Մայր բնութիւնը, յատկապէս` գարնան շրջանին, պարտէզներուն մէջ ծառերու եւ ծաղիկներու գեղեցկութեամբ եւ բուրմունքով կը հարստացնէ ու կը թարմացնէ մեր կեանքը եւ մեզ կը լիցքաւորէ վերանորոգման խորին խորհուրդով: Արդարեւ, ոչ միայն մարգագետիններու մէջ բազմազան գոյներով կը փռէ իր հմայիչ ներկայութիւնը, այլ շատ յաճախ խուզարկու աչքեր կը տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս երբեմն նոյնիսկ փուշերուն մէջէն հասակ կ՛առնեն այնպիսի չքնաղ ծաղիկներ, որոնք իսկապէս կը սքանչացնեն մեզ` մտածել տալով, թէ բնութեան մէջ կան ինչ-ինչ հրաշալիքներ, որոնք մեր մարդկային հասկացողութենէն վեր են: Եւ այդ փուշերուն մէջ հասակ առած ծաղիկները երբեք չեն գանգատիր, չեն տրտնջար, չեն դժգոհիր, որ իրենք փուշերուն մէջ հասակ կ՛առնեն, այլ` շարունակելով իրենց աճը, իրենք զիրենք կը կատարելագործեն` սփռելով իրենց բոյրը եւ գեղեցկացնելով մայր բնութիւնը:
Իբրեւ բանաւոր արարածներ, օժտուած` աստուածային շնորհներով եւ բնութեան անբաժան մասնիկը ըլլալով, շատ անգամ, որքան ալ բախտաւոր ըլլանք երջանիկ շրջապատով ու պարագաներով, կեանքի ճանապարհին վրայ անպայման կ՛ունենանք սիրտ խոցող փշոտ պահեր: Երբ ցաւի ու տառապանքի մէջէն դրական ոգիով, յարատեւութեամբ ու վճռակամութեամբ ընթանանք, ուժեղացած` խաչեալ ու յարուցեալ Քրիստոսով, կեանքի բոլոր պատահարներուն դիմաց աստուածապարգեւ մեր առաքինութիւնները չեն խամրիր, այլ հրաշքի համազօր ներուժով կը պտղաւորուին` ներշնչելով մեզ շրջապատողները:
Ճիշդ հարիւր հինգ տարիներ առաջ, 26 ապրիլ 1918-ին Նիւ Եորքի մէջ մեծահարուստ վաճառական` Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեաններու մէկ հատիկ մանչ զաւակը` Հաուըրտ, 14 տարեկանին կը մահանայ` դառնալով այն ժամանակուան համաճարակի զոհը:
Որդի կորսնցնելու անբուժելի փուշը կը խոցէ ընտանիքին սիրտը` սպառնալով արիւնաքամ ընել զայն:
Փշոտ այս ճանապարհին վրայ, փոխանակ յանձնուելու սուգի առթած բողոքի, գանգատի եւ յուսահատութեան ամեհի ալիքներուն, Գարակէօզեան ամոլը կը վճռէ ցաւն ու տառապանքը վերածել բալասանի, իսկ խաւարը` լոյսի, հիմնելով բարեսիրական հաստատութիւն մը, որ պիտի յաւերժացնէր ե՛ւ իրենց զաւակին յիշատակը ե՛ւ պիտի վերածուէր յոյսի փարոսի` փրկելու կեանքը հազարաւոր հայ որբերու, զորս անողոք դահիճներ փորձած էին խլել եւ յանձնել անապատի ու աւերակներու գիրկը:
105 տարիներ ետք ականատես վկաները կ՛ըլլանք` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս ցաւի ու տառապանքի փուշերուն մէջ ցանուած ու ծլարձակած բարեսիրական այդ հունտը ոչ միայն պահեց իր գոյութիւնը, այլ նաեւ հետզհետէ ուռճանալով` դարձաւ հաստաբուն դալար կաղնի եւ ժամանակի ընթացքին ծառայութեան իր ճիւղերը տարածելով` փրկեց եւ յոյսով լեցուց հազարաւոր հայ եւ ոչ հայ ընտանիքներ:
Այսօր «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը Լիբանանի մէջ օժտուած է կազմակերպչական եւ համագործակցական բացառիկ տուեալներով, ունի բազմաբնոյթ կարողութիւններու տէր նուիրեալ անձնակազմ, անիկա շարունակաբար ծաղկելով` դարձաւ աւելի առոյգ, ծաւալուն, կենսունակ եւ իրականացուց լայնածաւալ օգնութեան ծրագիրներ ո՛չ միայն առօրեայ ժամանակաւոր կարիքներու հասնելու միտումով, այլ` ապագայի շէնութեան, բարգաւաճման նպատակով, առաւել եւս ամրացնելով մեր ազգի գոյապահպանումը սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ:
Բոլորիս հպարտութիւն կը պատճառէ այն իրողութիւնը, որ իրերայաջորդ տնօրէններու առողջ տեսլականով, «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, ընդարձակելով իր գործունէութեան ծիրը, այլազան ոլորտներու մէջ մատուցեց հետեւեալ ծառայութիւնները.
– Մանկաբուժական պատուաստներ, ընտանեկան բժշկութիւն:
– Մասնագիտական բժշկութիւններ` կիներու, սրտի, շաքարախտի, գեղձերու, հոգեբուժական, մորթի եւ աչքի: Ատամնաբուժութիւն, սննդագիտութիւն, դեղարան, տարրալուծարան, դպրոցական առողջապահութիւն, ընկերային ծառայութիւն, անկարող հիւանդներու տնային բժշկական կազմի այցելութիւն, Գործի հայթայթման գրասենեակ, կանխարգիլման եւ դաստիարակչական արշաւներ, կիներու հզօրացման եւ ընկերային բարգաւաճման ծրագիրներ, ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու մանկավարժական կեդրոն, մտային առողջապահութիւն, սերտարան, չափահասներու լեզուներու եւ այլ արուեստներու դասընթացքներ, ամառնային դպրոց:
Աւելի՛ն. «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը եղաւ ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար, լսեց անոնց ցաւերը եւ իւրաքանչիւր ցաւի ամոքման ի խնդիր` որոնեց լուծումներ, երկարեց իր գթառատ ձեռքը անխտիր բոլորին` վառ պահելով անոնց մէջ յոյսի փարոսը:
Լիբանանի «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնութիւնը փոքրիկն Հաուըրտ Գարակէօզեանի մահուան 105-ամեակին առիթով գեղեցիկ մտածումը ունեցաւ զայն յառաջիկայ ամիսներուն նշելու չորս մեկնարկային ձեռնարկներու ընդմէջէն.
1.- Գաղութիս հայ ընտանիքներու առողջապահական վիճակը համարելով հաստատութեան առաջնահերթ պարտականութիւն` բժշկական փաթեթներու ճամբով 2023-ի մայիս ամիսէն սկսեալ պիտի տրամադրէ բժշկական անվճար ծառայութիւն բոլոր անոնց, որոնք շաքարախտի եւ գերճնշման հիւանդութիւններէ կը տառապին: Նաեւ` ոչ փոխանցիկ հիւանդութիւններու վաղ յայտնաբերման արեան քննութիւն բոլոր անոնց, որոնց տարիքը 40 եւ վեր է, եւ արեան քննութիւն յատուկ յղի կանանց, ինչպէս նաեւ մանուկներու հիմնական պատուաստները:
2.- Մայիս ամսուն պիտի կազմակերպէ հայ մայրերուն յատկացուած բացօթեայ ձեռնարկներ` նուիրուած 105-ամեակին:
3.- Յունիս ամսուան մէջ պիտի կազմակերպէ 105-ամեակին նուիրուած համերգային ձեռնարկ մը` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Վարդան Ակոբեանի, կատարողութեամբ Պոնի Փուէրի (Boni Pueri) տղոց երգչախումբին, որոնք կը կրեն Եւրոպայի մշակութային դեսպան տիտղոսը` շնորհուած Եւրոպայի երգչախումբերու ֆետերասիոնին կողմէ:
Այս համերգը պիտի կայանայ կատարողութեամբ 35 չեխ մանչերու, որոնց տարիքը կը տարուբերի 10-20 տարեկանի միջեւ:
4.- Յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն պիտի հովանաւորէ ամառնային դպրոցներ` նուիրուած 105-ամեակին:
Այս մեկնարկային նախաձեռնութիւններէն բացի` տակաւին պիտի կայանան այլազան ձեռնարկներ, որոնց պիտի անդրադառնանք հետագային:
Վերջապէս, կու գանք նշելու 105-ամեակը յիշատակի մը, որ կրցաւ, գաղութին մէջ գտնուող քոյր հաստատութիւներու հետ գործակցաբար, իր գոյութիւնը արժեւորել` ունենալով բեղուն գործունէութիւն մը, որ կը բխի քրիստոնէական հաւատքի խորհրդանիշը եղող սիրոյ խորհուրդէն:
«Գարակէօզեան» հաստատութիւն
Ապրիլ 2023





