Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ «Բժիշկին Զ. Խօսքը»

Դեկտեմբեր 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

«Բժիշկին Զ. խօսքը» լոյս տեսաւ Պսակաձեւ ժահրի համաճարակի տխրահռչակ ժամանակաշրջանին: Մենք կարողացանք այս հատորը պատրաստել Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով մեզի պարտադրուած տնակեցութեան ամիսներուն: «Ամէն չարիք իրեն հետ կը բերէ բարիք մը», կ՛ըսէր մեր լուսահոգի եւ ողորմած մայրը: Ուրեմն «Բժիշկին Զ. խօսքը» արգասիքն է… Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին: Ան հրատարակուեցաւ 2022-ին` դարձեալ հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքին, Մոնրէալի «Մելան» հրատարակչատունէն, նաեւ Պէյրութի մէջ` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն:

Անմիջապէս արձանագրենք, որ ընթերցողը վստահաբար պիտի նկատէ, որ այս համաճարակին անդրադարձած ենք մէկէ աւելի առիթներով: Պատճա՞ռը. որովհետեւ այդ սիւնակները գրուած են տարբեր թուականներու, որոշ ծանօթութիւններու յաւելումով, համընթաց` ախտին մասին ծանօթութեանց խորացման: Նոյն պատճառով ալ նման անխուսափելի կրկնութիւններ կրնան նկատուիլ նաեւ այլ հիւանդութեանց պարագային, մեր այս շարքի տարբեր հատորներուն մէջ: Պարտք կը զգանք այս «անպատեհութիւնը» յանձնել ընթերցողի ուշադրութեան:

Այս հատորը կը պարփակէ բժշկական-առողջապահական 48 պատկերազարդ գրութիւններ եւ բժշկապատմական եօթը յօդուածներ: Անոնցմէ միայն մէկ քանին լոյս տեսած են մեր մամուլին մէջ, իսկ մնացեալը` մեծ մասը անտիպ է: Գիրքի վերջին էջերուն  տեղադրուած-կցուած են այս հատորին բառացանկերուն համար գործածուած աղբիւրները, անգլերէն-հայերէն, հայերէն-անգլերէն բառացանկերը, մեր կողմէ` հայերէն բժշկական նոր բառերու առաջարկները (աստղանիշով նշուած), ինչպէս նաեւ «Բժիշկին խօսքը» շարքին վեց հատորներուն ընդհանուր եւ մանրամասն բովանդակութիւնը (346 յօդուած)` համախմբուած ըստ նիւթի եւ հատորի: Այստեղ կ՛ուզենք կատարել նաեւ այլ նշում մը. կարգ մը գլուխներու մէջ ընթերցողը պիտի տեսնէ աստղանիշներ, որոնք ցոյց կու տան մեր առաջարկած նոր բառերը: Հետեւաբար նման գլուխներու հետ այս բացատրութիւնը պիտի չկրկնենք, երբ բոլոր նիւթերը կը համախմբենք նոյն կողքին տակ:

Այս հատորն ալ, «Բժիշկին խօսքը» նախորդ հինգ հատորներուն նման, ունի մէկ առաքելութիւն` հայ անհատին եւ հայ հանրութեան հասցնել հայերէն ոսկեղենիկ լեզուով  եւ հարստացած բժշկական-առողջապահական  հայկական բառամթերքով բժշկական-առողջապահական նիւթեր, գիտելիքներ, նորութիւններ եւ ցուցմունքներ: Ասիկա բժշկական մասնագիտական գիրք մը չէ: Այլ խօսքով, անոր հասցէն միայն ու միայն ժողովուրդն է, լայն զանգուածը:

«Բժիշկին Զ. խօսքը»-ին պատրաստութեան եւ լոյս ընծայման աշխատանքին մէջ մեծ դեր ունեցան մեր երկու մտաւորական բարեկամները` Վրէժ-Արմէն Արթինեանը եւ Սարգիս Մահսէրէճեանը: Առաջինը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս հաճոյքով եւ սիրայօժար կատարեց գիրքիս 55 յօդուածներէն  10  հատին լեզուական սրբագրութիւնը, իսկ երկրորդը դարձեալ սիրայօժար եւ հաճոյքով կատարեց մնացեալ 45 յօդուածներուն լեզուական սրբագրութիւնները եւ մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ գիրքիս խմբագրական աշխատանքին: Ան  նաեւ գիրքս հարստացուց  իր «Այս հատորին տեղն ու արժանիքները» յառաջաբանով:

Շնորհակալութիւն, սիրելի՛ Վրէժ-Արմէն եւ Սարգիս Մահսէրէճեան: Ձեր վարձքը կատար: Թող ձեր գրիչը միշտ անսպառ եւ ձեռքերը միշտ դալար մնան, սիրելիներ:

Յատուկ շնորհակալութիւն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին եւ անոր տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին, որոնց կատարած նիւթական յատկացումին շնորհիւ իրականացաւ սոյն հատորին հրատարակութիւնը:

«Բժիշկին Զ. խօսքը» գիրքի կողքին համար դարձեալ օգտագործած ենք ողբացեալ արուեստագէտ-գծագրիչ Վազգէն Թիւթիւնճեանին կողմէ պատրաստուած յատուկ գծանկարը: Իրեն կը մնանք երախտապարտ: Իսկ կողքի ձեւաւորումը սիրայօժար կատարեց արուեստագէտ Եղիա Պեքմեզեանը, որուն նոյնպէս շնորհակալ ենք:

Ահաւասիկ` Սարգիս Մահսէրէճեանի «Այս հատորին տեղն ու արժանիքները» յառաջաբանը:

Այս հատորին (ինչպէս նաեւ` «Բժիշկին խօսքը» հատորներու շարքին) հեղինակը` Կարպիս Հարպոյեան, կը պատկանի բժիշկներու այն փաղանգին, որոնք իբրեւ կեանքի եւ գործունէութեան սկզբունք` որդեգրած են բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցը անմահ պահող տողերէն մէկը. «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական…»:

Ոեւէ բժիշկ վկայուելու պահուն կու տայ Հիպոկրիտի երդումը, որուն խորքային իմաստը այն է, որ բժիշկը իր ծառայութիւնները անմնացորդ եւ անշահախնդիր կերպով պիտի նուիրաբերէ մարդկութեան, ա՛յն մարդուն, որ կեանքի ընթացքին, ներքին եւ արտաքին գործօններու բերումով, կրնայ կորսնցնել իր առողջութիւնը: Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան բանիւ եւ գործով հաւատարիմ մնացած է այդ երդումին: Իբրեւ բժիշկ ու գիտնական-դասախօս` ան իր գիտելիքները ի սպաս դրած է հիւանդներու, բժշկութեան ուսանողներու, սակայն չէ բաւականացած այդքանով (ոեւէ բժիշկէ սպասուածը այս է ընդհանրապէս), այլ քալած է բազմաթիւ մղոններ անդին, տասնամեակներ շարունակ իր գիտելիքները մամուլի էջերէն, ապա նաեւ հատորներով մատուցած է ընթերցողին, որպէսզի հայ հանրութիւնն ալ օժտուի առողջապահական տարրական, եւ ո՛չ միայն, գիտելիքներով, անակնկալներու պարագային, եւ բժիշկի կամ հիւանդանոցի խնամքին ապաւինելէ առաջ դիմէ ԻՆՔՆՕԳՆՈՒԹԵԱՆ, կանխարգիլէ վիճակի բարդացում: Մէկ խօսքով, ան չէ բաւականացած բժշկական-առողջապահական գիտելիքներու կուտակումով, ինքնահարստացումով, այլ ապրած է զանոնք անանձնականօրէն ընթերցողներու հետ բաժնեկցելու բերկրանքը:

Կարելի է երկար գրել այս հատորին, հատորներու այս շարքին բազում արժանիքներուն մասին, սակայն կը բաւականանանք մէկ քանի հիմնական նշումով:

«Բժիշկին խօսքը» հատորներու շարքը կարելի է հայ տան մէջ հիւրընկալել իբրեւ սեղմ համայնագիտարան, օգտակար խորհուրդներու աղբիւր: Բժիշկ Կ. Հարպոյեան հանրաճանաչ է իբրեւ քիթի, ականջի եւ կոկորդի մասնագէտ, սակայն թէ՛ ներկայ հատորը եւ թէ՛ ամբողջ շարքը վկայութիւն են, որ անոր գիտելիքներուն ծիրը սահմանափակում չի ճանչնար: Ան ո՛չ միայն թելադրանքներ, հետեւաբար` խոր ծանօթութիւն, ունի մարդկային մարմինի տարբեր մասերուն եւ անոնց հասնող ախտերուն մասին, այլ նաեւ հեղինակաւոր ցուցմունքներ կը կատարէ անոնց դարմանումին համար: Եթէ ընթերցողը հպանցիկ ակնարկ մը նետէ հատորի աւարտին տեղադրուած ցանկին վրայ, պիտի տեսնէ, որ շարքը ընդգրկած է շուրջ 345 տեսակի հիւանդութիւն ու առողջական հարց: Կան, այսպէս կոչուած, «դասականները», սակայն նաեւ` մարդկութեան կեանքը պատուհասող նորագոյն ախտեր, ինչպէս` Պսակաւոր համաճարակն ու անոր տարածած ալիքները, կանխարգիլման միջոցները: Այլ խօսքով, իբրեւ իր ասպարէզին հաւատարիմ ծառայող` օրը օրին քայլ պահած է ասպարէզի նորութիւններուն հետ ու ահա զանոնք հատոր(ներ)ով մատչելի կը դարձնէ ընթերցողին:

Բժիշկ Կ. Հարպոյեանի համար ՀԱՅ ԸՆԹԵՐՑՈՂը առաջնահերթ տեղ ունի իբրեւ սեւեռակէտ: Ան ո՛չ միայն մատչելի եւ հեզասահ հայերէնով կը մատուցէ իր գիտելիքներն ու թելադրանքները (օտար լեզուներով նման բովանդակութեամբ բազմաթիւ հրատարակութիւններ կան, նաեւ առատ նիւթ` համացանցի վրայ), այլ ունի յանձնառու եւ նախանձախնդիր մօտեցում` հանդէպ մայրենիին: Ան բոլոր ախտերուն, մարդկային մարմինի մասերուն եւ դեղանիւթերուն մասին կը նախընտրէ գրել հայերէնով, այսինքն, ըստ կարելւոյն, կը խուսափի տուեալ բառերուն օտար եզրերը գործածելէ, ի հարկին, եւ պարզապէս ընկալումը դիւրացնելու համար, մերթ ընդ մերթ հայերէնին կ՛ընկերացնէ հանրութեան աւելի ծանօթ օտարաբանութիւնը, ապա նաեւ քայլ մըն ալ անդին անցնելով` կը յօրինէ հայերէն եզրեր եւ զանոնք առ ի գործածութիւն` կ՛առաջարկէ ընթերցողին, ինչպէս նաեւ` հայ գիտաշխատողին: Այս առումով, ան վիթխարի (թող պարզ գերադրական չսեպուի այս որակումը) ներդրում ունի մեր բժշկագիտական բառամթերքի զարգացման մէջ` լռելեայն խորհրդատուութիւն կատարելով բժշկագիտութեան մարզին ծառայող հայրենի պաշտօնակիցներուն: Յամենայն դէպս չենք անտեսեր այն իրողութիւնը, որ քանի մը տասնամեակ առաջ նման նախանձախնդրութիւն տիրական էր մեր հայրենիքի տարբեր գիտաշխատողներուն մէջ, այսօր ալ այդ ճիգը բոլորովին չէ սպառած: Սոյն հատորին իբրեւ «յաւելուած» կցուած պատկառելի բառարանը կը բացայայտէ այս արժանիքը եւ չի կարօտիր երկար մեկնաբանութեան:

Այս ու նախընթաց հատորներուն մէջ տեղադրուած նիւթերը (յաւելուած մըն ալ` բոլոր հատորներուն նիւթերու ցուցակը) մեծ մասամբ լոյս տեսած են հայկական մամուլին մէջ: Պէտք է ընդգծենք, որ հայ մամուլին` օրաթերթերու, շաբաթաթերթերու թէ բժշկագիտական-մասնագիտական պարբերականներու անոր աշխատակցութիւնը կը տարածուի մօտաւորապէս հինգ տասնամեակներու վրայ: Շաբաթէ շաբաթ կամ այլ յաճախակիութեամբ լոյս տեսած անոր սիւնակները պիտի մատնուէին այն ճակատագիրին, որ սահմանուած է նման սիւնակագիրներու գրիչի արգասիքին, այսինքն` մոռացութեան եւ իրողական կորուստի, որքան ալ որ արժէքաւոր եւ օգտակար ըլլան նման սիւնակներ: Մինչդեռ այդ բոլորին հատորի մը, կամ հատորներու մէջ, հաւաքագրումը ո՛չ միայն զանոնք կը փրկէ նման ճակատագիրէ, այլ նաեւ մեր գրադարանները կը հարստացնէ օգտաշատ եւ մնայուն գործերով: Եւ հոս ալ կարելի է տեսնել գոնէ երկու արժանիք. նախ` ԳԻՐՔ արժէքին հանդէպ այս հեղինակին հաւատքն ու հաւատարմութիւնը, իսկ աւելի մասնաւորելով` հայերէնով բժշկագիտական-առողջապահական հատորներով մեր գիտաշխատութիւններու գրադարանին հարստացումը: Փաստօրէն հեռաւոր ու մօտիկ անցեալին ունեցած ենք երախտաւոր բժիշկներ եւ մասնագէտներ, որոնք նմանապէս օգտակար եղած են հանրութեան, սակայն, որքան գիտենք, վերջին տասնամեակներուն նման հրատարակութիւններ հազուադէպ են, եթէ ոչ` բացակայ: Եւ ահա բժիշկ Կ. Հարպոյեան նման բաց մը կը լրացնէ իր հետեւողական ու երկար շունչ պահանջող աշխատանքով:

Վստահ ենք, որ այս հատորը պիտի չըլլայ հանրութեան ծառայութեան նուիրեալ այս մարդուն վերջին գործը: Փաստօրէն ան կը շարունակէ երթը` տարբեր ախտերու մասին պարբերաբար սիւնակներ ստորագրելով մեր մամուլի էջերուն, երբեմն նորութիւն մը մատուցելով «հին» ախտի մը մասին: Պէտք է ընդգծենք նաեւ այն, որ անոր լոյս ընծայած հատորները միայն բժշկութեան-առողջապահութեան կալուածով չեն սահմանափակուած, այլ վերջին  տասնամեակին նոյն բծախնդրութեամբ «պեղումներ» կը կատարէ Հայկական ցեղասպանութեան ծանօթ եւ նուազ ծանօթ դաշտերուն մէջ: Մասնագիտական եւ գրաւոր վաստակին կողքին, այս հայորդին լուռ ու մունջ գործած է նաեւ մեր ուսումնական եւ մշակութային համակարգերուն մէջ` սկսելով Լիբանանէն ու հասնելով մինչեւ Քանատա:

Իբրեւ բժիշկ վկայուելու օրէն ասդին իր կտրած ճամբան ան վստահաբար պիտի շարունակէ նոյն յանձնառութեամբ, որովհետեւ երդում տուած է իր գիտելիքներով ու կարելի բոլոր միջոցներով օգտակար ըլլալ մարդուն, ամոքել անոր ցաւերը, փորձել զայն զերծ պահել առողջական վտանգներէ, ու այս բոլորին կողքին, հայ բժշկագիտական գանձարանը հարստացնել նոր բառերով: Ան երախտագէտ երախտաւոր մըն է:

Մոնթրէալ, 22 նոյեմբեր 2022

Նախորդը

Փոքր Յուշեր Ն. Փալանճեան Ճեմարանէն

Յաջորդը

«Հայաստան-Սիրիա Յարաբերութիւններ. Պատմական Առնչութիւններ, Արդի Զարգացումներ Եւ Հեռանկարներ» Նիւթով Միջազգային Գիտաժողով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?