1970 թուականին, աւարտելէ ետք Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանի Զ. կարգը, ծնողացս կարգադրութեամբ, բարեբախտ եղայ մեկնելու Պէյրութ, յաճախելու Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան` իբրեւ աշակերտ գիշերօթիկի, ուր մնացի մինչեւ 1975 թուական (Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը), աւարտեցի միջնակարգ բաժինը` ստանալով ֆրանսական եւ լիբանանեան պըրըվէի վկայականները:
Քեսապի մէջ իրենց ուսումը կիսատ թողած ծնողներս խիստ ծարաւն ունէին ուսման ու մշակոյթի, եւ իբրեւ զաւակները ուսուցիչ թէ տնօրէն մեծ հայրերուս` նախամեծար գտան, որ նուաստս եւ քոյրերս մեր ուսումը շարունակէինք Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ, մինչեւ համալսարան:
Իբրեւ ծնողք` հաւանաբար մեզի բարձրագոյն ուսում ջամբելու յանդգնութիւնը, իրենց ուսումի ու զարգացումի պապակը յագեցնելու բարդոյթը փարատել կը կարծէին, մանաւանդ որ Քեսապի մէջ անոնք իրենց կեանքը իմաստաւորած կը սեպէին մասնակցութիւն բերելով ազգային թէ մշակութային գիւղական կեանքին:
(Մայրս աւելի քան երկու տասնեակ թատրերգութիւններ բեմադրած էր Քեսապի մէջ):
1975-ի սեւ թուականէն ետք, մանաւանդ համեմատական խաղաղ հանգրուաններուն թէ աւելի ուշ, քանիցս այցելեցի Պէյրութ, սակայն Փալանճեան ճեմարան, ուր կերտուած էր նկարագիրս, հանդիպելու առիթն ու բախտը չէի ունեցած:
Իմացած էի, որ Ճեմարանի կառոյցը վարձակալութեան տրուած էր (քարաշէն կառոյցը անշուշտ) CIS հաստատութեան (City International School):
Այս ամառ, յուլիսին, մեկնեցայ Լիբանան` հանդիպելու համար Հայաստանէն եկող աղջկանս` Շաղիկին:
Այս առիթով ի մտի ունէի այցելութիւններու շարք մը, որուն գլխաւորը Ճեմարանս էր, ուր նաեւ անցուցած էի կեանքիս ամէնէն քաղցր օրերը:
Մեր իջեւանած Համրա թաղամասի պանդոկէն հետիոտն ուղղուեցանք Ճեմարան: Ճամբան կ՛անցնէր Հայկազեան համալսարանին առջեւէն, ուր յաջորդ օր այցելեցի:
Կ՛անցնիմ ՀՅ Դաշնակցութեան նախկին կեդրոն` «Արա Երեւանեան» ակումբին առջեւէն: Անիկա մեր` ԼԵՄ-ի «Փոթորիկ» մասնաճիւղի ժողովավայրն էր: Հոն, մամլոյ դիւանին մէջ հանդիպած եմ հայերէն լեզուի դասատուիս` Յարութիւն Քիւրքճեանին, պատմագէտ` Կարօ Յովհաննէսեանին, հանգուցեալ Գօգօ Աչըգեանին եւ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի բազում ուսանող ընկերներուս, որոնք «դիւանին» աշխատակազմին մաս կը կազմէին:
Խօսք չ՛ուզեր, որ հոգիս կ՛ալեկոծուի:
«Արա Երեւանեան» ակումբի պահակ-սրճեփը հեռաւոր հօրեղբայրս էր, ընկեր Յովսէփը (անշուշտ` Մանճիկեան):
Քիչ անդին Լիբանանի Կարմիր խաչի գրասենեակն է: Անոր մօտիկ կը բնակէին մեր` Ճեմարանի, ֆրանսական գրականութեան դասատու տիկին Եոլանտ Աճէմեանը, ինչպէս նաեւ` թուաբանութեան ուսուցչուհի օրդ. Երամեանը ու դասընկերս` Վազգէն Կիւրճեանը:
Անկիւնադարձ կատարելով` կ՛իյնանք «թըրըմպեթ Էյուպի» զառիվերին վրայ: Քիչ մը վեր, բարձրայարկ շէնքի մը մէջ կը բնակէր հանգուցեալ ընկեր Հրայր Մարուխեանը: Անոր աւագ զաւակը` դուստրը, Ալենուշը դասընկերուհիս էր, իսկ հանգուցեալ տղաքը` Դերենիկն ու Վահէն, մեր գիշերօթիկի տարեկիցներուս խաղընկերներն էին, գուցէ իրենց փափկասիրտ մօրը թելադրութեամբ ու ուղղումով: Անոնց փոքր քոյրը` նորոգ հանգուցեալ Շաղիկը, մանկապարտէզի աշակերտ էր:
Ձախ թեքուելով կ՛ուղղուիմ դէպի Ճեմարան: Ահա Ժան Իշխանեանի փուռին առջեւն ենք: Փուռը իր տեղն է, սակայն Ժանը եւ իր սեւ ու մեծ ամերիկեան օթոն չկան: Ժանը մահացած է: Իր տեղը բռնած է տղան (Սարօ՞ էր անունը), որուն կը ծանօթանամ ու կը խօսակցինք: Անոնց այն օրերուն շինած ծոթրինով հացին («մանայիշ») բոյրը քթիս մէջն է կարծես: Հապա՞ համեղ մսաշոթը («լէհմէնէճին»)…
Տասը քայլ առաջ, անկիւնին վրայ կը գտնուէր Թանիոսին աղքատիկ խանութը, իսկ հանդիպակաց կողմը` միայարկ, ներքին բակով, անոր համեստ բնակարանը: Թանիոսին տան տեղ բարձր շէնք մը կառուցուած է, իսկ խանութին տէրն ու պարունակութիւնը փոխուած են:
Թանիոսը կը նմանցնէին սուրիական արաբական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ պատկերուած, Սուրիոյ` ֆրանսական հոգատարութեան դէմ բռնկած յեղափոխութեան Հալէպի ղեկավար Իպրահիմ Հանանոյին, իր կլոր շրջանակով ակնոցով…
Թանիոսին ինծի տարեկից տղան, այդ օրերուն հազիւ 16 տարեկան, արդէն անդամագրուած էր Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ անոր մարտիկներէն էր: Ու առիթով մը, երբ տուն եկած էր, անոր գալուստէն տեղեակ ըլլալով, փաղանգաւորներուն ընդդիմադիրները յարձակեցան տան վրայ: Ան` Թանիոսին տղան (անունը չեմ յիշեր), երկու ձեռնառումբ արձակելով, յաջողեցաւ խոյս տալ` պատճառ դառնալով, որ ծնողքը լքեն տունն ու խանութը եւ մեկնին, նաեւ պատճառ հանդիսացաւ, որ թաղի հայ բնակիչները յաջորդ քանի մը գիշերները տեղափոխուին ու գիշերեն Ճեմարանի սրահներուն մէջ:
Թանիոսին խանութին վրայի շէնքին մէջ կը բնակէին Շաքէ մօրաքոյրս եւ քեռայրս` Եդուարդ Բատոյեանը: Երկուքն ալ Ճեմարանի դասատուներէն էին: Այդ տան մէջ վայելած եմ անոնց սէրն ու գուրգուրանքը:
Հոն յաճախ հանդիպած եմ Հալէպէն Լիբանան հաստատուած քեռայրիս ընկերներէն պրն. Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանին (Ճեմարանի գլխաւոր հսկիչը), Ճեմարանի գրաբարի ու երաժշտութեան պայծառադէմ պրն. Գէորգ Գանտահարեանին, Ճեմարանի հայոց պատմութեան դասատու, պատմագէտ պրն. Երուանդ Փամպուքեանին: Անոնք Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջանաւարտներէն էին, քեռայրիս դասակից:
Պրն. Երուանդ Փամպուքեանին կը պարտիմ առաջին իմացութիւնս Ազգային սահմանադրութեան, երբ ան մեր` Ճեմարանի Լսարանական միութեան, հայոց պատմութեամբ պարապող խմբակին պատասխանատու ուսուցիչն էր:
Թանիոսին խանութին հանդիպակաց կողմը, ճիշդ Ճեմարանի ծառաստան-պարտէզին կպած հողաշերտը, երբեմնի աղբանոցին տեղ, գտայ բարձրասլաց շէնք մը, որ յաւելեալ շուք ու խաւար կը պատճառէր ծառաստանին:
Վերջապէս հասած եմ Ճեմարանի ծանր ու վիթխարի դարպասին առջեւ:
Անհաւատալի, բայց իրաւ: Մեծ դարպասը, ինչպէս յաճախ, փակ է: Կը մտնեմ քովընտի դռնակէն:
Ի դէպ, քանի մը անգամ այդ դարպասը բանալու չարչարալի պարտականութիւնը ունեցած եմ: Իմ վտիտ ու երկար մարմնիս ուժը հազիւ կը բաւէր անոր պտտուող երկաթէ բռնիչը ոլորելով դարպասը բանալու:
«Վասպուրական» սրահին ճիշդ տակը, ծածքին տակ, չկան տնօրէն պրն. Հրաչ Տասնապետեանին ճերմակ շքեղ ինքնաշարժը, ոչ ալ` գիշերօթիկի պատասխանատու ու անգլերէն լեզուի մեր դասատու, խստապահանջ Սըր Անթուան Քեհեայեանի (կարճ` «Սըր»-ին) հնամաշ «Simca» մակնիշի մուգ կապոյտ փոքրիկ ինքնաշարժը: Հոն հաստատուած է կառոյցին պահակին կրպակը: Ան` պահակը, թոյլ չի տար, որ մենք ման գալու մտնենք:
Լեզուիս բոլոր հնարքները.. Թէեւ այստեղ ուսանած եմ, ապրած եմ… եւ այլն, անբաւարար կ՛ըլլան, որ ան տեղի տայ, մինչեւ որ քովընտի դռնակէն, որուն ետեւի սենեակը Համազգայինի գրատան տնօրէնին սենեակն էր (ուր տնօրէնը մօրեղբայրս` Նշան Պասմաճեանն էր), դուրս եկաւ համեստ հայորդի մը (ափսոս անունը չեմ յիշեր) եւ «երաշխաւոր» եղաւ մեզի, որ ներս մտնենք: Ան Համազգայինի վաղեմի գրատան տարածքին մէջ բացուած փոքրիկ ճաշարան-snack-ի բանեցնողն էր:
Արդէն մենք հսկայ ու հնամենի կաղնիներուն տակն ենք: Այնտեղ` տնօրէն Սիմոն Վրացեանի կիսանդրիի խոժոռ նայուածքին տակ ամէն իրիկուն, ընթրիքէն ետք, գիշերօթիկներուս մէկ ժամուան ազատ ժամի ընթացքին կը հանդիպէինք ու կը շաղակրատէինք Հայագիտական հիմնարկի առաջին, ապա նաեւ երկրորդ դասարանի մեզմէ երէց աշակերտներուն հետ: Անոնցմէ քանի մը հատը այնճարցիներն էին: Մեր բարբառները այդտեղ բարձր կը հնչէին` խառնուելով քունը փախցուցած տատրակներուն կռկռոցին:
Հայեացքս կը հանդիպի «Վասպուրական» սրահի կիսակլոր աստիճաններուն, ու ես մտովին վեր կը բարձրանամ յիշելու համար, թէ ինչպէ՛ս այնտեղ վայելած եմ իմ նախասիրած գրողս` Արամ Հայկազը: Այնտեղ լսած եմ դասախօսութիւն-բացատրականը գրագէտ Կարօ Փոլատեանին կողմէ, երբ ներկայացուց Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւններու փունջի մը ֆրանսերէն թարգմանուած հատորը:
Այնտեղ յաճախ ներկայ գտնուած եմ հարց-պատասխանի մրցումներու կամ ֆրանսական դեսպանատան «Մշակութային առաքելութեան» գրասենեակի սինէ քլապի շարժապատկերներու ներկայացման… ու շատ մը այլ ձեռնարկներու…
Սրահին տակն էր մեր` գիշերօթիկներուս ճաշարանը իր ցածրադիր առաստաղով: Այնտեղ այժմ ո՛չ տիկին Եղիսաբէթը, ո՛չ ալ օրդ. Շուշանը կան:
Հայեացքս մտովին կը բարձրանայ վեր: Երրորդ յարկի վրայ կար արխիւատուն մը, ուր յաճախ ելումուտ կը կատարէին պրն. Հրաչ Տասնապետեանն ու տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը: Ձախ կողմի սենեակը հայկական ռատիոժամի (Լիբանանի ռատիոյի) գրասենեակն էր: Հոն ամէն օր կը հանդիպէի հանգուցեալ օրդ. Մանուշակ Պոյաճեանին` մեր ուսուցչուհիին ու մեծ քրոջ, ինչպէս նաեւ` մեր «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան վաղամեռիկ փոխվարիչ Րաֆֆի Տատեանին:
1974-ին մեր չորրորդ յարկի ննջասենեակները վերածուեցան Հայագիտական դասարաններու, իսկ ննջարանները տեղափոխուեցան երրորդ յարկ` արխիւատան կից:
Հինգերորդ յարկին վրայ բազմած էր քիմիագիտութեան տարրալուծարանը:
Մայրի ծառերու տակով կը յառաջանանք վեր: Թիւ 2 շէնքին հազիւ ակնարկ մը կը նետեմ: Այնտեղ էին նախակրթարանն ու մանկապարտէզը: Զիս գրաւողը թիւ 1 շէնքն էր, ուստի կը շտապեմ այնտեղ, կիսակլոր աստիճաններուն առջեւ:
Գետնին վրայ, հնամենի ու թանկագին գորգի մը նման, խոտով ծածկուած պարտէզին մէջ, ճեմելու անցքի մուտքին, մարմարեայ պանթէոնին վրայ կը շարունակեն ամրապինդ մնալ Ճեմարանի հիմնադիրներուն` Լեւոն Շանթի ու Նիկոլ Աղբալեանի կիսանդրիները: Անոնց հոգիները կը յամառին մնալ այնտեղ, թէկուզ դասապահերու ժամերուն կը թեւածեն Ծաղկաձորի («Մզհեր»)` Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին վրայ: Գուցէ կը հասնին նաեւ Մարսէյ եւ Աւստրալիա` այնտեղի ճեմարաններուն վրայ թեւածելու:
Անոնց ոգին հասած է արդէն Երեւան, Արցախ, Ռուսիա, արեւմտեան եւ ամերիկեան ոստանները, ուր կը գործեն Համազգայինի մասնաճիւղերը:
Հայեացքս ետեւ կը դառնայ` փնտռելու ուսուցիչներս:
Պրն. Հրաչ Տասնապետեանը, պրն. Գառնիկ Բանեանը, Սուրէն Շանթը, Գրիգոր Շահինեանը, տիկին Աճեմեանը, պրն. Բատոյեանը, օրդ. Մ. Պոյաճեանը… ամէնքը… իւրաքանչիւրը իւրայատուկ պատմութիւն` շաղախուած Ճեմարանի բազմամեայ պատմութեան:
Շէնքին աջ կողմը գտնուող սենեակին կը նայիմ` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան սենեակին ու անոր տակը պրն. Սերոբ Աֆարեանին խանութին… Ապա գծագրութեան դասարանին, ու արուեստագէտ պրն. Կիւվը… չկան ու չկան:
Աւելի վեր պասքեթպոլի դաշտն է: Անոր բարձրադիր պատերուն ետին գտնուող «քիւրտերուն դաշտը» արդէն շէնքերու թաղամաս մըն է:
Հայեացքս կը սողայ Ճեմարանի ետեւի փոքրիկ կանաչ դուռէն, վեր ու վար:
Վերը ՀՄԸՄ-ի ակումբն է (որ տակաւին կը գործէ եւ կը համախմբէ մեծաթիւ ՀՄԸՄ-ականներ), ուր ամէն կիրակի կ՛երթայի ներկայ ըլլալու սկաուտական գործունէութեան: Վերէն վար, ՀՄԸՄ-ի ակումբէն մինչեւ վար` Թանիոսին խանութը, իսկական Հայաստան էր: Հոն կը բնակէր նաեւ Ճեմարանի հայ գրականութեան գլխաւոր ուսուցիչ, գրագէտ Մուշեղ Իշխանը, որուն ամէն օր կը հանդիպէի Համազգայինի գրատան մէջ, մօրեղբօրս Նշանին մօտ, ունկնդրելով անոր սրամիտ պատմուածքները…
Թաղը հայաթափ եղած է` բացի քանի մը ընտանիքէ:
Չկան ուսուցիչներս, չկան դասընկերներս, չկա՛յ հազարի հասնող աշակերտութիւնը, որուն ժխորը թէկուզ յիսուն տարիներ ետք տակաւին ականջիս մէջ կը յամենայ` խառնուած պրն. Յովհաննէսին զգուշացման սուլիչի ձայնին…
Սակայն կայ Ն. Փալանճեան ճեմարանը:
Դարպասէն դուրս գալու պահուն կը հանդիպիմ պրն. Նորայր Նաճարեանին` ինքն ալ ճեմարանաւարտ ու համազգայնական:
Անոր հետ փոխանակած խօսակցութիւնս կը փարատէ անցած ու կորսուած տարիներուն կարօտի թախիծը:
Ճեմարանէն մեկնելով, քայլերս զիս կը տանին հայահոծ Պուրճ Համուտ` փնտռելու ծանօթներս:
* * *
Լիբանան այցելութիւնս քանի մը օր ետք վերջ գտաւ, ու վերադարձայ բնակավայրս` Քեսապ, մխրճուելու համար պարտէզիս բերքահաւաքի առօրեայ ծանր ու սպառիչ աշխատանքներուն մէջ:
Սակայն գիշերները, առանձնութեանս մէջ, այս անգամ կը մխրճուէի Դիմատետրի էջերուն մէջ:
Ու գեղեցիկ ու մուգ գիշեր մը կը կարդամ Համազգայինի զոյգ ճեմարաններուն, Լիբանանի թէ Մարսէյի աւարտական 12-րդ դասարանի պետական պաքալորէայի պատուաբեր յաջողութեան հպարտալի լուրերը:
Նուաստիս, թէեւ` թերաւարտ, կուրծքը հպարտութեամբ կը բռնկի, ու հոգիս կը խայտայ:
Բացարձակ յաջողութիւն երկուստեք, ու յաճախ` շատ լաւ յիշատակութեամբ: Արդեօք անդենականին մէջ նուիրեալ հիմնադիրներուն, տնօրէններուն ու ուսուցիչներուն հոգին ինչպէ՞ս կը թպրտայ:
Կ՛իմանամ աւելի հրաշալի լուր մը: Մարսէյի ճեմարանին (ուր 1984-ին այցելելու բախտը ունեցած եմ), պատերը նեղ կու գան հոն յաճախել ուզող հայորդիներուն: Ու այսպէս, խնամակալութիւնը նախաձեռնութիւնը կ՛առնէ նոր շէնք մը կառուցելու` աշակերտական նոր հոսքի մը գոհացում տալու:
Ու հիմա, երբ գրութեան վերջաբանին կը մօտենամ, ակնդիր ու ունկնդիր կ՛ըլլամ (Դիմատետրին միջոցաւ) Մարսէյի ճեմարանին նոր կառոյցի հիմնադրութեան մանրամասնութիւններուն:
* * *
Սիրելի՛ ընթերցողներ,
Բազմատասնեակ տարիներ առաջ ճամբայ ելած Համազգայինը, անոր ճեմարանները ամէն պարտաւորութիւն ունին առյաւէտ մղելու իրենց առաքելութեան պայքարը:
Թող որ այս գրութիւնս համեստ արտայայտութիւն մը ըլլայ երախտապարտութեան` Ն. Փալանճեան ճեմարանին, անոր տնօրէնութեան թէ ուսուցչական կազմին, որոնք դարբնեցին ինծի նման հարիւրաւորներ:
Փա՛ռք անոր հիմնադիրներուն ու յաւիտենականութիւն անոնց յիշատակին:
Քեսապ, 28 հոկտեմբեր 2022