Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համակարգը, Որ Կ՛ուզենք Կերտել

May 5, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Նախ` բացատրութիւն մը:

Առաջին բառը` «համակարգը», կը վերաբերի մարդկային այն հասարակարգին, որ կ՛առնչուի ոչ միայն վայրի մը, երկրի մը կամ այդ վայրի բնակչութեան կամ ըսենք` ազգի՛ն, ոչ միայն տարածաշրջանի մը ու անոր բաղկացուցիչ մասերուն, իրարու դրացի երկիրներու, այլեւ` համայն մարդկութեան, որ կը պարփակէ երկրագունդի բոլոր տարածաշրջաններն ու անոնց բնակչութիւնը. այլ խօսքով, կ՛առնչուի բոլոր ազգերուն ու աւելի փոքր հաւաքականութիւններուն:

Երկրորդը` «կ՛ուզենք»-ը, շատ լայն առում ունի, բայց նպատակս զայն սահմանափակել է մեզմով` հայութեամբ:

Մենք ալ մաս կը կազմենք այս մոլորակի բնակչութեան ու իբրեւ անոր մէկ փոքր մասնիկը` կրնանք խօսիլ, ուզե՛լ…

Գալով երրորդ բառին` «կերտելուն», ի հարկէ շատ յաւակնոտ տպաւորութիւն կրնայ ձգել եւ մղել ոմանց հարց տալու, թէ` «Մենք ո՜ւր, համակարգ կերտելու կարողութիւն կամ հնարաւորութիւն ունեցողներն` ո՛ւր»: Քանի մը բառ անցաւ մտքէս նախքան «կերտելուն» հասնիլս «ցանկալ», «որոնել», «տեսնել» եւ այլն, բոլորն ալ` կրաւորական իմաստով, այսինքն կարծես ուրիշէն կ՛ակնկալենք, որ այդ համակարգը ստեղծէ (ու մենք վայելենք զայն): Իսկ մե՞նք:

Ընելիք մը չունի՞նք, դեր մը չունի՞նք խաղալիք այդ համակարգը ստեղծելուն մէջ, որքան ալ համեստ ըլլայ այդ դերը:

Ուրեմն, ահա այս ըմբռնումով ալ փորձեմ պարզել միտքս:

Կ՛ուզենք, որ վերջ գտնէ «իրաւունքը զօրաւորին» համակեցութեան սկզբունքը, որ ժառանգած ենք մեր նախա-նախա-նախահայրերէն, երբ անոնք տակաւին շամբերու բնակիչ էին: Անոնցմէ, սակայն, հասանք աստուածակերտ մարդուն, որուն գերագոյն իտէալը «իրաւունքը բոլորին»-ը պիտի ըլլայ: Հաւասարութեան այս գաղափարը մարդկային բոլոր չափերու հաւաքականութիւնները առաջնորդող լուսաստղը պէտք է հանդիսանայ: Այսինքն` անկախ իրենց թիւէն, անկախ յառաջդիմութեան իրենց մակարդակէն, բոլորը` ազգախումբերը, ազգերը, թէ աւելի փոքր միաւորները, հաւասարապէ՛ս իրաւունք պիտի ունենան ապրելու իրենց բնակավայրին մէջ կամ ի հարկին այլ բնակավայրի մը` իրարու հետ հաշտ, իրարու հետ գործակցելով, փոխանակելով վերապրումի անհրաժեշտ նիւթերը ուժանիւթի, մթերքներու, հմտութեան եւ այլն, միասին դիմագրաւելով իրենց տարածքին, տարածաշրջանին կամ երկրագունդին սպառնացող վտանգներն ու աղէտները:

Կ՛ուզենք, որ վերջ գտնէ նաեւ անաշխատ եկամուտի տիրանալու մոլութիւնը, այլեւ աշխատանքը գնահատուի ըստ արժանւոյն. ոչ մէկ անհատ ուրիշին քրտինքէն օգտուելով, զայն շահագործելո՛վ` ապահովէ իր կեցութիւնը, ոչ մէկ հաւաքականութիւն ալ նոյնը ընէ աւելի տկար հաւաքականութեան մը նկատմամբ` ճնշումներով, կեղծ խայծերով կամ այլապէս: Գոցուի՛ վիհը, որ ներկայիս հետզհետէ կ՛ընդլայնի մարդկութեան չունեւոր ջախջախիչ մեծամասնութեան եւ ունեւոր ճղճիմ փոքրամասնութեան միջեւ:

Կ՛ուզենք, որ հիմնական սնունդը, առողջապահական պայմաններն ու միջոցները եւ պարբերական հանգիստի վայելումը մարդկային հիմնական իրաւունքներուն մաս կազմեն:

Կ՛ուզենք, որ նախնական ուսումը նոյնպէս ըլլայ հիմնական իրաւունք, իսկ բարձրագոյն ու մասնագիտական ուսումը` բոլորին մատչելի, առանց որեւէ խտրութեան` սեռի, գոյնի, թէ այլ: Կանուխէն նկատուին ու քաջալերուին մանուկներու բնատուր ձիրքերը, ամէն միջոց տրամադրելի ըլլայ զանոնք դրսեւորելու, զարգացնելու, մարդկութիւնը հարստացնելու անոնց ընծայելիք ներդրումով, այդ ըլլայ գիտութեան, մշակոյթի, մարմնամարզի, թէ հաւաքական կեանքի որեւէ այլ ոլորտի մէջ:

Կ՛ուզենք վերջապէս, որ մարդ անհատը ապրի իբրեւ հաւաքական էակ, իբրեւ անբաժանելի բաղկացուցիչը հաւաքականութեան ու սորվի մտածել ու գործել սեփական շահէն, սեփական բարիքէն առաջ, կը կրկնեմ, առա՛ջ` հաւաքակա՛ն շահին ու հաւաքակա՛ն բարիքին մասին` գիտակցելով, որ առանց այս վերջիններուն իր սեփականները կ՛ըլլան խաբուսիկ միայն` աւազի վրայ, ոչ թէ ժայռի վրայ հիմնուած:

Աշխարհը ներկայիս կը դառնայ այս բոլորին հակառակ ուղղութեամբ, ու զարմանալի չէ, որ հետզհետէ կը բազմանան անմարդկային, վայրենական արարքներ` յուսահատութեան մատնուող անհատներու, թէ խումբերու կողմէ, նոյնիսկ` ազգերու:

Կրնա՞նք կանգնեցնել այս թաւալումը ու մեր ցանկացած ուղղութեամբ դարձնել երկրագունդը:

Ահա՛ մարտահրաւէրը, որ կը դրուի մարդկութեան առջեւ, նաեւ` մե՛ր առջեւ: Մեր առջեւ. ըլլա՛յ հայրենիքի մէջ (Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախի Հանրապետութիւն, Ջաւախք, թէ բռնագրաւուած հայրենի հողեր), ըլլա՛յ սփիւռքի մեր բնակած իւրաքանչիւր երկրի հայ համայնքներուն առջեւ:

Մեր քաղաքական կուսակցութիւններէն եւ ազգային բոլոր կառոյցներէն ամէն մէկը կրնայ իր սեփական ծրագիրը ունենալ (կամ զայն համալրել)` այս բոլորէն մաս մը, մասնիկ մը իրագործելու համար, կրնայ իր սեփական գործելակերպն ալ ունենալ (ու զայն ալ պատշաճեցնել աշխարհը յուզող նորագոյն խնդիրներուն), եւ ինչ որ ալ ընէ, նուազագոյնն ալ, որ իրագործէ, քայլ մը կ՛ըլլայ ճիշդ ուղղութեամբ, քայլ մը` մեր ուզած համակարգը կերտելու ուղղութեամբ: Յաւելեալ քար մը` այդ համակարգի այլեւս անխորտակելի դառնալիք շէնքին վրայ:

Այո՛, պէտք է կերտենք այդ արդար համակարգը` իր համապատասխան կենսական կառոյցներով, եթէ պիտի վերապրինք իբրեւ ազգ, իբրեւ մարդկային հաւաքականութիւն, իբրեւ մարդկութիւն:

«Դրօշակ» թիւ 4, 2023

Նախորդը

Հայկական Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան

Յաջորդը

Նշմար. Ո՛չ Ըսենք Բազուկ Ոլորողներուն

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.