ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Իսրայէլը եւ Ազրպէյճանը 2011-ին բարձրացուցին իրենց առեւտուրը 1,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ հսկայական գործարքով, որ կը ներառէր «Պարաք» հրթիռներու մարտկոց` օդանաւեր եւ հրթիռներ որսալու համար, ինչպէս նաեւ «Searcher» եւ «Heron» անօդաչու թռչող սարքեր` IAI-էն: Ըսուեցաւ, որ 2020-ին Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմի վերջին օրերուն «Պարաք» մարտկոցը խոցած է Հայաստանի կողմէ արձակուած «Իսկենտեր» հրթիռը»: *Ինչպէս իրենք ալ վստահ չեն, այս լուրը մեծ սուտ մըն է, որ կը ծառայէ մի՛այն ռազմաառեւտրական նպատակի, վարկաբեկելով ցարդ անխոցելի ռուսականը եւ գովելով իսրայէլեանը, որ նոյնիսկ չկրցաւ Կազայէն դէպի Իսրայէլ արձակուած սովորական` ուղիղ թռչող հրթիռները խոցել (այս նիւթը մեծ աղմուկ բարձրացուց ռուսական շրջանակներու մէջ, երբ Փաշինեանն ալ այս մասին ուրիշ պատճառ մը տուաւ` իրեն համար շատ սովոր սուտ մը եւս աւելցնելով)*:
«Aeronautics Defense Systems»-ը սկսաւ համագործակցիլ Ազրպէյճանի ռազմական տեղական ընկերութեան հետ, եւ գործակցաբար արտադրեցին «Orbiter kamikaze 100» անօդաչու անձնասպանական թռչող սարքեր, որոնք ազերի պաշտպանութեան նախարարը «Հայկական բանակին մղձաւանջը անուանեց»: 2021-ին «Aeronautics Defense Systems»-ի դէմ մեղադրանք ներկայացուեցաւ` իր ամենայայտնի յաճախորդներէն մէկուն հետ, պաշտպանական նիւթերու արտածումը կարգաւորող օրէնքը խախտելուն համար: Դատարանին կողմէ հարցը գաղտնի պահելու որոշումը չ՛արտօներ մանրամասնութիւններու հրապարակումը:
«Ազերի բանակի հրասայլերուն արդիականացման նախագիծը սկսած է 2010-ի սկզբին: «Elbit Systems»-ը արդիականացուցած եւ համալրած է խորհրդային հին T-72 տիպերը նոր պաշտպանող զրահով` հրասայլերը եւ անոնց անձնակազմը պաշտպանող, ինչպէս նաեւ` արագ եւ ճշգրիտ թիրախներ ընտրելու եւ կրակելու համակարգերով: Արդիականացուած այս հրասայլերը, որոնք «Ասլան» կոչուեցան, 2013-ի ռազմական շքերթին ցուցադրուեցան:
«2013-ին Ազրպէյճանի ծովային ուժերը ստացան 6 յածանաւեր, Իսրայէլի ծովային ուժերու «Sa՛ar 4,5» տիպի հրթիռային նաւերուն օրինակով, որոնք արտադրանքն են Իսրայէլի նաւաշինութեան գործարաններուն եւ կը կրեն «Spike» հրթիռներու ծովային տարբերակը, ինչպէս նաեւ 6 «Shaldag MK V» յածանաւեր` «Rafael՛s Typhoon» ծանր համազարկ զէնքով եւ «Spike» հրթիռային համակարգերով: Ազերի ծովային ուժերը նաեւ գնած են 100 «Լահաթ» հակահրասայլային կառավարուող հրթիռներ:
«2014-ին Ազրպէյճանը IAI-էն ապսպրեց առաջին 100 «Harop» «անձնասպանական» անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք որոշիչ դեր ունեցան հետագայ մարտերուն: Նոյն տարին Ազրպէյճանը նաեւ օդային նախազգուշացման եւ պաշտպանութեան երկու արդիական ռատիոտեղորոշիչ համակարգեր ձեռք բերաւ IAI ընկերութենէն:
««Մենք գնած ենք հակաօդային պաշտպանութեան գերժամանակակից սարքեր: Մեր բանակը ունի ամենահզօր հրետանին… Վերջին տարիներուն մեր ձեռք բերած սպառազինութիւնն ու զինամթերքը բաւարար են, որ մենք յաղթահարենք որեւէ խնդիր… Ինչպէս մենք յաղթեցինք հայերուն քաղաքական եւ տնտեսական ճակատներուն վրայ, այնպէս ալ կրնանք անոնց յաղթել մարտի դաշտին մէջ», յայտարարած է Ալիեւ` ճակատ կատարած այցի մը ժամանակ, նաեւ` Twitter-ի իր էջին մէջ: Երկու տարի անց Ազրպէյճանը «Elbit Systems»-էն գնած է եւս 250 «SkyStriker» «անձնասպանական» անօդաչու թռչող սարքեր: Մարտական շրջաններէն բազմաթիւ տեսանիւթեր ցոյց տուին, թէ ինչպէ՛ս իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը կը յարձակին հայկական ուժերուն վրայ:
«2016-ին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Պաքու կատարած այցին ժամանակ Ալիեւը բացայայտեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ արդէն կնքուած են շուրջ 5 միլիառ տոլարի «պաշտպանութեան ռազմամթերք» գնելու համաձայնութիւններ»: *Ինչպէս վերը տեսանք, Իսրայէլի հայթայթած գրեթէ բոլոր զինատեսակները յարձակողական բնոյթի են եւ ոչ թէ` պաշտպանողական*:
«2017-ին Ազրպէյճանը «Elbit Systems»-էն գնեց առաջադէմ «Hermes 900» անօդաչու թռչող սարքեր, իսկ IAI-էն` «LORA» ուղղորդուող հրթիռներ` 430 քիլոմեթր հասողութեամբ: 2018-ին Ալիեւը այս ռազմակայանին բացումը կատարեց, ուր տեղակայուած էին «LORA» հրթիռները` Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանէն շուրջ 430 քմ հեռաւորութեան վրայ: 2020-ի պատերազմին ժամանակ առնուազն մէկ «LORA» հրթիռ արձակուած է, որ, ըստ տեղեկութիւններու, հարուածած է (քաղաքային*) կամուրջ մը, որուն վրայով Հայաստան ռազմամթերք կը մատակարարէր Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող իր ուժերուն:

«Աւելի արդիական «Spike» հրթիռներ ուղարկուած են 2019-ին եւ 2020-ին: Իսրայէլեան զինատեսակներուն եւ համակարգերուն հետ մէկտեղ, Թուրքիան` Ազրպէյճանի դաշնակիցը եւ Հայաստանի թշնամին, մատակարարած է իր «Պայրաքտար TB2» անօդաչու սարքերը, որոնք հայկական թիրախները ոչնչացնելու գլխաւոր դերակատարներն էին:
Պաշտօնական այցելութիւն եւ դեսպանութիւն
«Հոկտեմբեր 2022-ին Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանցը այցելեց Ազրպէյճան եւ տեսակցեցաւ Ալիեւին հետ: Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ Կանցը նշած է, որ իր այցը կը վերաբերի անվտանգութեան եւ քաղաքականութեան խնդիրներու եւ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան խորացման: Այն, ինչ որ այն ժամանակ չէր հրապարակուած, այս այցէն մէկ ամիս առաջ Իսրայէլի ռազմական արտածումի տնօրէնութեան (SIBAT) ղեկավար Եաիր Քուլասը այցելած էր Ազրպէյճան եւ տեսակցած` ռազմական արդիւնաբերութեան նախարարին հետ: Ազերի նախարարութիւնը յայտնած է, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Իսրայէլի ռազմական արդիւնաբերութեան հետ առեւտուրը ընդլայնելու հարցը:
«Կարճ ժամանակ ետք Ազրպէյճանը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ շուտով դեսպանութիւն պիտի բանայ Իսրայէլի մէջ` այդ անուանելով «պատմական քայլ» եւ աւելցնելով, որ` «Երկինքն է (անսահման*) երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն յարաբերութիւններուն սահմանը»:
«Այս այցէն ետք, Ազրպէյճանի եւ անոր դրացի Իրանի միջեւ լարուածութիւնը սրած է: Լեռնային Ղարաբաղէն լուրերուն հիման վրայ Ազրպէյճանի (Արցախի շրջափակո՞ւմ) յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ կրկին հասած են եռման կէտին, եւ կարելի է սպասել դաժան հակամարտութիւն մը եւս: Այս ընթացքին Օվտա խարիսխը վայրէջք է կատարած է ազրպէյճանական 7 թռիչք եւս: Երկու ժամ գետին մնալէ ետք իրենց բեռով վերադարձան Պաքու»:

Յիշեցումներ, ճշդումներ, լուսաբանութիւններ, կաշառքներ, դատավարութիւններ եւ եզրակացութիւն
1.- «Հաարեց»-ի այս յօդուածը մեծ մասամբ առեւտրական բնոյթ ունի` իսրայէլեան ռազմական արտադրութիւնները գովաբանող եւ ընկերութիւնները ծանուցող:
2.- Չեն նշած իսրայէլացի մասնագէտներու ուղղակի մասնակցութիւնը Արցախի դէմ պատերազմներուն (2):
Ա.- Ապրիլեան պատերազմին շատ հաւանաբար իսրայէլացի մասնագէտներ մասնակցած են հայկական 14 հրասայլեր խոցելու գործողութիւններու, վկայ` պատերազմէն մի՛այն երկու օր առաջ հասած այս լէյզըրով ուղղուող արդիական հրթիռներով… ինչպէ՞ս ազերին 2 օրէն մասնագիտացաւ, սորվեցաւ… Հաւանական է ուրեմն, որ իսրայէլացիներ նաեւ մասնակցած էին իրենց վաճառած անօդաչու սարքերով յարձակումներուն:
Բ.- Փաստուեցաւ եւ օգոստոս 2017-ին Իսրայէլի մէջ դատական հետապնդումի ենթարկուեցաւ ընկերութիւն մը` «Aeronautics Defense Systems», որուն մասնագէտները, աւելի ճիշդը` պատասխանատուները, Արցախի դէմ «անձնասպանական» անօդաչու մը փորձեցին` իբրեւ նմուշ… Ինչո՞ւ չէ, նաեւ` պատերազմներուն ընթացքին. տես` նոյն «Հաարեց»-ի այս էջին մէջ (8):
Գ.- Վերը նշուած Hermes 900 անօդաչու թռչող սարքերէն մէկը, որ շուրջ 30 միլիոն տոլար կ՛արժէ եւ այլ անօդաչուներ կը կառավարէ, վար առնուեցաւ հայկական բանակին կողմէ վերամշակուած «Osa-AKM» հակաօդայինին կողմէ: Այս դէպքը մեծ իրարանցում ստեղծեց Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի միջեւ` զիրար ամբաստանող, թէ` այս թանկարժէք ու «անխոցելի» կարծուած սարքին ոչնչացումը ինչպէ՞ս պատահեցաւ:
3.- 21 սեպտեմբեր 2020-ին «Հաարեց» կը բացայայտէ հետեւեալը. «Israel Aerospace Industries» ընկերութիւնը $155 միլիոն տոլար վճարած է ազերի երկու ընկերութիւններու, որոնք ծանօթ են դրամ «լուալու» մէջ: Ուաշինկթընէն կը հաղորդուի, որ Իսրայէլի մեծագոյն ռազմաօդային ընկերութիւնը առ նուազն $155 միլիոն տոլար փոխանցած է երկու ազրպէյճանական ընկերութիւններու, որոնք սերտ կապեր ունին պետութեան հետ (Ալիեւի հետ*), եւ որոնք առնչուած են պետութեան համար լայնածաւալ դրամ լուալու գործով` ըստ 2012-2014 դրամատնային սպրդած տեղեկութիւններուն (9):
4.- Արցախի շրջափակում: Այս մասին ո՛չ մէկ նշում…
Հեղինակները կարեւորութիւն չեն տուած շուրջ երեք ամիսէ ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը շրջափակելուն եւ հայ ժողովուրդը սովի մատնելու յստակ ծրագիրին, այդ մասին ոչինչ գրած են: Հաւանաբար իսրայէլացիներուն համար ալ դաժանութիւնը սովորութիւն դարձած է, այնպէս` ինչպէս շուրջ 75 տարի է իրենք կը կիրարկեն պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ:
Մինչ այս յօդուածը կը գրէի, 10 մարտ 2023-ին Միտիամաքս հաղորդեց.
«Ալիեւը հանդիպած է Իսրայէլի հետախուզութեան նախարարին հետ»: «Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր Պաքուի մէջ ընդունած է Իսրայէլի հետախուզութեան նախարար Կիլա Կամլիելին: Հանդիպումին նշուած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան զանազան ուղղութիւններով, ընդգծած են Իսրայէլի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան բացումին կարեւորութիւնը», կ՛ըսուի Ալիեւի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ (10):
Ահաւասիկ նոր դաւեր կը սարքուին Արցախի եւ Հայաստանի դէմ եւ մեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը` (ԱԱԾ) զբաղած է ընդդիմադիրները լրտեսելով եւ վարչապետին քմահաճոյքին ծառայելով: Ազգային գերագոյն շահեր հետապնդող պետական, դիւանագիտական եւ հետախուզական ջանքերու բացակայութեան պատճառով Հայաստանը եւ անոր պատճառով Արցախը լքուած նաւերու նման անտէր ու անօգնական կը ծփան միջազգային բեմին վրայ… Աւելի՛ն. այս իշխանութիւնը օրէ օր յիմարօրէն աւելի կը հեռանայ մեր ռազմավարական միա՛կ դաշնակիցէն` Ռուսիայէն:
Կը կրկնեմ` «Այստեղ Արեւելք-Արեւմուտք, Ամերիկա-Ռուսիա պարզամիտ ու անգրագէտ նախասիրութեան հարց բնա՛ւ չկայ ու պէտք չէ ըլլայ: Քաղաքական կողմնորոշումը` ուղղութիւնը, երբե՛ք ճաշակի հարց չէ: Քաղաքական հասունութիւնը եւ դիւանագիտական հմտութիւնը եւ մանաւանդ ազգային պատմական փորձառութիւնը կը պահանջեն, որ Հայաստանը բարեկամական յարաբերութիւն մշակէ բոլորի՛ն հետ անխտիր` պաշտպանուելու համար ցեղասպանութիւն կատարած եւ մեր հողերը խլած երկու յաւիտեան թշնամի դրացիներէն, արեւմուտքը` Թուրքիայէն եւ արեւելքը` Ազրպէյճանէն»:
Կը սպասենք ազգային գերագոյն շահերը հետապնդող նոր կառավարութեան:
11 մարտ 2023
haroutchekijian.wordpress.com
(Շար. 2 եւ վերջ)
——-
*Լուսաբանութիւնները հեղինակին
- https://www.aztagdaily.com/archives/528981
- https://en.wikipedia.org/wiki/Nagorno-Karabakh_War# Armenian.E2.80 )
- https://www.aztagdaily.com/archives/313048
- https://www.sipri.org/commentary/topical-backgrounder/2021/arms-transfers-conflict-zones-case-nagorno-karabakh
- https://www.haaretz.com/israel-news/2017-08-15/ty-article/israeli-suicide-drone-used-on-armenian-army-targets-in-live-demo/0000017f-e3bd-df7c-a5ff-e3ffa9910000
- https://www.haaretz.com/israel-news/2020-09-21/ty-article/.premium/israel-aerospace-industries-paid-155-million-to-two-companies-linked-to-azerbaijan/0000017f-e37d-d804-ad7f-f3ffa8b00000
- https://mediamax.am/am/news/foreignpolicy/50591/