Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Արցախը Առանց Հայաստանի Չեմ Պատկերացներ». Ռուբէն Վարդանեան
Մարտ 18-ին Ստեփանակերտի Երիտասարդութեան պալատին մէջ կայացաւ հանդիպում Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին հետ: Հանդիպումին մասնակցեցան հասարակութեան տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներ եւ քննարկուեցաւ «Ինչպէ՞ս դառնալ առաջնորդ» թեման:
Ռ. Վարդանեան նշեց, որ մեր մէջ որոշում չկայացնելու, պատասխանատուութիւն չվերցնելու միտում կայ: «Կը մեղադրենք մեր ծնողները, որոնք ուղարկեցին մեզ մեր չուզած համալսարանը, ամուսնացանք մարդու մը հետ, զոր չէինք հաւներ: Ցաւօք սրտի, կը վախնանք որոշում կայացնելէ: Այստեղէն կու գայ գոյատեւելու եւ ապրելու միջեւ ընտրութիւն կատարելը», ըսաւ ան: Վարդանեան շեշտեց, որ որոշում կայացնելու պատրաստ մարդիկ պէտք է պայքարին, որ Արցախը չկործանի. «Ինծի համար միեւնոյնն է` ես պաշտօնի վրայ եմ կամ ոչ, առանձին կը մնամ, թէ ինծի կը միանան, բայց որոշում կայացնելէ ետք ամէն ինչ դիւրին կը դառնայ: Դժուար որոշում է, չունի ետդարձի կարելիութիւն, այդ ճանապարհին կրնաս զոհուիլ, բայց այդ աւելի լաւ է, քան թէ կորսնցնես արժանապատուութիւնդ կամ հայրենիքդ»:
Ռ. Վարդանեանի խօսքով, պայքարը միայն զէնք վերցնելը չէ, պայքարիլ` կը նշանակէ ամէն օր արթննալ եւ հարցնել, թէ ի՛նչ պիտի ընեմ, ի՛նչ կրնամ ընել Արցախի համար:
Վարդանեան զուգահեռներ գծեց մէկ դար առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետ եւ նշեց, որ Նժդեհ 100 տարի առաջ նոյն բաներուն մասին խօսած էր, այնպէս, ինչպէս սկիզբէն մարդիկ զինք չէին ընդունիր, Երեւանէն Նժդեհին ալ կը հրահանգէին, որ զէնքը վար դնէ:
Ռուբէն Վարդանեան պատասխանեց ներկաներուն բազմաթիւ հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի ապագային, պայքարի ուղիներուն, տարբեր հարցերու շուրջ իր դիրքորոշումներուն:
Անդրադառնալով Արցախի հետագայ կարգավիճակի մասին ուղղուած հարցումին` նշեց, որ` «Արցախը առանց Հայաստանի չեմ պատկերացներ»: «Իմ հասկացողութեամբ, Արցախ չի կրնար Հայաստանի մարզ ըլլալ, կրնայ ըլլալ դաշնութեան մաս, յատուկ կարգավիճակի մէջ գտնուիլ, բայց այդ չի նշանակեր, որ Արցախը Հայաստանէն հեռու, առանձին կը մնայ: Պիտի գտնուի այն ձեւաւորումը, որ պիտի շեշտէ Արցախի իւրայատուկ մշակութային, պատմական առանձնայատկութիւնը: Հայաստանը մեր մայր հայրենիքն է, բայց Հայաստան պետութիւնն ու իշխանութիւնը տարբեր բաներ են: 30 հազար տղաներ կամաւոր եկան այստեղ կռուելու, մենք այդ չենք կրնար մոռնալ: Մենք պէտք է ազդենք, որ Հայաստանի դիրքորոշումը փոխուի Արցախի հարցին մէջ: Այս մէկը առանձին մեծ աշխատանք է: Դժուար, ծանր գործ է, բայց պէտք է աշխատինք»:
Մշակութային Կեանքը Շրջափակուած Արցախի Մէջ
Հակառակ շրջափակման պատճառով յառաջացած հարցերուն` Արցախի մէջ այս ընթացքին կարելի եղաւ կազմակերպել եւ իրականացնել մշակութային որոշ ձեռնարկներ:
Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուց Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան` աւելցնելով, որ եղած են նաեւ ծրագրուած մշակութային ձեռնարկներ, որոնք շրջափակման պատճառով չեն իրականացած:
«Հիմնական խոչընդոտը եղած է ձմրան ընթացքին ջեռուցման լրիւ կամ մասնակի բացակայութիւնը, որուն պատճառով կարելի չէ եղած համապատասխան ջերմաստիճան ապահովել մշակութային հաստատութիւններու մէջ», մանրամասնեց փոխնախարարը:
Անոր խօսքով, այնուամենայնիւ, անցեալ տարուան դեկտեմբերին մշակութային ձեռնարկներով յաջողեցան ապահովել արցախցի մանուկներու ամանորեայ տրամադրութիւնը: Մասնաւորապէս Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը «Ձմեռնային հեքիաթ» բեմադրութեան ներկայացումներով հանդէս եկաւ Ստեփանակերտի, Ճարտարի եւ Մարտակերտի մէջ: Այնուհետեւ Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ երկու նոր ցուցահանդէսներ բացուեցան, որոնցմէ փոխնախարարը կարեւոր նկատեց նաեւ արցախեան շարժման 35-ամեակին ընդառաջ` Ստեփանակերտի մէջ Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանի փրկուած գեղանկարներու «Մշուշի միջից» խորագրով ցուցահանդէսին բացումը:
Բացի այդ` հանրային լայն արձագանգ ստացաւ նաեւ շարժման տարեդարձին առիթով կազմակերպուած պարային ֆլեշմոպը, որ ըստ փոխնախարարին, կը խորհրդանշէր Արցախի միասնականութիւնն ու ապրելու կամքը:
Շրջափակման ընթացքին Արցախի մէջ մնայուն աշխատեցան գրադարանները, իսկ պետական Պատմական երկրագիտական թանգարանը գործեց հերթապահութեան ձեւաչափով:
«Կազամատակարարման վերականգնումէն ետք աշխատանքը աւելի լիարժէք ու արդիւնաւէտ դարձաւ», հաւաստիացուց Լ. Յովհաննիսեան:
Շրջափակումէն առաջ քննարկումներ կ՛ընթանային, որպէսզի պետական տրամաթիքական թատրոնը կրկին ներկայացնէ հանդիսատեսին «Անմահների դիրքը» բեմադրութիւնը, որ արդէն իրականութիւն դարձաւ մարտի սկիզբը:
Ներկայացումներ կը նախատեսուէին նաեւ Երեւանի մէջ, որուն կարելիութենէն, սակայն, Արցախի մայր թատրոնը առայժմ զրկուած է:
Փոխնախարարը ընդգծեց, որ շրջափակման պատճառով տուժած են մշակութային փոխադարձ կապերը, որոնք կը փորձեն թարմացնել առցանց եղանակով:
Հակառակ ստեղծուած իրավիճակին յարուցած դժուարութիւններուն` յաջողած են ուսումնասիրութիւններ կատարել եւ վերջերս Մարտակերտի մէջ վկայագրուած են նորայայտ խաչքարեր:
Լեռնիկ Յովհաննիսեանի հաւաստիացումով, յատկապէս Մարտակերտի մէջ չուսումնասիրուած վայրերը եւ առարկաները շատ են: Անոր խօսքով, երթեւեկութեան վառելիքի հարցին լուծման պարագային կրնան ընդլայնիլ բոլոր աշխատանքները:
Անդրադառնալով Աղաւնոյէն, Բերձորէն, Ներքին Սուսէն տարհանուած կոթողներուն վերաբերող ճակատագրի հարցին, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալը յայտնեց, որ տարհանուած խաչքարերուն մէկ մասը տեղադրուած է Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ, իսկ միւսները օրերս նոյնպէս կը տեղորոշուին ու կը տեղադրուին:
Խօսելով ազրպէյճանցիներու այն յերիւրանքներու մասին, թէ` «Հայերը վանտալիզմի ենթարկած են Ազոխի քարանձաւը», Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որ մասնագիտութեամբ պատմաբան է, շեշտեց, որ խորհրդային տարիներուն ազրպէյճանցիները գտածոներ յայտնաբերելու համար նոյնիսկ քարանձաւի որոշ հատուածներ պայթեցուցին:
«Նորութիւն չէ, որ Ազրպէյճանը մշակութային բռնաիւրացման քաղաքականութեան սկսած է խորհրդային ժամանակաշրջանէն ի վեր եւ տակաւին կը շարունակէ այսօր` անընդհատ մեզ մեղադրելով իբր վանտալիզմի մէջ: Այն, ինչ Ազոխի քարանձաւի պեղումներու իբրեւ արդիւնք, յատկապէս միջազգային արշաւախումբի կողմէ իրականացուած, բաւականին լուրջ նիւթեր յայտնաբերուեցան, որոնց մէկ մասը, ցաւօք, այսօր չկայ», փաստեց Լ. Յովհաննիսեան:
Փոխնախարարը Արցախի հայկական ինքնութեան բռնաիւրացման աղաղակող հանգամանքներէն նշեց նաեւ վերջերս Մատրիտի մէջ` Սպանիոյ Ազգային գրադարանին մէջ կայացած «Ղարաբաղի խանութիւնները. պատմամշակութային նոյնականացում» վերտառութեամբ գիրքի շնորհահանդէսը, որ հրատարակուեցաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հովանաւորութեամբ: Ըստ Լ. Յովհաննիսեանի, ազրպէյճանցիները այդ գիրքով զաւեշտալիօրէն ու շնականօրէն խեղաթիւրուած կերպով օտար շրջանակներու մէջ իբրեւ իրենցը կը ներկայացնեն Արցախի հայկական մշակոյթը:
«Գիտական Արցախ» Պարբերականի Թիւերը Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկի Գրադարանին Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, ձեւաւորուած աւանդոյթի համաձայն համագործակցելով տարբեր գիտական կեդրոններու հետ, կ՛իրականացնէ մասնագիտական գիրքերու եւ պարբերականներու փոխանակութիւն:
Այս անգամ համագործակցելով «Արցախի երիտասարդ գիտնականներու եւ մասնագէտներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան հետ` ի դէմս «Գիտական Արցախ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր, իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Աւետիք Յարութիւնեանի, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գրադարանը ձեռք բերաւ 2018 թուականէն հրատարակուող «Գիտական Արցախ» պարբերականի 13 թիւ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ The Armenian Mirror-Spectator թերթի գործադիր խմբագիր, պատմաբան Արամ Արքունը: Ներկաները շեշտեցին կարեւորութիւնը այս համագործակցութեան` յուսալով, որ այն շարունակական կ՛ըլլայ:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Արցախի, Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի հայութեան բռնաճնշումներու ուսումնասիրութեան բաժինի գիտաշխատող Գայիանէ Յովհաննիսեանի խօսքով, «Գիտական Արցախ» պարբերականը իր կարեւոր նպաստը կ՛ունենայ գիտաշխատողներու ուսումնասիրութիւններու իրականացման, ինչպէս նաեւ այդ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները հասարակութեան ներկայացնելու աշխատանքին մէջ:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան «Գիտական Արցախ» պարբերականի խմբագրութեան յանձնեց շնորհակալագիր, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հրատարակած «Ցեղասպանագիտական հանդէս» եւ «International Journal of Armenian Genocide Studies» գիտական հանդէսներու թիւերէն:
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկի Աշխատակիցները Մասնակցեցան «Մշակութային Արժէքներու Պահպանութեան Ծրագիր» Խորագիրով Վերապատրաստման Դասընթացքին
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոնի եւ Ֆրանսայի ժառանգութեան ազգային հիմնարկի կազմակերպութեամբ մարտ 13-16 Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մշակութային արժէքներու պահպանութեան ծրագիր» խորագրով վերապատրաստման դասընթացք: Ծրագրին մասնակցեցան թանգարաններու, գրադարաններու, արխիւներու, ինչպէս նաեւ Ճգնաժամային կառավարման պետական ակադեմիայի եւ ՆԳՆ փրկարար ծառայութեան աւելի քան 70 մասնագէտներ:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն վերապատրաստման դասընթացքին մասնակցեցան` թանգարանային ֆոնտերու բաժինի վարիչ, գլխաւոր ֆոնտապահ Գոհար Խանումեանը, գիտական գրադարանի բաժինի վարիչ Յասմիկ Մայիլեանը, ֆոնտապահներ` Արփինէ Դուրինեանը, Արեւիկ Սմբատեանը եւ գրադարանավար Վարդուհի Յունանեանը:
Դասընթացքը վարեցին Ֆրանսայի թանգարաններու հետազօտութիւններու եւ վերականգնման կեդրոնի կանխարգելիչ պահպանութեան ծրագիրներու ղեկավար, Ֆրանսայի «Կապոյտ վահան» կազմակերպութեան նախագահ Մարի Քուրսելոն եւ կրաֆիքական աշխատանքներու վերականգնող, կանխարգելիչ պահպանութեան մասնագէտ, Ֆրանսայի «Կապոյտ վահան» կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Քամիլ Օմոնը: Վերապատրաստման դասընթացքի նպատակն էր աջակցիլ մշակութային հաստատութիւններուն մշակելու «Մշակութային արժէքներու պահպանութեան ծրագիր»-ը: Բանախօսները ներկայացուցին` «Մշակութային արժէքներու պահպանութեան ծրագիր»-ին մարտահրաւէրները, առաջնահերթ տարհանման ենթակայ մշակութային արժէքներու դասակարգումը, մեթոտաբանական ընտրութիւնը եւ մշակութային արժէքներու տարհանման ծրագրի կազմումը, անդրադարձ կատարեցին արտաքին եւ ներքին վտանգներու վերլուծութեան: Դասընթացքը ուղեկցուեցաւ գործնական վարժանքներով եւ խմբային աշխատանքով:
Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ Ձեռային Աշխատանքներու Մրցոյթ–Ցուցահանդէս
Մարտ 16-ին Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աշխատակազմի նախազօրակոչային պատրաստութեան եւ արտադպրոցական ծրագիրներու վարչութեան արտադպրոցական ծրագիրներու բաժինին կողմէ Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոններու միջեւ կազմակերպուեցաւ ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս-մրցոյթ` նուիրուած կիներու միամսեակին:
Մրցոյթը կը նպատակադրէր նպաստել աշակերտներու գեղագիտական դաստիարակութեան եւ ստեղծագործական ունակութիւններու զարգացման, աջակցիլ գործնական հմտութիւններու ձեռքբերման, ինչպէս նաեւ` ամրապնդել Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոններու միջեւ կապը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան անսահմանափակ քանակով ձեռային աշխատանքներ` «Գորգագործութիւն», «Կոպելեն», «Խեցեգործութիւն», «Ուլունքագործութիւն», «Նկարչութիւն», «Քանդակ» եւ այլ ճիւղեր, որոնք կը խորհրդանշեն մայրութեան եւ գեղեցկութեան խորհուրդը: Մանկապատանեկան ստեղծագործական բոլոր կեդրոններու ներկայացուցած աշխատանքներուն ծանօթանալէ ետք մրցոյթի յանձնախումբի անդամները որոշեցին յաղթողները:
Մրցանակային առաջին դիրքը գրաւեց Ասկերանի, երկրորդ դիրքը Ստեփանակերտի, իսկ երրորդը Մարտակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնները:
Յանձնախումբի նախագահ, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի խորհրդական Մելանիա Բալայեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ նմանատիպ ձեռնարկները այսուհետեւ յաճախակի պիտի կազմակերպուին:
«Այսօր` այս բարդ իրավիճակին մէջ, մենք այստեղ` մեր հայրենիքի մէջ ապրելով ու արարելով, նորէն կը փորձենք ապացուցել, որ մեր ժողովուրդը յաւերժ է, իսկ մեր պայքարը տակաւին կը շարունակուի: Իւրաքանչիւրս իւրովի կը պայքարինք մեր հայրենիքին համար: Այսօրուան ցուցահանդէսին ներկայացուած աշխատանքները աշակերտներուն աշխատանքի սկիզբը կ՛ազդարարեն, եւ ես անոնց կը մաղթեմ ստեղծագործական նոր բարձունքներ: Աստուած տայ, որ անոնք կարելիութիւն ունենան մեր հայրենիքի խաղաղ երկնքին տակ շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ ստեղծագործել եւ մեր հայրենիքի պատմութիւնը, արուեստը, մշակոյթը աշխարհին մատուցել», նշեց Մ. Բալայեան:
Մրցանակային առաջին դիրքը գրաւած Ասկերանի Մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի տնօրէն Նարինէ Պետրոսեան տեղեկացուց, որ կեդրոն կը յաճախէ 378 աշակերտ եւ կը գործէ 16 անուն խմբակ:
«Ըստ նախատեսուած ծրագրին, ներկայացուցած ենք աշխատանքներ հիմնականօրէն նկարչութենէ, կոպելենէ, կարպետագործութենէ, գորգագործութենէ` Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին նիւթով: Մենք փորձած ենք այսօր ներկայացնել ինչպէս ազգայինը, մեր հայկականը բնորոշողը, նոյնպէս ալ` 21-րդ դարու համապատասխան գործեր: Կը կարծեմ` յանձնախումբը մեր աշխատանքը գնահատած է` նկատի առնելով այդ ամէնը: Պէտք է նշեմ, որ արդիւնքը խմբային աշխատանքի արգասիք է, բոլոր խմբակավարները երեխաներուն հետ մեծ նուիրումով կ՛աշխատին, եւ այսօր անոր արդիւնքը երեւաց: Առաջին պատուաւոր դիրքը զբաղեցնելը որքան ոգեւորող, նոյնքան ալ պարտաւորեցնող է: Այսօր մենք մեր վրայ նոր պարտաւորութիւն վերցուցինք աւելի կատարելագործուելու եւ աւելի լաւ աշխատանքներ ներկայացնելու», ըսաւ Ն. Պետրոսեան` աւելցնելով, որ կեդրոնը ունի մասնաճիւղեր շրջանի տասը համայնքներուն մէջ:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէս-մրցոյթին բոլոր մասնակիցները պարգեւատրուեցան պատուոյ գիրերով, յաղթող ճանչցուած մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնները արժանացան նախարարութեան վկայագիրներուն եւ խրախուսական նուէրներուն:
Նինոծմինդայէն 11 Տարեկան «Շիտակ Նստող Թարս Խօսող» Ծովինար Եսայեանը Արձանագրուեցաւ Հայկական «Դիւցազնագիրք»-ին Մէջ
Նինոծմինդայի շրջանի Փոկա գիւղի 11 տարեկան բնակչուհի տաղանդաւոր Ծովինար Եսայեան իր իւրօրինակ ըլլալուն եւ երազներուն մասին «NOR» ձայնասփիւռի կայանին պատմած էր ընդամէնը մէկ ամիս առաջ: Ծովինարի երազին իրականացումը չուշացաւ:
Վերջերս արձանագրուեցաւ հերթական ցուցանիշը. 11 տարեկան Ծովինար Եսայեան կ՛արտասանէ բառեր, նախադասութիւններ, բանաստեղծութիւններ` բառերու վերջաւորութենէն, այսինքն` նոյն բառը կ՛արտաբերէ հակառակ կողմէ` վերջաւորութենէն դէպի սկիզբ:
«7 տարի է, որ կը խօսիմ բառերը հակառակ կողմէ արտաբերելով եւ երազս է, որ արձանագրուիմ Հայաստանի ցուցանիշներու գիրքին մէջ», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Ծովինարը: Ան 4 տարեկան եղած է, երբ սկսած է բառերը արտաբերել հակառակ ուղղութեամբ, հետագային յաջորդած են նախադասութիւնները եւ բանաստեղծութիւնները:
Վերջապէս Ծովինարին երազը իրականութիւն դարձաւ, եւ ան արձանագրուեցաւ հայկական «Դիւցազնագիրք»-ին մէջ:
Հաղորդենք, որ Ծովինար Եսայեան կ՛ապրի Ջաւախք եւ կը յաճախէ Փոկայի հանրային դպրոցը` իբրեւ 6-րդ դասարանի աշակերտուհի: Ան իր ազատ ժամերուն կը զբաղի նկարչութեամբ, կը գրէ բանաստեղծութիւններ, կը սիրէ մտքին մէջ կրկնել երկար նախադասութիւններ եւ զանոնք ըսել հակառակ կողմէ: 11-ամեայ Ծովինարը կը փափաքի ստեղծել նոր տառեր: «Կ՛ուզեմ, որ մարդիկ այդ տառերը օգտագործեն այնպէս, ինչպէս պիտի օգտագործեն ռուսերէն, հայերէն, վրացերէն, անգլերէն տառերը»:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ Ջաւախքէն կան շատեր, որոնք արձանագրուած են հայկական «Դիւցազնագիրք»-ին մէջ: