Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Անուանի Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի Երգահանդէսը` Լոնտոնի Թագաւորական Քենսինկթընի Ս. Քաթփըրթ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ապրիլ 29, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

18 մարտ 2023-ին Լոնտոնի «Քլինկըն» մշակութային ընկերակցութիւնը, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Ս. Քաթփըրթ եկեղեցւոյ հետ գործակցաբար, ներկայացուց «Love opera arias & romances» համերգը` Լոնտոնի թագաւորական  Քենսինկթընի Ս. Քաթփըրթ եկեղեցւոյ մէջ:

Երգահանդէսին մեկնաբանուեցան հայ եւ եւրոպացի երգահաններու գլուխ-գործոցներէն միջազգային համբաւ վայելող երաժիշտներու լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի, բրիտանահայ (ծնունդով լիբանանահայ) թենոր եւ խմբավար Սիփան Օլահի, բրիտանահայ (նախկին լիբանանահայ) դաշնակահարուհի Մարիա Փալազեանի եւ Քլինկըն լարային քառեակի` Փաուլա Իզապելլա Կորպարովայի (ջութակ), Փոլինա Շարաֆեանի (ջութակ), Էլիզապեթ Տոփալթի (ալտ), Էրլենթ Վեսթպի (թաւջութակ) կողմէ:

Այս առիթով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ լիբանանահայ անուանի սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանին հետ, որ տեղեկացուց, թէ «Քլինկըն» մշակութային ընկերակցութիւնը հիմնուած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ,  թենոր Սիփան Օլահի կողմէ: Այնուհետեւ ունեցած է լարային քառեակ, ինչպէս նաեւ` սենեկային նուագախումբ: Այս ընկերակցութիւնը Լոնտոնի մէջ կը կազմակերպէ համերգներ, որոնց ընթացքին հիմնականօրէն կը ներկայացնէ հայ երաժիշտներու գործերը` ծանօթացնելու համար հայկական երաժշտութիւնը Լոնտոնի եւ Եւրոպայի հանրութեան: Անոնք իրենց համերգներով միշտ կը նշեն մեծ երաժիշտներու յոբելեանները, որոնցմէ են` Լազար Սարեանինը, Առնօ Բաբաջանեանինը, Խաչատուր Աւետիսեանինը եւ այս տարի պիտի տօնեն Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակը: Իսկ իրենց վերջին համերգով «Քլինկըն» մշակութային ընկերակցութիւնը Հայաստանի դեսպանատան եւ Ս. Քաթփըրթ եկեղեցւոյ հետ միասին ներկայացուցին զիս, եւ երգահանդէսը իրականացաւ «Love opera arias & romances» խորագիրով:

Շողիկ Թորոսեան յայտնեց, որ երգահանդէսը սկսաւ Ս. Քաթփըրթ եկեղեցւոյ հոգեւորական Փոլ Փէկոթի բացման խօսքով: Երաժշտական ծրագիրը ընթացք առաւ հայ երգահան Գեղունի Չթչեանի «Աղաւնիներ» եւ «Հայրենիք» մեներգներով` Շողիկ Թորոսեանի, Սիփան Օլահի եւ Մարիա Փալազեանի կատարումով, որմէ ետք երեք մենակատարներուն միացաւ «Քլինկըն» լարային քառեակը: Երաժիշտները կատարեցին Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայէն «Ասում են ուռին», «Բարձր սարեր» եւ «Անուշ եւ Սարօ զուգերգ» արիաները: Յաջորդ կատարումները եղան Լ. Արտիթիի «Il Bacio», «Համբոյր» վալսը եւ Ճուլիեթի արիան «Je veux vivre» Շ. Կունոյի «Ռոմէօ եւ Ճուլիեթ» օփերայէն` սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի եւ գործիքային համոյթին կողմէ: «Միայն քոնն է իմ սիրտը» արիան Ֆ. Լեհարի «Das Land des Lächelns» օփերայէն, «All the things you are» արիան Ջ. Քերնի «Չափազանց տաք Մաիսի համար» կատարեցին թենոր Սիփան Օլահը եւ գործիքային համոյթը: Երգահանդէսի ընթացքին տեղի ունեցաւ Արա Գէորգեանի «Երեւան 2800» ստեղծագործութեան` Մարիա Փալազեանի կողմէ սոլօ դաշնակի մենանուագի եւ լարային քառեակի համար մշակուած ստեղծագործութեան անդրանիկ ներկայացումը, որ հանդիսատեսին կողմէ յուզումով եւ բուռն ծափահարութիւններով դիմաւորուեցաւ: Տ. Չուխաճեանի «Կարինէ» օփերայէն «Կարինէի ռոմանսը» եւ Ա. Այվազեանի «Երեւան» վալսը փայլուն կերպով կատարեց Շողիկ Թորոսեանը` «Քլինկըն» լարային քառեակի եւ դաշնակահարուհի Մարիա Փալազեանի նուագակցութեամբ: Վ. Սանտերսընի «Մինչեւ» եւ Ս. Պիքսիոյի «Parlami d’amore Mariù!» ռոմանսներու կրքոտ կատարումները, թենոր Սիփան Օլահի եւ գործիքային անսամպլի կողմէ, յուզեցին հանդիսատեսը: Համերգը եզրափակուեցաւ Կոմիտասի «Հաբրբան», «Lippen schweigen» զուգերգով Ֆ. Լեհարի «Merry Widow» օփերայէն եւ Է. Քուրթիսի «Non ti scordar di me» «Մի՛ մոռացիր ինձ» փայլուն մենակատարներու` Շողիկի եւ Սիփանի կատարումով, հիանալի դաշնակահարուհի Մարիա Փալազեանի եւ «Քլինկըն» լարային քառեակի նուագակցութեամբ: Բոլոր երգեցողական երաժշտութեան գործիքաւորումները այս անսամպլի համար պատրաստուած էին Սիփան Օլահի կողմէ:

Շ. Թորոսեան հաղորդեց, որ «Երգահանդէսին շատ լաւ ներկայութիւն կար, եկեղեցին գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուն էր: Համերգին ներկայ գտնուեցան դեսպաններ վեց դեսպանատուներէ` Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Ֆրանսայի, Հայաստանի դեսպանները, իսկ Լիբանանի դեսպանը, որ շատ գոհունակ ու հպարտ էր, որ իբրեւ լիբանանցի հայ այս դիրքը նուաճած եմ, սակայն յարգելի պատճառներով բացակայութեամբ ներկայ չկրցաւ գտնուիլ ելոյթին: Այս դեսպաններէն անկախ` ներկայ գտնուեցան նաեւ դեսպաններու մշակութային կցորդները, որոնք համերգի աւարտին բոլորը առանձին-առանձին ներկայացան եւ ծանօթացան հետս: Ներկայ էին նաեւ անգլիական եւ հայ եկեղեցիներու հոգեւորականներ, նաեւ` բրիտանական խորհրդարանի անդամներ, բրիտանական հայկական եւ միջազգային մշակութային միութիւններու եւ համայնքներու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ: Ներկաներուն համար, որոնց կէսէն աւելին օտարներ էին, տարօրինակ ու անակնկալ կը թուէր, որ Լիբանանէն եկած սոփրանօ մը կար: Անոնք շատ հետաքրքրուեցան այս ուղղութեամբ, նոյնիսկ Անգլիոյ հայ գաղութին մէջէն ներկայ գտնուողներուն համար այդպէս կը թուէր, որովհետեւ վարժուած էին միշտ Հայաստանէն հիւրընկալել երգիչներ կամ երգչուհիներ, բայց այս պարագային տարբեր էր, Լիբանանէն էր»:

Լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան խօսեցաւ իր անձնական զգացումներուն մասին: Ան յատկապէս ըսաւ. «Շատ ուրախ էի, որ Անգլիոյ հայ համայնքին մէջ գտնուեցայ, եւ  ուրախութիւնս կրկնակի եղաւ, երբ անգլիացիներ ու օտարներ եկան եւ ունկնդրեցին մեզ: Անոնք ծանօթացան հայ մշակոյթին, հայ երգիչներուն, որոնք նոյն ձեւով կրնային մեկնաբանել այդ բոլոր արիաները եւ երգերը, որոնք արդէն իրենք լսած էին օտարներէ»:

Թորոսեան շարունակեց` պատմելով, որ` «Ռուսիոյ դեսպանը յատուկ եկաւ եւ առաջարկեց, որ ռուսերէն ալ սորվիմ եւ ռուսերէն ալ երգեմ, որովհետեւ իրենք որոշ երգեր ունին, եւ կը կարծէ, որ կրնամ այդ երգերը երգել: Հոս յայտնեմ, որ իբրեւ երգացանկ` զատած էի բարձր թեքնիքով երգեր, որպէսզի կարենամ ցոյց տալ հանդիսատեսին այդ բոլոր թեքնիքները, որոնց կը տիրապետեմ եւ անշուշտ կրնամ ներկայացնել:

«Երգահանդէսին ներկայ գտնուողներուն համար շատ լաւ եւ ուրախ երեկոյ մըն էր: Անոնք փափաքեցան, որ կրկնուի երգահանդէսը, իսկ աւարտին բոլորս ստացանք շատ մեծ շնորհաւորութիւններ»:

 

 

Նախորդը

Յինանց Կիրակիներ. Աշխարհամատրան Կամ Կանաչ Կիրակի Եւ Կարմիր Կիրակի

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Բ. Համագումարը Իր Աշխատանքներուն Սկսաւ Նիկոսիոյ Մէջ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?