«Երգիծանք… Մարդկային հարցերու յարաբերականութեան գինովութիւնը, տարօրինակ գինովութիւնը` ստուգութեան, որ չկայ իրողութիւն»
ՄԻԼԱՆ ՔՈՒՆՏԵՐԱՖրանսագիր չեխ գրող, Ի. դար
Թող ներուի չարանալ եւ դառնացածի քմծիծաղով մտածել:
Աշխարհի խրձիկ դարձած հարցերու լուծման եւ նոր կարգերու հաստատման Պերիկլէսը եւ նոր Հոմերոսը վերյայտնուած են Կովկաս, անոնք նոր ժամանակներու պատմագրութեան եւ քաղաքական իմաստութեան բանալին բերած են: Ուստի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնը պէտք է Նիւ Եորքէն փոխադրել Կովկաս, Պաքու-Երեւան, քանի որ պատմաշինութեան եւ տիեզերական քաղաքական առաջնորդութեան արեւները այսուհետեւ հոն են: Աստուածատուր իմաստութեամբ, ներշնչումով եւ իրաւունքով, Իլհամ, հին պատմութեան էջերէն բացակայ եւ նորայայտ Ազրպէյճանով չբաւարարուելով, իր երեւակայութիւնը քերելով` ծնունդ կու տայ Արեւմտեան Ազրպէյճանի: Այս քաղաքական ստեղծագործութիւն է` միացնելու համար Կովկասը, վաղը` աշխարհը: Հայաստանի Նիկոլն ալ, Իլհամէն ետ չմնալով, պատմութեան ընթացքը կը վերադարձնէ իր տիեզերական հունը, իշխանութեան տուչութիւնը եւ տիրութիւնը կը հիմնաւորէ աստուածային տնօրինութեամբ:
Անցեալին արքաներ համոզուած եւ հաւատացուցած էին, որ կ՛իշխէին կամօքն Աստուծոյ:
Նոյն համոզումով գործած են եւ կը գործեն մեծ ու փոքր իշխանները, նաեւ` թզուկներ, երեւակայութիւն ունեցող թաղային հեղինակութիւնները, բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ արեւուն տակ տեղ մը գտած են իրենց ԵՍ-ին համար, չեն վարանած այդ վերածել մնայուն տիրութեան, անփոխարինելիութեան, ժառանգականութեան, հայր, որդի, կին, ներքինի…
Այդպէս է նաւթատէր-ուժատէր Իլհամը, որ ինքնաշնորհուած իրաւունքով դժոխք կը ղրկէ աշխարհի հին եւ նոր պատմագիրները, կը գծէ նոր քարտէս, մինչեւ Ի. դարու սկիզբ գոյութիւն չունեցած Ազրպէյճանը կը լրացնէ Արեւմտեան Ազրպէյճանով: Այսպէս է ստեղծագործ քարտէսագիր Իլհամը:
Երկրորդը, ինչ որ ժողովուրդներ, չես գիտեր` ինչո՞ւ, մեծ նուաճում համարած են` ըլլալով հասարակ մահկանացուներ, կոչած են ժողովրդավարութիւն, հայ Նիկոլը զայն կը փոխարինէ աստուածային անիմանալի գաղտնի միտքերու մարգարէական ընթերցումով եւ իւրացումով: Ան հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ, Ալիեւէն ետ չմնալու համար, խօսած է իր մարգարէական յայտնաբերումներուն մասին, որոնց անդրադարձած է Հայաստանի մամուլը, որպէսզի համաշխարհային ազգ հայութիւնը իմանայ: Իմանանք, որ եթէ Իլհամ կը զբաղի երկրային մանրուք հարցերով, քարտէսագրութեամբ, Նիկոլ կը յայտնէ, որ ինք թափանցուած է տիեզերական իմաստներով:
Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան առջեւ եւ ի լուր աշխարհի ըսած է.
«Ուզում եմ աւարտել այս ընթացքում այս դահլիճում եւ դահլիճից դուրս անընդհատ քննարկուող եւ օդում պտտուող մի թեմայով: Փորձ են անում ներկայացնել, որ կառավարութիւն-եկեղեցի, Հայ առաքելական եկեղեցու յարաբերութիւնները կառավարութեան հետ լաւ չեն, կամ պրոբլեմներ կան այդ յարաբերութիւններում: Գիտէք` շատ տարօրինակ ու աղմկոտ յայտարարութիւն եմ անելու. եթէ եկեղեցու յարաբերութիւնները կառավարութեան հետ լաւ չեն, ուրեմն եկեղեցու յարաբերութիւնները լաւ չեն Աստուծոյ հետ, եւ դա` համաձայն քրիստոնէական տեսութեան: Եւ ես ուզում եմ դա ապացուցելու համար մէջբերել Պօղոս առաքեալի` հռոմէացիներին ուղղուած թղթի 13-րդ համարից մի մէջբերում, որտեղ ասւում է. «Չկայ իշխանութիւն, որ Աստծուց չլինի, եւ եղած իշխանութիւնները Աստծուց են կարգուած, հետեւաբար` ով հակառակւում է իշխանութեանը, Աստծոյ հրամանին է հակառակում»:
Ուրեմն իշխանութիւն քննադատել` կը նշանակէ խանգարել տիեզերական կարգը:
Պատմութիւնը բեմն է աստուածատուր իրաւունքով իշխածներու եւ իշխողներու: Ֆրանսայի մեծ թագաւոր Լուտովիկոս ԺԴ. ըսած է` «Ես եմ պետութիւնը», որ կը նշանակէ ոչ ոքի հաշուետու ըլլալ»: Անգլիոյ Հենրի Ը. թագաւորը խզուեցաւ առաքելական Հռոմէն, քանի որ մերժեց հպատակիլ սրբազան քահանայապետին, Անգլիոյ եկեղեցին անջատեց Հռոմէն, զայն յայտարարեց անկախ, ինք դարձաւ անոր պետը: Մինչեւ այսօր Անգլիոյ թագաւորը պետն է նաեւ երկրի հոգեւոր իշխանութեան, պետն է Անկլիքան եկեղեցիին:
Հայաստանի Հանրապետութեան հարցերը լուծուած են, քանի որ անոր իշխանութիւնը ԱՍՏԾՈՒՑ է, ինչպէս հասկցած է եւ կը վկայէ հայ Նիկոլը: Ուստի այլակարծութիւնը Աստուծոյ դէմ է: Հայաստանի Հանրապետութեան տարակարծութիւնները եւ պառակտումները կը հարթուին, եթէ հայ քրիստոնեան հաւատարիմ ըլլայ իր հաւատքին եւ չխանգարէ «Աստծուց» իշխանութեան ու իշխանաւորին: Առաջնորդ Նիկոլ, հետեւելով Պօղոս առաքեալի պատգամին, կը լուսաւորէ հայ համաշխարհային ազգը եւ անոր հետեւութեամբ կը պատգամէ. «Չկայ իշխանութիւն, որ Աստծուց չլինի, եւ եղած իշխանութիւնները Աստծուց են կարգուած, եւ` ով հակառակւում է իշխանութեանը, Աստծոյ հրամանին է հակառակւում»:
Հետեւաբար Ստալին իշխանութիւնը, Հիթլեր իշխանութիւնը, համիտեան իշխանութիւնը եւ երիտթուրքերու իշխանութիւնը «Աստծուց» էին», ուստի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը «Աստծուց» էին, հրեաներու հրկիզումը «Աստծուց» էր, Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի ռումբերը Աստծուց էին: Իշխանութիւն Իլհամի քարտէսագրութիւնն ալ Աստուծուց է:
Եզրակացութիւն. Նիկոլի իշխանութիւնը Աստծուց է եւ զայն քննադատողները դատապարտուած են դժոխքի կրակին:
Հայ Նիկոլն ալ Ատծուց եղած իր իշխանութեամբ, ինչպէս Իլհամ կը գծէ նոր քարտէս, ինք ալ կրնայ ջնջել պատմութեան էջերը, չէ եղած Ցեղասպանութիւն, չեն եղած Անի եւ Վան, աշխարհ պիտի չքանդուի, եթէ Սեւանը դառնայ Կէօքչայ, Երեւանը` Էրիվան, Ստեփանակերտը` Խանքենդի: Կ՛ըլլայ խաղաղութիւն, եղբայրութիւն:
Ուրեմն չարեաց աղբիւր են` հաւասարութիւնը, խօսքի ազատութիւնը, ընտրելու իրաւունքը: Արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի է յաւակնիլ հաւասար ըլլալ «Աստծուց» բխած իշխանաւորին, ընդդիմանալ, երբ Աստուած խօսած է, ալ ինչո՞ւ պիտի խօսին հասարակ մահկանացուները, զորս կը կոչենք ընդդիմադիր: Հետեւելով իշխանութեան «Աստծուց» ըլլալու «աստուածահաճոյ» գաղափարին` թաղային հեղինակութիւն դարձած աւազակներուն ալ պէտք չէ հակադրուիլ, ինչպէս պէտք չէ քննադատել դրամի եւ «մանիպուլացիա»-ներու «էսթեպլիշմընթ»-ները, մեր ժողովուրդի պարագային` հոն, ուր անոնք կան, ներսը եւ դուրսերը:
Հիմա որ Պօղոս առաքեալը գտած է իր իմաստութեան տարածիչը, ան համաշխարհային ազգ հայութիւնը ցարդ գումարուած ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ-ներէն տարբեր աստուածահաճոյ խորհրդաժողով մը պէտք է հրաւիրէ եւ որոշէ կենսագործել Պօղոս առաքեալի քաղաքական իմաստութիւնը, որուն գիւտը ըրած է հայ Նիկոլը, եւ ընդունիլ, որ` ««Չկայ իշխանութիւն, որ Աստծուց չլինի, եւ եղած իշխանութիւնները Աստծուց են կարգուած, եւ` ով հակառակւում է իշխանութեանը, Աստծոյ հրամանին է հակառակւում»: Հիմա կը մնայ առնել պատգամին թելադրած քայլը եւ հաստատել ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՈՎ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ, լուծարել Ազգային ժողովը, փակել թերթեր եւ լրատուամիջոցներ, վերջ տալ ընտրել-ընտրուիլ Աստուծոյ դէմ բեմադրուող խաղերուն, եւ կ՛ըլլայ խաղաղութիւն, երկինքը կ՛իջնէ երկիր: Հայ Նիկոլը իր ունեցած իշխանութիւնը ընդունելով` զայն ստացած է Աստծուց, հասարակ մահկանացուներու համար միշտ մերժելի եւ մեծ չարիքներու պատճառ եղած ամբողջատիրութեան իրաւունք եւ անոր կը ձգտի (կը ձգտի՞): Ներսի եւ դուրսի հոգեբարոյական ստրուկները, Մեծ Առաջնորդի լոյսով գէթ լուսին ըլլալու ցանկութիւն ունեցողները ազատութեան, ժողովրդավարութեան, հաւասարութեան իրաւունքը պերճանք կը համարեն:
Աւելի պարզ խօսելով` աղմկարար համաշխարհային հայ ազգը պէտք է իջեցնէ իր ինքնուրոյնութեան եւ իր պատմութեան թատրոնի վարագոյրը եւ յանձնուի Աստծուց ստացուած իրաւունքով իշխանաւորին, եւ հայ քրիստոնեան կ՛ազատի պառակտումներէ, կը նուաճէ խաղաղութիւն, Աստծուց ստացուած իշխանութեամբ երկնային երջանկութիւնը կը տարածուի համաշխարհային ազգին վրայ: Ըլլալով աստուածահաճոյ եւ համաշխարհային` այլեւս սեփական հայրենիքի կարիք չի մնար:
Պէտք է սորվիլ եւ ուսուցանել, որ` «Չկայ իշխանութիւն, որ Աստծուց չլինի, եւ եղած իշխանութիւնները Աստծուց են կարգուած, հետեւաբար` ով հակառակւում է իշխանութեանը, Աստծոյ հրամանին է հակառակւում»:
Եւ վերջ` պառակտումներու եւ պատերազմներու: Մի՞թէ անտեղի չէ` Աստծոյ հրամանին հակառակելով եւ եսասիրութեամբ պառակտուիլ, սեփական ժողովուրդին եւ դրացիին հետ թշնամանալ` սեփական հայրենիք ունենալու համար:
Ինչո՞ւ վասն եղբայրութեան չծափահարել քարտէսագիր Իլհամի նոր աշխարհ ստեղծելու միտող Աստծուց տրուած իշխանութեամբ կատարուող քարտէսագրութիւնը:
Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ` որպէս աղօթք, պէտք է հնչեցնել Պօղոս առաքեալի եւ անոր հոգեզաւակի տիեզերական իմաստութիւնը, եւ վաղը աւելի լաւ կ՛ապրինք: Կ՛առաջնորդուինք երկնային իմաստութեամբ:
Պէտք չէ մտմտալ եւ հարցնել, թէ ո՞ւր կ՛երթանք, ո՞ւր կը տանին, ի՞նչ ընելու եւ ի՞նչ ըլլալու համար: Համաշխարհային ազգը եւ անոր «Աստծուց առաջնորդները» մանրուքներով չեն զբաղիր:
Լաւ ապրելու համար պէտք է հաւատալ հետեւիլ եւ ծափ տալ: