Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Մարտ 23, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Անդրանիկ Այցելութիւնը Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկ

16 մարտին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկ եւ դիմաւորուեցաւ  հիմնարկի միաւորի վարչութեան, տնօրէնուհիին, դասախօսական կազմին եւ ուսանողութեան կողմէ:

Հիմնարկի տնօրէնուհիին բարի գալուստի խօսքէն ետք սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց` բարձր գնահատելով հիմնարկին տարած գործունէութիւնը եւ անոր բերած յոյժ կարեւոր ներդրումը մարդուժի պատրաստութեան գործընթացին: Սրբազան հայրը իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց հիմնարկի դասախօսներուն եւ շնորհաւորեց զանոնք` Ուսուցչաց տօնին առիթով, գնահատելով անոնց մասնագիտական եւ ազգանուէր ծառայութիւնը եւ մաղթելով, որ հայագիտական ոլորտէն ներս շարունակեն միութիւններուն եւ դպրոցներուն մէջ ծառայելու արեւմտահայերէնի գիտակ մարդուժի պատրաստութիւնը:

Այնուհետեւ, Ուսուցչաց տօնի խորհուրդը յուշող կարկանդակի հատումէն ետք, սրբազան հայրը վարչութեան եւ դասախօսական կազմին հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրոյց տեղի ունեցաւ հիմնարկը հետաքրքրող զանազան նիւթերու շուրջ:

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

16 մարտին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ  Մակար եպս. Աշգարեան Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեանի:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին եւ խորհուրդէն ներս Ետալեանի գործունէութեան:

Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւններով գնահատեց Լեւոն Զաքի Ետալեանը եւ առաւել ուժ, կորով ու արգասաբեր գործունէութիւն մաղթեց անոր:

Միացեալ Նահանգներ

ՀՅԴ «Ահարոնեան» Կոմիտէութիւնը Տօնեց Իր Հիմնադրութեան 128-Ամեակը

25 փետրուարին Հայփոյնթի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ «Էրմոնեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Լոուէլի ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան հիմնադրութեան 128-ամեակը:

Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ եկեղեցւոյ հովիւի ելոյթով, որուն յաջորդեց «Անտեսանելի Հայաստան» խորագիրը կրող ներկայացումը եւ ապա` Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութեան մասին Մերամիկ Հովիտի Հայ դատի զեկուցումը:

Գիշերային յայտագիրը սկսաւ Հիւսիսային Անտովերի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ  Ստեփան քհնյ. Պալճեանի օրհնութեամբ, ՀՅԴ Լոուէլի կոմիտէի ներկայացուցիչ Ստեփան Տուլգարեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ կոմիտէութիւնը կը ներառէ անդամներու շուրջ վեց սերունդ, որոնք նուիրուած են հայ ժողովուրդին եւ Հայ դատին, աւելցնելով, որ կազմակերպութեան արդիւնաւէտութիւնը մեծ մասամբ կախեալ է հայ համայնքի աջակցութենէն:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեան շնորհաւորեց Լոուէլ ՀՅԴ կոմիտէն եւ Հայ դատի յանձնախումբը իրենց հետեւողական արդիւնաւէտ աշխատանքներուն համար: Ան շեշտեց այն դժուարութիւնները, որոնք կը դիմագրաւէ հայ ժողովուրդը, եւ անոնց շարքին` արցախահայութեան դէմ ուղղուած ցեղասպանութեան սպառնալիքը, հաստատելով, որ Դաշնակցութիւնը ներկայ է եւ կ՛աշխատի հոն, ուր հայկական իրաւունքներն ու շահերը վտանգի տակ են: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն` շարունակել աջակցիլ ՀՅԴ-ին եւ Հայ դատի յանձնախումբին` ապահովելու Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պայծառ ապագան:

Յոբելենական հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր Հայփոյնթի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Վարդ քհնյ. Կէօզալեան:

«Հայաստանի ներկայ կեանքն ու պայմանները» խորագրով իր ելոյթին մէջ քահանայ հայրը ընդգծեց հայ ժողովուրդին տոկունութիւնը, որ դարաւոր դժուարութիւններու մէջ կը շարունակէ կատաղի վճռակամութեամբ եւ լաւատեսութեամբ հետամուտ ըլլալ ազատութեան եւ ինքնորոշման իտէալներուն:

«Անտեսանելի Հայաստան` հակիրճ հայեացք մարդոց, վայրերու եւ նախագիծներու» խորագրով Հայ դատի երկարամեայ գործօն անդամ Ճօ Տաղտիկեան պատկերեց Հայաստան մը, որ այցելուներուն մեծամասնութիւնը չի տեսներ փոքր գիւղերէն եւ անոնց բնակիչներէն մինչեւ զբօսաշրջային ընկերութիւններու տեսարժան վայրերը, նաեւ չ՛այցելեր մշակութային եւ կրօնական յուշարձաններ, որոնք յարգուած են հոն հաստատուած գիւղացիներու կողմէ, բայց օտարները չեն գիտեր:

Տաղտիկեան թուեց  շարք մը ծրագիրներ, որոնց միջոցով Հայաստանի քաղաքացիները կը նախաձեռնեն լուծել անձնական եւ հասարակական խնդիրները:

Հայ դատի յանձնախումբի վերջին նախաձեռնութիւններուն անդրադառնալով`  Ճգնաւորեան խօսեցաւ ANC-MV-ի մասնակցութեան մասին Ուաշինկթընի մէջ կայացած Հայ դատի յանձնախումբի Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի (ANCA-ER) հայկական շահերու պաշտպանութեան օրերու մասին: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Լորի Թրահանի եւ Սեթ Մուլթոնի գրասենեակի աշխատակիցներու, նաեւ ծերակուտականներ  Էտ Մարքիի եւ Էլիզապէթ Ուորենի հետ` ահազանգելու արցախահայութեան դէմ ցեղասպանութեան մասին, ինչպէս նաեւ խրախուսելու օրէնսդիրներուն միջոցներու ձեռնարկելու` պատժելու Ազրպէյճանը Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ապօրինի շրջափակման եւ վայրագութեան համար:

Ճգնաւորեան կարեւոր նկատեց նաեւ շարունակուող ծրագիրները` Հայոց ցեղասպանութեան մասին սեմինարներ շրջանի աւագ դպրոցներուն մէջ, հայկական դրօշի բարձրացում եւ հռչակագիր` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան, Մերրիմակ Հովիտի շուրջ 25 քաղաքներուն եւ աւաններուն մէջ:

Վարանդ Եւ Հուրի Մելքոնեան Ամոլին Բարերարութիւնները

* 14 մարտին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի, Արցախի, սփիւռքի եւ յատկապէս արեւմտեան համայնքին ու ի մասնաւորի արեւմտեան թեմի ծրագիրներուն իրենց անսակարկ զօրակցութիւնը բերած ազգային մեծանուն բարերար Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը` ընկերակցութեամբ իրենց մօր` Անժել Մելքոնեանի: Անոնք եկած էին առաջնորդ սրբազանին օրհնութիւնը խնդրելու` դառնալու համար Քրեսենթա Հովիտի մէջ Հայ առաքելական նոր եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը:

Սրբազանը մեծապէս գնահատեց Մելքոնեան ամոլին իշխանական այս բարերարութիւնը` նշելով, որ անոնք բանիւ ու գործով ոչ միայն մնայուն ներկայութիւն են գաղութին մէջ, այլեւ միշտ պատրաստակամ են հանրօգուտ ծրագիրներու բարիով պսակմանց համար:

Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին Մելքոնեան ամոլը իր ուրախութիւնը յայտնեց ծաղկունք ապրող արեւմտեան թեմի վերջին ձեռքբերումներուն համար եւ այս առիթով շնորհաւորեց առաջնորդ սրբազանն ու արեւմտեան թեմը, ապա նորոգ հաւատքով վերահաստատեց իր ընթացքը` մի՛շտ նեցուկ կանգնելու Ազգային առաջնորդարանի ժողովրդանուէր եւ եկեղեցաշէն աշխատանքներուն:

Բարերար ամոլը ականջալուր եղաւ նաեւ առաջնորդ սրբազանին` սուրիահայութեան  ներկայ իրավիճակին մասին արտայայտած մտահոգութիւններուն ու յատկապէս ընկերային եւ տնտեսական մարզերէ ներս գաղութի հայութեան դիմագրաւած ահաւոր տագնապներուն եւ անմիջապէս ընդառաջեց սուրիահայութեան զօրակցելու սրբազանի կոչին եւ սուրիաբնակ հայերու կարիքներու բաւարարման համար նուիրեց յիսուն հազար ամերիկեան տոլար, որ Ազգային առաջնորդարանի ճամբով եւ կաթողիկոսարանի միջոցով պիտի փոխանցուի Բերիոյ հայոց թեմին:

Հանդիպման աւարտին առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց Մելքոնեան ամոլին բարի սամարացիական ոգին` մաղթելով, որ բոլորը անպայման մասնակցին սուրիահայութեան վերականգնման հրամայական առաքելութեան:

Արցախի Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ

Վերջերս, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Տիթրոյթի վարչութեան, Տիթրոյթի Հայ կեդրոնի մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի նուիրուած ձեռնարկ:

Մասնաճիւղի ատենապետ Շանթ Ժամկոչեան առաջին հերթին ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Արցախի ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ զոհուած նահատակներուն յիշատակը, ապա յղեց օրուան խորհուրդը: Ապա ան ամփոփ կէտերու մէջ, քարտէսներու միջոցով ներկայացուց Արցախի գոյապայքարի փուլերը` անդրադառնալով սփիւռքահայութեան դերակատարութեան եւ շրջափակման այսօրուան իրավիճակին:

Սկաուտները, իրենց կարգին, ողջունեցին ներկաները եւ ազգային-հայրենասիրական երգերով խանդավառեցին հանդիսատեսները:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ խոստման արարողութիւն:

Թեհրան

«Հայ Դատն Այսօր» Խորհրդաժողով` Մասնակցութեամբ Իրանցի Փորձագէտներու

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Հայ դատի Թեհրանի յանձնախումբի «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան, 5 մարտին Հայ հասարակական միութեան (Հայ ակումբ) սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կովկասի աշխարհաքաղաքական հաւասարումները եւ տարածաշրջանային ու արտատարածաշրջանային դերակատարները» խորագիրը կրող «Հայ դատն այսօր» միօրեայ խորհրդաժողովը Իրանի քաղաքական-հասարակական ու մտաւորական զեկուցաբերներու ելոյթներով` ոչ հայ լսարանի համար:

Խորհրդաժողովը մեկնարկեց Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Իսակ Իւնանէսեանի ելոյթով, որ ընդգծեց, թէ խորհրդաժողովի եռամեայ դադարի հիմնական պատճառներն էին «Քորոնա» ժահրը եւ 2020 թուականին Արցախի դէմ Ազրպէլճանի սանձազերծած պատերազմն ու հետագայ իրադարձութիւնները:

Խորհրդաժողովը սկիզբ առաւ «Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի առնչութեամբ` հիւսիսարեւմտեան սահմաններուն մէջ արդի աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու լոյսի տակ» նիւթով, որուն զեկուցաբերներն էին` Թեհրանի պետական համալսարանի Կեդրոնական Եւրասիոյ հետազօտական կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Էլահէ Քոլայի եւ արտաքին քաղաքականութեան հետազօտական խումբի տնօրէն եւ համալսարանի դասախօս դոկտ. Հոսէյն Ահմատի:

«Սիւնիքի նահանգի եւ Ղարաբաղի տարածքի պատմական կարեւորութիւնը` Կովկասի մէջ» նիւթին զեկուցաբերներն էին` «Ճահանէ Մոասեր» գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն Շոայպ Պահման, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան, Թեհրանի պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի դասախօս Կուտարզ Ռաշթիանի եւ Իրան-Հայաստան բարեկամական միութեան գլխաւոր տնօրէն սէյիտ Մոհամետ Ռեզա Տամաւանտի:                                                 «Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան հարցով սպառնալիքները հիւսիսարեւմտեան սահմաններուն մէջ եւ Հայաստանի սահմաններուն մէջ անվտանգութեան սպառնալիքները» նիւթով ելոյթ ունեցան` միջազգային յարաբերութիւններու գիտահետազօտող դոկտ. Էհսան Մովահեթիան, Հայաստանէն միջազգային յարաբերութիւններու աւագ փորձագէտ եւ «Ոսկանապատ» վերլուծական կեդրոնի ղեկավար, քաղաքագէտ Հրանտ Մելիք Շահնազարեան, ցեղային ինքնութեան հարցով հետազօտող փորձագէտ Սալար Սէյֆոլտտինի եւ «Վաթան Իւլի» պարբերաթերթի պատասխանատու տնօրէն Տաւուտ Տաշթպանի:                                                                                                                  «Իրանի ու Հայաստանի յարաբերութիւններու անհրաժեշտութիւնը` երկու ազգ եւ մէկ քաղաքակրթութիւն հասկացողութեան ներքեւ» նիւթին զեկուցաբերներն էին` Երեւանի պետական համալսարանի իրանագիտութեան ամպիոնի դասախօս, իրանագէտ Ահարոն Վարդանեան, քաղաքական հարցերու վերլուծաբան եւ աւագ գիտաշխատող Հասան Պեհեշթիփուր, միջազգային իրաւունքի դոկտոր, իրաւագէտ Մոհամետ Ալի Պահմանի Ղաճար եւ Կովկասի հետազօտական հիմնադրամի տնօրէն Ճաֆար Խաշէ: Խորհրդաժողովի վերջին բաժինը ամփոփուած էր «Ռուսիան եւ Կովկասը եւրասիական երկխօսութեան շրջագիծին մէջ»  խորագրով, որուն միակ զեկուցաբերն էր Թեհրանի պետական համալսարանի Ռուսիոյ հարցով հետազօտող դասախօս դոկտ. Ճահանկիր Քարամի:

Խորհրդաժողովը ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ արցախեան պատերազմին եւ տարածաշրջանին մէջ արտատարածաշրջանային ուժերու ներգրաւուածութեան, Իրանի հաւասարակշռուած դերակատարութեան եւ Իրանի ու Հայաստանի ազգային անվտանգութեան պահպանման ու հզօրացման համար անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններուն:

Կիպրոս

Քուէյթի Անկախութեան Եւ Ազատագրութեան Տարեդարձներ

9 մարտին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, ընդառաջելով Կիպրոսի մէջ Քուէյթի նորանշանակ դեսպան Ապտուլլա Մ. Ալխորաֆիի պաշտօնական հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Քուէյթի անկախութեան 62-րդ եւ ազատագրութեան 32-րդ տարեդարձներուն առիթով կազմակերպուած հանդիսութիւն – հիւրասիրութեան, «Հիլթըն Լետրա Ա.» պանդոկի սրահին մէջ:  Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէր Նիկոսիոյ հովիւ Մոմիկ քհնյ. Հապէշեանը:

Ընդունելութիւնը սկիզբ առաւ Քուէյթի ու Կիպրոսի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք դեսպանը  պաշտօնական իր խօսքն ու երկրի նախագահին անունով շնորհակալութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ հրաւիրեց հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ, նախարար Ճորճ Փափանասթասիուն, որպէսզի իր խօսքը ուղղէ ներկաներուն:

Պաշտօնական հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ ճաշկերոյթ-հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին կաթողիկոսական փոխանորդը կիպրահայ գաղութին անունով շնորհաւորեց ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց դեսպանին: Ան նաեւ պատեհութիւնը ունեցաւ ծանօթանալու եւ զրուցելու նորանշանակ ու հին դեսպաններու, հոգեւորականներու եւ քաղաքական անձնաւորութեանց հետ:

Իրաք

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ընտրութիւն

24 փետրուարին կայացաւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ընտրութիւնները` յաջորդ քառամեայ շրջանի մը համար:

Յառաջիկայ չորս տարիներու ծառայութեան համար ընտրուեցան հետեւեալ հայորդիները.

Կարապետ Գալուստեան (ատենապետ), Րաֆֆի Եորկոյեան (փոխատենապետ), Պերճ Թիւֆենկճեան (ատենադպիր), Սօսիկ Թորոսեան (գանձապահ), Էտմոն Տէր Մովսէսեան (փոխատենադպիր), Խաչիկ Ատոմեան եւ Շանթ Յարութիւնեան:

 

 

 

 

Նախորդը

Քանի Մը Տողով

Յաջորդը

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակի Առիթով) Ա. Մաս

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 9, 2025
Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ

Հոկտեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?