ԹԱԹՈՒԼ
Երբեմն կեանքի խառնիխուռն հոլովոյթի մէկ ընդհատումն է, որ յանկարծ կը ցնցէ մեզ: Այդ ափսոսանքը կ՛ապրինք այսօր` Համբոյի ննջման քառասնօրեայ յիշատակին: Թէեւ անմահանալու իղձն ու երկար ապրելու բնական փափաքը բնազդն է մարդ արարածին, այսուհանդերձ, մարմնաւոր բաժանումները կու գան սթափեցնելու` ցաւ ու վիշտ պատճառելով եւ տրտմեցնելով մեզ: Հակառակ անոր որ քրիստոնէական առումով գիտակից ու քաջատեղեակ կրնանք ըլլալ մահուան գաղափարին, սակայն բարեկամի, հարազատի եւ մանաւանդ սիրելիի մը մահը խորապէս կը յուզէ անոր շրջապատը: Շատեր աննպատակ կը հեռանան կեանքէն` անձնասէր ու եսակեդրոն կեանք մը ապրելով, կարծես մակաբոյծ` ելած աշխարհին շալակը, հնձելով` ինչ որ ցանած չեն… Ուրիշներ, արժանապատիւ, իրենց կեանքի առաքելութիւնը աւարտելով կը մեկնին` իրենց բացակայութեամբ դատարկութիւն ստեղծելով մեր կեանքին մէջ: Եւ ահա նոյն այդ պարապութիւնը կը պատէ մեզ, երբ յետակնարկով կը մտաբերենք յաւիտենական հանգիստը գտած Համբօ Պողչալեանը: Պողպատեայ անձ մը, որուն կեանքը գեղեցկացած էր սիրով, քաղցրացած` ծով համբերութեամբ, լիցքաւորուած` բարեսիրութեամբ ու խոնարհութեամբ, ազնուացած` ճշմարտութեամբ եւ կեանքի նեղութիւններով: Կեանքի ելեւէջներուն հակառակ թիավարող, ամրապինդ քայլերով Համբոն քարը քարին դնելով` ժայռի վրայ շինեց իր տունը: Տարբեր էր, տարբեր խառնուածքի մարդ արարած: Արդարութեան ջատագով էր եւ չէր հանդուրժեր անիրաւութիւն տեսնել: Մարդ մը, զոր յարգեցին մեծն ու փոքրը, հարուստն ու աղքատը, եւ ինք իր կարգին սիրեց բոլորը, արժէք տուաւ բոլորին եւ խտրութիւն չդրաւ ոեւէ մէկուն միջեւ: Պարզութեամբ ապրեցաւ կեանքը եւ երբեք իր հաւատքին մասին չարտայայտուեցաւ, այդ հաւատքը ապրեցաւ իր սրտին մէջ եւ ինքնաբերաբար թարգմանեց իր առօրեայ կեանքի ընթացքին: Աչքերով խօսեցաւ եւ իրեն յատուկ ժպիտով շատ բաներ ըսաւ: Ճիշդով մերժեց կեղծն ու սխալը, անյարիրն ու անպատշաճը:
Սիրեց կեանքն ու կեանքին նայեցաւ որպէս «մարդ», անոր համար ալ մարդը փնտռեց մարդուն մէջ: Մարդ փնտռեց մարդոց սրտերուն մէջ: Մարդ փնտռեց մարդոց հոգիներուն մէջ: Մարդ փնտռեց մարդոց զգացումներուն եւ աշխատանքներուն մէջ: Մարդ փնտռեց… Եւ մարդկային արժէքներու փնտռտուքին մէջ ինքզինք գտաւ` որպէս Աստուծոյ հաւատարիմ եւ բարի ծառայ: Անոր համար ալ Համբոն եղաւ իր ընտանիքի օրինակելին: Ընտանիքին հանդէպ ունեցած իր սէրը անչափ էր ու անսահման: Ճիգ չխնայեց, որ իր զաւակները լաւ մարդ դառնան, հայ մեծնան, գիր ու գրականութիւն սիրեն, ուսանին եւ իրենք ալ իրենց կարգին ընտանեկան սիրալիր բոյն կազմեն:
Համբոն ունեցաւ ազգասիրութեամբ գինովցած սիրտ: Ի՛նչ որ ըրաւ իր ազգին համար, իր կեանքի բոլոր փուլերուն` եկեղեցւոյ ու հայրենիքին, ըրաւ լռութեամբ, համոզումով եւ սիրով, առա՛նց որեւէ ակնկալութեան ու աղմուկի: Համբոն եղաւ բարի սամարացի մը. ով որ իրեն դիմեց, ձեռնունայն չվերադարձաւ: Օգնեց բոլորին, օգնեց սիրով, նոյնիսկ անոնց, որոնց չէր ճանչնար, կը բաւէր, որ անոնք հայ ըլլային: Հոս կ՛արժէ յիշել վերջին դէպքերէն մէկը: Իր հիւանդութեան առաջին փուլին հիւանդանոցին մէջ, երբ քիմիադարմանումէն ետք զինք սենեակ կը վերադարձնեն, կը տեսնէ, թէ նոր սենեկակից մը ունեցած է Յակոբ անուն, որ թոքի հարցերէ կը տառապէր: Համբոն անչափ ուրախ էր իր հայ դրացիով, բայց այդ ուրախութիւնը վերածուցաւ ցաւի ու մղձաւանջի, երբ իմացաւ, որ Յակոբ անկարող էր իր հիւանդանոցային ծախսերը փակել: Համբոն շուտով զօրաշարժի ենթարկեց իր կինը` Գոհարիկը, որպէսզի օգտակար դառնայ իր անծանօթ, բայց հարազատ դրացիին: Դժուար էր իրեն համար արցունք տեսնել, մանաւանդ երբ այդ արցունքը կը գլորէր հայու այտերէն… բառերը անբաւարար են: … Եւ, տակաւին, բառե՜ր ու խօսքե՜ր…
Բայց այսօր չկան բառեր: Կայ միայն մէկ ճշմարտութիւն: Համբոյի սրտին մէջ մենք տեսանք Աստուծոյ բարի զաւակը: Այդ բարի զաւակը, իր առաքելութիւնը լրումին հասցուց եւ հիմա այլեւս մեզի հետ չէ: Է՛ հոն, որուն ինք կը հաւատար սրտի խորերէն: Ճշմարիտ է, որ անոր կեանքին վերջին օրերն ու ամիսները եղան տառապալից ու զրկալից: Իր հիւանդութեան օրերուն բժիշկները, փոխանակ վնասուած մկաններ տեսնելու, տեսան կեանքով շէնշող մկաններ: Արեան տկար շրջագայութեան փոխարէն` տեսան կեանք ու յոյս ներշնչող մաքուր բայց կեանքով եռացող արիւն: Համբոյին սիրտը տառապեցաւ, առանց իր գեղեցկութիւնը կորսնցնելու: Մնաց գեղեցիկ նոյնիսկ իր մահուան մէջ:
Թող որ Աստուած իր երկնային Երուսաղէմին մէջ ընկալէ հոգին ու ընտանիքը մխիթարէ Սուրբ Հոգիով: