ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Ասկէ շուրջ քառասուն օր առաջ իր ընտանիքէն, հարազատներէն, բարեկամներէն եւ ընդհանրապէս անմիջական շրջանակէն հեռացաւ ազնուահոգի, կենսունակ, գործունեայ եւ նուիրեալ հայուհի մը` յանձինն Լենա Գասարճեան-Եարտըմեանին, կողակիցը` գաղութիս սիրուած եւ յարգուած ազգային, հայրենասէր ու գործարար` Հայկազ Եարտըմեանին:
Հանգուցեալին բազմաթիւ ծանօթներու համար տիկ. Լենային վաղահաս կորուստը խոր ցաւ պատճառեց` նկատի ունենալով անոր ժրաջանութիւնը, պատրաստակամութիւնն ու նուիրուածութիւնը հայկական կեանքին իր գործօն մասնակցութիւններով, աշխատանքով, զոհաբերութիւններով, որոնք մեծապէս կը գնահատուէին բոլորին կողմէ:
Ան շրջանաւարտ էր Հայ աւետարանական քոլեճէն, իսկ համալսարանական ուսումը շարունակած է Պէյրութի աղջկանց քոլեճին մէջ (BCW, ներկայիս` LAU) եւ շրջանաւարտ դառնալէ ետք բազմաթիւ տարիներ մաս կազմած էր վարժարանին Շրջանաւարտից միութեան` մերթ անդամ, մերթ ատենապետի հանգամանքներով, նախ մաս կազմելով Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին` ծաւալելով արդիւնաւէտ գործունէութիւն:
Լենա Գասարճեան-Եարտըմեանին յարանուանական կրթական մարզերուն մէջ գործունէութեանց զուգահեռ, ան այնքան ջանադրութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ գործած է նաեւ այլ ազգային կառոյցներու մէջ, ինչպէս` Ս. Էջմիածնի Կրօնասիրաց տիկնանց համախմբում, բազմամեայ անդամակցութեամբ եւ արժանաւորութեամբ, Ազունիէի Ազգային բուժարան դարձեալ երկար ժամանակով եւ աշխուժ ներկայութեամբ:
Յիշեցնենք նաեւ, որ ան իր դպրոցական տարիներէն սիրուած էր բոլորին կողմէ` իր կենսունակութեամբ եւ ոգեւորութեամբ եւ արդիւնագործութեամբ: Հոն, ուր գործ կար, ներդրում պէտք էր կամ ներուժ կը փնտռուէր, միշտ ինքզինք առաջին գիծի վրայ էր, բնաւորութիւն մը, որ հետագային ալ օգտակար դարձաւ իր շրջապատին մէջ:
Այս բոլորին մէջ տիկ. Լենան միշտ ճանչցուած էր իր ազնուութեամբ, անկեղծութեամբ ու պարկեշտութեամբ, բայց մանաւանդ` իր անվարան, անհաշիւ եւ անսահման օգնութիւններով, ջերմապէս հաւատացած ըլլալով իր բերած նպաստին եւ օժանդակութեանց անհրաժեշտութեան, այնքան ատեն որ անոնք կը ծառայեն հայ ժողովուրդի կարիքներուն, հայորդիներու վիճակի բարելաւման եւ բարօրութեանց:
Հայաստանը եւ Ս. Էջմիածինը իրեն համար հանդիսացած էին սրբութիւններ, ուր յաճախ կ՛այցելէր ուխտագնացութեան կարգով, հոն եւս գտնելով իր հոգեկան անդորրութիւնը:
Հայկազ ու Լենա Եարտըմեանները բախտաւորուած էին զոյգ զաւակներով` Հրաչ ու Քարլա, որոնք իրենց բոյները կազմած են եւ իրենց ասպարէզային կեանքին մէջ` յաջողած, նաեւ հոգեպէս փարած իրենց ծնողներուն` անհուն սիրով ու պաշտամունքով:
Հայկազ Եարտըմեան` ըլլալով հոգատար ամուսին ու հայր, իսկ Լենան` գուրգուրոտ կողակից ու մայր, կրցած էին իրենց սիրալիրութեամբ օրինակելի կեանք մը ստեղծել` հաւատքի ու հայրենասիրական հոյակապ մթնոլորտով մը իրենց բնակարանը վերածելով օրհնաբեր եւ իտէալական ընտանեկան հնոցի մը:
Այսօր մեկնած է Լենա Գասարճեան-Եարտըմեանը, իր սիրեցեալներէն` ակամայ հեռացած, բայց իր ոգին կը սաւառնի ընտանեկան կամարներուն վերեւ ու համայն զինք ճանչցողներուն հոգիներուն մէջ, որովհետեւ Լենային բոյրն ու շունչը տակաւին ամէնուրեք են, իսկ անոր բացակայութիւնը` անպայմանօրէն զգալի:
Հայկազ Եարտըմեան եւ իր զաւակներն ու թոռնիկները աւելի քան ինքնագոհութեամբ կը համակուի` ի լուր իրենց սիրոյն, խնամքին ու զօրակցութեան` հանդէպ իրենց կնոջ, մօր ու մեծ մօր, շրջապատելով զայն մեծ գուրգուրանքով, ամբողջ հիւանդութեան ընթացքին:
Աստուած հոգին լուսաւորէ Լենային եւ երկնային մխիթարութիւն` անոր բոլոր հարազատներուն, զաւակներուն ու մանաւանդ Հայկազին, որ իր սփոփանքը պիտի գտնէ իր սիրեցեալ զաւակներուն, թոռներուն, հարազատներուն մօտ, նաեւ` այն բոլոր սերտ գործակիցներուն ու մտերիմ բարեկամներուն, որոնք իր մէջ տեսած են մարդկային առաքինութիւններով ու բարեմասնութիւններով ազգայինը:
Պէյրութ