Աւելի քան 600.000 հազար տոլար հանգանակուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու «Կալա 2023»-ին, որ տեղի ունեցաւ մարտ 12-ին «Տաղլեան» սրահին մէջ եւ նշուեցաւ շրջանի հիմնադրութեան 40-ամեակը: Ներկայ էին ՀՕՄ-ի` Արցախի, Հայաստանի, Ջաւախքի, Լիբանանի եւ երկրաշարժէն աւերուած Սուրիոյ համահայկական աշխատանքներուն զօրակցող 550 հիւրեր, ներառեալ` ընտրուած քաղաքական դէմքեր, գաղութի ղեկավարներ, ուղեկից եւ տեղական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի անդամներ եւ ձեռնտու նուիրատուներ:
Տաթեւիկ Էքիզեանի եւ Վրոյր Թադեւոսեանի հանդիսավարութեամբ յայտագիրը սկսաւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով` թենոր Րաֆֆի Քերպապեանի կատարողութեամբ: Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան օրհնեց ՀՕՄ-ն ու ՀՕՄ-ի նուիրատուները` ըսելով. «Աստուածային օրհնութիւնը անպակաս մնայ ՀՕՄ-ի ընդհանրական կեանքէն, Կեդրոնական վարչութեան վրայէն, մեր շրջանի Շրջանային վարչութեան վրայէն եւ բոլոր մասնաճիւղերու վրայէն, որովհետեւ ՀՕՄ-ը իր եզակի նկարագրով եւ իր յատուկ առաքելութեամբ մեր ազգային, հայրենական ու Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք եւ ի սփիւռս աշխարհի շատ յատուկ անմրցելի ծառայութիւն կը կատարէ որուն համար մենք բոլորս կը խոնարհինք ՀՕՄ-ի ծառայութեան առջեւ»:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգելով յիշատակը Հայաստանի պաշտպանութեան զոհուած հերոսներուն եւ Սուրիոյ երկրաշարժի զոհերուն:
Պատուոյ հիւրերու շարքին էին` Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան (Արցախի նախկին առաջնորդ), առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Քանատայի արհիապատիւ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի ներկայացուցիչ Արմենակ վրդ. Պետրոսեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան եւ անդամներ Մարալ Մաթոսեան եւ Արուսեակ Մելքոնեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան եւ անդամներ, Հայ մշակութային հիմնարկութեան վարչութեան ներկայացուցիչ դոկտ. Միրէյ Համբարեան, Ազգային առաջնորդարանի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան:
Ընտրուած քաղաքական ներկայացուցիչներու կարգին էին` Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Անթոնի Փորթոնթինօ, Նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմըն, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի ներկայացուցիչ Աննա Մուրատեան, Արտաշէս Քասախեան` Կլէնտէյլ քաղաքի քաղաքապետը, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էլլեն Ասատրեան, Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զիզեթ Մալինզ, ինչպէս նաեւ` քոնկրեսական Ատամ Շիֆի ներկայացուցիչ Մարի Յովակիմեան:
ՀՕՄ-ի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան արտասանեց վարչութեան խօսքը` ըսելով. «Չորս տասնամեակներ շարունակ ՀՕՄ-ի մեր ակնառու միաւորը, իր նուիրեալ ընկերուհիներուն անխոնջ փաղանգով, հոգեկան ու ֆիզիքական անքակտելի կապերով ապրած է հայ ժողովուրդի մութ թէ լուսաւոր օրերուն մէջ: Շրջանս կարողացաւ իր նիւթական եւ բարոյական անընդհատ օգնութիւնը հասցնել հայրենի աղէտեալ շրջաններուն եւ սփիւռքի հայրենակիցներուն ու կը շարունակէ նոյն ոգիով»: Ան աւելցուց. «Վստահ եղէք, որ կը փափաքէի այս ձեռնարկին հասոյթը յատկացուէր մեր ամբողջական եւ միասնական հայրենիքի զարգացման, հայրենիքի բարգաւաճման եւ հայ ազգի բարօրութեան: Ցաւօք սրտի այս չէ այսօրուան իրականութիւնը: Պարտաւոր ենք մեր ուղղութիւնը կեդրոնացնել լայնածաւալ մեր աշխատանքներուն տեղական եւ միջազգային գետնի վրայ` հասնելու մեր ժողովուրդին կարիքներուն, վտանգուած հայրենիքին, տեղահան եղած ընտանիքներու, զոհուած ազատամարտիկներու ծնողազուրկ երեխաներու եւ այրիներու, աղէտէ տուժած Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ապրող անյոյս հայ ժողովուրդին եւ բազմազան այլ ծրագիրներու»:
Մարաշլեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկ. Ճեք եւ Զարիկ Եուրեճեաններուն, որոնք երկու յաջորդական տարիներ սրտաբուխ կերպով ստանցնեցին ՀՕՄ-ի կալա-ձեռնարկներու հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Եմենիճեան եւ Քուճաքեան ընտանիքներուն եւ ՀՕՄ-ի Լաս Վեկաս «Շուշի» մասնաճիւղի Վերժին Քուճաքեան շաբաթօրեայ վարժարանին, որոնք ի յիշատակ իրենց մօր եւ վարժարանի հիմնադրին` առատաձեռն եւ իշխանական նուիրատուութիւն կատարեցին նպաստելու կարեւորագոյն ծրագիրներու:
Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբին, որուն ատենապետութիւնը ստանձնած էր Անի Քէշիշեան եւ օգնութիւն ստացած` Շրջանային վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Ժասիկ Ջարահեանէն եւ Ընկերային ծառայութեան տնօրէն Դալար Այնթապլեանէն:
Մարաշլեան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Հաւատարիմ ըլլալով «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իր կարգախօսին, աւելի քան մէկ դար ապրած ՀՕՄ-ը, ձեռք ձեռքի տուած իր անհամար համակիրներուն ու իր ազգաշէն գործունէութեան զօրավիգ կանգնած հայ ժողովուրդին, անընկուն կամքով ու հաւատքով պիտի շարունակէ բարձր պահել մարդասիրական իր երկնագոյն դրօշը` մինչեւ մեր ազգային երազանքներու իրականացման պանծալի օրը»:
Մոմավառութեան արարողութիւնը առիթ տուաւ, որ յիշատակուին անոնք, որոնք եկան, գործեցին ու անցան, ինչպէս նաեւ` առիթ տալու, որ վերահաստատուի մեր յանձնառութիւնը ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը շարունակելու: Ցուցադրուեցան ՀՕՄ-ի շրջանի պատմութեան եւ ներկայ աշխատանքներուն վերաբերեալ տեսերիզ մը, նաեւ` հանգուցեալ Վերժին Գուճաքեանի յիշատակին նուիրուած տեսերիզ մը:
Վիքի Մարաշլեան յուշատախտակ մը յանձնեց ձեռնարկի հովանաւորներ տէր եւ տիկին Յակոբ (Ճեք) եւ Զարիկ Եուրեճեաններուն` իրենց շարունակական ներդրումներուն համար, որ այս տարի 50.000 տոլար էր: Բարերարը, որուն կողակիցը ՀՕՄ-ի «Կարս» մասնաճիւղի անդամ է, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերուն` ի նպաստ գաղութին իրենց կատարած հիանալի աշխատանքներուն համար:
Կալային գլխաւոր բարերարներ Եմենիճեան եւ Գուճաքեան ընտանիքեները նուիրած էին 250.000 տոլար` ի յիշատակ իրենց մօր` Վերժին Գուճաքեանի, որ ՀՕՄ-ի անդամ եղած էր եւ հայեցի կրթութեան ջատագով: Ձեռնարկին ընթացքին անակնկալ 25.000 տոլարի նուիրատուութիւն եւս յայտարարուեցաւ Ալեքս եւ Արտա Եմենիճեաններու որդիին` տէր եւ տիկ. Արմէն եւ Անուշ Եմենիճեաններուն կողմէ` ի յիշատակ իրենց մեծ մօր:
Վերժին Գուճաքեանի յիշատակի յուշատախտակը նախ փոխանցուեցաւ Արտա Եմենիճեանին, որ իր կարգին զայն փոխանցեց ՀՕՄ-ի Լաս Վեկաս` «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Սիրուն Պետիրեանին, որ ըսաւ, թէ իրենք շատ հպարտ են, որ իրենց Վ. Գուճաքեանը, որ 30 տարիներ առաջ Լաս Վեկասի անապատին մէջ սկսած էր ցանել հայ ազգի հոգի եւ հայապահպանման հունտեր, այսօր իրենց մէջ ունին անոր ցանած ծիլերը, որոնք իր հայապահպանման քայլերուն կը հետեւին` շարունակելով հայ լեզուի ու մշակոյթի փոխանցումը:
Գուճաքեան եւ Եմենիճեան ընտանիքներուն անունով խօսք առնելով` Արտա Եմենիճեանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իրենց մօր ժառանգութիւնը յարգող գեղեցիկ երեւոյթին համար` յիշելով, որ իրենց մայրը իր ժամանակակիցներէն յառաջադէմ էր, միշտ ինքնազարգացման կը դիմէր եւ միշտ մտահոգ էր յաջորդ սերունդի հայեցի դաստիարակութեամբ: ՀՕՄ-ը մօտիկ եղած էր իր սրտին, եւ ան նուիրուած էր ՀՕՄ-ին, ինչպէս հազարաւոր ՀՕՄ-ուհիներ` աշխարհի չորս ծագերուն: Այդ կամաւորները իսկական հերոսներն են ՀՕՄ-ի մարդասիրական ծրագիրներու իրագործման մէջ: Մենք հպարտ ենք, որ մեր մայրը փոքր դեր մը ունեցած է այդ համաշխարհային բարեսիրական առաքելութեան մէջ:
Վիքի Մարաշլեանը յայտարարելով, թէ վերջին 25.000 տոլարը, որ անանուն նուիրատուի մը կողմէ էր, օրուան հասոյթը հասցուցած էր 600,000 տոլարի: