Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճըքքո՛ւն

December 6, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մանուկ պարտէզէն վերադարձաւ: Ոտքերը բազկաթոռին վրայ երկարեց, իսկ գլուխը հաստատեց կռնակին ետեւ դրուած բարձին: Ձեռնահեռաձայնը մէկդի նետեց ու տղան կանչեց.

– Ծերո՛ն, ի՞նչ կ՛ընես: Մօտեցի՛ր, հետդ խօսելիք ունիմ:

Ծերոն Մանուկին անդրանիկ զաւակն էր: Ճիշդ է, որ ուսման շատ փափաք չունէր, սակայն ան լուրջ, աշխատասէր, քաղաքավար, ինքնազարգացումը սիրող եւ դեռ շատ լաւ յատկանիշներով օժտուած տղայ մըն էր: Այլ խօսքով, ընտանիքի ընտիր տղայ էր: Ան համագիւղացիներուն յարգանքը վայելող եւ փնտռուած դէմք մըն էր:

Ծերոն հօրը մօտեցաւ ու զարմացած հարցուց.

– Ի՞նչ կայ, հայրի՛կ:

– Նստէ՛,- ըսաւ հայրը,- ինչո՞ւ իրար անցար, շատ լաւ նիւթի մը մասին խօսելու համար կանչած եմ քեզ: Անցեալները վերի պարտէզին կարմիր խնձորներուն ծառին տակ դուն ու մայրդ կը խօսէիք աղջկան մը մասին, կարծելով, որ ծառերը ականջ չունին: Սակայն անոնք ալ հոգի են, կը լսեն: Ուստի ձեր խօսակցութիւնն ալ ինծի փոխանցեցին:

Ծերոնին ճակտին վրայ փայլող քրտինքի կաթիլներն ու կարմիր խնձորի գոյն առած այտերը զինք մատնեցին, անոր թաքուն սէրը բացայայտեցին: Շփոթութեան մատնուած էր, ձեռքերուն մատները զիրար գրկած` զինք կը դրդէին պատասխան որոնելու…

– Ի՞նչ եղաւ քեզի, Ծերո՛ն, պապանձեցա՞ր, միշտ համարձակ եղած ես, տղա՛ս: Ե՞րբ կ՛ուզես երթանք աղջկան տունը ու ձեռքը խնդրենք քեզի համար:

Որոշուած օրը Ծերոն կանուխէն պատրաստուած էր: Եկուր` տես, որ ժամանակը այնքան դանդաղ կը քալէր այդ օրը, որ անոր թուեցաւ, թէ ժամացոյցին սլաքները չէին ուզեր առաջ երթալ: Երբ հայրն ու մայրն ալ պատրաստուեցան, բոլորը դէպի աղջկան տունը ուղղուեցան:

Այդ օր ճամբան ալ երկար թուեցաւ Ծերոնին համար: Բարի գալուստին եւ որպիսութեան մասին հարցումները աւարտելէն ետք, Մանուկ անմիջապէս նիւթին անցաւ: Աղջկան ընտանիքն ալ հաւանութիւնը յայտնելէն ետք, մնացած էր երկու ծնողներու օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւններ ստանալը:

Մանուկ վերադարձի ճամբուն մտաբերեց իր եւ ծնողքին այցելութիւնը Մանուշենց տուն` անոր ձեռքը խնդրելու: Այդ օրերուն այսօրուան դիւրութիւններն ալ չկային: Անոնք հետիոտն գացին, նոյնիսկ բջիջային հեռախօս չկար, ամէն ինչ աւելի դժուար էր: Այդուամենայնիւ, ամէն ինչ աւելի քաղցրահամ էր: Մանուկ այսօրուան պէս կը յիշէր այդ օրը, երբ ինք, հայրը, մայրը, մեծ հօրաքոյրը, հօրեղբայրն ու աղբրկինը (հօրեղբօր կինը) միասին գացին աղջիկ ուզելու: Երբ Մանուշին ծնողքը դրական պատասխան տուին իրենց, այդ ուրախ լուրը սպասող դրացիներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն աւետելու համար աքաղաղ մը «ճըքքացուցին», անշուշտ աղջկան տունէն վերադառնալէն ետք:

Գիշերուան այդ ժամուն երբ գիւղին մէջ աքաղաղին ձայնը կը լսուէր, բնակարաններուն մէջ լուրը սպասող բոլոր գիւղացիները կ՛իմանային, որ «Այո» պատասխանը ստացած են:

Այդ առիթով մօտիկ դրացիները, հարազատներն ու բարեկամները շնորհաւորելու կու գային, ու կերուխումի սեղան կը պատրաստուէր:

Նախապէս պատրաստուած բան չէր ըլլար: Տուներուն մէջ առատութիւն կար, սեղանները շուտով կը պատրաստուէին: Շնորհաւորութեան եկողները դատարկ ձեռքերով չէին գար: Անոնք սեղանը ճոխացնող բան մը անպայման բերած կ՛ըլլային` համեմուած, ապխտած չորթան, նուշ, ընկոյզ, կուժի պանիր, ծոթրինով հաց եւ կամ ալ` գինի, օղի ու դեռ ինչե՜ր ու ինչե՜ր:

Տանտիրուհին խոհանոց կը մտնէր, անշուշտ զինք առանձին չէին ձգեր, բոլորը ձեռք-ձեռքի տուած` օգնութեան կը հասնէին: Խօսելով, խնդալով եւ երգելով սեղանը շուտով պատրաստ կ՛ըլլար: Երիտասարդներուն կը վիճակուէր աքաղաղները զենել ու խորովել: Իսկ ներկաներուն փոխադարձ սէրն ու յարգանքը մթնոլորտը կը ջերմացնէր: Ո՞վ կը հարցնէր, թէ ի՛նչ կայ սեղանին վրայ, ո՞վ ո՛ւր նստած է: Կարեւորը հրճուանքով լեցուն սրտերն էին: Երգն ու պարը կը սկսէին, տհոլը կը զարնէր, իսկ զուռնան կը փչէր: Ուրախութիւնը մինչեւ ուշ գիշեր կը շարունակուէր:

– Բայց զիս չհրաւիրեցիք, Մանո՛ւկ,- Մանուշն էր, Մանուկին անուշ պատմութիւնը ընդհատողը,- ու առանց ինծի քէֆ ըրիք:

Հակառակ երեք տասնամեակ մը անցած ըլլալուն` Մանուշ սրտին մէջ պահած էր այդ խօսքը:

– Այն ատեն հարսնցուն չէին հրաւիրեր «ճըքքուն»-ի, Մանո՛ւշ,- ըսաւ Մանուկ: Աւելի ուշ մարդիկ կամաց-կամաց սկսան հարսնցուն հրաւիրել, յետոյ` հարսնցուին մայրը, հայրն ու ընտանիքն ալ: Իսկ այս օրերուն «ճըքքո՛ւն»-ին ինչ ըլլալը ո՞վ գիտէ:

Ծերոն ուրախ սրտով ու հանգիստ մտքով, աչքերը խոշոր բացած, ականջները սրած, ուշի-ուշով, հետաքրքրութեամբ կը լսէր հօր պատմածներն ու մօր հետ զրոյցը:

 

 

Նախորդը

«Հայաստան- Սիրիա Յարաբերութիւններ. Պատմական Առնչութիւններ, Արդի Զարգացումներ Եւ Հեռանկարներ» Նիւթով Միջազգային Գիտաժողով

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.