Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքներ Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

Մարտ 20, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Այս լուրը եւ յօդուածը ի մասնաւորի ուղղուած է Հայաստանի այժմու անարժան իշխանութեան եւ անոնց հետեւորդներուն, որոնք Իսրայէլի հետ, որ կը զինէ թշնամի Ազրպէյճանը, միակողմանի «սիրաբանութիւն կը խաղան» եւ 44-օրեայ պատերազմէն քանի մը օր առաջ յիմարօրէն դեսպանատուն բացին այնտեղ, ապա 10 օր ետք, խայտառակուած` ետ գոցեցին, երբ իսրայէլեան զէնքերը եւ շատ հաւանաբար մասնագէտները հայութեան դէմ ջարդեր սարքեցին, մինչ Իսրայէլ Ազրպէյճանի ժողովուրդը «Լեռնային հրեաներ» կը նկատէ…

«Ազդակ»-ի 7 մարտ 2023-ի համարին մէջ նշուած իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին վերոնշեալ խորագիրով լուրը պիտի մանրամասնեմ յաւելեալ կարեւոր տուեալներով: Աւի Շարֆ եւ Օտետ Եարոն երկար յօդուած մը գրած են այս մասին (1), որ անգլերէն կայքէջէն կը թարգմանեմ ստորեւ, իմ լուսաբանութիւններովս*: Իսրայէլ-Ազրպէյճան հակահայ ռազմական սերտ գործակցութեան մասին արդէն երեք առիթով անդրադարձած էի. Ա. 5 յուլիս 2016-ին` «Ապրիլեան պատերազմին իսրայէլեան գործօնը» (2), Բ. 14 յուլիս 2020-ին` «Ազրպէյճան-Իսրայէլ զինուորական սերտ գործակցութիւնը» (3) եւ Գ. 13 նոյեմբեր 2021-ին` ««Պաքուի անվտանգութիւնը մեզի համար Թել Աւիւի անվտանգութեան չափ կարեւոր է», կ՛ըսէ Ուզի Արատ», (4):

«Հաարեց»-ի ենթախորագիրները.

– «Հաարեց»-ի հետաքննութիւնը կը բացայայտէ տասնեակներով դէպի Պաքու բեռնափոխադրումներ իսրայէլեան օդակայանէ մը, որ կը գործածուի պայթուցիկ նիւթերու արտածումի համար:

– «Իսրայէլը Ազրպէյճանին միլիառաւոր տոլար արժող զինատեսակներ կը վաճառէ, որուն փոխարէն, ըստ աղբիւրներու, կը ստանայ քարիւղ եւ մուտք դէպի Իրան:

– «Ազրպէյճանի ու միւս կողմէ` Իրանի եւ Հայաստանի դէմ լարուածութիւնը վերջին շրջանին շատ սրած է:

«Անցեալ հինգշաբթի (2 մարտ 2023*) ազերիական բեռնատար օդանաւ մը վայրէջք կատարեց  Էլաթէն հիւսիս, Օվտա զինուորական օդակայանին մէջ: Երկու ժամ ետք, ինչպէս միշտ, հին «Իլիուշին-76» օդանաւը թռիչք առաւ կեդրոնական Իսրայէլի վրայով, շարունակեց հիւսիս` Թուրքիոյ վրայով, այնուհետեւ դէպի արեւելք (Վրաստանի վրայով*)` վերադառնալով իր հայրենի օդակայանը` Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու:

«Հաարեց»-ի հետաքննութիւնը, որ հիմնուած է հանրութեան հասանելի թռիչքային տուեալներու վրայ, ցոյց կու տայ, որ վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին ազրպէյճանական «Սիլք ուէյ» (Silk Way Airlines) ընկերութեան կողմէ կատարուած 92 բեռնատար թռիչքներ վայրէջք կատարած են Օվտա խարիսխ` Իսրայէլի միակ օդակայանը, ուրկէ կարելի է պայթուցիկ նիւթեր արտածել:

«Իսրայէլը ռազմավարական դաշինք կնքած է Ազրպէյճանի հետ վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին (աւելի նուազ տարողութեամբ` նաեւ Վրաստանի հետ, որուն զէնք կը մատակարարէ եւ զինուորները կը մարզէ*) եւ մեծամասնութեամբ շիա այդ երկրին կը վաճառէ միլիառաւոր տոլարի զինամթերք, որուն դիմաց Ազրպէյճանը, ըստ աղբիւրներու, Իսրայէլին քարիւղ կը մատակարարէ եւ դէպի Իրան (գաղտնի*) մուտք կ՛ապահովէ:

«Ըստ օտար լրատուամիջոցներու, Ազրպէյճանը Մոսատին (իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւն*) արտօնած է ստեղծել մասնաճիւղ մը` լրտեսելու Ազրպէյճանի հարաւի դրացի Իրանը, նոյնի՛սկ յատուկ օդակայան պատրաստած է, որ նախատեսուած է Իսրայէլին օգնելու, եթէ ան որոշէ յարձակիլ Իրանի կորիզային վայրերուն վրայ: Երկու տարի առաջ կ՛ըսուէր, որ Մոսատի գործակալները, որոնք գողցան Իրանի միջուկային ծրագիրին արխիւը, Ազրպէյճանի վրայով մաքսանենգած եւ Իսրայէլ հասցուցած են գողօնը: Ըստ Ազրպէյճանի պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն, տարիներու ընթացքին, Իսրայէլը անոր վաճառած է ամէնէն արդիական սպառազինութեան համակարգեր` կառավարելի հրթիռներ, հակաօդային պաշտպանութեան եւ ելեկտրոնային պատերազմի համակարգեր, անձնասպանական եւ ոչ` անօդաչու սարքեր (լէյզըրով ուղղորդուող հակահրասայլային հրթիռներ*) եւ աւելին:

1. Ազերիական Իլիուշին-76 բեռնատար օդանաւին 2016-2023 թուականներուն, 92 թռիչքները Իսրայէլէն դէպի Պաքու: Բոցերը ցոյց կու տան Արցախի եւ Հայաստանի դէմ պատերազմները կամ ընդհարումները, իսկ թիւերը թռիչքներն են:

«Սիլք ուէյ»-ը Ասիոյ մեծագոյն բեռնափոխադրող օդանաւային ընկերութիւններէն է, եւ ըստ պաշտօնական փաստաթուղթերուն, կը ծառայէ իբրեւ ենթակապալառու` աշխարհի զանազան պաշտպանութեան նախարարութիւններու:

Ընկերութիւնը շաբաթական երեք թռիչք կ՛իրականացնէ Պաքուի եւ Թել Աւիւի Պեն-Կուրիոն միջազգային օդակայանին միջեւ, Boeing 747 բեռնատարներով, իսկ անցեալ տարի` ծաւալով, Պեն Կուրիոնի երրորդ ամենամեծ օտար բեռնափոխադրողն էր: Սակայն, առաջին անգամ ըլլալով, բացայայտուած թիւերը ցոյց կու տան, որ 2016-էն  ի վեր ընկերութեան IL-76 օդանաւերը առնուազն 92 անգամ վայրէջք կատարած են  Օվտա օդակայան, որ քաղաքացիական բեռնատար օդանաւերու համար անսովոր վայր է:

«Սիլք ուէյ»-ը այն շատ քիչ ընկերութիւններէն է, որ վայրէջք կը կատարէ Օվտա: Տարիներու ընթացքին միայն քանի մը արեւելեան եւրոպական օդանաւային ընկերութիւններ, որոնք պայթուցիկ նիւթեր կը փոխադրէին, գործածած են Օվտան: «Սիլք ուէյ»-ը 2018-ին չեխ լրատուամիջոցներու հետաքննութեան առարկան  դարձաւ, քանի որ Ազրպէյճանին արգիլուած (չեխական*) զէնքեր վաճառելու համար գործածած էին Իսրայէլի այս խարիսխը (Իսրայէլ յաճախ ինքզինք միջազգային օրէնքներէն եւ որոշումներէն վեր կը համարէ*) (3):

«Հոկտեմբեր 2013-ին Իսրայէլի Քաղաքացիական օդանաւային վարչութեան ղեկավար Կիորա Ռոմը բացառութիւն մը ընդունեց, որ կ՛արտօնէ «Սիլք ուէյ» օդանաւերուն սաւառնիլ պայթուցիկ նիւթերով, որոնք «դասուած են իբրեւ վտանգաւոր եւ արգիլուած նիւթեր», Օվտայէն դէպի Պաքուի ռազմական օդակայան: Այս բացառութիւնը, որ այն ժամանակ տեղադրուած էր Քաղաքացիական օդանաւային վարչութեան կայքէջին մէջ, կը պահանջէր անվտանգութեան խիստ պայմաններ եւ կը ներառէր ազրպէյճանական օդանաւերուն ցանկը, որոնց արտօնուած էր Օվտայէն Ազրպէյճան պայթուցիկ նիւթեր փոխադրել:

2. Իսրայէլի հարաւը` Օվտա ռազմական օդակայանը: 3. Ազերիական զինամթերք փոխադրող օդանաւին ուղին, որ Վրաստանի վրայէն ալ կ՛անցնի: Վրաստան ստապատիր` հերքեց այս լուրը, քանի որ արգիլա՛ծ էր դէպի Հայաստան ռազմամթերքի մատակարարումը:

«Տուեալները ցոյց կու տան դէպի Պաքու թռիչքներու աճը, յատկապէս` 2016-ի կէսերուն, 2020-ի վերջին եւ 2021-ի վերջին, որոնք կը զուգադիպին Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմներու ժամանակաշրջաններուն: Ազրպէյճանն ու Հայաստանը 20-րդ դարու սկզբէն ի վեր բազմիցս պատերազմած են իրենց միջեւ այս վիճելի տարածաշրջանին համար, առաւել եւս` այն ժամանակ, երբ երկու երկրներն ալ անկախացան Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք:

«Այս թռիչքներէն քանի մը հատը վայրէջք կատարած են Օվտա` Ազրպէյճանի  պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական անցախօսով: 2016-ին «Սիլք ուէյ»-ին բացառութիւն մը եւս տրուեցաւ` շարունակելու թռիչքները, հակառակ անոր որ օդանաւերը չէին համապատասխանէր իսրայէլեան օդային աղմուկի չափանիշներուն:

«Հասարակաց թշնամի, (Հայաստան եւ Իրան*) ռազմավարական դաշինք.

«Լեռնային Ղարաբաղը շարք մը միջերկիրներէն ամենայայտնին է, որ պատմութեան ընթացքին (1918-էն ի վեր*) պատճառած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կնճռոտ յարաբերութիւններ: Խորհրդային վարչակարգը համեմատաբար յաջողած էր նուազեցնել լարուածութիւնը քրիստոնեայ հայ բնակչութեան եւ շիա իսլամ ազրպէյճանցիներուն միջեւ (երբե՛ք կրօնական հարց չէ եղած, այլ` ցեղային եւ պատմական իրաւունքի*), սակայն 1988-ին Լեռնային Ղարաբաղի (ինքնավար մարզի*) խորհրդարանը հանրաքուէ կատարեց Ազրպէյճանէն դուրս գալու եւ Հայաստանին միանալու»: *Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի իրաւազրկուած հայ բնակչութիւնը 1963-ին արդէն, օրէնքով սահմանուած կարգով, սկսաւ պահանջել դուրս գալ Խորհրդային Ազրպէյճանի «հոգատարութենէն» (5)*:

«Այս քայլը բռնութիւններ պատճառեց, որ դարձաւ Պաքուի եւ Ազրպէյճանի  այլ քաղաքներուն մէջ հայերու ջարդեր եւ նմանատիպ գործողութիւններ ազերի բնակչութեան դէմ»* այս մէկը սուտ է: Հայերը միայն ինքնապաշտպանութեան դիմած էին ջարդարար խուժանին եւ զանոնք առաջնորդող ՕՄՕՆ-ին (Խորհրդային Ազրպէյճանի  Ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժեր) դէմ (6)*:

«Երբ Խորհրդային Միութիւնը փլուզուեցաւ, հակամարտութիւնը վերածուեցաւ բաց եւ արիւնալի պատերազմի, որ յանգեցուց 1994-ի Հայաստանի (հայ ժողովուրդի*) բացայայտ յաղթանակին, որ վերահսկողութեան տակ առաւ միջերկիրը եւ զայն շրջապատող մեծ տարածքներ (իր պատմական հողերը*): Երկու կողմերէն հարիւր հազարաւոր գաղթականներ վտարուեցան կամ ստիպուեցան իրենց կեանքին համար փախչիլ: Դաժան հակամարտութիւնը երկու կողմերուն ենթարկեց պատժամիջոցներու, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ արտածումի խիստ սահմանափակումի (ռազմական նիւթերու*):

«Նախագահ Իլհամ Ալիեւը իր հօրմէն` Հայտար Ալիեւէն ժառանգելով պաշտօնը, ամուր ձեռքով կառավարած է Ազրպէյճանը, եւ անոր վարչակարգը քաղաքացիական իրաւունքները ճնշելու եւ ընդդիմադիրները ձերբակալելու երկար պատմութիւն ունի: 2017-ին Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը զեկոյց  մը հրապարակեց` դատապարտելով երկրին «սեռային ազատութեան» համայնքին վիճակը, որ կը տառապին հետապնդումներէ, խտրականութիւնէ, անհետացումներէ,  ձերբակալութիւններէ, չարչարանքներէ, խոշտանգումներէ եւ սպանութիւններէ:

«Այս պատժամիջոցները առեւտուրի եւ ռազմավարական հնարաւորութիւն ընձեռեցին անսպասելի գործընկերոջ` Իսրայէլի համար: Քանի որ Ազրպէյճանն ալ Իրանը կը նկատէ իբրեւ ուղղակի սպառնալիք, ամրապնդեց Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները: Երբ Ազրպէյճան իր անկախութիւնը հռչակեց հոկտեմբեր 1991-ին, Իսրայէլը առաջին երկիրներէն էր, որ ճանչցաւ նոր երկիրը` 1993-ին Պաքուի մէջ դեսպանութիւն բանալով (նաեւ Վրաստանի մէջ, սակայն, ո՛չ Հայաստանի մէջ*):

««Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները ծածուկ են, սակայն` սերտ», գրած է Պաքուի ամերիկեան դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական բաժինի ղեկավար Ռոպ Կարվըրիք (Rob Garverick) 2009-ի հեռագիրին մէջ, որ Ուիքիլիքսը հրապարակեց: «Իւրաքանչիւրին համար կը նոյնանան աշխարհաքաղաքական դժուարութիւնները, եւ երկուքն ալ Իրանը իրենց գոյութեան սպառնալիք կը նկատեն:

Իսրայէլի համաշխարհային մակարդակի պաշտպանութեան արդիւնաբերութիւնը, որ իր յաճախորդներուն նկատմամբ հանգիստ վերաբերում ունի, կը յարմարի Ազրպէյճանի էական պաշտպանութեան (եւ յարձակողական*) կարիքներուն, որոնք չեն տրամադրուիր Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ (սխալ է, Ռուսիան երկու կողմերն ալ զինած է եւ կը զինէ*) կողմէ` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած զանազան պատճառներով:

«Նախագահ Ալիեւի կողմէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնը պատշաճ կերպով նկարագրուած է իբրեւ սառցալեռ մը, որուն 90 տոկոսը կը գտնուի ջուրին տակ: Այս ծածուկ յարաբերութիւնները նաեւ կը բացայայտեն Իսրայէլի կողմէ Ազրպէյճանի քաղաքական զգուշաւոր դիրքին ճանաչման, միջազգային ատեաններուն մէջ, ուր ան անդամ է Իսլամական կազմակերպութեան եւ այլն: Ազրպէյճանի տնտեսութիւնը հիմնուած է քարիւղի եւ բնական կազի վրայ, եւ իբրեւ պայման իր ռազմավարական դաշինքին, ան Իսրայէլի քարիւղի ամենամեծ մատակարարը դարձած է` անոր կարիքներուն շուրջ կէսը հայթայթելով:

«Անկախութեան առաջին տարիներուն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յոյսը խորհրդային զինանոցն էր, սակայն, Սթոքհոլմի Խաղաղութեան միջազգային հիմնարկին տուեալներով, 2016-էն սկսեալ իրավիճակը փոխուած է, եւ Իսրայէլը կը մատակարարէ Ազրպէյճանի սպառազինութեան շուրջ 70 տոկոսը (7):

«Ազրպէյճանէն բազմաթիւ պաշտօնական զեկոյցներ, յայտարարութիւններ եւ տեսանիւթեր ցոյց կու տան, որ Իսրայէլը անոր ծախած է սպառազինութիւններու շատ լայն տեսականի` սկսելով «Թաւոր» հրացաններէն մինչեւ ամենաբարդ համակարգեր, ինչպիսիք են` ռատիոտեղորոշիչներ, հակաօդային պաշտպանութեան սարքեր, հակահրասայլային հրթիռներ, կառավարելի հրթիռներ, նաւեր եւ անօդաչուներու լայն տեսականի` հետախուզական ու յարձակումի համար:

«Իսրայէլեան ընկերութիւններ նաեւ մատակարարած են արդիական լրտեսական սարքեր, ինչպիսիք են Verint-ի կապի համակարգերը եւ Pegasus ժողովուրդը լրտեսող ծրագիրները, գործիքներ, որոնք կը գործածուին Ազրպէյճանի  լրագրողներուն, սեռային զանազանութեան համայնքներուն, մարդկային իրաւունքի ջատագովներուն եւ իրաւապաշտպաններուն դէմ (նաեւ` ընդդիմադիրներուն դէմ*):

«Իսրայէլեան զէնքը կարեւոր դեր խաղաց, երբ Հայաստանի դէմ մարտերը վերսկսան երկու երկրներուն միջեւ 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին եւ յատկապէս 2020-ի երկրորդ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ընթացքին, ինչպէս նաեւ` 2022-ի (Հայաստանի դէմ*) մարտերուն: «Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ բարձր մակարդակի եւ ճշգրիտ սպառազինութիւններու, որոնց մէջ` իսրայէլեան արտադրանքներու եւ մասնաւորապէս անօդաչու թռչող սարքերու հմուտ գործածումը (նաեւ` իսրայէլացի մասնագէտներուն կողմէ*) կարեւոր դեր խաղաց ռազմական յաղթանակին հասնելու: Վստահ եմ, որ մեր երկկողմանի կապերը ալ աւելի կ՛ամրապնդուին եւ կը խորանան տարբեր մարզերու մէջ, Հայրենական պատերազմէն ետք», 2021-ի ապրիլին «Իսրայէլ Հայոմ» թերթին տուած հարցազրոյցին ըսաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը:

«Սթոքհոլմի խաղաղութեան միջազգային հիմնարկը կը նշէ, որ Իսրայէլի ռազմական արտածումը դէպի Ազրպէյճան սկսած է 2005-ին Իսրայէլի ռազմական արտադրութեան IMI Systems-ի կողմէ, Լինքս Lynx բազմակի հրթիռային համակարգերու վաճառքով, որուն հասողութիւնը 150 քմ է: Elbit Systems-ը, որ ձեռք բերաւ IMI-ն,  2018-ին, մատակարարած է նաեւ LAR-160 թեթեւ հրետանային հրթիռներ` 45 քմ հասողութեամբ, որոնք, ըստ Human Rights Watch-ի զեկոյցին, գործածուած են Ազրպէյճանի կողմէ (ոճրային, գունաւոր ժապաւէնով, որ հրապուրէ երեխաները*)` արգիլուած տարանջատուող ռումբեր կրակելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակելի թաղամասերուն վրայ:

«Հայաստանը նաեւ ռուսական տարանջատուող ռումբեր գործածած է եւ մեծ քանակութեամբ չպայթած ռումբեր մնացած են խաղաղ բնակավայրերու մէջ (նոյնն է պարագան Արցախի մէջ*): Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Չինաստանը եւ Իսրայէլը 2008-ի տարանջատուող ռումբերու մշակումն ու գործածումը արգիլող միջազգային համաձայնութեան հակառակորդներէն են, որ ստորագրած են 123 երկիրներ:

«Ազրպէյճան առաջին անգամ 2007-ին Aeronautics Defense Systems-էն 4 հետախուզական անօդաչու թռչող սարքեր գնեց, որ այսպիսի առաջին գնումն էր: 2008-ին  գնեց 10 «Հերմէս 450» անօդաչու թռչող սարքեր Elbit Systems-էն եւ Rafael Advanced Defense Systems-էն 100 «Սփայք» հակահրասայլային հրթիռներ, իսկ 2010-ին գնած է 10 հետախուզական անօդաչու թռչող սարքեր եւս: Elbit-ին պատկանող Soltam Systems-ը անոր վաճառած է ATMOS ինքնազօր հրացաններ եւ 120 միլիմեթրնոց Cardom ականանետներ, իսկ 2017-ին Ազրպէյճանի զինանոցը համալրուած է աւելի արդիական «Հանիթ» ականանետներով: Ուիքիլիքսի գաղտնազերծուած հեռագիրի մը համաձայն, 2008-ին` Tadiran-էն հաղորդակցութեան գերարդիական սարքերու վաճառք ալ կատարուած է:

11 մարտ 2023
haroutchekijian.wordpress.com

(Շար. 1)

*Լուսաբանութիւնները հեղինակին

  1. https://www.haaretz.com/israel-news/security-aviation/2023-03-06/ty-article-magazine/92-flights-from-israeli-base-reveal-arms-exports-to-azerbaijan/00000185-fd3d-d96e-adef-ff3dc38e0000
  2. https://www.aztagdaily.com/archives/302753
  3. https://www.aztagdaily.com/archives/477808
  4. https://www.aztagdaily.com/archives/528981
  5. https://en.wikipedia.org/wiki/Nagorno-Karabakh_War#Armenian.E2.80 )

https://www.al-monitor.com/originals/2023/03/israel-exporting-arms-azerbaijan-tensions-soar-armenia-report

  1. https://www.aztagdaily.com/archives/313048
  2. https://www.sipri.org/commentary/topical-backgrounder/2021/arms-transfers-conflict-zones-case-nagorno-karabakh
Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 18 Մարտ 2023)

Յաջորդը

Աւելի Քան 600 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի Կալա 2023-ին` 550 Հիւրերով

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?