Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երիտասարդներու Հետ Գործակցութիւնը Պէտք Է Ամրապնդուի» Շեշտեց Գ. Ալոզեան

Ապրիլ 28, 2023
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱԿ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ

Շաբաթ, 8 ապրիլ 2023-ին «Ազդակ»-ի «Ապագայ լրագրողներ»-ով այցելեցինք Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:

Այցելութենէն ետք առիթը ունեցայ հարցազրոյց մը կատարելու թանգարանի ընդհանուր վարիչ Գրիգոր Ալոզեանին հետ:

Գ. Ալոզեան ծնած է Լիբանան, նախնական ուսումը ստացած է Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, իսկ իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Հայկազեան ու Պէյրութի ամերիկեան համալսարաններուն մէջ:

Մասնագիտացած է բժշկական մարզին մէջ: 2018-էն սկսեալ ստանձնած է Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի ընդհանուր վարիչի պաշտօնը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Գ. Ալոզեանին հետ կատարուած մեր հարցազրոյցը:

Հ.- Ինչպէ՞ս կառուցուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը: Ի՞նչ էր անոր կառուցման նպատակը:

Գ. Ա.- Որբերու թանգարան մը կառուցելու ծրագիրը սպասուած ծրագիր մըն էր, որովհետեւ «Թռչնոց բոյն»-ի պատմական այս որբանոցը պիտի ունենար տեղ մը, կառոյց մը` անմահացնելու համար որբերուն յիշատակը:

Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը ամբողջացուց այս իրականութիւնը: Այս թանգարանը եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան հազարաւոր որբերուն եւ զանազան որբանոցներուն խորհրդանիշը, ինչպէս նաեւ եղաւ կեանքի եւ գաղութներու ստեղծման օրրանը:

Ցեղասպանութեան որբերու թանգարանը կառուցելու ծրագիրը կարելի եղաւ իրականացնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ ազգային բարերարներ` տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն ջանքերուն շնորհիւ:

Թանգարանին ծրագիրը սկսաւ 2009-ին եւ աւարտեցաւ 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք թանգարանի այցելուներուն թիւը: Արդեօք այդ թիւը նուազա՞ծ է` նկատի ունենալով վերջին տարիներուն Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական, քաղաքական եւ ապահովական տագնապները:

Գ. Ա.- Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը ժամանակակից թանգարան մըն է, եւ թանգարանի ճարտարապետական կառոյցը, ինչպէս նաեւ պատգամը փոխանցելու համար օգտագործուած միջոցները շատ ժամանակակից են:

Այս թանգարանը միակ թանգարանն է, որ նուիրուած է Ցեղասպանութեան որբերուն: Թանգարանը կը գտնուի պատմական վայրի մը մէջ:

Բնականաբար 2015-ին թանգարանի պաշտօնական բացումէն ետք այցելուներուն թիւը նուազած է, այս մէկը բնական երեւոյթ մըն է, սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ աշխատանք կը տարուի այցելուներուն թիւը նոյնը պահելու եւ առիթ չտալու, որ ան նահանջ արձանագրէ:

Իսկ վերջին տարիներու ընթացքին «Քորոնա» համաճարակին, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական, քաղաքական եւ ապահովական տագնապներուն պատճառով, պէտք է ըսել, որ թանգարանի այցելուներուն թիւը նուազած է:

Այնուամենայնիւ, 2022-ի աւարտին եւ 2023-էն սկսեալ այցելուներուն թիւը դարձեալ աճ արձանագրած է:

«Արամ Պէզիքեան» թանգարանը պէտք է ունենայ իր ծրագիրը, որովհետեւ թանգարանին առաքելութիւնը միայն այցելուներու կատարած այցերով պէտք չէ բաւարարուի, այլ նաեւ` երիտասարդական հանդիպումներ կազմակերպելու, ցուցադրութիւններ կատարելու եւ ուղղակի կապ հաստատելու զանազան կառոյցներու հետ, ինչպէս նաեւ համացանցի օգտագործումը` տարբեր ծրագիրներու մէջ:

Օրինակ` վերջերս Ֆրանսայի մէջ հայոց լեզուի ուսուցչուհի Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան կապուած է իրեն հետ, որպէսզի աշակերտներուն ցոյց տան թանգարանը:

Այս մէկը իրականացաւ «Zoom» ծրագիրի միջոցով: Անձամբ շրջեցայ թանգարանին մէջ եւ բացատրութիւններ տուի, իսկ աշակերտները Ֆրանսայէն իրենց համակարգիչներուն ընդմէջէն «այցելեցին» թանգարան:

Մեր մաղթանքն է, որ նման ծրագիրներ կրկնուին նաեւ այլ կառոյցներու հետ, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը պատրաստ է բոլորին հետ գործակցելու:

Հ.- Որքա՞ն է թիւը ոչ հայ այցելուներուն, եւ ի՞նչ է անոնց տպաւորութիւնը:

Գ. Ա.- Այցելուներուն 60 տոկոսը ոչ հայեր են, եւ այդ մէկը թանգարանին կարեւոր առաքելութիւններէն մէկն է, որովհետեւ թանգարանին միջոցով ոչ թէ միայն կը ծանօթանանք Հայոց ցեղասպանութեան, այլ նաեւ Լիբանանի պատմութեան: Թանգարանին պատմութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է նաեւ` Լիբանանի պատմութեան:

Օտար այցելուները կարելի է բաժնել երեք մասերու.

Ա) Այցելուներ, որոնք բնաւ չեն լսած հայ ժողովուրդին մասին: Թանգարանը միջոց մըն է, որ անոնք ծանօթանան ոչ թէ միայն Հայոց ցեղասպանութեան, այլ նաեւ հայ ժողովուրդին:

Բ) Օտարներ, որոնք լսած են հայ ժողովուրդին մասին եւ թանգարան այցելելով` աւելի կը ծանօթանան Հայոց ցեղասպանութեան:

Գ) Օտարներ, որոնք մեր պատմութեան եւ Ցեղասպանութեան ծանօթ են, բայց կ՛ուզեն գալ եւ այցելել թանգարան ու տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կը ներկայացուի հոն ամէն բան:

Ամէնէն յատկանշական տպաւորութիւնները, որոնց մասին կ՛իմանամ, ոչ հայ այցելուներէն են:

Անոնցմէ շատեր կը հաստատեն, թէ հպարտ կը զգան, որ ժողովուրդի մը պատմութեան ծանօթացան: Անոնք մնայուն կերպով եւ հիացմունքով կը շեշտեն հայ ժողովուրդին գոյատեւելու կամքը, աւելի քան 100 տարի ետք հայկական ինքնութիւնը պահպանելու իրականութիւնը եւ իր իրաւունքներու պահանջատէր մնալու անոր կեցուածքը:

Հ.- Ապագային թանգարանը ո՞ւր կը տեսնէք: 

Գ. Ա.- Իբրեւ թանգարանի ընդհանուր վարիչ եւ երիտասարդներու հետ գործակից` կը հաստատեմ, որ թանգարանին առաքելութիւնը պէտք է հաստատ պահուի, յատկապէս երիտասարդներու հետ անոր գործակցութիւնն ու առնչութիւնը պէտք է ամրապնդուին:

Շնորհակալութիւն` «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ տեղի ունեցած այս հանդիպումին եւ գործակցութեան, որովհետեւ դէպի ապագայ նայող պատկերացում մը կը ներշնչէ:

 

 

Նախորդը

Անմահ Ազգ

Յաջորդը

RelatedPosts

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ
Հարցազրոյց

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յուլիս 29, 2025
«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?