ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Կրկնութեան գնով պէտք է շեշտել հետեւեալը.
Ա.- «Թուրքին եւ Թուրքիոյ ճի՛շդ այդ հրէշային ոճիրներուն դէմ գիտակցութիւնը եւ մարդկային պատմութեան ամէնէն ահաւոր այս ոճիրին դէմ արդարութիւն պահանջողի վիճակն ու ձգտումն է, որ կը միաւորէ ու կը հզօրացնէ սփիւռքի հայութիւնը: Ցեղասպանութեան ենթարկուած ու տեղահանուած ըլլալն է սփիւռքահայութեան հասարակ յայտարարը, եւ յիշողութիւնն ու հատուցումի պահանջատիրութիւնն է բոլորս միաւորողը: Ա՛ՅՍ Է ԷԱԿԱՆԸ» (Թ. Մաս):
Բ.- Սփիւռքահայութեան հզօրացման նպաստող բնական ու առաջին քայլը պէտք է ըլլայ ցարդ մեր ունեցած կառոյցներուն եւ անոնց գործող ու արտադրած մարդուժին հանդէպ յաւելեալ գուրգուրանքը եւ անոնց հաւաքագրումը, ամրապնդումը եւ գործի լծելը: Քանի որ այդ բոլոր կառոյցները` դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, միութիւններ եւ այլն, ժողովուրդէն ու անոր բնական պահանջէն գոյացան եւ յաջող կերպով յանձնառու հայեր պատրաստեցին ու տակաւին կը պատրաստեն:
1. Ակինեան շաբաթօրեայ Ազգային վարժարան, Մելպուրն, Աւստրալիա: 2. Գէորգ Թահթա կիրակնօրեայ վարժարան Լոնտոն, Անգլիա (1):
Այժմու կացութիւնը այն է, որ սփիւռքի մեր թիւը եւ աշխարհագրութիւնը անհամեմատ կերպով ընդարձակեցան ու համայնքներէն դուրս տարածուեցան` մեր կեդրոններէն եւ կառոյցներէն դէպի հեռուն: Ուրեմն նախ պէտք է պարուրել մեր թանկագին ունեցածը եւ պատրաստածը, ապա հասնիլ պատրաստուած ու յանձնառու հեռաւորներուն, որ կապ հաստատեն կեդրոններուն հետ: Իւրաքանչիւր կառոյցի գերագոյն պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ համախմբել այժմու եւ երբեմնի` այժմ ոչ գործօն բոլոր անդամները` փոքր պարտականութիւններ տալով, իրենց կեդրոնին կապելով զանոնք, ազգային օրակարգը եւ հայերէնի գործածութիւնը վառ պահելով:
Գ.- Չափազանց շատ «բացուելու» տխուր պատճառով, օտար վարժարաններ յաճախելը, օտար շրջանակի մէջ եւ համայնքէն հեռու բնակութիւնն ու նիստ ու կացը ուղղակի պատճառ դարձան ոմանց` օտարներու հետ ամուսնութիւններու: Այս մէկը նորութիւն չէ: 1800-ական տարիներէն սկսեալ մեր մտաւորականներէն եւ Եւրոպայի կամ Ռուսիոյ մէջ ուսանողներէն շատեր օտարներու հետ ամուսնացան, սակայն իրենք հայ մնացին եւ մշակոյթ կերտեցին, իսկ անոնց զաւակները, կամ թոռները ընդհանրապէս հայկական միջավայրէն հեռու մնացին ու կորսուեցան:
Շատեր օտարներուն կը «բացուին», սակայն ընդհանրապէս օտարները հայերուն չեն «բացուիր», եւ հայը, որ նոյնիսկ հարիւր տոկոս օտարին «բացուած» է, երբե՛ք իբրեւ իրենցմէ մէկը չեն ընդունիր զայն, ինչ որ բնական է: Այսպիսի օտարամոլ հայերուն պատկանելիութիւնը կը մնայ անորոշ ու առկախ…
Առանց կեթօ (ghetto=հրէական թաղ` Իտալիոյ մէջ հրեաներուն բնակելու պարտադիր արգելարան) բառին իմաստը գիտնալու (տես` «Հայկական ինքնութիւնը եւ կեթոն», որ Զ. մասին մէջ ալ նշած էի (2)), ոմանք կ՛ամչնան սփիւռքահայութեան համախմբուած ապրելակերպէն եւ օտարին կը «բացուին»` սխալ կերպով քով-քովի ապրելու երեւոյթը «կեթօ» կոչելով, որ երբե՛ք կապ չունի հայութեան հետ:
3.- «Լէյլաւան» բնակարանային համալիրը, Ֆանար, Լիբանան: 4.- Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը, Ծաղկաձոր (Մըզհեր), Լիբանան:
Վերոնշեալ յօդուածէս կը մէջբերեմ. «Բնական է, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով տեղահանուած հայութեան զանգուածը ստիպողաբար իր ապաստանած նոր երկրին մէջ նախ պիտի բնակէր վրանաքաղաքներու մէջ, թշուառ պայմաններու տակ: Բացարձակապէս բնական է, որ ցեղասպանութենէ, ցեղային հալածանքէ փրկուած հայ ժողովուրդին գերագոյն նպատակը ըլլար իր տեսակը պահպանելու միջոցներու կիրարկումը իր բնօրրանէն հեռու` համախմբուելու, կազմակերպուելու, դաստիարակելու` հիմնելով քով քովի դպրոց, եկեղեցի, ակումբ»:
Լիբանանի մէջ վրանաքաղաքէն եւ թիթեղաշէն-փայտաշէն խրճիթէն դէպի օրինաւոր քարաշէն բնակարան եղափոխութիւնը շարունակուած է 1920-ականներէն մինչեւ մեր այս օրերը: Լիբանանահայութեան համար վերջինն էր Պուրճ Համուտի Թիրօ քեմփին փոքր մնացորդը, որուն փոխարէն այժմ շինարարութեան աւարտին մօտեցած է քաղաքապետութեան ձեռնարկած «Սեն Ժաք փլազա» բնակարանային համալիրը:
Լիբանանահայութեան պատասխանատու մարմինները շարք մը ձեռնարկներով եւ երբեմն բարերարներու միջոցով համախմբուած համալիրներ կառուցեցին: Այսպէս, Պէյրութի Էշրեֆիէ շրջանին մէջ «Ճերմակ տուներ»-ը` 1929-ին եւ «Հայաշէն»-ը` 1929-ին, ապա Նոր Հաճըն թաղամասը` 1931-ին: Պուրճ Համուտի մէջ` «Պօղոս Արիս» շէնքերը` 1955-ին, «Քաղաքապետարանի ժողովրդային բնակարաններ»-ը, 1964-ին եւ «Ազգային խորհուրդի բնակարանները»: Ռաուտայի մէջ` «Էհլան» համալիրը, Ֆանարի մէջ` «Լէյլաւան» համալիրը եւ վերջապէս Մըզհէրի մէջ` Համազգային միութեան հովանաւորութեամբ ձեռք բերուած «Ծաղկաձոր» հայկական բլուրը, ուր հողամասեր ծախուեցան միա՛յն հայերու, որպէս զի բնակարաններ ու շէնքեր կառուցեն, այդպէս ալ եղաւ: Այնտեղ կը գտնուին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը եւ ՀՄԸՄ-Աղբալեան մարզամշակութային ակումբ-համալիրը:
Դ.- Խուսափիլ համասփիւռքեան նոր կեդրոնական կառոյց մը եւ պաշտօններ ստեղծելու խնդրայարոյց, անիրագործելի ու կանխաւ անարդար եւ շատ հաւանաբար միա՛յն պառակտումի ծառայող ճիգերէն (ո՛վ որո՞ւն հրաւիրեց, ո՛վ մոռցուեցաւ, ո՛վ այսինչ, ո՛վ այնինչ…): Սակայն, անպայման ձգտիլ կազմել, կամ վերաշխուժացնել հայրենակցական, շրջանաւարտից, համալսարանական, արհեստներու, զանազան արուեստներու, տարբեր մասնագիտութիւններու այս տիպի սփիւռքահայ միութիւններ` ցանցեր կազմելով, հասարակ յայտարարներու շուրջ համախմբելով մերոնք իրենց նախասիրած հետաքրքրութիւններուն շուրջ:
5.- Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն Ճեմարան, Սիտնի, Աւստրալիա: 6.- ՀԲԸՄ-ի Ալեքսանտր նախակրթարան, Սիտնի:
Համասփիւռքեան կառոյցի մը փոխարէն` քաջալերել իւրաքանչիւր գաղութի մէջ գոյութիւն ունեցող կազմակերպութիւններուն համատեղ աշխատանքը եւ համադրուած ու զիրար ամբողջացնող, օժանդակող ծրագիրներու մշակումը` առանց «վերին մարմինի» մը:
Յարգել եւ ապաւինիլ գոյութիւն ունեցող համասփիւռքեան մեր զանազան բնագաւառի կազմակերպութիւններուն: Շատ բնական է, որ բազմատեսակ հիմքերով, միջավայրերով ու ենթահողով մեծցած այժմու սփիւռքահայերուն մէջ կը գտնուին շատերուս անծանօթ ու թաքնուած, ատակ եւ խոստմնալից սփիւռքահայ տաղանդներ` ուժեր, որոնք պէտք է յայտնաբերուին եւ գործի լծուին` գոյութիւն ունեցող կառոյցներուն հետ հայկական օրակարգով կապելով զանոնք:
Գործնական առաջարկ 9.- Պատրաստել եւ բաշխել «Սփիւռքահայուն ձեռագիրքը» («The Diasporan Armenian’s handbook»):
Հայու մը համար նուազագոյն հայկական գիտելիքներ պարունակող դրական, զուարթ ու հրապուրիչ, արդիական գրքոյկ-ձեռագիրք մը պատրաստել, որ նոյնիսկ հայ չեղողներուն նախանձը շարժէ: Այս գրքոյկը թէ՛ տպագիր եւ թէ՛ ալ ՓիՏիԷֆ (pdf) տեսքով զետեղել նախապէս նշուած սփիւռքահայութեան կայքէջին մէջ:
Ամէն հայ, որ կ՛ուզէ կայքէջէն ներբեռնել գրքոյկը, պարտի իր անունը, հասցէն, ել-հասցէն, հեռաձայնի թիւերը, մնայուն բնակավայրը, զբաղումը եւ այլն լեցնել յայտին մէջ: Այս ձեւով կ՛ամբարուի նաեւ սփիւռքահայութեան պիտանի վիճակագրութիւնը: Բոլոր համակարգչային ծրագիրները պէտք է պատրաստուին մասնագէտներու կողմէ, որոնք ապահով` դժուար խոցելի, արագաշարժ ծրագիրներով կը պատրաստեն կայքէջը:
7. Արտենի լերան 1 միլիոն 400 հազար տարուան նախամարդու օպսիտաքարի զինագործարանը եւ շկահի նմուշ մը, որմէ մինչեւ Ափրիկէ եւ Եւրոպա շկահներ հասած էին: 8. Ակնաշէնի 8000 տարուան բնակավայրը` ցարդ յայտնաբերուած աշխարհի քաղաքակրթութեան ամենահին օրրանը:
Ձեռագիրքը պատրաստողները ազգային, դրական, լաւատես, գիտական ու քարոզչական մղումով օժտուած, բազմատեսակ մասնագէտներու խմբագրական կազմ մը պէտք է ըլլան, կամ այդպիսիներուն բովէն անցնի: Այս գրքոյկը` իբրեւ փոքրիկ հայկական ամփոփ գիտելիքներու սկզբնաղբիւր, հասցէատետր եւ ուղեցոյց, պիտի ծառայէ սփիւռքի մէջ ապրող հայ անհատին:
Ի՞նչ ըսել է «Ազգային դրական, լաւատես ու գիտական մղումով օժտուած խմբագրական կազմ»: Հիմնականին մէջ մեր աւանդական, պնդատիպ եւ տխուր ու տխրեցնող, ժամանակավրէպ հեղինակները հեռու պահել այս աշխատանքէն: Գաղափար մը կազմելու համար ստորեւ կը պարզաբանեմ միտքս օրինակներով, որոնք ո՛չ թէ գրքոյկին մէջ պիտի ներառուին, այլ պարզապէս կը բնորոշեն բոլորովին արդի, այժմէական գիտական հետազօտութիւններու եւ պեղումներու արդիական արդիւնքներով ու գիտակցութեամբ եւ մօտեցումով օժտուած Հայոց պատմութիւնը:
1.- Հայաստանը իբրեւ «քարքարուտ երկիր» չներկայացնել, ինչպէս Հայրիկ Մուրատեան սխալ կերպով գրած է «Երազի իմ երկիր հայրենի» երգին մէջ, քանի որ այժմու Հայաստանի 72 տոկոսը կանաչ է, տես` «Հայաստանը երկրագործակա՞ն, ճարտարարուեստակա՞ն, թէ՞ այլ բնագաւառի երկիր» (3), (4), (5): Լաւատեսը 72 տոկոս դալարին մասին կ՛երգէ, իսկ յոռետեսը` 28 տոկոսին մասին: Բնական է, որ շատ մը երկիրներու տարածքին 28 տոկոսը ժայռոտ ու լեռնային ըլլայ: Անտեղի ու սխալ է այս մասին տխրիլը, յուզուիլը եւ յուսահատեցնելը: Հայկական Լեռնաշխարհը` Հայաստանը, նախամարդու օրերէն ի վեր, վկա՛յ Արտենի լերան ռազմական գործարանը, առնուազն 1 միլիոն 400 հազար տարի բնակուած է (6): Ուրեմն, բնակելու ցանկալի` հարուստ երկիր է, եւ անոր համար է, որ այլ ազգեր միշտ փորձած են եւ կը փորձեն գրաւել զայն:
8. «Սայենս» ամսաթերթի օգոստոս 2022-ի համարին կողքը. Նկարը ձախէն աջ կը ներկայացնէ վաղեմի միկոնեացին, մինոացին, խեթը, հայը (ցորենի հասկով) եւ մեր նախահայր ուրարտացին (Mycenean, Minoan, Hittite, Armenian and Urartian): 9. Հարաւային կամարին մարդկութեան տարածման ծինային պատմութիւնը, որ ՔԱ 5000-ին (կապոյտ հատուած եւ գիծ 1) կը սկսի Հայաստանէն դէպի արեւմուտք եւ հիւսիս (11) :
2.- «Հայ մտաւորականները, գրագէտները, ուսուցիչները եւ այլն, թշուառ ու տխուր, միայն սոխ-հաց ուտողներ ու թոքախտէն ու անօթութենէն մահացողներ չներկայացնել, քանի որ պատանիին կամ երիտասարդին ենթագիտակցութեան մէջ գիր գրականութիւնը թշուառութեան ցուցանիշ կը դառնայ եւ հեռաւորութիւն կը պահէ անոնցմէ: Իրականութեան մէջ այդ ժամանակաշրջանին ստրկացած էր գրեթէ ամբողջ հայ ժողովուրդը, քանի որ դաժան ու կեղեքող թուրքը մեզ այդ վիճակին մատնած էր, ուսուցչութիւնը կամ գիր-գրականութիւնը չէր անոնց թշուառութեան պատճառը:
Եթէ երբեք անհրաժեշտ է, խօսինք Րաֆֆիի «Կայծեր»-ուն, «Դաւիթ Բէկ»-ին, «Խենթ»-ին ու Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուցը»-ին, «Նեմեսիս» գործողութեան եւ այսպիսիներուն մասին: Կտրիճ ու պատուախնդիր, յեղափոխական, ստրկութիւնը մերժող ու թօթափող տեսակի հերոս հայերուն մասին խօսինք մի՛այն:
3.- Յոռետեսութիւն է Հայաստանը «կռուախնձոր» ներկայացնելը, այլ, ինչպէս վերը նշեցի, Հայկական Լեռնաշխարհը այնքա՜ն հարուստ ու գրաւիչ է, որ օտարները միշտ փորձած են գրաւել զայն: Այս պատճառով 6500 մեծ ու փոքր պատերազմներ տեսած Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը գոյատեւեցին, քանի որ իւրաքանչիւր պարտութենէ ետք ուժերը հաւաքեց ու դարձեալ յաղթեցին: Հայը պաշտպանեց իր հայրենիքը: Պարզ է, որ այս պատերազմներուն կէսը` 3250-ը պարտութիւն էր, սակայն անոր դիմաց 3250-ը` յաղթանակ: Ցարդ մեզի յաղթող երկիրներէն կամ ժողովուրդներէն միայն քանի մը հատը մնացած են առ այժմ:
Այս գրքոյկը պէտք է ունենայ առ նուազն հետեւեալ ամփոփ եւ խտացուած տեղեկութիւններով գլուխները.
1.- Հայ ժողովուրդին ծագումը նախամարդէն սկսեալ` հուրրիներ, միտաննիներ, ուրարտացիներ, ապա` հայեր: Ծինային տեղեկութիւն, որ այժմու հայը Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ առնուազն 7-9 հազար տարի գրեթէ առանց ծինային փոփոխութեան գոյատեւած է` իբրեւ մարդկային «զտարիւն» տեսակ:
Ըստ համաշխարհային վերջին ծինային հետազօտութիւններուն, հնդեւրոպական ժողովուրդները եւ լեզուները Հայաստանէն ծագում առած են (7),(11):
2.- Հայաստանի աշխարհագրութիւնը, Հայկական Լեռնաշխարհը` Արարատով, Սիփանով, Արագածով եւ այլն, կլիման, ջուրի պաշարը, Սեւանը գետերը եւ այլն: Հայաստան աշխարհի հանքային հարստութիւնը:
3.- Հայկական մշակոյթը` քաղաքակրթութիւնը: Ակնաշէնի պեղումները կը վկայեն ՔԱ 6000 տարի առաջուան մշակոյթ(8), Շէնգաւիթինը` ՔԱ 4000 տարի առաջ: Ամէն ինչ կ՛ապացուցէ, որ ՔԱ 6-4 հազար տարի առաջ արդէն Հայաստանը զարգացած ու բարձր մշակոյթի տէր` նստակեաց բնակավայր եղած է (9), (10): Արէնի քարայրի գինիի աշխարհի ամենահին հնձանը, կօշիկը եւ այլն:
4.- Ձիերը ընտելացնող եւ մարտակառքն ու սայլերը հնարող առաջին ժողովուրդը եղած է` հիմնուելով Հայաստանի ՔԱ շուրջ 6-5-րդ հազարամեակի հեծկան եւ սանձուած ձիերու ժայռապատկերներուն վրայ (10): Ձիով ճամբորդութիւնն ու պատերազմիլը, կամ որսորդութիւնը մեծ առաւելութիւն էին, նաեւ` առեւտուրի եւ աշխարհին ծանօթանալու միջոց, մինչեւ ՔԵ 20-րդ դար` ինքնաշարժին գիւտը:
- Մետաղագործութիւն. Մեծամօրի մէջ երկաթէ դարէն ՔԱ 1200 շատ առաջ, ՔԱ 1600-ին երկաթ կը ձուլէին ու կը գործածէին:
- Հայաստանեայց ազգային եկեղեցին:
- Սփիւռքահայ կեդրոնները, դպրոց, եկեղեցի, ակումբ հասցէներ:
- Այլեւայլ ընդհանուր գիտելիքներ, որոնք յարմար կը նկատուին:
15 փետրուար 2023
Շար 12/13
—————————-
- https://www.kevorktahtaarmenianschool.org/
- https://www.aztagdaily.com/archives/360340
- https://www.aztagdaily.com/archives/364045
- http://www.armstat.am/file/doc/99501108.pdf
- https://en.wikipedia.org/wiki/Agriculture_in_Armenia
- https://haroutchekijian.wordpress.com/2019/10/15/հայաստանի-ձիերը-ձիաւոր-հերոսները-հեծ-11/
- https://www.aztagdaily.com/archives/565457
- https://missioncaucase.hypotheses.org/1444
- https://haroutchekijian.wordpress.com/2019/09/28/հայաստանի-ձիերը-ձիաւոր-հերոսները-հեծ-12/
- https://www.aztagdaily.com/archives/479380