Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Մէջ

Մարտ 20, 2023
| Գաղութէ Գաղութ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

 Եղբայրական Հանդիպում
Յունաստանի Եկեղեցւոյ Պետին Հետ

Երեքշաբթի, 14 մարտ 2023-ին Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, ուր ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.-ին կողմէ:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր սերտ յարաբերութեան ու գործակցութեան: Ան ըսաւ, որ պատմութեան ընթացքին, պայմաններու բերումով, աստուածաբանական տարբեր մօտեցումներ ու մեկնաբանութիւններ բաժնեցին մեր եկեղեցիները, սակայն հիմնական հարցերու շուրջ մենք որդեգրեցինք նոյն մօտեցումները: Շարունակելով իր խօսքը` կաթողիկոսը ըսաւ, որ այսօր մենք կը գործակցինք մեր հաւաքական արժէքներուն եւ Ցեղասպանութեան առնչուած մեր դատին գծով: Մեր սերտ գործակցութիւնը չէ սահմանափակուած Յունաստանի սահմաններէն ներս, այլ գոյութիւն ունի հոն, ուր հայ եւ յոյն գաղութներ կան: Հայրապետը յիշելով անցնող շաբաթներուն տեղի ունեցած շոգեկառքի արկածը` իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնեց արք. Երոնիմոս Բ.-ին: Իր խօսքի աւարտին վեհափառը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց հայ համայնքին նկատմամբ Յոյն եկեղեցւոյ ցուցաբերած աջակցութեան ու նախանձախնդրութեան համար:

Երոնիմոս արքեպիսկոպոս, իր կարգին, յատուկ կերպով ողջունեց վեհափառ հայրապետին Յունաստան այցելութիւնը: Ան յիշեց հայրապետին դերը միջեկեղեցական աշխարհին եւ աստուածաբանական երկխօսութեանց զարգացման մէջ: Արքեպիսկոպոսը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութեանց եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց շրջանի եկեղեցիներուն: Խօսելով Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներու մասին` ան յիշեց, որ պատմական կապերով ամրապնդուած են մեր եկեղեցիներուն գործակցութիւնը: Արքեպիսկոպոսը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Յունաստանի զարգացման ու յառաջդիմութեան մէջ յունահայութեան բերած դրական մասնակցութեան:

Երկու հոգեւոր պետերու պաշտօնական խօսքերու աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Այցելութիւններ`
Յունաստանի Հայ Գաղութէն Ներս

Յունաստանի հայոց թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Հայ աւետարանական եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր պատասխանատուներուն եւ շրջեցաւ հայկական դպրոցները:

Ան այցելեց Ազգային Զաւարեան վարժարան, ուր աշակերտութիւնը հայերէն երգերով, ասմունքներով ու պարերով գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը ներկայացուցին: Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հայրապետին մօտէն ծանօթացուց վարժարանին կատարած աշխատանքները ու հետագայ ծրագիրները: Կաթողիկոսը բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչաց կազմը` անոնց ազգանուէր գործունէութեան համար: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ հայ դպրոցը նուիրական հաստատութիւն է. հետեւաբար գիտակցութեամբ պէտք է հայ դպրոցին մօտենանք, որովհետեւ մեր ազգի ապագան կախեալ է հայ դպրոցէն: Հայրապետը հայակերտման անհրաժեշտութիւնը վեր առնելով` շեշտեց, որ հայ դպրոցը միայն ուսում ջամբող հաստատութիւն չէ. հայ դպրոցը սրբավայր է` հայը ճշմարտօրէն եւ գիտակցօրէն հա՛յ դարձնելու լծուած:

Ապա հայրապետը այցելեց Յունաստանի հայ աւետարանական համայնքի կեդրոնը: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին հայ աւետարանական համայնքի հոգեւոր պետ վեր. Վիգէն Չոլագեան կաթողիկոսին պարզեց համայնքին ներկայ կացութիւնը: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց վեր. Չոլագեանի աշխուժ ու գործօն ծառայութիւնը հայ գաղութի կեանքին մէջ:

Նոյն օրը հայրապետը այցելեց Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարան, ուր եւս աշակերտութիւնը հրամցուց գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Աւարտին կաթողիկոսը բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչաց կազմը` հայակերտումի նուիրական աշխատանքին անոնց բերած կարեւոր նպաստին համար: Վեհափառը իր հայրական խօսքին մէջ ըսաւ, որ հայ դպրոցը սովորական դպրոց մը չէ, ուր միայն գիտելիք կ՛ամբարենք, այլ հոն կը բացուինք մեր արժէքներուն ու ձգտումներուն: Հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտը հայօրէ՛ն կը կազմաւորուի: Ահա թէ ինչո՛ւ դաստիարակիչ դեր ունի հայ դպրոցը: Այս գիտակցութեամբ մենք պէտք է մօտենանք հայ դպրոցին: Սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ, ջարդերէն ետք, եկեղեցւոյ կողքին, հայ դպրոցը դարձաւ մեր գոյութեան ամրոցը: Ուստի ամէն գնով պէտք է կենսունակ ու աշխուժ պահել հայ դպրոցը:

Վերջապէս, վեհափառ հայրապետը այցելեց Յունաստանի հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, ուր համայնքի առաջնորդ Յովսէփ ծ. վրդ. Պէզազեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ կաթողիկոսին հովուական բազմաբեղուն ծառայութեան: «Եղաք բարի հովիւ` դառնալով ժողովուրդին ցաւակից ու յուսադրելով զայն. եղաք քաջ հովիւ` պաշտպանելով հայ ազգի հաւատքն ու լեզուն. եղաք հայր` երթալով մանուկներուն ու երիտասարդներուն, ձեռք երկարելով աղքատներուն ու կարիքաւորներուն. եղաք արի հովիւ` պահանջելով հայ ազգի ու եկեղեցւոյ արդար իրաւունքները: Ուստի կրնանք վկայել, որ Քրիստոսի օրինակին հետեւելով` ընծայեցիք Ձեր անձը` Ձեզի յանձնուած հօտին», ըսաւ առաջնորդ հայր սուրբը:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ դաւանական տարբերութիւններէն անդին` մենք կը պատկանինք մէկ եկեղեցւոյ` Քրիստոսի եկեղեցւոյ, եւ տեղայնական տարբերութիւններէն անդին` կը պատկանինք մէկ ազգի, ո՛ւր որ ալ ըլլանք: Այս միութեան մէջ է քրիստոնէական ու ազգային մեր զօրութեան աղբիւրը: Անդրադառնալով Յունաստանի հայ երեք համայնքներուն միջեւ գոյացած գործակցական սերտ յարաբերութեանց` կաթողիկոսը ըսաւ. «Այստեղ` Յունաստանի մէջ, մեր երեք համայնքները ոչ միայն սովորական իմաստով յարաբերութիւն մշակած են իրարու հետ, այլ եղբայրական ջերմ սիրով ու սերտ գործակցութեամբ կ՛աշխատին` ի խնդիր գաղութի ծաղկման ու հզօրացման: Հետեւաբար կ՛ողջունենք երեք համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն կատարած եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութիւնը»:

Հանդիպման ընթացքին Յովսէփ ծ. վրդ. Պէզազեան, կաթողիկոսին ներկայացուց հայ կաթողիկէ համայնքին ներկայ իրավիճակը:

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Դասախօսութիւնը
Աթէնքի Համալսարանին Մէջ

14 մարտ 2023-ի երեկոյեան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հրապարակային դասախօսութիւն մը տուաւ Աթէնքի համալսարանին մէջ` իբրեւ նիւթ ունենալով Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին Յոյն եկեղեցւոյ հետ ունեցած յարաբերութիւնը եւ քրիստոսաբանական մօտեցումը: Դասախօսութեան ներկայ էին համալսարանի  նախագահը, աստուածաբանական բաժնի տնօրէնը, փրոֆեսէօրներ, դոկտորայի ուսանողներ եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ:

Համալսարանի նախագահին ու աստուածաբանական բաժնի տնօրէնին բարի գալուստի խօսքէն ետք վեհափառ հայրապետը իր դասախօսութեան սկիզբը շեշտեց համալսարանին դերը ընկերութեան կեանքին մէջ եւ պատմութեան ընթացքին Յունաստանի կատարած ներդրումը մարդկային մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան մէջ: Ապա անդրադառնալով օրուան դասախօսութեան նիւթին` հայրապետը ըսաւ, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայ եկեղեցւոյ բազմատաղանդ հայրապետներէն մէկը եղած է. իբրեւ աստուածաբան, բանաստեղծ եւ երաժիշտ` իր առանցքային ներդրումը ունեցած է մեր եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին ու աստուածաբանական մտածողութեան մէջ:

Վեհափառը իր խօսքը կեդրոնացուց Շնորհալի հայրապետին յոյն եկեղեցւոյ հետ ունեցած միջեկեղեցական յարաբերութեանց վրայ: Ընդհանուր ակնարկով թուելէ ետք յիշեալ յարաբերութեանց զանազան հանգրուանները, եկեղեցւոյ միութեան հարցով Յոյն եկեղեցւոյ պայմաններն ու Շնորհալի հայրապետին պատասխանները, ան ծանրացաւ քրիստոսաբանութեան եւ յատկապէս Քրիստոսի աստուածային ու մարդկային բնութեանց փոխյարաբերութեան վրայ: Վեհափառ հայրապետը յստակօրէն պարզեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի քրիստոսաբանական մօտեցումը` միաժամանակ յայտնելով, որ ան փորձած է որոշ կէտերու մէջ հասարակաց շեշտաւորումներ տեսնել Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներու քրիստոսաբանական հասկացողութեանց մէջ: Այս ծիրէն ներս նորին սրբութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ Հայ եկեղեցին monophysite չէ, ինչ որ Յոյն եկեղեցին մինչեւ այսօր կը կարծէ, այլ Հայ եկեղեցին miaphysite է, եւ այս երկու ըմբռնումներուն մէջ տարբերութիւնը մեծ է:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր դասախօսութիւնը եզրակացուց երկու մէջբերումներ կատարելով քաղկեդոնական եւ ոչ քաղկեդոնական եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցած աստուածաբանական երկխօսութեան յայտարարութենէն եւ Տիեզերական Պատրիարք Աթենակորասի մէկ վկայութենէն, որոնք տարբեր մօտեցումներով կ՛ըսեն, որ քաղկեդոնական եւ ոչ քաղկեդոնական եկեղեցիներու մօտեցումներուն միջեւ բովանդակային տարբերութիւններ չկան, այլ կայ բառապաշարի տարբեր գործածութիւն: Ապա վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ երէկ կամ այսօր, այն, ինչ որ երկար քննարկումներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք կ՛եզրակացնենք, Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետը պարզ ու յստակ բացատրութիւններով յայտնած է 12-րդ դարուն:

 

 

Նախորդը

Աւելի Քան 600 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի Կալա 2023-ին` 550 Հիւրերով

Յաջորդը

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?