ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աբաս Միրզայի արշաւանքը եւ ռուս-պարսկական բանակներուն միջեւ մղուած կռիւները աւերածութեան մատնած էին Արցախը: Գիւղերը լքուած ու ամայացած էին: Ժողովուրդին մէկ մասը պարսկական բանակին կողմէ գերեվարուած եւ քշուած տարուած էր Արաքսի միւս ափը, իսկ մնացեալներն ալ լեռները փախած էին:
Պարսկական արշաւանքը սկսած էր այն ժամանակ երբ հունձքը պիտի սկսէր: Հունձք չէր կատարուած, եւ ցորենի ամբողջ բերքը ոչնչացուած էր:
Պարսկական բանակը Գանձակի ճակատամարտէն պարտուած դուրս գալէն ետք, 1826 սեպտեմբերին քաշուած էր Արցախէն:
Մեհտի Ղուլի խան իր գործակալներուն միջոցով թաթար ցեղախումբերուն կոչ կ՛ուղղէր շարունակել պայքարը անհաւատ ռուսերուն դէմ եւ չընկճուիլ, հաւաստիացնելով որ պարսիկներ պիտի վերսկսին պատերազմը եւ անոնց տիրապետութեան տակ ժողովուրդը կատարեալ երջանկութեան մէջ պիտի ապրի: Միաժամանակ խանը թափառաշրջիկ ցեղերուն (Փատար, Շահսաւան, Թարաքամա) կոչ կ՛ուղղէր Պարսկաստան տեղափոխուիլ:
Աւազակախումբեր սանձարձակ կը գործէին եւ ահուդողի մատնած էին լեռները ապաստանած արցախցիները: Տեղէ տեղ փոխադրութիւնը դարձած էր անհնար: Գիւղերու աւերակները փռուած էին այս ու այն կողմ: Ժողովուրդը աշնանացան կատարելու հնարաւորութիւն չունէր:
* * *
Զօրավար Վալերիան Մադաթով պարսկական բանակի հեռացումէն ետք շտապեց Շուշի: Բերդաքաղաքէն բաւական հեռու ժողովուրդ եւ հոգեւորականութիւն ընդառաջ դուրս եկան անոր: Մեծ ու փոքր, կին ու տղամարդ ուրախութեան աղաղակներով եւ շնորհակալական խօսքերով դիմաւորեցին երկարատեւ պաշարումի սարսափներէն զիրենք ազատած հերոսը:
Շուշի մտնելէն ետք Մադաթով իմացաւ որ Աւետարանոցի հետ իր գիւղերէն վեցը հիմնայատակ ոչնչացուած են: Աւետարանոցի իր ապարանքը հրդեհուած եւ աւերակներու կոյտ մը դարձած էր: Պարսիկներ ինչ որ կրցած էին, տարած էին, ինչ որ չէին կրցած, այրած էին:
Մեհտի Ղուլի խանին հետ գործարք կատարած եւ տգեղ արարքներով գիւղերու ու անոնց կալուածներուն տիրացած, ժողովուրդը իր ճորտերը դարձուցած եւ իրեն համար ճորտատիրական կալուածատիրութիւն ստեղծած Մադաթովի տնտեսութենէն ոչինչ մնացած էր:
Նոյն օրերուն պարսիկներ սուտ լուրեր սկսան տարածել, ըսելով որ Մադաթով կռուի ժամանակ սպաննուած է:
Երմոլով Մադաթովը կրկին Ղարաբաղի, Շաքիի եւ Շիրվանի նախկին խանութիւններու կառավարիչ նշանակեց: Սակայն այդ օրերուն Մադաթով իր ձեռքին տակ զօրք չունէր, որովհետեւ անոր հրամանատարութեան տակ գործող զօրքերը զօրավար Պասկեւիչին յանձնուած էին:
Պասկեւիչ որոշեց իր բանակով անցնիլ Արաքսը եւ շարժիլ դէպի Պարսկաստանի խորերը: Սակայն Երմոլով համամտութիւն չտուաւ եւ Պասկեւիչի բանակը արձակելով իր մրցակիցին թելադրեց Թիֆլիս մնալ:
Մադաթովի օգնութեան հասան հայերը: Փութով կամաւորական խումբեր կազմուեցան: Մադաթով հայ կամաւորներուն գլուխը անցած սկսաւ արշաւանքներ կազմակերպել Արցախի զանազան կողմերը, արմատախիլ ընել աւազակութիւնները եւ հնազանդեցնել թուրք թաթար ցեղերը:
* * *

Զօրավար Տենիս Դաւիթովի հրամանատարութեան տակ գործող ռուսական զօրքեր, կազմուած` հետեւակային երեք գումարտակներէ եւ 900 հեծեալներէ, եւ ունենալով տասներկու թնդանօթներ, 19 սեպտեմբեր 1826-ին Ջալալօղլիէն (այժմ` Ստեփանաւան) դուրս գալով շարժեցան դէպի Փամբակ, Ապարան եւ Շիրակ:
Զօրավար Տենիս Դաւիթով հռչակաւոր դարձած էր Նափոլէոնի Ռուսաստան ներխուժումին ժամանակ, իբրեւ ֆրանսական գրաւող բանակին դէմ հրոսակային կռուի ղեկավար:
Դաւիթովի զօրամասը սեպտեմբեր 20-ին գրաւեց Համամլուն (ներկայիս` Սպիտակ): Պարսկական բանակը ծանր կորուստներ կրելով նահանջեց դէպի Ապարան:
Հալածելով հակառակորդը, ռուսական բանակը հասաւ Ապարանի շրջակայ Միրաք գիւղը: Սեպտեմբեր 21-ին, Միրաքի մօտ տեղի ունեցած ճակատամարտին Դաւիթով ջախջախեց Հասան խանի չորս հազար հեծեալներէ բաղկացած գունդը եւ հարկադրեց նահանջել դէպի Երեւան:
Երեւանի Հիւսէյն Ղուլի խան այդ ժամանակ Սեւանայ լիճի հիւսիսային ափերը հասած էր: Լսելով Միրաքի ճակատամարտին եղբօր կրած պարտութեան լուրը, ան փութով Երեւան վերադարձաւ:
Դաւիթովի զօրամասին միացած էին հայ կամաւորներ: Անոնցմէ էր էրզրումցի Մարտիրոս Վեքիլեան, որ հեծեալ ջոկատի մը հրամանատարն էր: Վեքիլեանի ջոկատի կամաւորները իրենց սխրանքներով փայլեցան յատկապէս Միրաքի ճակատամարտին եւ քաջութեան եւ խիզախութեան օրինակներ ցոյց տուին:
Դաւիթովի զօրամասը Ապարանէն առաջ շարժեցաւ, նպատակ ունենալով սրընթաց գրոհով գրաւել Երեւանը:
Սեպտեմբերի վերջաւորութեան, դէպի Երեւան ճամբուն վրայ Դաւիթով ստացաւ զօրավար Երմոլովի հրամանը` վերադառնալ Ջալալօղլի: Երմոլով իր նամակին մէջ կը յայտնէր, որ երեւանեան արշաւանքը յետաձգուած է մինչեւ 1827-ի գարունը, որովհետեւ արդէն ձմեռնամուտ է եւ Երեւանի գրաւման համար անհրաժեշտ նախապատրաստութիւնները տակաւին չեն աւարտած:
* * *
Արցախցիներուն համար աղէտ էին թափառաշրջիկ ցեղերը: Անոնք գարնան ձիւնհալէն ետք Մուղանի տափաստաններէն հսկայ զանգուածներով եւ իրենց անհամար հօտերով կը բարձրանային Արցախի լեռները: Անոնք բոլորն ալ զինուած էին, ասպատակութիւններ կը կատարէին, կը յափշտակէին, կը գերեվարէին եւ սարսափ տարածած էին:

Քոչուոր ցեղերուն ամէնէն մեծն ու ազդեցիկը Շահսաւաններն էին: Շահսաւան կը նշանակէ շահը, թագաւորը սիրող, շահին միացած կամ շահին նուիրուած: Անոնք թրքական ծագումով խմբաւորումներ են, շիի դաւանանքի հետեւորդ, որոնք միաւորուած են շահ Աբասի ժամանակ, շուրջ 1600-ին եւ Սեֆեւիներու բանակին ողնասիւնը կազմած են:
Շահսաւաններու վրանախումբերը տարածուած են Արտապիլէն Պիլէհ, Սաւար, Փարսաւար եւ կը հասնին մինչեւ Իճրուտ, Զանճան, Քալէյպար, Ղազուին ու Համատան: 1747-էն 1808 անոնց կը պատկանէր Արտապիլի խանութիւնը: Անոնք հասած էին մինչեւ Պաքու եւ Ղուբա: Արտապիլի նահանգի Սապալան լեռները անոնց գլխաւոր ամարանոցներն են, Մուղանի տափաստանները` ձմեռանոցներ:
Շահսաւանները սանձելու եւ նաեւ պարսիկները տեւական սարսափի մէջ պահելու համար Երմոլով Մադաթովի զօրք տրամադրեց եւ գաղտնի հրահանգ ուղարկեց արշաւանքի սկսելու դէպի Արաքսի միւս կողմը:
Մադաթով, 42-րդ եգերեան զօրագունդէն մէկ վաշտ զինուորներով եւ արցախցի հայ հետեւակ ու հեծեալ կռուողներով, 26 դեկտեմբեր 1826-ին, սաստիկ ցուրտին, ճամբայ ելաւ: Զօրքը կ՛առաջնորդէր Ասրի բէկ, որ երկար տարիներ Պարսկաստան մնացած ըլլալով լաւ ծանօթ էր միջավայրին, պայմաններուն ու ժողովուրդին:
Արաքսի ափին Մադաթովի միացաւ գնդապետ Մեսչենկօ` իր զօրքերով:
Զօրքը դեկտեմբեր 28-ին հասաւ Խուդափերինի կամուրջին մօտ, որ այդ կողմէն միակ անցքն է Արաքս գետէն: Բայց կամուրջէն անցնիլ անհնար էր. պարսիկներ անոր կամարներէն քանի մը հատը խորտակած էին: Հակառակ սաստիկ ցուրտին, մինչեւ իրենց թիկունքը ջուրերուն մէջ, զօրքը անցաւ գետը:
Պարսկական հողը մտնելէն ետք զօրքը Դիլայուրտի հովիտէն սկսաւ յառաջանալ դէպի Սամբուր գետ:
Այդ կողմերը Շահսաւաններու մէկ հատուածին ձմեռանոցներն էին, հոս ու հոն ցրուած վրանախումբեր: Կային նաեւ քրտական Շիկակ եւ այլ ցեղախումբերու ձմեռանոցներ:
Մադաթով յարձակեցաւ Շահսաւաններուն վրայ, հալածեց զանոնք եւ շուրջ քսան հազար ոչխար, բազմաթիւ ուղտեր, ձիեր, կովեր ու եզներ եւ իրեղէններ յափշտակեց անոնցմէ:
Այնուհետեւ Մադաթով մտաւ Արտապիլէն հիւսիս-արեւմուտք գտնուող Մեշկինշահր գաւառ: Ան Շահսաւաններուն ըսաւ որ ինք հոնկէ պիտի անցնի դէպի Թալիշի խանութիւն: Շահսաւանները հաւատացին եւ յօժարեցան ճամբայ տալ: Բայց Մադաթով փոխանակ Թալիշի խանութիւն երթալու, յարձակեցաւ Շահսաւաններուն ձմեռանոցներուն վրայ, շատեր կոտորեց եւ շուրջ երկու հազար ուղտ, տասը հազար կով եւ եզ ու վաթսուն հազար ոչխար յափշտակեց անոնցմէ:
Ամէն կողմ սարսափ տարածելով Մադաթով մտաւ Լարի (Լահրուտ), որ Մեշկինշահր քաղաքին մօտակայ աւան մըն է: Լարիի խանը ներկայացաւ Մադաթովի եւ խնդրեց խնայել իրենց: Խանը երդում ըրաւ հաւատարիմ մնալու ռուսերուն:
* * *
Ղարաբաղի Մեհտի Ղուլի խան եւ իր հետեւորդները, ինչպէս նաեւ պարսիկ իշխանաւորներ, Մադաթովի արշաւանքէն անակնկալի եկած, փախուստ տուին դէպի երկրին խորերը:
Մադաթով ոչ մէկ տեղ դիմադրութեան հանդիպեցաւ: Պարսիկ շատ մը իշխանաւորներ յօժարակամ անձնատուր եղան եւ հաւատարմութիւն յայտնեցին ռուսական կառավարութեան:
Թաւրիզի մէջ խուճապային վիճակ կը տիրէր: Գահաժառանգ Աբաս Միրզա պատրաստուեցաւ հեռանալու իր մայրաքաղաքէն:
* * *
Լարիի մէջ վաշտ մը հետեւակ եւ 600 կոզակ ձգելով, Մադաթով մնացած զօրքերով ճամբայ ելաւ դէպի Ահար, Ղարադաղի խանութեան մայրաքաղաքը: Ճամբան, Նասիրապատ գիւղին մէջ անոր ընդառաջ ելան Ղարադաղի Մոհամէտ Ղուլի խանին ներկայացուցիչները եւ իրենց հնազանդութիւնը յայտնեցին:
Նասիրապատի մէջ Մադաթովի ընդառաջ ելան նաեւ Ղարադաղի հայոց քահանաները, մելիքներ ու տունուտէրերը եւ նոյնպէս իրենց հպատակութիւնը յայտնեցին: Մադաթով զանոնք իր մօտ պահեց:
6 յունուար 1827-ին, թնդանօթներու հարուածներու տակ Սուրբ Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօնի արարողութիւն կատարուեցաւ:
Յունուար 7-ին Մադաթով շարժեցաւ դէպի Ահար: Քաղաքէն հեռու անոր հանդիպեցան քաղաքին աւագները եւ իրենց հնազանդութիւնը յայտնեցին:
Մադաթով Ահարէն աւելի յառաջանալու մտադրութիւն չունէր: Ան իրագործած էր իր առջեւ դրուած առաջադրանքը: Շահսաւանները զսպուած եւ ծանր հարուած ստացած էին: Ռուսական զօրքերը պարսիկներուն մէջ ամէնուրեք սարսափ տարածած էին: Բացի այդ, Մադաթով ծանօթացած էր Պարսկաստանի ներքին կացութեան եւ բաւական տեղեկութիւններ հաւաքած էր: Ան նաեւ ահագին աւար եւ կողոպուտ ձեռք ձգած էր:
Մադաթով իր զօրքին գլուխը անցած յունուար 9-ին Ահարէն ճամբայ ելաւ եւ վերադարձաւ Արցախ: Ան իր աւարին մեծ մասը հայ կամաւորներուն բաժնեց, որովհետեւ անոնք ռուսական կառավարութենէն որեւէ վարձատրութիւն չէին ստանար: Աւարին մնացեալ մասն ալ ռուս զինուորներուն բաժնուեցաւ:
* * *
Մադաթով Արցախէն մեկնեցաւ Թիֆլիս, իր փայլուն յաղթանակին համար Երմոլովին հաշիւ տալու:
Երմոլով եւ Մադաթով կը պատրաստուէին պարսկական այս փայլուն արշաւանքին համար գնահատանքի եւ պատիւներու արժանանալու:
Մինչ այդ Պասկեւիչ նամակ ուղարկած էր Պետերբուրգ` Նիկոլայ Ա. կայսրին, յայտնելով որ նախապէս Երմոլով իրեն թոյլ չէր տուած Ղարաբաղի վրայով Պարսկաստան արշաւելու, բայց այժմ ան Մադաթովի գաղտնաբար արշաւանքի հրահանգ տալով, անձնական հաշիւներ ու շահ կը հետապնդէ:
Նիկոլայ Ա. կայսր Թիֆլիս ուղարկեց սպայակոյտի պետ մարաջախտ Հանս ֆոն Դիբիչը` մանրամասն քննութիւն կատարելու համար: Կայսրը Դիբիչի լիազօրութիւն տուաւ Երմոլովը հեռացնելու Կովկասի կառավարչապետի եւ հրամանատարի պաշտօնէն:
Մարաջախտ Դիբիչ Թիֆլիս հասնելով քննութիւն բացաւ, միաժամանակ փորձելով Երմոլովն ու Պասկեւիչը հաշտեցնել իրարու հետ: Պասկեւիչ կտրականապէս մերժեց Երմոլովի հետ համատեղ ծառայելու առաջարկը: