Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յինանց Կիրակիներ. Աշխարհամատրան Կամ Կանաչ Կիրակի Եւ Կարմիր Կիրակի

April 29, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին` Զատիկին յաջորդող երկրորդ կիրակին կը կոչուի Աշխարհամատրան կամ Կանաչ կիրակի:

Աշխարհամատրան կիրակին եկեղեցին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի հաստատած մէկ եւ ընդհանրական եկեղեցւոյ տօնը:

Համաքրիստոնէական առաջին մատուռը կամ եկեղեցին Սիոնի Վերնատունն է:

Աշխարհամատուռ կը նշանակէ աշխարհի առաջին մատուռ, բոլոր քրիստոնեաներու մատուռ: Մատուռ, յունարէն` մարտիրիոն, կը նշանակէ մարտիրոսանոց:

Յիսուս Քրիստոսի Աստուածութիւնը խոստովանողներու վկայարանին` մարտիրոսներու եկեղեցիին անդամ էին բոլոր հաւատացեալները:

Վերնատան մէջ Յիսուս կատարեց Վերջին ընթրիքը եւ հաստատեց Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը: Վերնատան մէջ Սուրբ Հոգին իջաւ առաքեալներուն վրայ:

Յիսուսի Համբարձումէն ետք առաքեալները Վերնատան մէջ կը հաւաքուէին եւ կը յիշէին Վերջին ընթրիքի ժամանակ Քրիստոսի տուած պատգամները: Կ՛օրհնէին հացն ու գինին, միասին կ՛աղօթէին եւ կը ճաշէին:

Քրիստոնեաներ ամէն օր կը հաւաքուէին Վերնատան մէջ` առաքեալներուն ուսուցումը լսելու, իրենց հասարակաց կեանքը ապրելու, Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը կատարելու եւ աղօթելու համար:

Վերնատան մէջ Յիսուս Յարութենէն ետք երկու անգամ երեւցաւ Իր աշակերտներուն:

Վերնատունը, որ Յովհաննէս Մարկոսի տան վերնայարկն էր, քրիստոնեայ առաջին եկեղեցւոյ նախատիպը դարձաւ:

Աշխարհամատրան տօնը յատուկ է միայն հայ եկեղեցւոյ:

Վերնատունը, բոլոր քրիստոնեաներու մայր եկեղեցին, այժմ գոյութիւն չունի: Ժամանակագրականօրէն, առաջին եկեղեցին հայ ազգի աշխարհամատուռ, քրիստոսահիմն Սուրբ Էջմիածինն է, երկրորդը` Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարը, որուն իրաւատէրն  են հայ, յոյն եւ լատին եկեղեցիները:

Աշխարհամատրան կիրակին կոչուած է նաեւ Կանաչ կիրակի, որ տօնին ժողովրդական անուանումն է, կապուած բնութեան գարնանային զարթօնքի հետ:

Կանաչ կիրակի անուանումը ունի նաեւ իր եկեղեցական բացատրութիւնը: Կանաչը ծաղկած ու կանաչցած եկեղեցին է: Կանաչը  կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Յարութեամբ սկիզբ առած վերազարթօնքը, եկեղեցւոյ մշտնջենականութիւնը եւ անմահութիւնը:

*
*   *

Սուրբ Յարութեան տօնին յաջորդող երրորդ կիրակին կը կոչուի Կարմիր:

Կարմիրը խորհրդանիշն է մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի կենարար արեան, որ թափուեցաւ խաչի վրայ, մեր մեղքերու քաւութեան համար:

Կարմիր գոյնը խորհրդանիշ է արեան, կեանքի, պայքարի եւ յաղթութեան, եւ քրիստոնէական հաւատքի համար մարտիրոսացած նահատակներու հեղուած սուրբ արեան:

Նահատակներուն արիւնը եկեղեցւոյ սերմը դարձաւ: Եկեղեցին ոռոգուեցաւ ու ծաղկեցաւ Քրիստոսի եւ Անոր հետեւորդներու` նահատակներու թափուած արեամբ:

Առաջին դարերու քրիստոնեաները իրենց նահատակութեամբ եկեղեցւոյ հիմը դրին: Անոնց քաջութեան շնորհիւ քրիստոնէութիւնը յաղթանակ տարաւ:

Քրիստոնեան քաջ մարտիկի կերպար է. անոր համար խորթ են վախը, թուլութիւնը եւ յուսահատութիւնը:

Եկեղեցին մեզի կը պատգամէ ճանչնալ յաւիտենական ճշմարտութիւնը` մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը, եւ զինուիլ քրիստոնէական հաւատքի համար նահատակուած սուրբերու օրինակով:

 

 

Նախորդը

Բարեպաշտ Լենա Գասարճեան-Եարտըմեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Լիբանանահայ Անուանի Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի Երգահանդէսը` Լոնտոնի Թագաւորական Քենսինկթընի Ս. Քաթփըրթ Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.