ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայ եկեղեցին Սուրբ Զատկուան չորրորդ կիրակին կը նշէ Սուրբ Խաչի Երեւման տօնը:
Երուսաղէմի մէջ, 7 մայիս 351-ին, ցերեկուան երրորդ ժամուն (ժամը 9:00-ին) երկինքի վրայ լուսափայլ խաչ երեւցաւ, տարածուելով Գողգոթայէն` Քրիստոսի խաչելութեան վայրէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռ, ուրկէ Տէրը երկինք բարձրացաւ: Խաչի պայծառ երեւումէն արեգակն իսկ մթագնեցաւ:
Երկինքի վրայ փայլող խաչը տեսանելի մնաց բաւական երկար ժամանակ:
Արտասովոր հրաշքին ի տես երուսաղէմցիք եկեղեցի շտապեցին, իրենց մեղքերը խոստովանեցան եւ ի խորոց սրտի աղօթեցին առ Աստուած` գոհութիւն յայտնելով Բարձրեալին` զիրենք այս մեծ շնորհին արժանացնելու համար:
Երկնային այս հրաշքը տեսնելէ ետք շատ հրեաներ ու հեթանոսներ քրիստոնեայ դարձան եւ մկրտուեցան Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմցի հայրապետին ձեռքով:
Կիւրեղ հայրապետ, խորապէս տպաւորուած այս հրաշալի ու զարմանահրաշ դէպքով, պաշտօնական նամակ գրեց Բիւզանդիոնի Կոստանդիոս Բ. կայսրին, ուր կ՛ըսէր. «Եւ որովհետեւ Սուրբ Խաչափայտը արեգակէն աւելի հզօր իր ճառագայթները կը մատուցէր տեսնողներուն այն աստիճան, որ աստուածտեսութեան երկիւղով եւ ուրախութեամբ բռնուած, քաղաքին մէջ բոլորը անխտիր կը շտապէին եկեղեցի. մանուկներն ու ծերերը, տղամարդիկ եւ կանայք, բոլոր տարիքի մարդիկ, մինչեւ իսկ տնարգել աղջիկները, բնիկները եւ օտարները, քրիստոնեաները եւ այլ տեղերէ եկած ազգերը: Բոլորը միահամուռ, միաբերան կ՛օրհնէին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը` Աստուծոյ Միածին Որդին` Սխրագործը»:
Կիւրեղ հայրապետ սքանչելի երեւոյթը կը բացատրէր իբրեւ ուղղափառ դաւանութեան պաշտպանութիւն արիոսականութեան դէմ եւ կը յորդորէր կայսրը անյողդողդ մնալ քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքի մէջ եւ հաւատարիմ` Նիկիական դաւանութեան:
Այս հրաշալի դէպքին պահպանուած միակ աղբիւրը հայերէն թարգմանութիւնն է եւ կ՛ընթերցուի Սուրբ Խաչի Երեւման տօնի առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին:
Մեր Սուրբ եկեղեցւոյ Ճաշոց գիրքի օրուան ընթերցուածքը կը բացուի Դաւիթ թագաւորի մարգարէական տողերով. «Երկինքը պիտի պատմէ արդարութիւնը Անոր. բոլոր ժողովուրդները տեսան Անոր փառքը»:
Խաչը եկեղեցւոյ հիմքն է, մեր յոյսի, սիրոյ, յաղթանակի եւ փրկութեան նշանը, որբերուն հայրը եւ հիւանդներուն բժիշկը: Տէրը Իր հրաշափառ խաչի լոյսով կը մխիթարէ ու կը զօրացնէ մեզ եւ կ՛առաջնորդէ դէպի փրկութիւն եւ յաւիտենական կեանք: Խաչը Աստուծոյ յաւիտենական ներկայութիւնն է մեր կեանքին մէջ:


