Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Նկարիչ Ստեղծագործողներ` Նահատակուած 2020 Թ. Արցախեան Պատերազմում

March 22, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ, ՀԲԸՄ-ի «Փիւնիկ» հիմնադրամին միջոցներով 2022-ին լոյս տեսաւ «Նկարիչ ստեղծագործողներ` նահատակուած 2020 թ. Արցախեան պատերազմում» գիրքը, բաղկացած` 184 էջերէ: Ծրագիրը նախաձեռնած եւ համակարգումը կատարած է Լուսինէ Քարամեան: Պատկերագիրքը կազմած եւ հեղինակած է Արա Հայթայեան:

Արա Հայթայեան կ՛ըսէ, որ պատկերագիրքին նպատակն է ներկայացնել 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած արուեստագէտներն ու անոնց ստեղծագործութիւնները:

Ներկայացուած արուեստագէտներն են` Գոռ Աւագեան, Գոռ Աւետիքեան, Գէորգ Արշակեան, Արտակ Բարսեղեան, Անդրանիկ Գրիգորեան, Մորիս Գրիգորեան, Արտակ Թովմասեան, Աժդահակ Կիրակոսեան, Խորէն Հաջաթեան, Արման Յարութիւնեան, Համլէտ Յովհաննիսեան, Յարութիւն Ղազարեան, Արմէն Գրիգորեան, Յովհաննէս Մազմանեան, Հայկ Նալբանդեան, Վիգէն Մուրադեան, Միսակ Մկրտչեան, Արամ Պօղոսեան, Էդգար Տօնականեան եւ Տարօն Ֆիլիպոսեան:

Գոռ Աւետիքեանի վաղ շրջանի աշխատանքներէն է «Միայնակ ծառը»: Եզակի աշխատանք է «Թռիչք քաղաքի վրայով»-ը, «Թէյնիկով եւ շերեփով նատիւրմորտը» արժանի է յատուկ ուշադրութեան, իսկ «Խաղացող երեխաները» կտաւը մանկութեան յուշերու խտացումն է:

Գէորգ Արշակեան ուսումնասիրած է մարդը պատկերելու արուեստը եւ փորձած է պատկերել իր աշխարհը, կենսագրութեան յուշերը, ընտանիքի եւ գիւղի կենցաղը:

Արտակ Բարսեղեան իր ուժերը փորձած է կերպարուեստի, խեցեգործութեան, գրականութեան, բանաստեղծութեան եւ գեղանկարչութեան մէջ: Պատկերած է յատկապէս բնանկարներ:

Անդրանիկ Գրիգորեան նկարչութեան կողքին հետաքրքրուած էր նաեւ փայտարուեստով եւ ոսկերչութեամբ: «Քրիստոսի խաչելութիւնը» գծանկարին մէջ փորձած է համադրել աւետարանական քանի մը պատկեր` Տիրոջ Ծնունդէն մինչեւ խաչելութեան խորհուրդ:

Մորիս Գրիգորեան զինք շրջապատող իւրաքանչիւր իրի կամ նիւթի մէջ տեսած է շարժում, անընդհատ վերափոխուելու եւ արուեստի նիւթի փոխուելու ներուժ:

Արտակ Թովմասեանի գեղանկարները հարուստ են գունային լուծումներով եւ անբռնազբօս վրձնահարուածներով:

Աժդահակ Կիրակոսեան նկարներուն բնորոշ է թեթեւ, ուսումնասիրական մօտեցումը: Յատկապէս սիրով եւ զննելով նկարած է փուշը, ծաղիկները եւ միրգերը:

Համլէտ Յովհաննիսեան բացի իր անհատական ստեղծագործութիւններէն, կատարած է կրկնօրինակներ հանրայայտ նկարիչներու գործերէն:

Յարութիւն Ղազարեան մտածած է վերացական ձեւերով` նախընտրելով գունային երանգներ` դեղին, սեւ, կապոյտ եւ սպիտակ:

Արմէն Գրիգորեան ինքզինք դրսեւորած է գծանկարի եւ գունանկարի մէջ:

Յովհաննէս Մազմանեան հետաքրքրուած էր իրեն ժամանակակից երիտասարդի կերպարով, երազներով եւ կեանքի փիլիսոփայութեամբ:

Հայկ Նալբանդեանի երեւակայական բնանկարները պատկերուած են բնութենէն տեսածի եւ երեւակայութենէ քաղուածքի համադրութեամբ:

Վիգէն Մուրադեան իր գեղանկարներուն մէջ իրերու կառուցուածքէն եւ ոճէն բացի փորձած է պատկերել ճշգրիտ նիւթը:

Միսաք Մկրտչեանի գեղանկարները նրբաճաշակ են, ուսումնասիրուած է իւրաքանչիւր առարկայի ձեւը, համաչափութիւնը եւ գունային բնութագիրը:

Արամ Պօղոսեան հակում ունէր գրական ստեղծագործութիւններ նկարազարդելու:

Էդգար Տօնականեան նկարած եւ ստեղծագործած է տարբեր նիւթերով: Վրձնահարուածները անմիջական են եւ կառուցողական:

Տարօն Ֆիլիպոսեան իր նկարներուն մէջ հակում ունեցած է խորանալու առարկաներու կառուցուածքային, լուսաստուերային եւ ծաւալային մշակման վրայ:

Պատկերագիրքին մէջ, բացի ստեղծագործութիւններու վերատպութիւններէն, կան նաեւ լուսանկարներով ներկայացուած մանկութեան եւ պատանեկութեան միջավայր, հայրենի տուն ու այգի, անհատական իրեր եւ ստեղծագործելու պարագաներ:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հայ Կրթութեան Ու Մշակոյթի Ոլորտի Երախտաւորներու Պարգեւատրում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.