«Օտար գաղութներու մէջ, շրջապատի այլասերող եւ ապազգայնացնող հազար ու մէկ վտանգներու մէջ, ինչպէ՞ս կրնայ նոր սերունդը հայ ըլլալ եւ անկախութեան պայքար մղել: Մանաւանդ ինչպէ՞ս պէտք է հոգիով հայ մնալ: Մայիս 28-ը անցեալ կը դառնայ, մինչ ան պէտք է ապագայի տենչ մը ըլլայ: Ո՞վ պիտի կատարէ այս դերը: Հայրենիք չկայ…: Երկու միջոց կայ` դպրոց եւ գիրք, որոնք միայն կրնան փրկարար դեր կատարել, հայ մնալու պայքարը մղել, հայ հոգիներուն մէջ ազգային մակարդակը պատրաստել»:
Այսպէս պիտի պատգամէր «Համազգային ընկերութեան» մասին` հրապարակային յայտարարութեան ընթացքին, Գահիրէի մէջ, Լեւոն Շանթ` Հայաստանի Հանրապետութեան 10-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան ժամանակ: Ան իր խօսքին մէջ կը շեշտէր այն պայմանները, որոնց մէջ կը տուայտի հայ կեանքը եւ այն միջոցառումները, որոնք անհրաժեշտ են Հայաստանի գոյութիւնը փրկելու համար` իբրեւ ազգային-մշակութային ուրոյն ամբողջութիւն:
Ցեղասպանութեան ենթարկուած, տարագրուած, անօթեւան ու անկազմակերպ հայութեան բեկորներու անմխիթար վիճակը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան կորուստը հայութիւնը` ազգը ամբողջ, դրած էին աղէտահար կացութեան մը դիմաց եւ անոր գոյութեան սպառնացող վտանգները օրէ օր կը խորանային ու կ՛արմատանային: Աւելի՛ն. կար յստակ վարքագիծ հայութեան ազգային մտածողութիւնը հարուածելու, անոր պահանջատիրական ոգին ջլատելու ու օտար ափերու մէջ մեր ժողովուրդը վերածելու անդիմագիծ հաւաքականութեան ու նախիրի:
Պէտք էր անպայման յեղաշրջել հայութեան կեանքը` ճիշդ այնպէս, ինչպէս տեղի ունեցաւ 1890-ական թուականներու զարթօնքի շրջանին: Յեղափոխութիւնը` առաջին հերթին, անհրաժեշտ էր հոգիներուն մէջ` ներազգային ճակատի վրայ ու նաեւ արտաքին աշխարհին համար: Այդ փուլին պահանջատիրական նոր դիմագիծի դարբնումը, սակայն, ունէր կարեւոր նախադրեալ մը եւ այդ մէկը հայկականութեան, հայոց լեզուի, մշակոյթի ու ինքնութեան պահպանման անյետաձգելի հրամայական էր:
Եւ ո՛վ պիտի կրնար ինքզինք դնել այս պատասխանատուութեան դիմաց ու ստանձնէր ամբողջական յանձնառութիւն, եթէ ոչ Առաջին Հանրապետութեան կերտիչներն ու գործիչները: Ու ահաւասիկ այս պատմական փուլի առաքեալները, Եգիպտոսի մէջ հաստատուած մտաւորական ու հասարակական գործիչներ` Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, բժիշկ Համօ Օհանջանեանը, Վահան Նաւասարդեանը, Գասպար Իփէկեանը, Ստեփան Եսայեանը, Մինաս Խաչատրեանը եւ այլ նուիրեալներ կ՛որոշէին հայութեան սպառնացող ձուլման ու հայկականութեան կորուստի թաւալգլոր ընթացքը յեղաշրջել:
Յուսահատութեան ու յուսաբեկման ընդհանուր թոհուբոհին մէջ հրամայական անհրաժեշտութիւն էր անխորտակ պահել մեր սեփական լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը, մեր ազգային հոգեմտաւոր արժէքները, գաղափարական շտեմարանը:
Ահաւասիկ Համազգային հիմնադիրները այս գիտակցութեամբ ու համոզումով, երբ հայը կորսնցուցած էր ամէն ինչ, եկան ըսելու իրենց ո՛չը, եկան ցնցելու անոր էութիւնը, որպէսզի վառ պահուին անոր գոյութիւնը պայմանաւորող բարոյական արժէքները, մշակոյթը, հայկական մտածելակերպն ու կենցաղը:
Ճեմարան, հրատարակչատուն, գրատարած, թատերախումբ, գեղարուեստական միաւորներ, մտաւորականութեան համախմբում, մասնաճիւղեր` տարբեր գաղութներու մէջ, սփիւռքեան կեանքին կու տային նոր որակ ու նկարագիր:
Ճեմարանի հիմնադրութեամբ Համազգայինը սփիւռքի մէջ հայութեան վերածնունդն էր, որ կ՛աւետէր, իսկ հրատարակչական գործի ծաւալումով հայ զանգուածներուն մօտ վերազարթօնքի գաղափարն էր, որ կը դարբնէր: Մտաւորականութիւնը կոչուած էր դիմագիծ տալու սփիւռքին, զանգուածները պահելու զգաստ ու սերտօրէն առնչուած մեր իտէալներուն ու տեսլականներուն: Աւելի ետք, Համազգայինը իր գոյութիւնը պիտի խարսխէր Հայ դատի հետապնդման ուղիով ու պիտի փորձէր մեր անժամանցելի մշակոյթը նաեւ ծանօթացնել օտարին ու հայութիւնը պահել միջազգային բոլոր ամպիոններուն վրայ: Թող ոչ ոք կասկածի Համազգայինի ունեցած անուրանալի դերակատարութեան Հայ դատի պաշտպանութեան նուիրական աշխատանքին մէջ: Պահանջատէր սերունդներու կազմաւորման եւ պատրաստութեան համար Համազգայինը դարձաւ կամաւոր զինուոր: Աւելի ուշ, մեր ժամանակներուն, Հայաստանի վերանկախացումէն անմիջապէս ետք, Համազգայինը ներկա՛յ ըսաւ պետականութեան կայացման մարտահրաւէրին ու եղաւ առաջինը, որ հայրենիք-սփիւռք կապերու վերաթարմացման, զարգացման ու խորացման համար տուաւ իր կարելին եւ այս մէկը կրթական ու մշակութային բոլոր բնագաւառներուն եւ ոլորտներուն մէջ: Եւ այսպէս մշակութային մեծ խումբեր, մտաւորականներ, արուեստագէտներ հիւրընկալուեցան արտասահման եւ նաեւ հայրենիքի մէջ թատերախումբեր, մտաւորականութեան խորհրդաժողովներ, ստեղծագործ աշխատանք, կրթական հաստատութիւններ դարձան Համազգայինի հովանաւորեալ կառոյցները եւ անոր ժամանակակից մարտավարութիւնը: Ամբողջական հայութեան ու ամբողջական Հայաստանի հէնքին վրայ հիմնուած Համազգայինը ճիգ չխնայեց նաեւ սփիւռքացած սերունդները շաղկապելու հայրենիքի հետ ու անոնց ինքնութիւնը ոռոգելու հայրենիքով սնուցուող հողով, ջուրով, մշակոյթով:
Այսօր հաւաքուած ենք նշելու Համազգային միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակը եւ այս առիթով նպատակայարմար պիտի ըլլայ կիսել մտածումներ ու խորհրդածութիւններ, որոնք դէպի հարիւրամեակ երթին մէջ միութիւնը կ՛օժտեն յաւելեալ ուժականութեամբ եւ նպատակասլաց ընթացքով:
Մեր մշակոյթը այսօր կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Դասական եւ ժամանակակից մշակութային արտայայտութիւնները հազուագիւտ ձեւով իրենց արդար ու արժանավայել տեղը կը գտնեն միջազգային հարթակներու ու բեմերու վրայ: Հայրենիքին մէջ թէ հայրենիքէն դուրս մեր մշակոյթը միջազգայնացնելու հրամայականին դիմաց կը գտնուինք անտարակոյս: Համաշխարհայնացման ու շուկայացման թոհուբոհին մէջ վստահաբար այդքան ալ դիւրին առաքելութիւն չէ այս պարտականութիւնը, սակայն անհրաժեշտ է այս առաջնահերթութեան մասին մտածել, անշուշտ` պահելով ու պահպանելով մեր մշակութային առանձնայատկութիւնը եւ ինքնուրոյնութիւնը:
Հայ գրականութիւնը, իր կարգին, այսօր տագնապի մէջ է` Հայաստանի ու արտերկրի մէջ: Ստեղծարար, մեր ներկան պատկերող, մեր կեանքի հայելին դարձող ու հայկականութեան թռիչք տուող մտաւորականութեան սփռած լոյսը այդքան ալ ճառագայթող չէ հայ կեանքին մէջ: Մակերեսայնութիւնն ու հետաքրքրական դառնալու ճիգը սկսած են աղաւաղել հայ գրականութեան անդաստանը, անշուշտ` յարգելով եւ առանց մտահան ընելու խորհրդանշական դարձած մտաւորական երամի մը սաւառնումը հայոց երկնակամարին վրայ:
Հայեցի կրթութիւնը, իր կարգին, հայ դպրոցը բնականաբար, հայ կրթական մշակը անխուսափելիօրէն դէմ յանդիման կը գտնուին մեծ դժուարութիւններու: Հայեցի սերունդներու դաստիարակութեան ու կազմաւորման գործընթացը այնքան ալ հեզասահ չ՛ընթանար, եւ անոր արգասիքը` զանազան պատճառներով, մեր օրերուն չի գոհացներ հաւաքական կեանքը:
Երիտասարդութիւնը, իր կարգին, շատ յաճախ իրեն հարազատ միջավայր չի գտներ մեր մշակութային նախաձեռնութիւններուն մէջ ու իր բացակայութիւնը կը դառնայ տեսանելի: Երիտասարդական շունչն ու մթնոլորտը շատ յաճախ չեն կենսաւորեր մեր մշակութային նախաձեռնութիւնները, եւ ընդհանրապէս երիտասարդութեան կարեւոր համեմատութիւն մը օտար մշակութային ազդեցութիւններու ոլորտին մէջ կը կազմաւորուի ու հեռու կը մնայ հայկական արժէքներէ:
Տակաւին չենք անդրադառնար հայոց լեզուի եւ հայերէն լեզուամտածողութեան նահանջին: Մարտահրաւէրներու եւ հայկականութենէն հեռացման երեւոյթներու շարքը կարելի է աւելի ընդգրկուն դարձնել եւ եզրակացնել, թէ ներկայ ժամանակներուն մէջ մեր ազգային դիմադրականութիւնը հարուածող գործօնները օրէ օր կը բազմապատկուին:
Այս բոլորին դիմաց սակայն, Համազգայինը ոչ մէկ ատեն իր անցեալի դրամագլուխով բաւարարուող, անցեալի նուաճումներն ու ձեռքբերումները շեփորահարող շինծու ինքնադրսեւորմամբ կը ծաւալէ իր գործունէութիւնը: Անցեալը Համազգայինին համար կը շարունակէ մնալ յենարան ու փորձառութեան անսպառ աղբիւր, բայց իր գործելաոճն ու մտածելակերպի վերաթարմացումը միշտ ալ կը յաջողի Համազգայինին դիմաց բանալ ժամանակին հետ համահունչ ընթացող առաքելութեան նոր հորիզոններ:
Համազգայինի բարձրագոյն թէ շրջանային ժողովները համապարփակ քննարկումի կ՛ենթարկեն հայ մշակոյթի, գրականութեան, կրթութեան ու երիտասարդութեան դիմաց կանգնած բոլոր մարտահրաւէրները եւ կը մշակեն համապատասխան ռազմավարութիւն, որ իր թարգմանութիւնը կը գտնէ համահայկական ու շրջանային ծրագիրներու մշակումով գործադրութեան: Այս ծրագիրները կը վայելեն զօրակցութիւնը համահայկական ֆոնտերու, բարերարներու եւ բարեկամներու, ինչպէս նաեւ անոնց գործադրութեան համար միշտ ալ համազգայնական կամաւորներու բանակ մը ինքզինք կը դնէ ամբողջական պատասխանատուութեան տակ:
Եւ այսպէս Լիբանանի մէջ հիմնադրուած Ճեմարանը, այլ շրջաններու մէջ ճեմարաններով համալրելու, երաժշտական միաւորները երաժշտական դպրոցներու վերածելու, հայրենագիտական նիւթերու փոխանցումը հայագիտական մասնագիտացած ամպիոններու եւ ծրագիրներու դարձնելու, գիրքերու հրատարակութիւնն ու գրատարածումը ելեկտրոնային հարթակներով հարստացնելու, մշակութային բոլոր մարզերու մէջ միշտ մասնագիտացման ընկալումը լուսարձակի տակ դնելու, սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ երիտասարդական համախմբումներուն կառուցային հիմք տալու, մանուկներու, պատանիներու մօտ մայրենին տարածելու կողքին արդի արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւններով ու մատչելի կերպով զայն հրամցնելու եւ վերջապէս մեր մշակութային գանձարանը օտարին ծանօթացնելու ու մշակութային երկխօսութիւն ծաւալելու առումով Համազգայինը այսօր` իբրեւ աշխարհատարած կառոյց, կը հունաւորէ իր աշխատանքը:
Մշակոյթի տօնին առիթով «Յուսաբեր»-ի մէջ, 1 դեկտեմբեր 1928-ին, Համազգայինի հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեան կը գրէ.-
«Մշակոյթի տօնը, իմ ըմբռնումով, կը նշանակէ սեփական հայրենիքի ստեղծման պահանջի արծարծում, ներկայ մշակոյթի կերպարանքը անորոշ է, պէտք է քաղաքական մտածումը յարատեւէ, այսինքն` քաղաքական սերունդ յառաջ գայ: Այսինքն` հայ քաղաքական մտածումը պէտք է իր ժառանգորդները ունենայ: Այդ սերունը ահա՛ պէտք է պահէ հայ մշակոյթը եւ պայմաններ պիտի ստեղծէ անոր ապահով յարատեւութեան եւ զարգացման»:
Համազգայինը այսօր` հարիւրամեակի ընդառաջ, Աղբալեանի այս պատգամն է, որ այժմէականացնելու եւ մեր կեանքին մէջ արմատաւորելու առաքելութեան լծուած է: Հարկ է ըլլալ իրապաշտ. փոթորկած է այսօր հայ կեանքը, կը գտնուինք ծանրագոյն յուսաբեկման եւ յուսահատութեան անդունդի եզրին, տարբեր համեմատութեամբ` որոշ չափով, Համազգայինի հիմնադրութեան օրերուն տիրող ընդհանուր մթնոլորտին մէջ: Կ՛ապրինք վախն ու սարսափը տակաւին կորսնցնելու աւելի՛ն: Հայակերտումի ու հայրենակերտումի մեր տասնամեակներու աշխատանքին ճիգը, զոհողութիւնը ակամայ երբեմն կ՛ափսոսանք, որովհետեւ ինքներս մեզ կը գտնենք ամէն ինչ յօդս ցնդած ըլլալու իրողութեան դիմաց: Բայց ո՛չ, 95 տարի ետք, ահաւասիկ Համազգայինը կը կանգնի ժողովուրդին դիմաց եւ իր հիմնադիրներու վճռակամութեամբ` նոր ժամանակներու համահունչ եւ վաղուան նոր պայքարին պատրաստ սերունդ կազմաւորելու նուիրական առաքելութեան մէջ կը դնէ ինքզինք եւ հո՛ն է, որ կը տեսնէ իր գոյութեան իմաստն ու նպատակը:
Համազգայինը 95 տարի իր կերտած ոգեղէն հայրենիքով անուրանալի դերակատարութիւն ունեցած է սերունդներուն մէջ վառ պահելով ազգային, գրական, մշակութային մեր հարստութեան հպարտանքը ու նկարագիրը: Ան կորուսեալ հայրենիքի շունչն ու կարօտը ապրեցնող ու տարածողն է մինչեւ այսօր ամէնուրեք, սերունդներ համակող ու անոնց հոգիներուն մէջ երկիր վերադարձի համոզումը անխորտակ ու կրակը անմար պահողն է: Ան իր մշակութային արտայայտութիւններով մեր անլռելի զանգակատունն է: Այս առաքելութեան մէջ Համազգայինը իր նպատակներու եւ ուղենիշներու ժողովրդայնացման ու համահայկականացման համար կը ստեղծէ նոր գործադաշտեր: Եւ այդ գործադաշտերուն մէջ կը համախմբուին նորանոր սերունդներ, մասնագիտացած մարդուժ` համազգայնական նուիրեալ ոգիով:
Համազգայինը սաղմնաւորուեցաւ ու կազմաւորուեցաւ հայրենիքի սահմանամերձ Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներուն մէջ, անոր կառոյցները ուռճացան ու զարգացան Լիբանանի մէջ, կեդրոնատեղին դարձաւ Լիբանանը, եւ Լիբանանէն ճառագայթեց անոր համասփիւռքեան, հայաստանեան, արցախեան գործունէութիւնը: Անցնող 40 տարիներուն, հակառակ Լիբանանի ապրած իրերայաջորդ ցնցումներուն եւ դժնդակ պայմաններուն, Համազգայինի առաքելութիւնը տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն չճանչցաւ, Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող կառոյցները ընդարձակուեցան: Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գեղարուեստի կեդրոնները ծաւալեցան, գործունէութեան մարզերը բազմապատկուեցան եւ դարձան ապրող ներկայութիւն մեր կեանքին մէջ: Անշուշտ այստեղ հարկ է արձանագրել, որ մշակութային որակի մասնագիտացման եւ բարձրացման մէջ անուրանալի է հայրենի արուեստագէտներու, մտաւորականներու եւ մասնագէտներու ունեցած դերակատարութիւնը: Աւելի՛ն. երիտասարդացման գործընթացը օրինաչափ կերպով կիրարկուեցաւ Համազգայինի գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Համազգայինի Ճեմարանի եւ գեղարուեստի դպրոցներու շրջանաւարտները այսօր նուաճած են միջազգային բարձունքներ, եւ այս պատիւը կ՛երթայ ամբողջ լիբանանահայութեան: Անշուշտ Համազգայինի համար իր շրջանաւարտները կը շարունակեն մնալ միութեան ծրագիրներու իրագործման զօրակից հիմնական աղբիւր: Այս իրողութիւնը իր գործնական ու հարազատ թարգմանութիւնը գտաւ յատկապէս վերջին 3 տարիներուն` Լիբանանի ապրած տնտեսական ճգնաժամին մէջ, երբ շրջանաւարտներու մեծ թիւ մը ինքնաբուխ ու ինքնակամ զանազան նախաձեռնութիւններով մասնակից դարձաւ Համազգայինի կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ կեդրոններու գործունէութեան հեզասահ ընթացքին:
Համազգայինի 95-ամեակը համազգայնական անհատի օրն է: Համազգայինը իր կանոնագրով իսկ կը ներառէ միաժամանակ վարչական գործիչը, մտաւորականը, կրթական մշակը, արուեստագէտը, միաւորներու մաս կազմող երգչախմբային, պարարուեստի, թատրոնի, կերպարուեստի բոլոր սպասաւորները, եւ իր գործունէութեան զօրակից բոլոր անհատները: Համազգայինը իր կոչումին հաւատարիմ հաւաքական աշխատանքի ու զօրակցութեան եզակի օրինակով կը յաջողի երաշխաւորել իր գործունէութիւնն ու ծրագիրները:
Համազգայնականը ունի մեծ ու խորախորհուրդ երազ, որ թերեւս կրնայ անհասկնալի ու անբացատրելի թուիլ շատերուն, բայց ան` միշտ զգաստ ու պատրաստ, իր ստեղծագործ աշխատանքը, երգն ու պարը, թատրոնն ու կերպարուեստը եւ իր մշակութային բոլոր արտայայտութիւնները կը կատարէ Արարատի կարօտով ու այդ բոլորը վա՛ղը` Արարատի լանջին իրագործելու անխախտ տեսլականով:
95-ամեակի առիթով կը խոնարհինք Համազգայինի հիմնադիր սերունդին եւ նուիրեալ գործիչներուն մեծ եւ պատմադրոշմ վաստակին դիմաց: Անոնց գործը տիտանային էր, եւ անոնք դարձան տիտաններ իրենց կեանքով ու ամենակարեւորը` իրենց կտակած մեծ ժառանգութեամբ:
Մարդկային ու ազգային նկարագիր կերտող այս աննման միութիւնը ունի իր գործին շուրջ համախմբուած սպասաւորները մագնիսացնելու անբացատրելի ուժ մը, ուր աշխատանքը հոգեկան անսպառ գոհունակութեան աղբիւր է անհատին համար, եւ այդ աշխատանքին յաջողութիւնը` անփոխարինելի հարստութեան մը համազօր ապրում: Կը բաւէ բեմերու վրայ նայիլ մեր մատղաշ սերունդի նայուածքներուն, ժպիտներուն, արտայայտութիւններուն եւ գօտեպնդուիլ հայկականութեամբ ու հայութեան անսասանութեամբ:
Այսօր մեր ուրախութիւնը անխառն է, երբ այստեղ է Համազգայինի տիտանային այդ սերունդի արժանավայել ներկայացուցիչը, մեր օրերուն Համազգայինի նահապետը` պատմաբան եւ հասարակական գործիչ Երուանդ Փամպուքեանը, ներկայ են նաեւ անոր կազմաւորած սերունդներն ու անոնց յաջորդները:
Սիրելի՛ ընկ. Երուանդ,
Թարգմանը հանդիսանալով բոլոր համազգայնականներու խօսքին, յարգանքին եւ երկիւղածութեան` կու գամ բարձրաձայնելու, որ Համազգայինի ջահը պիտի մնայ անմար, ուխտավայր Ճեմարանը եւ ճեմարանները հայ կեանքին պիտի ընծայաբերեն հայկականութեամբ ու գաղափարականութեամբ օժտուած նոր սերունդներ, պիտի շարունակուի մանկական, պատանեկան, գեղարուեստական, պատմագիտական եւ յեղափոխական գրականութեան հրատարակութեան գործը, մեր մատղաշ սերունդը պիտի ապրի մշակութային առողջ մթնոլորտի մէջ, որպէսզի վարդահեղեղ արշալոյսի ոտնաձայնը մի՛շտ լսուի հայ կեանքին մէջ:
Կեցցէ՛ Համազգայինը,
Կեցցէ՛ Համազգայինի օրրան Լիբանանը,
Անսասան մնայ հայոց աշխարհը:
17 մարտ 2023