«Ազդակ»-ի նախաձեռնութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին աջակցութեամբ գործող «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները շաբաթ, 8 ապրիլ 2023-ին այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:
Այցելութիւնը կատարուեցաւ թանգարանի ընդհանուր վարիչ Գրիգոր Ալոզեանի առաջարկով, որ հրաւէր մըն էր այցելութեան, եւ որուն ետին կար զայն աշխատանքի վերածելու պատկերացում մը:
«Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան եւ ծրագիրի գործադրութեան օգնական խմբագրական կազմի անդամներ Նարէ Գալեմքէրեան ու Քրիստ Խրոյեան, բիւրեղացնելէ ետք առաջարկը եւ անոր գործադրութեան ձեւը, յստակացուցին, որ
«Ապագայ լրագրողներու»-ու ծրագիրի երրորդ փուլին մասնակիցներուն թանգարան այցելութիւնը պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով, որուն լոյսին տակ նաեւ «Ազդակ»-ի մէջ լոյս պիտի տեսնեն այս առիթով գրուած տպաւորութիւնները:
Ուստի, այս էջերուն մէջ լոյս տեսած այցելութեան թղթակցութիւնը, յօդուածները, հարցազրոյցները, գրութիւններն ու նաեւ լուսանկարները արգասիքն են ամիսներու վրայ երկարող լրագրութեան վարժողական ծրագիրին եւ 8 ապրիլ 2023-ին կատարուած միօրեայ աշխատանքային այցելութեան: