Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Բ. Համագումարը Իր Աշխատանքներուն Սկսաւ Նիկոսիոյ Մէջ

Ապրիլ 29, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ հիւրընկալութեամբ Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութեան, ուրբաթ, 28 ապրիլ 2023-ի կէսօրին Նիկոսիոյ մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական Բ. համագումարը, որ կը միտի քննել միութեան սկաուտական եւ մարզական բնագաւառներէն դուրս գտնուող երիտասարդ ՀՄԸՄ-ականներու (18-30 տարեկան) աշխատանքային նոր գործադաշտեր ստեղծելու կարելիութիւնները:

Համագումարը ընթացք առաւ բացման պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, գաղութի ազգային-կուսակցական եւ թեմական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ երիտասարդական համագումարի 30 մասնակիցներ:

 Բացման հանդիսութեան խօսքեր արտասանեցին Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութեան ատենապետ Սարհատ Տէմիրճեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան եւ կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան: Անոնք գնահատեցին երիտասարդութեան դերը եւ շեշտեցին ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական ծրագիրներուն անհրաժեշտութիւնը մեր իրականութեան մէջ: Իր խօսքին մէջ, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութեան ատենապետը նկատել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ական երիտասարդները այսօր պատնէշի վրայ կանգնած` իրենց ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրած են մեր ժողովուրդի ծառայութեան`  խոստանալով, որ հաւատքով եւ սիրով պիտի շարունակեն ընթանալ միութեան մեծ երախտաւորներու բացած ուղիէն:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան ընդգծեց,  որ այսօր, աւելի քան երբեք, կենսական է մեր երիտասարդութեան ներուժը պահպանել եւ աճեցնել,  որպէսզի նորահաս սերունդի մեր տղաքն ու աղջիկները դաստիարակուին իբրեւ տիպար քաղաքացիներ եւ միութեան ճամբով ծառայող ուժ դառնան այն բոլոր շրջաններուն մէջ, ուր կը գործեն անոնք: ՀՄԸՄ կ՛առաջադրէ նաեւ պատրաստել վաղուան մեր պատասխանատուները եւ վարչականները, որոնք պիտի շարունակեն նախկիններուն գործը,  յայտնեց Վաչէ Նաճարեան:

Ան նաեւ աւելցուց, որ երիտասարդները թարմութիւն կու տան  համահայկական մեր աշխատանքներուն, նոր թափ եւ աշխուժութիւն` ազգային մեր կեանքին ու կառոյցներուն: Հետեւաբար, ան հրամայական  նկատեց երիտասարդութեան դերն ու ներդրումը ՀՄԸՄ-ին եւ անոր ճամբով ազգային  մեր կեանքին մէջ:

Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան ողջունեց 105-ամեայ, սակայն միշտ երիտասարդ ՀՄԸՄ-ը, որ միշտ կը մնայ աշխուժ, կենսունակ եւ ազգային մեր պահանջատիրութեան առաջին գիծերուն վրայ: Ան խորին յարգանքով խոնարհեցաւ արցախեան պատերազմներուն զոհուած ՀՄԸՄ-ական երիտասարդներուն յիշատակին դիմաց եւ շեշտեց, որ երիտասարդութիւնը եղած է ու կը մնայ յեղաշրջող, փոփոխութիւն կատարող տարր: Ան կոչ ուղղեց համագումարի մասնակիցներուն` անսալու ՀՄԸՄ-ի նշանաբան` «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»-ին եւ տեւաբար ինքզինք կերտելու, կատարելագործելու եւ բարձրանալու, կարենալ բարձրացնելու համար զգալի նահանջի մատնուած մեր կեանքը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: «Երիտասարդութիւնը մեր յոյսն ու ապաւէնն է, մեր ներկան ու  ապագան  է», եզրափակեց Խորէն արք. Տողրամաճեան:

Բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը ընդգրկեց գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր. նուագ (տուտուկով` հայրենի երաժիշտ Արսէն Մկրտչեան), երգ (Մարիա Մոսկոֆեան) եւ ՀՄԸՄ-ի 105-ամեայ երթը ծանօթացնող տեսերիզի ցուցադրութիւն:

Բացման պաշտօնական հանդիսութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն: Ապա, համագումարը անցաւ իր առաջին օրուան օրակարգին, ուր ՀՄԸՄ-ը եւ երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական նիւթերով հանդէս եկան Վաչէ Նաճարեան,  Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Գազանճեան: Բոլոր նիւթերուն յաջորդեցին զրոյց-քննարկումներ  եւ տեսակէտներու փոխանակում:

Երեկոյեան, սեմինարին առաջին օրուան աւարտէն ետք, մասնակիցները այցելեցին ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբ, ապա հիւրընկալուեցան Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի կողմէ:

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Անուանի Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի Երգահանդէսը` Լոնտոնի Թագաւորական Քենսինկթընի Ս. Քաթփըրթ Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Փարետես Պիտի Վերադառնայ Փարիզ Սեն Ժերմեն

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?