Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան-Հայաստան Սահմանին Ռազմավարական Կարեւորութիւնը

December 6, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Յատկապէս վերջին շրջանին Իրան յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է Հայաստանի Սիւնիքի մարզին վրայ, որուն քսանմէկ քիլոմեթր երկարութեամբ Իրանի հետ սահմանը Թեհրանի իշխանութիւններուն համար ցամաքային կենսական անցք մըն է դէպի Ռուսիա եւ հիւսիսային Եւրոպա: Իրանեան իշխանութիւնները ոչ մէկ առիթ կը փախցնեն յիշեցնելու եւ վերահաստատելու, որ բացարձակապէս կը մերժեն Հայաստանի հարաւային սահմանին որեւէ փոփոխութիւն, որ կրնայ յառաջանալ Թուրքիա- Ազրպէյճան ճակատին ծաւալապաշտական ծրագրերուն պատճառով:

Իրանի համար Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն առաջնահերթութեան նորագոյն շեշտադրումը կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատաշխան Զոհուրիի կողմէ, որ Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աննա Վարդապետեանի հետ իր հանդիպման ընթացքին շատ յստակ բնութագրեց Իրանի համար Սիւնիքի մարզին կարեւորութիւնը, երբ շեշտեց,որ ոչ մէկ պետութիւն մարզին նկատմամբ որեւէ նկրտում պէտք է ունենայ: Իրանցի դեսպանին այս յայտարարութիւնը կ՛իյնայ Սիւնիքի մէջ միջանցք պահանջող Ազրպէյճանի դիրքորոշումը մերժող իրանեան յստակ քաղաքականութեան ծիրին մէջ,ուր հարաւկովկասեան քաղաքական միւս դերակատարներուն` Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ուղղուած որոշ պատգամներ կը գտնուին: Թուրքիա, որ իր համաթուրանական ծրագրին իրականացման համար մեծ յոյսեր կապած է, այսպէս կոչուած, Զանգեզուրի միջանցքին, ստացած է իրանեան պատգամը եւ առ այդ կը գիտակցի, որ նման միջանցք թուրքեւիրանեան ոչ սառն-ոչ բարեկամական յարաբերութիւնները կրնան վատթարանալ: Ռուսիա, իր կարգին, կը գիտակցի, որ որեւէ սակարկութիւն Հայաստանի Սիւնիքի մարզին վերաբերեալ, պիտի բախի իրանեան մերժողական կեցուածքին:

Իրանի համար Սիւնիքը կենսական շրջան մըն է, որ կրնայ կեդրոնական դերակատարութիւն ունենալ իրանեան տնտեսական եւ քաղաքական շահերուն համար: Սիւնիքը իրանեան իշխանութիւններուն համար նաեւ պաշտպանողական պատ մըն է իսրայէլեան ներկայութեան դէմ, որուն մասին կը խօսին անկախ աղբիւրներու կողմէ չհաստատուած այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, շուրջ հազար իսրայէլացի գործակալներ կը գտնուին Ազրպէյճանի Կապալայի օդուժի խարիսխին մէջ: Կապալայի ռատարի կեդրոնը, որ կառուցուած է նախկին խորհրդային օրերուն, 2012-ին փակուեցաւ եւ վերածուեցաւ ազրպէյճանական օդուժի խարիսխներէն մէկուն: Դարձեալ չհաստատուած տեղեկութիւններու համաձայն, իսրայէլեան  անօդաչու սարքերը, որոնք Ազրպէյճանի վաճառուած են, թռիչք կ՛առնեն Կապալայէն: Իրան բնականաբար բաւական մտահոգուելու պատճառ ունի, եւ Սիւնիքի մարզին ռազմավարական կարեւորութիւնը այս պարագային առաւել քան կը շեշտուի իրանեան կողմին համար:

Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճան-Իսրայէլ համագործակցութեան, նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2016-ին գոհունակութեամբ յայտարարած էր, որ Իսրայէլի հետ տնտեսական եւ զինուորական գործակցութիւնը հինգ միլիառ տոլարի հասած է: Նոյն տարին Ազրպէյճան ստացաւ, այսպէս կոչուած, «անձնասպանական տրոն»-ը, որ առաջին անգամ ըլլալով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին գործածուեցաւ հայկական ուժերուն դէմ: Օրին այս տեղեկութիւնը հաստատուած եւ հրապարակուած է ամերիկեան հեղինակաւոր «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին կողմէ, որ նման անօդաչուի գործածութիւնը անուանած է «Առաջին պարագան նման զէնքի մը գործածութեան»:

Իրան Իսրայէլ-Ազրպէյճան գործածութիւնը կը համարէ իրական սպառնալիք մը, որ ուղղուած է իր ապահովութեան դէմ, եւ համոզուած է, որ Ազրպէյճան իսրայէլացի գործակալներու համար ամէնէն յարմար վայրն է, ուրկէ կրնան հետախուզական աշխատանքներ կազմակերպել եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ զինուորական հարուածներու նախածրագրում կատարել:

Իրանի իշխանութիւնները նաեւ կը գիտակցին, որ Իրանի հիւսիսը արձանագրուող ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները եւ ստեղծուած իրավիճակները ուշադրութեան առարկայ չդարձնելը կրնայ իրանեան դերակատարութեան տկարացման առաջնորդել: Իրանցիք նաեւ կը համարեն, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան Ազրպէյճանն ու Թուրքիան շահագործել Հարաւային Կովկասի մէջ իրենց աւանդական երկու թշնամիներուն` Ռուսիոյ եւ Իրանի դերակատարութիւնը եւ ազդեցութիւնը տկարացնելու համար: Այս իրողութիւններուն լոյսին տակ Իրանի համար չափազանց կարեւոր է Հայաստանի հետ սահմանին պահպանումը:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 5 Դեկտեմբեր 2022)

Յաջորդը

«ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական 25-Ամեայ Գահակալութիւն (1995-2020) – Արժեւորում Եւ Վկայութիւններ»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.