Յօդուածներ

Սթափելու Ժամանակը

160-Ամեակ «Ազգային Սահմանադրութեան Հայոց»-ի

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Մարտ 30-ին կը լրանայ Օսմանեան կայսրութեան սուլթանին կողմէ Ազգային սահմանադրութեան վաւերացման տարեդարձը: Արդարեւ, Նիզամնամէ կոչուած այս կանոնագրութեան վաւերացման հրամանագիրը կը կրէ հին տոմարով 17 մարտ 1863 թուականը, որ նոր տոմարով կը համապատասխանէ 30 մարտին: Ազգային սահմանադրութիւնը ըստ էութեան լոկ Հայ եկեղեցական կանոնագրութիւն մը չէ: Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը, յոյները եւ հրեաները կը վայելէին, իբրեւ կրօնական միութիւններ, «առանձնաշնորհումներ», որոնք...

Պահպանել Յունահայ Գաղութի Պատմական Հարուստ Շտեմարանը

Պահպանել Յունահայ Գաղութի Պատմական Հարուստ Շտեմարանը

Շա­բաթ, 25 ­Մար­տին, յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան մէջ ար­ձա­նագրուե­ցաւ կա­րե­ւոր ան­կիւ­նա­դարձ մը։ 100 տա­րի ա­ռաջ, 25 ­Մարտ 1923-ին լոյս տե­սած «­Նոր Օր» օ­րա­թեր­թի ա­ռա­ջին թի­ւին հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­մա­կան օրն էր, որ յատ­կան­շեց յու­նա­հայ մա­մու­լի նոր դա­րաշրջա­նի մը բա­ցու­մը, մա­նա­ւանդ երբ հսկա­յա­կան զան­գո­ւած­նե­րը ­Փոքր Ա­սիա­յէն հա­զիւ ա­պաս­տան գտած էին ­Յու­նաս­տա­նի հիւ­րըն­կալ ա­փե­րը։ ­Թեր­թը հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն էր՝ տա­րա­գիր հա­յու­թիւ­նը ի մի բե­րե­լու եւ...

Պասրայի Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ Խաժակ Վարդանեան «Գանձասար» Այցելեց

Պասրայի Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ Խաժակ Վարդանեան «Գանձասար» Այցելեց

Երեքշաբթի, 21 Մարտին,  Պասրայի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Խաժակ Վարդանեան Հալէպ իր ժամանումին առիթով «Գանձասար»-ի խմբագրատուն այցելեց։ Ծանօթանալով խմբագրակազմի աշխատանքին, տիար Վարդանեան խմբագիրին հետ զրուցեց Միջին Արեւելքի քաղաքական անցուդարձերուն եւ տեղւոյն հայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ։ «Գանձասար» տիար Խաժակ Վարդանեանի հետ Իրաքի հայ համայնքին  շուրջ հարցազրոյց մը ունեցաւ, զոր պիտի հրատարակուի թերթի յառաջիկայ համարով։ Խաժակ Վարդանեանին կ՚ընկերակցէր Բերիոյ Հայոց Թեմի...

Ոչ Եւս Է Սփիւռքահայ Մամուլի Գործիչ Երուանդ Ազատեան

Ոչ Եւս Է Սփիւռքահայ Մամուլի Գործիչ Երուանդ Ազատեան

Իր մահկանացուն կնքած է ռամկավար մամուլի յենասիւներէն «Տի Արմինիըն միրըր սփէքթէյթըր» եւ «Պայքար» շաբաթաթերթերու խմբագիր Երուանդ Ազատեան։ Հասարակական եւ մամուլի գործիչ Ազատեան, իր գործունէութեան տարբեր հանգրուաններուն խմբագրած է «Զարթօնք սփոր»ն ու Գահիրէի «Արեւ»ը։ Հեղինակ է  ագզային, մշակութային եւ հասարակական կեանքի նուիրուած տասնեակ հատորներու։ «Ազդակ» կը ցաւակցի «Պայքար»ի եւ «Տի Արմինիըն Միրըր Սփէքթէյթըր»ի խմբագրակազմերուն։  

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Վեր. Եսայի Սարմազեանն էր: Կեանք մը ապրեցանք եւ մեծցանք միասին, բայց ան նաեւ մեզ մեծցուց: Այս կեանքի պատմութիւնը կը սկսի Պէյրութէն` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, երբ միջնակարգի աշակերտ էի 1970 տարիներուն: Երիտասարդ, կորովի եւ կեանքով լեցուն պատուելին մեր պատանեկան տարիքէն դէպի երիտասարդութեան օրերուն պիտի ուղեկցէր մեզի, առաջնորդէր եւ մեր «անհանդարտութիւններուն» պիտի համբերէր... Բայց նոյնքան նաեւ...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան հիմնադրութիւնը եւ Ազգային սահմանադրութիւնը Թուրքերու Մահմետ Բ. Ֆաթիհ (յաղթական) սուլթանը 1453-ին Կ. Պոլիսը գրաւելէ քանի մը տարի ետք իր մօտ կը հրաւիրէր իրեն բարեկամ Պուրսայի Յովակիմ եպիսկոպոսը եւ զայն կը հռչակէր պատրիարք` հպատակ հայերուն համար: Հայաստանի մէջ թիւրքմէններու դէմ անոր մղած կռիւներուն ընթացքին հայերուն  հաւատարմութեանը դիմաց` բարեացակամ փոխադարձութիւն մըն էր այս նախաձեռնութիւնը, միաժամանակ կը  հետապնդէր...

Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մեծ Պահքի վեցերորդ կիրակին կը կոչուի Գալստեան եւ կը յիշատակուի Քրիստոսի առաջին եւ երկրորդ Գալուստը: Տիրոջ առաջին գալուստը շնորհի ու ողորմութեան համար էր եւ եղաւ մեղմ, ծածուկ, հեզութեամբ ու խոնարհութեամբ: Յիսուս Քրիստոս յանձն առաւ խաչելութեան անարգ մահը, բայց կրկին պիտի վերադառնայ ահեղ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով: Տիրոջ երկրորդ գալստեան օրը անյայտ է մարդոց համար. «Այն օրուայ եւ ժամի...

«Ոսկեայ Ձեռքերով Մարդը». Ոչ Եւս Է  Սարգիս Մանուկեանը

«Ոսկեայ Ձեռքերով Մարդը». Ոչ Եւս Է Սարգիս Մանուկեանը

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ Լիբանանեան ոսկեդարուն մասին տարբեր առիթներով խօսուած է: Խօսուած է յաճախ թաքուն կերպով, մերթ հրապարակայնօրէն ու մերթ ալ` «բարի նախանձ»-ով: Այդ տարիներուն էր նաեւ, որ լիբանանահայութիւնը կ՛ապրէր իր ամենապայծառ ժամանակները ու ատոր զուգահեռ ալ կ՛ունենար թուաքանակի հրաշալի աճ: Ամենատարբեր բնագաւառներու մէջ լիբանանահայեր կ՛ունենային փայլուն ներդրում ու, շնորհիւ իրենց ճարտար ձեռքերուն, կը դառնային ոսկեայ օղակ մը` համալիբանանեան մեծ պրիսմակին ներքոյ:...

«Ցեղասպանութեան Նիւթը Էութեանս Մաս Կը Կազմէ»  Կ՛ըսէ Սիւզան Խարտալեան

Երբ Մայրերը Մահանան

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Երբ մայրերը մահանան, Դուն կը կորսնցնես կողմնացոյց Չկայ հիւսիս, չկայ հարաւ Յետոյ կը կորսնցնես թթուածին Կ՛ապրիս կիսաշունչ Կը կորսնցնես անտառի բացատը Լուսաւոր: Երբ մայրերը կը մահանան, Փուշ ու մացառ Ճահիճի պղտոր ջուր կը ներխուժէ ներսդ Կը ծակէ սիրտդ Միտքդ կ՛արիւնի Սուր եղէգ կը բուսնի ամէն տեղ Կարմրակարմիր ելակի բոյրը կը ցնդի Ափերուս մէջ կը մնայ մայրս Մի բուռ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պանիր Ու Հաց

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Միլիոն ոսկի ունի գրպանն, Թադէոս կ՛իջնէ  շուկայ շտապ, Պիտի գնէ ինչ որ կ՛ուզէ` Միս ու պանիր, բանջարեղէն, Նախ եւ առաջ կը հանդիպի Նախասիրած մսագործին: Միսերն կախուած թարմ կը ժպտան Մեր Թադէոսին, որ շուարած, Կը տատամսի գնելու շատ թանկ Այդ միսերը ու յուսախաբ Ձեռքերն պարապ կ՛ուղղուի գնելու Կանանչեղէն, վարունգ ու սոխ: Սուղ գիներն իրեն կը ստիպեն Ամչնալով դիտել հեռուէն:...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակի Առիթով) Բ. Մաս

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Մեր եկեղեցին 1863 թուականի մարտ 30-ին օսմանեան արքունիքէն պաշտօնապէս կը վաւերացուէր հայ համայնքի Ազգային սահմանադրութիւնը, որով եւ գործնականօրէն եւ օրէնքի տառովն ալ կ՛ամրագրուէին Հայ եկեղեցւոյ ժողովրդավար հանգամանքն ու նկարագիրը: Հին ժամանակներէն, իր ակունքներուն մէջն իսկ  մեր եկեղեցին կղերապետական հաստատութիւն  չէ եղած: Ժառանգութեան իրաւունքով հօրմէ որդի յաջորդած քանի մը կաթողիկոսներու  համեմատաբար կարճ շրջանէ մը ետք, ազնուականներէ կազմուած «աշխարհաժողով»-ն էր,...

Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ

Իրաւական Փորձագէտները Միջազգային Դատարանէն Կը Պահանջեն Քննութեան Ենթարկել Թուրքիոյ` Մարդկութեան Դէմ Գործած Յանցանքները

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Այս ամսուան սկիզբը քանի մը թերթեր տեղեկացուցին, որ Թուրքիոյ դէմ մեծածաւալ բողոք  ներկայացուած է Միջազգային քրէական դատարան (ՄՔԴ): Իրաւական հարցերով եւրոպացի  իրաւաբաններու  խումբը հաւաքած է  հսկայական  փաստաթուղթ, որ կը ներառէ «վկաներու ցուցմունքները, որոնք կը մանրամասնեն խոշտանգման, պետութեան կողմէ հովանաւորուող առեւանգման եւ անօրինական բանտարկութեան մասին»`  իրականացուած  Թուրքիոյ  կառավարութեան կողմէ, իր 200 հազար հակառակորդներուն դէմ: Ե՛ւ...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան ծնած է Խարբերդ, 1907-ին: Երէց զաւակը` Եփրատ քոլեճի նահատակ փրոֆեսէօր Յովհաննէս եւ Մարիձա (ծնեալ` Թիւֆենքճեան) Պուճիքանեաններուն: Մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութեան տարիները` աշակերտած է Եփրատ քոլեճի նախակրթարանին, ապա` Մեզիրէի ամերիկեան եւ գերմանական վարժարաններուն: 1 ապրիլ 1915-ին` Եփրատ քոլեճի արձակուրդի օրը, ընտանեօք կառքով Մեզիրէ երթալու պատրաստութեան պահուն, 4 բանակայիններով շրջապատուած Թլկատինցին տան վարէն...

Գիւղը, Ուր Տղամարդոց Մուտքը Արգիլուած Է

Գիւղը, Ուր Տղամարդոց Մուտքը Արգիլուած Է

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Երբ այս օրերուն արեւմտեան պետութիւններ գործ ու բան ձգած միլիառաւոր տոլարներ կը յատկացնեն Ուքրանիոյ` իբր թէ զայն փրկելու համար, անշուշտ միտումնաւոր կը մոռցուին նոյն այդ պետութիւններու բանակներուն գործած վայրագութիւնները իրենց սահմաններէն շատ հեռու վայրերու մէջ: Զոհերը անշուշտ միշտ կ՛անիրաւուին մարդկային իրաւունքներու մասին ճառողներու կողմէ: «Կարտիըն» կայքը գրած է Քենիոյ մէջ գիւղի մը մասին: Եզրակացութի՞ւնը... Ն. Ումոճայի մէջ միայն...

Յակոբ Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով – 1 –  Դիւցազներգութեան Աշխարհէն Եկած Ժպտադէմ Տիտանը

Յակոբ Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով – 1 – Դիւցազներգութեան Աշխարհէն Եկած Ժպտադէմ Տիտանը

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սովորաբար յօդուածներս կը սկսիմ հարցումով մը` «Ինչո՞ւ այս յօդուածը»: Սակայն այս անգամ, մինչեւ այս հարցումը գրի առնեմ, մելանս սկսաւ, իմ հսկողութենէս անկախ, հոսիլ: Ետ տարաւ զիս, տարիներ առաջ, իմ մանկութեան օրերս: Յստակօրէն կը յիշեմ, տարիներ առաջ, երբ Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանին մէջ ինծի յանձնուեցաւ հայերէնի դասագիրքս: Չեմ յիշեր, թէ ո՛ր տարին էր, բայց վստահ եմ, որ...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Մեր Սուրբերը…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ - Ո՞վ եղած էր, կամ որո՞նք եղած էին մեր առաջին սուրբը կամ սուրբերը, Թադէո՞ս, թէ՞ Բարթողիմէոս առաքեալները, թէ՞ Գրիգոր Լուսաւորիչը: Ըսէ՛ք` տեսնեմ, հայտէ՛ ըսէ՛ք, դուք որ կը կարծէք, թէ շատ բաներ գիտէք: Տարիներ առաջ էր, երբ բարեկամներէս մէկուն, ընտանեկան այցելութեան ընթացքին, մտերմիկ եւ սակայն նոյնքան ալ տաք մթնոլորտին մէջ, յանկարծ տանտէրը այս հարցումը ուղղած էր մեզի` բոլոր ներկաներուս:...

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Յոբելեանին Առթիւ

Համազգայինի 95-Ամեակ. Մարտահրաւէրներ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Համազգայինի 95-ամեակի յօդուածաշարքին վերջինը յատկացուցած եմ Համազգայինի մարտահրաւէրներուն: Համազգայինի պատմականը եւ ձեռքբերումները մատնանշելով, բնականաբար, տեսանք, կարդացինք եւ տեղեակ եղանք, թէ տասնեակ տարիներու ընթացքին ինչպէ՛ս աշխատած եւ գործած է Համազգայինը տարբեր գաղութներու մէջ եւ Հայաստանի անկախութենէն ետք Հայաստանի եւ աւելի ուշ Արցախի մէջ: Բազմաբնոյթ այս աշխատանքը անպայմանօրէն իր հետքն ու դրոշմը ձգած է գաղութներու գոյատեւման, մշակութային կեանքի բարգաւաճման եւ...

Շրջափակման Պատճառով Արցախի Տնտեսութեան Հասած Է 190 Միլիոն Տոլարի Վնաս, 9800 Անձեր Անգործ Մնացած Են

Շրջափակման Պատճառով Արցախի Տնտեսութեան Հասած Է 190 Միլիոն Տոլարի Վնաս, 9800 Անձեր Անգործ Մնացած Են

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը 21 մարտին հրապարակեց եռալեզու արտահերթ զեկոյց մը` Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը 100 օրերէ ի վեր շրջափակուած պահուելուն պատճառով մարդու անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներու խախտումներուն մասին: Զեկոյցին մէջ համապարփակ եւ մանրամասն կերպով 100 կէտերու միջոցով կը ներկայացուին 7 անհատական իրաւունքներու, 5 խոցելի խումբերու եւ 4 հաւաքական իրաւունքներու խախտումներու վերաբերեալ տուեալներ, որոնք կ՛արտացոլացնեն մարդկային խորացող ճգնաժամը եւ Արցախի...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Արցախը Առանցք Դարձնելը` Անշրջելի Հրամայական

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Արցախը Առանցք Դարձնելը` Անշրջելի Հրամայական

Մի քանի օրից լրանում է Արցախի շրջափակման 100 օրը, իսկ մի քանի օր առաջ տօնեցինք ազատագրական պայքարի սկիզբն ազդարարող փետրուարեան զարթօնքի 35-ամեակը: Պայքարը շարունակւում է: Այս օրերի եւ այս տարիների  ընթացքում շատ անգամներ առիթ է եղել խորհելու` վերաիմաստաւորելու համար պայքարի նպատակն ու ցանկալի վերջնարդիւնքը: Յատկապէս դժուարին պահերին, երբ թւում է, թէ հաւաքական տոկունութիւնը տեղիք է տալիս, հարկ է մէկ անգամ...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակի Առիթով) Ա. Մաս

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Ծանօթ.  Իբրեւ Ա. բաժին` բացատրական այս նոր յաւելուածով վերստին հրատարակութեան համար մամուլին կը յանձնեմ  յօդուածս, որ լոյս տեսած էր տասը տարի առաջ` 150-ամեակին առիթով: Այն ատեն  արձագանգ չունեցաւ: Կը կարծեմ, թէ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ  է, որ հայ հանրութիւնը, պատասխանատու դիրքի վրայ թէ պարզ ազգային, իրազեկուի Ազգային սահմանադրութեան գոյութեան եւ անոր ոգիին, լուսաբանուի, որ Ազգային սահմանադրութեան դրոյթներով մեր եկեղեցին տարբեր է...

Page 274 of 1111 1 … 273 274 275 … 1,111

Արխիւներ