Անիրական Երազ
ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ Յակոբ Պարոնեանը կ՛ըսէր. «Կը նայիմ հայելիին` կը մեռնիմ խնդալէն»: Ես ալ խնդալը շատոնց մոռցած` հայելիին ո՛ւր գտնուիլը զուր կը փնտռեմ... Բարեկամ մը ինծի յոյժ բարեկամաբար կ՛ըսէ. «Գիշերուան երազներուն չեմ հաւատար: Ես ցերեկի երազներուն միշտ հաւատ կ՛ընծայեմ, վասնզի կ՛ոգեւորեն զիս...»: Չեմ գիտեր` անոր խօսքերուն հաւատա՞մ, թէ՞ սապէս շլմորած աներազ ապրիմ, ո՛չ ցերեկը քնանամ, ո՛չ ալ գիշերը... «Բարի գիշեր»...




















