Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Կիրօ Մանոյեան Հանդիպում Ունեցաւ Գամիշլիի Միութենական Մարմիններուն Հետ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Գամիշլի իր այցելութեան շրջագիծէն ներս 24 նոյեմբերին Համազգայինի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ-ի ուղղեկից միութիւններու` ՍԵՄ-ի, ՍՊՄ-ի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ՍՕԽ-ի Գամիշլիի մէջ գործող պատասխանատու կազմերուն հետ, ինչպէս նաեւ` Գամիշլիի Հայ դատի յանձնախումբի, «Ռատիօ Երազ»-ի եւ «Գանձասար»-ի Գամիշլիի թղթակիցներուն հետ:
Հանդիպումին իւրաքանչիւր միութիւն իր զեկոյցը կարդաց, որուն մէջ ներկայացուց միութեան թուային պատկերը, գործունէութիւնը, ապագայ ծրագիրները եւ դիմագրաւած դժուարութիւներն ու մարտահրաւէրները :
Մանոյեան գնահատեց միութիւններուն տարած աշխատանքը եւ գաղութի հայապահպանման ի նպաստ բոլոր ճիգերը` շեշտելով, որ ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակը բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ զօրավիգ կանգնելու երիտասարդութեան: Մանոյեան նորանոր վերելք եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր միութիւններուն, որոնց անսակարկ նուիրումով եւ անկոտրում կամքով կարելի կը դառնայ յաղթահարել տարբեր դժուարութիւններ:
Գամիշլիի Համազգայինի Մշակութային Կեդրոնի Եւ Ահարոնեանի Կիսանդրիի Բացում
Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի, Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, ազգային պատասխանատուներու, միութիւններու ներկայացուցիչներու, պետական, կրթական պատասխանատուներու եւ Գամիշլիի մշակութային պետական կեդրոնի պատասխանատուներուն, 21 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գամիշլիի «Ա. Ահարոնեան» նոր կեդրոնի բացումը:
Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան դէպի կեդրոնի սրահ, ուր քողազերծուեցաւ Աւետիս Ահարոնեանի կիսանդրին: Գամիշլիի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Յակոբ Պարսումեան ներկաները ծանօթացուց կեդրոնի գրասենեակներուն եւ տարուող ընթացիկ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ` կեդրոնի «Աճարեան» լսարան-գրադարանին, ուր այս տարի ընթացք առաւ հայագիտականի առցանց դասընթացքը:
Վարչութեան անդամ Կարպիս Շիրիքճեան արաբերէն բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն, ապա ամփոփ զեկոյցով ներկայացուց կեդրոնի հսկայ աշխատանքը եւ կարեւոր դերը` նոր սերունդը հայ մշակոյթին ու գրականութեան առնչակից պահելու եւ համախմբելու մշակութային մթնոլորտի մէջ, ինչպէս նաեւ` քաջալերելու անոր երաժշտութեան եւ կերպարուեստի հակումները:
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան Գամիշլիի ներկայացուցիչ Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան, իր կարգին խօսք առնելով, անդրադարձաւ կեդրոնի հանգրուանային բարենորոգումներուն եւ տարուած բծախնդիր աշխատանքին, դիտել տալով, որ վարչութիւնը իր կարելիութիւնները զօրաշարժի ենթարկեց ծրագիրը աւարտին հասցնելու համար:
Կեդրոնը ունի «Աճարեան» լսարան-գրադարանը, Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցը, Այվազովսկիի անուան կերպարուեստի սենեակը: Կեդրոնին մէջ շքեղ բաժին մը յատկացուած է նաեւ «Վանայ» պարախումբին:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան գնահատանքի իր խօսք ուղղելով` ըսաւ, որ իրենք զիրենք Հայաստանի մէջ աւելի հզօր կը զգան, ամէն անգամ որ սփիւռքի մէջ կրթական, մշակութային նոր հիմքեր կը ստեղծուին մեր ժողովուրդի զարգացման համար: Այս յանդուգն նախաձեռնութիւնը Գամիշլիի մէջ վկայութիւնն է այս գաղութին հաւատարմութեան եւ սուրիական հայրենիքին վստահութեան: Գաղութ մը, որ որոշած է ոչ միայն իր ինքնութիւնը պահպանել, այլ նաեւ` ինքզինք զարգացնել, երիտասարդներուն բաց դաշտ ստեղծել, որպէսզի իրենց գիտելիքները հարստացնեն եւ նոր ներդրում բերեն մեր մշակոյթին:
Ան յիշատակեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ հայ համայնքին ուղղած գնահատանքը, երբ կ՛ըսէր, որ հայ համայնքը իր ինքնութիւնը պահելու ամէն միջոց եւ իրաւունք ունի ու այդ իրաւունքէն լիարժէքօրէն կ՛օգտուի:
Այնուհետեւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Տիքպիքեան Գամիշլիի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի վարչութեան ուղղուած գնահատագիրը կարդաց` որպէս երախտագիտութիւն մասնաճիւղի բազմաբնոյթ գործունէութեան եւ յատկապէս մշակութային կեդրոնի վերանորոգման եւ բարեզարդման ի խնդիր անխոնջ աշխատանքին:
Ապա պետական պատասխանատուներ իրենց սրտի խօսքը արտասանելով` գնահատեցին կեդրոնի պատրաստութեան հսկայ աշխատանքն ու բարի երթ մաղթեցին հայ մշակութային գործունէութեան:
Հայր սուրբը, խօսք առնելով, լուսարձակի տակ բերաւ մշակոյթի եւ գրականութեան կարեւոր դերը սերունդներ դաստիարակելու գործընթացին մէջ, ապա նորանոր վերելք եւ յաջողութիւն մաղթեց Համազգայինի յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Վանայ» պարախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյց Նանար Սարգիսեանի:
Թեհրան
Այցելութիւն Ազգային Առաջնորդարան
1 դեկտեմբերին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ ընդունեց` Թիֆլիսի հայագիտութեան բաժանմունքի դասախօս եւ վրաց կրօններու երկխօսութեան կեդրոնի տնօրէն Լէյլա Ճիճիլաւան, վրաց սիւննի եւ շիա համայնքներու առաջնորդ Ալի Ալիեւը, հոճ. Մոհամատ Ճաւատ Ատապին եւ սէյետէ Նարկես Ղասեմին:
Հանդիպումը կազմակերպուած էր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահական հիմնարկի կիներու գործով օգնականի գրասենեակին կողմէ:
Հանդիպումի ընթացքին սրբազան հայրը ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ Հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան, քրիստոնեայ-իսլամ կրօններու երկխօսութեան, նաեւ իրանահայութեան հասարակական ու եկեղեցական կեանքին մասին: Սրբազանը նաեւ հիմնուելով պատմական փաստերու վրայ` անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցած է Իրանի մէջ եւ իր ներդրումը բերած է իրանեան կեանքի տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Ան նաեւ յայտնեց, որ ոչ միայն իրանահայութիւնը, այլ բովանդակ հայութիւնը Իրանը կը ճանչնայ որպէս իր երկրորդ հայրենիքը:
Սրբազան հայրը վկայեց, որ Իրանի պետութիւնը իր սահմանադրական օրէնքներու սահմաններուն մէջ կը պահպանէ եւ կը յարգէ կրօնակական փոքրամասութիւններու իրաւունքները, ակնարկելով, որ Թեհրանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը սերտ յարաբերութիւն ունի Մշակոյթի եւ իսլամական յարաբերութիւններու կազմակերպութեան հետ:
Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ մտերմիկ զրոյց` իսլամ եւ քրիստոնեայ գաղափարներու եւ ընդհանրութիւններու մասին:
Պատուիրակութիւնը հանդիպումի աւարտին հանրային կապի հոգեւոր խորհրդատու Գրիգորիս քհնյ. Ներսէսեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր քահանայ հայրը ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ Հայ եկեղեցւոյ մասին:
Արժանթին
ՀՅԴ 132-Ամեակի Նշում
26 նոյեմբերին Պուէնոս Այրեսի Հայ մշակութային միութեան սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 132-ամեակը:
Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Թապագեան խօսք առնելով` շեշտեց, որ կուսակութիւնը չստեղծեց յեղափոխութիւնը կամ յեղափոխականները, սակայն գիտցաւ ըլլալ գործօն եւ ճկուն կազմակերպութիւն մը, որուն միջոցով հնարաւոր եղաւ հետապնդել անտեսուած եւ բացառուած ժողովուրդի պահանջները:
Թապագեան նշեց , որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր 132 տարիներու ընթացքին խիստ կարեւոր համարեց սերունդներու ընդմէջէն պահպանել հաւաքական ազգային նախագիծը` մեր պատմութեան, մշակոյթի եւ սկզբունքներով ամպրապնդուած անհրաժարելի հայ ինքնութիւնը պահպանելու համար, շեշտելով, որ ասիկա կամաւորութիւն կամ հայրենամոլութիւն չէ, շեշտելով, որ չկայ ինքնութեան հնարաւոր նախագիծ` առանց մեր զօրութեան եւ համոզումներուն վրայ յենելու: Խօսքը կեանքի, ազատութեան եւ հաւասարութեան իրաւունքի մասին է:
Ան ըսաւ, որ պայքարի դաշտը ընդարձակուած է ամբողջ սփիւռքի մէջ եւ կը տարածուի իւրաքանչիւր վայր, ուր ներկայ է», ընդգծեց Թապագեան` անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահի Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքներու հասցէին կատարած քննադատութիւններուն, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարին` Ուրուկուէյի հայ համայնքին ցոյց տուած Գորշ գայլերու նշանին: Ան շեշտեց, որ Հայ դատը առաւել քան երբեք այժմէական եւ համաշխարհային է ոչ միայն սփիւռքի մէջ, այլ` Հայաստանի եւ Արցախի ամէն մէկ անկիւն: Մենք զօրահաւաքի համար պէտք է համախմբենք ուժերը եւ գիտակցինք, որ մեր ուժը հաւաքական կազմակերպման մէջ է:
Սա է մեր էութիւնը, այսպիսին ենք մենք եւ այսպէս կը համարենք մեզ` միշտ ծառայելով ազգին եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին, Հայաստանին, Արցախին ու սփիւռքին:
ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Ակուսթին Անալեան շնորհակալութիւն յայտնեց Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին` շեշտելով ձեռնարկին կարեւորութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցան ՀՅԴ-ի եւ պատանեկան միութեան պատմութեան մասին տեսերիզներ, նաեւ ներկաներուն փոխանցուեցաւ 2021-ին ազատ արձակուած Համբիկ Սասունեանի ձայնագրուած պատգամը: Ձեռնարկին ժողովրդական երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ «Փարվանա» նուագախումբը:
Քանատա
Թորոնթոյի Մէջ Նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-Ամեակը
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 132-ամեակը Թորոնթոյի մէջ տօնուեցաւ 3 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ, երբ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան բազմավաստակ անդամ Նշան Աթիքեան ջահով մուտք գործեց Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահը ու զայն փոխանցեց ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութեան «Ռոստոմ» մասնաճիւղի կրտսեր պատանիին` խորհրդանշելով «շարունակել մեր սուրբ գործը»:
Ապա ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութիւններու «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» մասնաճիւղերու 120 պատանիները պաշտօնական յայտագիրի մեկնարկը տուին` Հայաստանի, Արցախի եւ Դաշնակցութեան քայլերգներու, ինչպէս նաեւ «Զարթի՛ր, լաօ» Դիմադրութեան շարժումի խորհրդանիշ երգի կատարողութեամբ:
Երեկոն վարեց ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ Ճինա Գույումճեան, որ շեշտեց, թէ յարգելով Դաշնակցութեան ծառայած ու մեզմէ առյաւէտ հեռացածներուն յիշատակը, երախտագէտ մնալով երէց սերունդի նուիրումին` Քանատայի երիտասարդական միութեան անդամները վճռած են մնալ ամուր, չվհատիլ, չմոլորիլ ու կառչիլ հաւատքին: Ան աւելցուց, որ այս ձեռնարկով տարբեր սերունդներ միասնաբար կ՛ոգեկոչեն ՀՅԴ-ի տարեդարձը` խոստանալով միշտ վառ պահել դաշնակցականի ազգասիրական եւ հայրենասիրական ոգին:
Ապա` ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու յիշատակը հայրենիքի համար զոհուած բոլոր ընկերներուն:
Ապա Քանատայի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի Թորոնթոյի ներկայացուցիչ Ալիք Պարսամեան կատարեց «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան պատանիներու խոստման արարողութիւնը, որմէ ետք ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Հրակ Գըլըպոզեան կատարեց պատանեկան շարքերէն ՀՅԴ-ՔԵՄ-ի «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղի շարքեր փոխանցումի արարողութիւնը:
ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան հերթապահ Վահան Աճեմեան դիտել տուաւ, որ այս համախմբումը ուխտ է` զօրակցելու եւ մեր վստահութիւնը հաստատելու հայութեան իրաւունքներու պաշտպան կուսակցութեան, որուն կիզակէտը հանդիսացած է եւ կը շարունակէ հանդիսանալ հայրենի երկրի եւ հայ ազգի շահերու պաշտպանութիւնը:
Վեր առնելով ՀՅԴ-ի օրը հաշուետուութեան օր ըլլալու հանգամանքը` Աճեմեան ըսաւ. «Բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալել կարելի կ՛ըլլայ միայն ու միայն ժողովուրդին նուիրումով եւ նուիրաբերութեամբ: Ա՛յս է կուսակցութեան գաղտնիքը` կախեալ ըլլալ ո՛չ ոքէ, ո՛չ մէկ կողմէ եւ հաշուետու ըլլալ միայն ու միայն ժողովուրդին»:
Աճեմեան դրուատեց թորոնթոհայ համայնքը եւ շնորհակալական զգացումները յայտնեց այն համայնքին, որ ընդառաջած է Դաշնակցութեան կոչերուն: «Ձեր իւրաքանչիւր նիւթական թէ ֆիզիքական ներդրումը մեր աշխատանքներուն ու ձեռնարկներուն մէջ` մեծապէս նպաստած է մեր յաջողութեան, եւ մենք մեր բոլոր յաջողութիւնները կը պարտինք ձեզի», ըսաւ ան: Ըստ անոր, սփիւռքի բոլոր գաղութներուն նման, Թորոնթոն ալ այսօր կը դիմակայէ նոր մարտահրաւէրներ` ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, եւ օրհասական պահերուն Դաշնակցութիւնը միշտ լծուած է ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան:
Աւարտին ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի հերթապահ Վահան Աճեմեան եւ երէց ընկեր Նշան Աթիքեան հատեցին 132-ամեակի կարկանդակը:
Պաշտօնական բաժինէն ետք Յարութ Պետրոսեան, Մհեր Մինասեան, Յովիկ Մանուշեան, Ժիրօ Միսաքեան եւ հիւրաբար ներկայ գտնուող Գօգօ Թիւթիւնճեան հանդէս եկան յեղափոխական երգերով` նուագակցութեամբ «Կիլիկիա» նուագախումբին:
Յունաստան
Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 119-Ամեակի Տօնակատարութիւն
18 նոյեմբերին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տօնակատարութեան եւ մատաղօրհնէքի առիթով, տարիներու սո-վորութեան համաձայն, եկեղեցւոյ Տիկնանց մարմինի անդամուհիները պատրաստեցին սիրոյ սեղան, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Յունաստանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ճաշկերոյթի ընթացքին սրբազան հայրը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Տիկնանց մարմինի անդամուհիներուն` զիրենք բարձրօրէն գնահատելով իրենց նուիրումին եւ կատարած ծառայութեան համար:
19 նոյեմբերին առաջնորդ սրբազան հայրը ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի հովիւ Եղիա աբղ. Մալխասեանի եւ Թաղական խորհուրդի անդամ Մարգրիտ Գոստիկեանի, այցելեց «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոց եւ դասարաններուն մէջ հանդիպում ունեցաւ աշակերտներուն հետ եւ անոնց յայտնեց իր հայրական խրատները: Աշակերտները, իրենց կարգին, սրբազան հօր ներկայացուցին իրենց պատրաստած երգերն ու արտասանութիւնները: Սրբազան հայրը աշակերտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ իբրեւ հայորդիներ` անհրաժեշտ է, որ իրարու հետ հայերէն խօսին տուներէն ներս կամ դպրոցին մէջ: Ապա առաջնորդ սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ դպրոցի տնօրէնուհիին եւ ուսուցչակազմին հետ, որոնց յայտնեց իր բարձր գնահատանքը իրենց նուիրումին, տքնաջան աշխատանքին եւ զոհողութեան համար:
Նոյն օրը երեկոյեան, մատաղօրհնէքի առիթով եւ աւանդութեան համաձայն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ սրբազան հօր, կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որմէ ետք եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք:
Բացման խօսքը արտասանեց եկեղեցւոյ հովիւ Եղիա աբղ. Մալխասեան, որմէ ետք խօսք առաւ Թաղական խորհուրդի ատենապետ Արթին Աբրահամեանը: Ապա եկեղեցւոյ հովիւը կարդաց Թաղային խորհուրդի երկամեայ տեղեկագիրը: Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց սրբազան հայրը, որ իր հայրական յորդորներով, շեշտելով աւանդութեան կարեւորութիւնը եւ զայն փոխանցելը յաջորդ սերունդներուն, իր գնահատանքը յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին` իրենց կատարած աշխատանքներուն համար:
20 նոյեմբերին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 119-ամեակի առիթով, տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ս. եւ անմահ պատարագ եւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց եւ մատաղօրհնէքը կատարեց սրբազան հայրը: Օրուան խորհուրդին ակնարկելով` սրբազան հայրը անդրադարձաւ Ս. Աստուածածնի առաքինութիւններէն Աստուծոյ կամքին կատարեալ հնազանդութեան, ինչպէս որ կ՛երեւի աւետարանական աւետումի դրուագէն, շեշտելով, որ հնազանդութիւնը կարգապահութեան, պարտաճանաչութեան եւ պարտն ու պատշաճի գիտակցութեան ցուցանիշ է: Ան դիտել տուաւ, որ Եւայի անհնազանդութեամբ մարդն ու արարծները օտարացան, հեռացան Արարիչ Աստուծմէ, իսկ Մարիամի կատարեալ հնազանդութեամբ մարդ եւ Աստուած հանդիպեցան ու մտերմութեան ու հարազատութեան գործընթացին մէջ մտան:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ կից Անտոնիու Քամարա պողոտային վրայ կատարուեցաւ նոր` «Արցախ» սրահին բացումը: Թաղային խորհուրդին կողմէ գնուած եւ նորոգուած այս սրահը պիտի ըլլայ երիտասարդներու եւ գաղութի միութիւններու տրամադրութեան տակ, որպէսզի իրենց հաւաքներն ու ժողովները այդտեղ կատարեն: Բացումէն ետք առաջնորդ սրբազան հայրը կատարեց նոր սրահի օրհնութիւնը: Ապա երիտասարդականի անդամուհիները իրենց շնորհակալական խօսքը ուղղեցին Թաղային խորհուրդին:
Աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը եւ բարձր գնահատանքը յայտնեց Թաղային խորհուրդի անդամներուն, որոնք հետեւողական ջանքերով իրագործեցին եւ Թեսաղոնիկէի համայնքին նոր սրահի մը կարելիութիւնը ընձեռեցին, որ առաւել եւս զարկ եւ նոր կարելիութիւններ պիտի տայ համայնքին կենսունակութեան: Սրբազան հայրը նշեց նաեւ, որ այս նոր իրագործումը ապացոյց մըն է, որ Թեսաղոնիկէի Թաղային խորհուրդը պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ոչ միայն պահած է նախորդներուն վաստակն ու ջանքերը, այլեւ` նորերը կ՛աւելցնէ:




