որ խելքը փչողը կրնայ դպրոց բանալ: Հայկական դպրոցները Օնթարիոյի ուսումնական ծրագիրը լրիւ կը գործադրեն, առաւել` հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն եւ կրօն կը դասաւանդեն, եւ քեզի կրնամ վստահեցնել, որ հայկական դպրոցներու ֆրանսերէնը շատ աւելի բարձր մակարդակի է, քան` տեղական դպրոցներունը:
– Չի՛ կրնար ըլլալ,- ըսաւ Սողոմոնը մէյ մը իմ մէյ մըն ալ Վահէին աչքերուն մէջ յուսալով գտնել անվստահութեան նշոյլ մը:
– Զաւէնին ըսածը ճիշդ է, քեզի հետ այս մասին խօսիլը անօգուտ է,- ըսաւ Վահէն:
– Հանգանակութեան չմասնակցելու համար մարդիկ որեւէ պատրուակ կը հնարեն,- ըսի,- դուն թոռնիկներդ ոչ թէ միայն տեղական դպրոց կը ղրկես, այլ` «Եորքլենտ» կոչուած ոչ պետական մասնաւոր դպրոցը, ուր ամէն մէկ երեխայի համար հայկական դպրոցի կրթաթոշակին եռապատիկը կը վճարեն զաւակներդ:
– Անոնք կը փորձեն իրենց զաւակներուն լաւագոյն ուսումը տալ:
– Ուրեմն դուն կը կարծես, որ հայկական դպրոց յաճախող աշակերտներուն ծնողները անհո՞գ են իրենց զաւակներուն կրթական մակարդակին նկատմամբ:
– Ի՛նչ որ ալ ըսես, չես կրնար զիս համոզել, որ հայկական դպրոցներուն մակարդակը տեղականին կը հասնի:
– Դուն կը կարծես, որ մենք քեզ համոզելո՞ւ կ՛աշխատինք: Արդէն հիմա եթէ ուզես թոռնիկներդ հայկական դպրոց ղրկել, ուշ է, անոնք շա՜տ ետ մնացած են: Իմ ճիգս այն է, որ տգիտութեան վրայ հիմնուած քու կարծիքներդ ուրիշներուն ալ չհաղորդես:
– Պէտք չկայ վիրաւորական խօսքերու,- միջամտեց Վահէն,- վստահ եմ, որ պարոն Սողոմոնը այդ տեսակ բան չ՛ըներ:
– Ընդհակառա՛կը, հայկական դպրոցներու մասին տարաձայնութիւններ հանողները ասոնք են, քանի որ խորքին մէջ շատ լաւ գիտեն, որ իրենց ըրածը սխալ է: Այսպիսի ըսի-ըսաւներով կը փորձեն իրենք զիրենք արդարացնել, որպէսզի խղճի խայթ չունենան:
– Կը տեսնե՞ս, պարոն Վահէ, թէ հետս ինչպէս կը վարուին:
– Բայց դուն ալ պէտք է ընդունիս, որ Զաւէնին ըսածները ճիշդ են, թէեւ ինքը քիչ մը բարկացկոտ կը խօսի, որովհետեւ այս նիւթը ծեծելէն զզուած է, – ըսաւ Վահէն:
– Երբ իրարու հանդիպեցանք, ոեւէ մէկը քեզի վիրաւորական խօսք մը ըսա՞ւ,- շարունակեցի ես,- ո՞վ էր ըսողը, որ «ափ ի բերան մնացի»: Մէկը քեզի հարցո՞ւց, թէ թոռնիկներդ ինչո՞ւ օտար դպրոց կը ղրկես: Դո՛ւն նիւթը բացիր:
– Բայց տղաս կ՛ըսէ, որ հայկական դպրոցները մակարդակ չունին:
– Տղադ ուսումնական ծրագիրներու մասնագէ՞տ է, թէ՞ ոչ Թորոնթոյի երեք համալսարաններէն աւելի խստապահանջ է: Մեր շրջանաւարտները ամէն տարի անխտիր իրենց նախընտրած համալսարաններէն կ՛ընդունուին: Ամէն մարդ ազատ է, իր զաւակները կրնայ որեւէ դպրոց ղրկել, բայց իրաւունք չունի այդ արդարացնելու համար հայկական դպրոցները վարկաբեկել:
– Ճիշդ է: Այս նիւթը դուն բացիր,- ըսաւ Վահէն,- յետոյ ինչ փաստեր ալ բերենք, տակաւին նոյն բանը կը կրկնես կոր:
– Ես երբ թոռնիկ մը ունեցայ, իմ միտքիս մէջ որեւէ կասկած չկար, որ ան հայկական դպրոց պիտի յաճախէ:- Ըսի:- Թոռնիկս ուշ լեզու ելաւ: Երբ զինք Ծիլ դասարան դրինք, հազիւ քանի մը բառ կը խօսէր, երկու ամսուան մէջ ան սկսաւ «պիւլ-պիւլ»-ի պէս խօսիլ: Հիմա երկրորդ դասարանի աշակերտ է, եւ երբեմն կը զմայլիմ իր բառամթերքին եւ գիտելիքներուն վրայ: Ասոնք ինծի համար հարց չէին, որովհետեւ կը վստահէի, որ դպրոցը ղեկավարող մարմինները իրենց լաւագոյնը կ՛ընեն, որպէսզի դպրոցին մակարդակը միշտ բարձր պահեն: Սուրիայէն մինչեւ Քալիֆորնիա որեւէ հայկական դպրոց շատ յաճախ կը գերազանցէ տեղական ուսումնական ծրագիրներու պահանջածը: Բայց ինծի համար աւելի կարեւոր է, թէ թոռնիկս ի՛նչ հոգատարութիւն կը ստանայ: Պէտք է տեսնես, թէ հայ ուսուցչուհիները, յատկապէս` մանկապարտէզի դաստիարակները, որքա՜ն գուրգուրանքով կը խնամեն եւ կը դաստիարակեն փոքրերը: Կը յուզուիս, երբ որ ականատես ըլլաս:
Այստեղ Վահէն միջամտեց:
– Շա՛տ լաւ գիտես, որ հայ ուսուցիչները բարձրագոյն վճարումներ չեն ստանար, ուրեմն ինչո՞ւ կը կարծես, որ կ՛աշխատին: Ուսուցչութիւնը արհեստ մը չէ, կոչում է: Լաւ ուսուցիչ մը հարիւր հատ փաստաբան կ՛արժէ եւ կրնայ հարիւրաւոր բժիշկներ, փաստաբաններ եւ մտաւորականներ պատրաստել:
– Մեր դպրոցի շրջանաւարտներէն անհատներ կան, որոնք Հարվըրտի կամ Էմ. Այ. Թի.-ի նման համալսարաններ աւարտած են: Այդ համալսարանները նոյնիսկ ամերիկացիներու համար անհասանելի` բարձրագոյն ուսման կեդրոններ են: Թէեւ Թորոնթոյի համալսարանը անոնցմէ ետ չի մնար միջազգային ճանաչման առումով, – աւելցուցի:
Ես այս հարցին մասին այնքան մարդոց հետ վիճած էի, որ կրնայի այս նիւթին մասին անպատրաստից ճառ խօսիլ: Սողոմոնը խեղճացաւ եւ երկու կողմէ եկած համազարկին տակ իր պաղարիւնութիւնը կորսնցուց: Շատ տխրեցաւ:
– Ես իրենց հազար անգամ ըսի,- խոստովանեցաւ ան,- ըսի, որ միթէ այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները հայկական դպրոց կը ղրկեն, զանոնք չե՞ն սիրեր: Ինչպէ՞ս կրնան այդքան անփոյթ ըլլալ, թէ իրենց զաւակները բարձր կրթութիւն կը ստանա՞ն, թէ՞ ոչ: Ամէն անգամ սրտէս արիւն կ՛երթայ, երբ կը տեսնեմ Թորոնթոյի «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլէն հայկական դպրոցներու աշակերտները, որոնք հայերէն կ՛երգեն, կամ հայկական պարեր կը պարեն, եւ իմ թոռնիկներս անոնց մէջը չեն:
– Ապրի՛ս, Սողոմո՛ն, վերջապէս անունիդ արժանի բան մը ըսիր,- աւելցուցի:
– Մեր բոլորին դժուարութիւնը ճիշդ ա՛յդ է,- ըսաւ Վահէն,- ինչպէ՞ս պէտք է դաստիարակենք երիտասարդ հայ ծնողները, որպէսզի հասկնան, որ հայկական դպրոցը շատ աւելի բան ունի տալիք, քան` որեւէ ուրիշ դպրոց: Ուսման կողքին, անոնք իրենց դասընկերներուն հետ այնքան մտերիմ յարաբերութիւններ կը մշակեն, որ այդ բարեկամութիւնները կը շարունակուին իրենց դպրոցը աւարտելէն ետքն իսկ:
– Մեծ ընտանիքի պէս բան մըն է, եւ մեծ ընտանիքներու նման` երբեմն կրնայ թերութիւններ ալ ունենալ, բայց անոնք ընդհանրապէս անցողակի են,- ըսի:
– Ամէն ընտանիք մանր մունր հարցեր կ՛ունենայ,- ըսաւ Սողոմոնը:
– Կիրակի իրիկուն «Սուփըր Պոուլ» ֆութպոլի խաղը դիտեցի՞ք, խենթենալիք խաղ մըն էր, մինչեւ վերջին վայրկեանը յայտնի չէր, թէ արդիւնքը ի՛նչ պիտի ըլլար, – ըսի մթնոլորտը թեթեւցնելու նպատակով:
– Այո՛, սկիզբը «Կրին Պէյ Փեքըրզ» խումբը 14-0 կը յաղթէր, յետոյ «Փիցպըրկ Սթիլըրզ» խումբը քայլ առ քայլ մօտեցաւ: Ամէն վայրկեան արդիւնքը կրնար մէկէն միւսին ի նպաստ փոխուիլ,- ըսաւ Վահէն,- խաղը վերջացաւ 31- 25 արդիւնքով` ի նպաստ «Կրին Պէյ Փեքըրզ»-ի:
– Ես կը նախընտրեմ հաքի դիտել,- ըսաւ Սողոմոնը:
– Ես ալ,- ըսի,- բայց ամերիկեան ֆութպոլի վերջին խաղերը կը դիտեմ, տարուան ընթացիկ խաղերուն չեմ հետեւիր:
– Շատ ծիծաղելի է, որ ամերիկեան ֆութպոլի մէջ գնդակը ձեռքով կը նետեն կամ կը բռնեն, բայց անունը ֆութպոլ է, իսկ մեր ֆութպոլը, որ միայն ոտքով կը խաղցուի, Ամերիկայի մէջ սաքըր կը կոչեն,- ըսաւ Սողոմոնը:
– Իրենք իրենց պէյսպոլի աւարտական խաղերը «Ուըրլտ սիրիզ» կը կոչեն, այսինքն` համաշխարհային մրցաշարք: Բայց մասնակցող խումբերը բոլորն ալ ամերիկեան եւ քանատական խումբեր են, եւ աշխարհէն որեւէ խումբ մաս չի կազմեր այդ մրցաշարքին,- ըսաւ Վահէն:
– Ամերիկացիները, գիտես, ի՛նչ որ ընեն, անիկա աշխարհի լաւագոյնը կը նկատեն,- ըսի:
– Լա՛ւ, ես գացի,- ըսաւ Վահէն,- պիտի քալե՞ս թէ կը մնաս կոր,- հարցուց ինծի:
– Այս օդին տեղէս շարժելու բնաւ փափաք չունիմ,- ըսի:
Սողոմոնին հետ նստած մնացինք սրճարանին մէջ: Դուրսը զերոյէն վար ինը աստիճան էր, փետրուարի բնական ջերմաստիճանը:
– Ես հաքիի խաղ չեմ փախցներ,- ըսաւ Սողոմոնը, – հիմա մեր ֆութպոլէն աւելի կը սիրեմ:
– Ո՞ր խումբը կը սիրես,- հարցուցի:
– Առաջ Թորոնթոն կը սիրէի, բայց Քանատա եկած օրէս մինչեւ այսօր մէկ անգամ «Սթենլի քափ»-ը չշահեցան: Ճարահատ`«Մոնրէալ Քանատիէն»-ներուն վրայ դրած եմ յոյսս:
– Հակառակ որ Թորոնթոյի «Մէյփըլ Լիֆս» խումբը բաժակ չի շահիր, բայց երբ Մոնրէալի հետ խաղան, անպայման շատ հաճելի խաղ մը կ՛ըլլայ: Կարծես այդ պարագային իրենց լաւագոյնը կ՛ընեն:
– Հա՛, ճիշդ է: Թորոնթոն եւ Մոնրէալը դարաւոր մրցակից քաղաքներ են, մէկը անգլիացիներու, միւսը ֆրանսացիներու գլխաւոր կեդրոններն են: Ամէն ճիւղի մէջ մրցակցութիւնը շատ զօրաւոր է, յատկապէս` հաքիի պարագային, անոր համար ալ խաղը շատ հետաքրքրական կ՛ըլլայ: Այդ խաղերուն ընթացքին ես Թորոնթոյի կողմը կը բռնեմ,- ըսաւ Սողոմոնը:
– Ժամանակին միայն տասնվեց խումբ կար, սակայն լիկան ընդլայնեցին եւ հիմա նոյնիսկ Ֆլորիտան եւ Քալիֆորնիան հաքիի խումբ ունին:
– Ամերիկացիները դրամով ամէն ինչի կը տիրանան, բայց իրենց խաղացողներուն մեծամասնութիւնը քանատացի է:
Շատ թաւ յօնքերով եւ կնճռոտ ճակատով մարդ մը մօտեցաւ մեզի:
– Սողոմո՛ն, ինչպէ՞ս ես,- հարցուց:
– Լա՛ւ եմ,- պատասխանեց Սողոմոնը, եւ մեզ իրարու ներկայացուց:
– Լսեցի՞ք, որ հայերը նորէն հանգանակութեան սկսեր են,- ըսաւ նորեկը` տակաւին չնստած:
– Սողոմո՛ն ճա՛նս, այս մարդուն հետ դուն խօսէ, ես պիտի ճաթիմ,- ըսի եւ հեռացայ: Մարդը ապշահար նայեցաւ ետեւէս: Սողոմոնը զինք նստեցուց եւ սկսաւ անոր հետ խօսիլ:
14 փետրուար 2011
Թորոնթօ