ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
«Ազդակ»-ի խմբագրութեան յարգելի՛ կազմին,
Կարդացի 28 նոյեմբերի թիւով ձեր թերթին մէջ լոյս տեսած շահեկան յօդուածը` «Առցանց մանկապատանեկան գրականութիւն. յաւելուածներ եւ կայքեր» խորագիրով: (https://www.aztagdaily.com/archives/565471)
Յօդուածագիրը արդարօրէն կը գնահատէր համացանցի աշխարհին մէջ ներգրաւուած հայ մանկապատանեկան գործունէութիւնը ու ընթերցողին կը ներկայացնէր կայքէջերու ցանկ մը: Ուրախ ենք եւ շնորհակալ:
Առ ի տեղեկութիւն կ՛ուզեմ յայտնել հետաքրքրուողներուն, որ փարիզեան շրջանի մէջ գոյութիւն ունի նաեւ ԾԻԾԵՌՆԱԿ անունով հարթակ մը, ուր արեւմտահայերէնով կ՛արտայայտուին պատանիներ եւ երիտասարդներ: Այն անձնական նախաձեռնութիւն է:
Խնդրեմ` ծանօթացէք.
կայքէջի հասցէն`
www.dzidzernag.wordpress.com
Մեր խօսքը`
Վերջին հրապարակումներէն`
Յարգանօք`
ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ