Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Դեկտեմբեր 7, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երեւանի Լեւոն Շանթի Անուան Թիւ 4 Հիմնական Դպրոցին Մէջ` Լեւոն Շանթի Դիմաքանդակի Բացում

Նոյեմբեր 30-ին Երեւանի Լեւոն Շանթի անուան թիւ 4 հիմնական դպրոցին մէջ կայացաւ հայ մեծանուն գրող, թատերագիր, հասարակական-քաղաքական գործիչ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադիր Լեւոն Շանթի դիմաքանդակի բացման արարողութիւնը:

Բացման արարողութեան ներկայ էին` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը եւ հանրային գործիչ, ՀՅԴ անդամ, խմբագիր, հրապարակագիր Վաչէ Բրուտեանը:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան անունով խօսք արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը:

Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան դպրոցի գրադարանին նուիրեց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին կողմէ հրատարակուած գիրքեր: Այս մասին յայտնեցին Համազգայինի Երեւանի գրասենեակէն:

«Ոսկի Սերմեր» Յանձնուեցաւ Երգիչ-Խմբավար Գէորգ Հաճեանի Յիշատակին Նուիրուած «Ոսկի Սերմեր» Կրթամրցանակին

Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկի սերմեր» երախտիքի եւ յարգանքի կրթամրցանակաբաշխութիւնը` նուիրուած արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հերոս, լիբանանահայ երգիչ-խմբավար Գէորգ Հաճեանի յիշատակին:

«Ոսկի սերմեր»-ը «Հայ Ձմեռ պապ» բարեգործական հիմնադրամի ծրագիրն է, որուն միջոցով Երեւանի պետական երաժշտանոցի եւ Հաճեան ընտանիքի համագործակցութեամբ, իւրաքանչիւր կիսամեակ Գէորգ Հաճեանի անուան կրթամրցանակով կը խրախուսուին երաժշտանոցի շնորհաշատ ուսանողները:

«Բարի, ազնիւ անձնաւորութիւն, հրաշալի երգիչ. ահա այսպիսին էր Գէորգ Հաճեանը, որուն նուիրուածութիւնը հայրենիքին, հողին, ջուրին, իւրաքանչիւր թուփին իր արուեստին մէջ շատ բացայայտ կ՛երեւի», ձեռնարկին ժամանակ ըսաւ Երեւանի պետական երաժշտանոցի վոքալ ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսէօր Գայիանէ Գեղամեանը:

Անոր խօսքով, երգիչը երգահանդէսներ ունեցած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ ներկայացուցած է   հայկական երաժշտական հարուստ մշակոյթի աւանդոյթները: Գայիանէ Գեղամեան նշեց նաեւ, որ Գէորգ Հաճեան թէեւ ունեցաւ կարճ ստեղծագործական կեանք, սակայն եղաւ` բարձունքներով լի: «Փա՛ռք ու պատիւ անոր, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Գէորգի ընտանիքին` կնոջը եւ որդիին, որ այս ձեռնարկը կազմակերպեցին մեր երիտասարդ ուսանողներուն համար, որոնք կ՛ուսանին վճարովի համակարգով: Այս փոքրիկ օգնութիւնը շատ պատուաբեր է ձեզի համար, որովհետեւ անիկա կը յիշատակէ Հաճեանին պէս հզօր արուեստագէտի մը մասին», յայտնեց փրոֆեսէօրը:

Գայիանէ Գեղամեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Հայ Ձմեռ պապ» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Արմինէ Պետրոսեանին, որուն նախաձեռնութեամբ զոհուած տղոց նուիրուած կրթամրցանակաբաշխութիւն կ՛իրականցուի:

«Հայ Ձմեռ պապ» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Արմինէ Պետրոսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ մեծագոյն բաւականութիւն ստացած են երաժշտանոցի տաղանդաւոր երիտասարդներու կատարումներէն:

«1,5 տարի առաջ «Հայ Ձմեռ պապ» բարեգործական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ սահմանուեցաւ զոհուած հերոսներու անուններով կրթամրցանակաբաշխութիւն: Կրթամրցանակի գաղափարը ծնաւ կորուստի ցաւէն, բայց մեզի համար անհրաժեշտ էր կեդրոնանալ եւ վիշտէն դուրս գալ այնպէս, ինչպէս պիտի ընէին Գէորգը եւ մնացեալ հերոսները, որոնց անուններով կրթամրցանականեր սահմանեցինք Հայաստանի չորս համալսարաններու մէջ», ընդգծեց Արմինէ Պետրոսեան:

Ըստ Պետրոսեանի, նայելով արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հինգ հազար եւ աւելի հերոսներու կենսագրութեան, կը նկատենք, որ անհաւանական տաղանդաւոր եւ հզօր սերունդ կորսնցուցինք:

Արմինէ Պետրոսեան երաժշտանոցի ուսանողներուն խորհուրդ տուաւ ունկնդրել Գէորգի կատարումները. «Գէորգ բիւրեղեայ անձնաւորութիւն էր, մեծ, մաքուր երեխայ, որ ձգած էր իր բարեկեցիկ կեանքը, հրաժարած էր արտերկրի մէջ աշխատելու բոլոր առաջարկներէն եւ եկած էր Հայաստան` շէնցնելու հայրենիքը: Այո՛, ան շէնցուց հայրենիքը իր արուեստով եւ արիւնով»:

Գէորգ Հաճեանին կինը` Ֆրիտա Հաճեան, անդրադարձաւ իրենց կեանքի միասին անցուցած ճանապարհին, ուսանողական տարիներուն եւ վերջը հայրենիքի մէջ բնակութիւն հաստատելնուն: «Մենք հասանք մեր երազին, բայց չէինք գիտեր, որ հետագան շատ ծանր պիտի ըլլայ մեզի համար», ըսաւ ան:

Հաղորդենք, որ այս կիսամեակ Գէորգ Հաճեանին անունը կրող «Ոսկի սերմեր» երախտիքի եւ յարգանքի առաջին կրթամրցանակակիրներն են` Լուիզա Պետրոսեանը, Թովմաս Կարապետեանը եւ Դաւիթ Խաչատրեանը:

Նշենք, որ «Հայ Ձմեռ պապ» բարեգործական հիմնադրամը 2021 թուականէն սկսած է «Յարգանքի եւ երախտիքի կրթամրցանակ`  նուիրուած մեր գոյամարտի հերոսներու յիշատակին» գիտակրթական ծրագիրը: Կրթամրցանակներուն նպատակն է արցախեան գոյամարտերու ընթացքին զոհուած հերոսներու յիշատակը յաւերժացնել` անոնց անունները շաղկապելով կրթութեան եւ մշակոյթի զարգացման գաղափարին:

ՀՕՄ-ի Պատուիրակութեան Արցախ Այցելութիւն

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան, վարչութեան անդամ Համեստ Սասունեան, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան նախորդող օրերուն Արցախ այցելեցին եւ ունեցան տարբեր հանդիպումներ:

2 դեկտեմբերին պատուիրակութիւնը, որուն միացաւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետ Լիլիթ Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հետ: Քննարկուեցան 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի մէջ իրականացուող ՀՕՄ-ի ծրագիրները, կարեւոր նկատուեցան յետպատերազմեան շրջանին իրականացուած նպատակային նախաձեռնութիւնները, խօսուեցաւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

Պատուիրակութիւնը նաեւ տարբեր հանդիպումներ ունեցաւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան եւ Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին հետ:  ՀՕՄ-ականները նաեւ հանդիպում ունեցան Արցախի մէջ մեծ արձագանգ ստացած ՀՕՄ-ի ծրագիրներէն արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրումը իրականացնող Shtigen Group-ի Արցախի ներկայացուցիչ Արմէն Խաչատրեանի հետ, որուն հետ քննարկեց գործադրութեան ընթացքն ու առկայ հարցերը: Այս ծրագիրը շատ կարեւոր է ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող եւ արցախեան պատերազմին նահատակ ունեցած ընտանիքներուն համար:

ՀՕՄ-ականները նաեւ այցելեցին արցախեան կարգ մը շրջաններ, խօսեցան ջրատաքացուցիչներու ծրագիրէն օգտուած որոշ քաղաքացիներու հետ`  հասկնալու համար ծրագիրի արդիւնաւէտութիւնը, շահագործման կապուած մանրամասնութիւններ եւ հաւանական հարցեր:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն եւ Հայաստանի շրջանային միաւորի ատենապետին Արցախ այցելութիւնը եզրափակուեցաւ ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզ այցելելով, այս մանկապարտէզները ՀՕՄ-ի իւրաքանչիւր անդամի հոգածութեան ու հպարտութեան առարկան են:

Չարենցի Ծննդեան Եւ Մահուան 85-Ամեակներուն Առիթով Յուշատախտակի Բացում

Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125 եւ մահուան 85-ամեակներուն նուիրուած` Մաշտոցի 17 բնակելի շէնքի առաջնապատին, Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի կողքին կայացաւ յուշատախտակին բացումը:

Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէն Ժաննա Մանուկեան ընդգծեց, որ յուշատախտակը զետեղուած է պատին` այն շէնքին, ուր Չարենց ապրած է իր կեանքի վերջին երկու տարին:

«Չարենց Երեւան եկաւ 1919 թուականի աշնան: Ապրեցաւ տարբեր տուներու մէջ: Երկար ժամանակ ապրեցաւ նախկին «Ինտուրիստ», իսկ այժմ «Երեւան» հիւրանոցը: Օր մը, այս փողոցէն անցնելու ժամանակ ան կը տեսնէ այս շէնքը, որ կառուցման փուլի մէջ էր եւ իրեն յատուկ անմիջականութեամբ կ՛ըսէ, որ բնակարան մը պէտք է  խնդրէ այս կարմիր տունէն: Ինչո՞ւ կարմիր, որովհետեւ շէնքը կարմիր տուֆով կառուցուած է: Չարենց կը խնդրէ բնակարանը, եւ Հայաստանի Կենտկոմի առաջին քարտուղար Աղասի Խանջեանի կարգադրութեամբ շէնքի երրորդ յարկի երեք սենեականոց թիւ 12 բնակարանը կը տրուի Եղիշէ Չարենցին»: Այս մասին պատմեց Ժաննա Մանուկեան եւ աւելցուց` ըստ Արփենիկ Չարենցի յուշերուն, այդ տան մէջ ծնած են Չարենցի «Նաւզիկէ» եւ շարք մը այլ յայտնի ստեղծագործութիւնները:

Անոր խօսքով, 1937 թուականի յուլիս 26-ին անվտանգութեան աշխատակիցները ձերբակալեցին Չարենցը եւ զինք այս շէնքի մուտքէն դուրս բերելով` բանտ տարին: Այդ օրէն Չարենց այլեւս երբեք մուտք չգործեց իր տունը:

Ժամանակ մը ետք դատապարտուեցաւ Եղիշէ Չարենցին կինը` Իզապելլան, որբացան անոնց երեխաները: Հետագային այդ տան մէջ բնակեցան տարբեր ընտանիքներ, իսկ 1954 թուականին, Ստալինի մահէն ետք Չարենց արդարացուեցաւ: Մինչ այդ արգիլուած էր անոր մասին խօսիլը, իսկ իր ձեռագիրները պահուած եղած են նկուղներու մէջ: 1954-էն ետք ձեռագիրները դարձան ժողովուրդին սեփականութիւնը, իսկ 1964 թուականին Հայկական ՍՍՀ նախարարներու խորհուրդը, որուն նախագահն էր Անտոն Քոչինեանը, որոշած է Չարենցի տունը վերածել յիշատակի բնակարանի: Մինչեւ 1975 թուականը այդ բնակարանի աշխատակիցները զբաղեր են հաւաքչական աշխատանքներով` ի մի բերելով  Չարենցի կեանքն ու գրական ժառանգութիւնը ներկայացնող փաստաթուղթերը:

1975-ին յիշատակի բնակարանը պատրաստ էր այցելուներ ընդունելու: Այդ շրջանին  այդտեղ յուշատախտակի բացումը կատարուած էր, սակայն տարիներ առաջ հանուեր է, որովհետեւ տարեթիւերը սխալ եղած են:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեան շեշտեց, որ Չարենց` իբրեւ արեւի, կրակի, լոյսի պաշտամունք ունեցող բանաստեղծ, մեր աշնան մէջ շատ արեւ ու լոյս բերած է:

«Յոբելենական ձեռնարկներու ընթացքին բազմիցս խօսած եմ անոր դերին, նշանակութեան մասին, մեր օրերուն մէջ անոր կերպարին, անոր` իբրեւ գոյաբանական կողմնորոշիչի մասին: Իսկ յոբելենական տարին յագեցած էր տարաբնոյթ ձեռնարկներու. մենք քանի մը անգամ ներկայացուցինք երաժշտական տրամաթիքական հանդիսութիւնը` ճշգրիտ, փայլուն եւ հանրային յստակ ուղերձներով: Այս ընթացքին լոյս տեսան եւ տակաւին պիտի հրատարակուին շարք մը գիրքեր: Ուշադրութեան առարկայ է Չարենցի ստեղծագործական ժառանգութեան թարգմանութեան հարցը», շեշտեց Խզմալեան եւ ուրախութեամբ  փաստեց, որ ձեռնարկներ տեղի ունեցած են ո՛չ միայն Երեւանի, այլ նաեւ Գիւմրիի, Տաւուշի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ:

Տեղեկացնենք, որ յուշատախտակին հեղինակը Արմենակ Վարդանեանն է: Անոր մտայղացման հիմքը կազմած է Չարենցի` դէպի արեւ, դէպի լոյս, դէպի անհուն տիեզերք ձգտելու գաղափարը: Յուշատախտակին վերնամասին հարթաքանդակային լուծում տրուած է` քարի մակերեսէն դուրս եկող արեւի ճառագայթներ, որոնք կը խորհրդանշեն Չարենցի մեծութիւնը, որ չտեղաւորուելով իր ժամանակի ու միջավայրի հեղձուկ սահմաններու մէջ` չհասցուց  իրագործել իր բոլոր մտայղացումները: Մէջտեղը գունդ է, որ կը խորհրդանշէ արեւը` Չարենցի հոգիի լոյսը: Ան հեռացաւ, բայց ստեղծեց անեզր տիեզերական հայրենիք, իսկ իր ժառանգութիւնը ճառագեց իբրեւ լոյս` հարստացնելով հայ եւ համաշխարհային գրականութիւնը:

Տիգրան Մանսուրեանին Ոսկի Մետալ Շնորհուեցաւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Նախագահին Կողմէ

Երեւանի պետական համալսարանի Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` անուանի երգահան, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեանին հետ: Հանդիպումին համալսարանի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեան մայեսթրոյին յանձնեց Երեւանի պետական համալսարանի ոսկի մետալը:

Համալսարանէն տեղեկացուցին, որ նախքան համալսարանականներու հետ հանդիպումը` մայեսթրոն Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեանին, ուսանողներու հետ տարուող աշխատանքներու կեդրոնի տնօրէն Վահագն Վարագեանին եւ Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Կարինէ Դաւթեանին ուղեկցութեամբ ծաղիկներ խոնարհեցուց արցախեան հերոսամարտի նահատակներու յիշատակի անկիւնը: Այնուհետեւ մեծանուն երգահանին բազմաթիւ համալսարանականներ դիմաւորեցին մշակոյթի կեդրոնին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին Տիգրան Մանսուրեան մարդը եւ անոր ստեղծագործութիւնները ներկայացուցին երգահանին հետ երկար տարիներ ստեղծագործական ուղի անցած ընկերները` Երեւանի պետական համալսարանի երկարամեայ փրոֆեսէօր, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, բանաստեղծ, գրականագէտ, Հենրիկ Էդոյեանը եւ Հայաստանի պետական սենեկային երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ռոպերթ Մլքէեանը:

Այնուհետեւ համալսարանականները դիտեցին Մանսուրեանի մասին պատմող կարճ տեսերիզ եւ հարցումներ յղեցին երգահանին:

Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ Սայաթ Նովայի 310-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս 

Վերջերս Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ  ուշ միջնադարի երաժիշտ, աշուղ, փիլիսոփայ Սայաթ Նովայի 310-ամեակին նուիրուած երգահանդէս: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին քոլեճի տնօրէն Անահիտ Սուլէյմանեան կարեւոր նկատեց այսպիսի ձեռնարկներու նշելով, որ  երգահանդէսը կը համընկնի նաեւ Ստեփանակերտի երաժշտական քոլեճի 60-ամեակին հետ:

«Երաժշտական այս երեկոն նուիրուած է Սայաթ Նովայի ստեղծագործութեան եւ անոր յիշատակին: Նոյնանման ձեռնարկներու նպատակը պատանիներուն մէջ սէր յառաջացնելն  է դէպի հայկական ժողովրդական երաժշտութեանը», նշեց ան:

Երաժշտական քոլեճի ուսանողները ասմունքեցին Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւններէն, ներկայացուցին բեմադրութիւն եւ ցուցադրեցին անոր մասին պատմող տեսանիւթ:

Ձեռնարկին տեղի ունեցաւ նաեւ պարգեւատրման արարողութիւն` քոլեճի խումբ մը ուսուցիչներ արժանացան  «Երախտագիտութիւն»  մետալներու:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ մայրաքաղաքի մէջ գործող երաժշտական դպրոցներու ներկայացուցիչները, ուսուցիչներ, մտաւորականներ:

Ստեփանակերտի Մէջ Հաշմանդամներու Միջազգային Օրուան Առիթով Կազմակերպուեցաւ Ձեռնարկ

Դեկտեմբեր 3-ին Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ Արցախի Հանրապետութեան ընկերային զարգացման եւ գաղթի, ինչպէս նաեւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ հանդիսութիւն` նուիրուած Հաշմանդամներու միջազգային օրուան:

Գեղարուեստական յայտագրին երաժշտական եւ պարային կատարումներով հանդէս եկան` Շուշիի եւ Հադրութի արուեստի դպրոցներու, Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլեճի, «Արցախի ձայներ» նախագիծի եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի կից մշակոյթի  տան սաները, ինչպէս նաեւ` «Ղարաբաղ» էսդրատային, «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի ու Աշոտ Բաբայեանի անուան պարի պետական համոյթները:

Լրագրական զրոյցի մը ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարարութեան ընկերային աջակցութեան եւ հաշմանդամներու հիմնահարցերու վարչութեան նախագահ Սամուէլ Իսրայէլեան կարեւոր նկատեց պետութեան կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը հաշմանդամութիւն ունեցող քաղաքացիներու ընկերային-կենցաղային եւ առողջական հարցերու լուծման մէջ` նշելով, որ այսպիսի ձեռնարկները առիթ են, եւս մէկ անգամ  ուշադրութիւն դրսեւորելու անոնց նկատմամբ:

«Մենք պէտք է շարունակենք կատարել  ամէն ինչ, որպէսզի հաշմանդամները իրենք զիրենք  զգան հասարակութեան լիարժէք անդամներ: Այսօրուան ձեռնարկի նպատակն ալ զիրենք որոշ չափով մշակութային կեանքին մէջ ներգրաւելն է», յայտնեց Ս. Իսրայէլեան:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուս-Պարսկական Կռիւներ Եւ Արցախի Աւերածութիւնները

Յաջորդը

«Հին Աստուածներ»-ը` Կրկին Պատգամ Փոխանցող

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 22, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 15, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 8, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In