Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Նուիրուած
Ոգեկոչման Ձեռնարկներ
Սուրիա
Քեսապ
* Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ երիտասարդական միութեան «Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 23 ապրիլին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկ:
Օրուան պատգամը յղեց հրապարակագիր, բանասէր Աւօ Գաթրճեան: Ան անդրադարձաւ շարք մը հարցերու` յիշեցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի, երբ անպատիժ կը մնայ ցեղասպանը, եւ երբ Թուրքիան իրեն գործակից եւ ցեղակից եղբօր` Ազրպէյճանին յետ միասին շրջապատումի կ՛ենթարկէ Արցախը: Սակայն Հայկական հարցը ապրող իրականութիւն է, որովհետեւ անցնող 108 տարիներու ընթացքին հայութեան կողմէ կատարուած է եւ կը կատարուի հսկայական աշխատանք` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցնելու եւ Հայ դատի արդարացիութիւնը ներկայացնելու:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը` կատարողութեամբ ՍԵՄ-ի «Շանթ» մասնաճիւղին:
Աւարտին գիւղի հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեան արտասանեց իր սրտի խօսքը եւ «Պահպանիչ»-ով փակեց երեկոն:
* Կազմակերպութեամբ Քեսապի հայ երեք համայնքներուն եւ մասնակցութեամբ քեսապահայ միութիւններուն, 24 ապրիլին Քեսապի հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչման հանդիսութիւն` «Հայու կամքով` հաստատ ապագայ» խորագիրով:
Օրուան հանդիսավարներ` Ազգային Ուսումնական Միացեալ ճեմարանի ուսուցչուհիներ Մարիա Ղազարեան եւ Մարինա Բէնդէզեան ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նարեկ վրդ. Լուիսեան, որ յայտնեց, թէ նոյնիսկ եթէ մէկ հայ մնայ այս աշխարհին մէջ, ան պիտի չմոռնայ ու պահանջատէր պիտի մնայ Հայ դատին, իսկ նոր սերունդի զաւակները միշտ պատրաստ պիտի ըլլան Հայ դատի ճամբով պաշտպանելու հայոց իրաւունքները: Պիտի պայքարինք ու պահանջատէր պիտի մնանք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, որովհետեւ մեր պայքարը յաւերժ է:
Օրուան բանախօսն էր հայ աւետարանական համայնքի հովիւ պատուելի Շանթ Ակիշեան: Ան իր պատգամին մէջ ըսաւ, որ 108 տարի առաջ ցեղասպան թուրքը փորձեց ոչնչացնել մեր ազգը, բայց այսօր մենք` որպէս հայ ազգի զաւակներ, այստեղ հաւաքուած, անգամ մը եւս կ՛ըսենք, որ մենք կը շարունակենք ապրիլ եւ ապրելով կը շարունակենք պայքարիլ, աշխատիլ եւ շինել: Պատմութեան ընթացքին մենք միշտ եղած ենք վերականգնող եւ շինող ազգ: Վերականգնած ենք ոչ միայն մեր եկեղեցիները, դպրոցները, բնակարանները, այլ նաեւ` մարդկային հոգեւոր եւ ազգային արժէքները:
Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանի եզրափակիչ խօսքով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը:
Ոգեկոչման ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, իսկ աւարտին ցուցադրուեցաւ Քեսապի երեք տեղահանութիւններուն անդրադարձող տեսերիզ մը:
Այնուհետեւ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող, ուր տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում եւ բարեխօսութեան կարգ` յիշելու եւ յարգելու աւելի քան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակները:
Ոգեկոչումը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:
Դամասկոս
24 պպրիլին «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ ամեակի ոգեկոչում:
Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը արտասանեց Սոնա Անտրեան, որ դիտել տուաւ, թէ Ցեղասպանութիւնը ո՛չ միայն մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակման օրն է, այլ` հայ ժողովուրդի գոյատեւման յաղթանակին եւ պահանջատիրութեան ուխտի վերանորոգման օր:
ՍԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Ռիթա Մահսերեճեան ըսաւ, թէ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչումը մեր խղճի պարտքն է, որ կը բխի մեր ազգային ինքնագիտակցութենէն: Մեր հոգին եւ միտքը իրենց խաղաղութիւնը կը գտնեն միայն այն ժամանակ, երբ մեր Դատը կը գտնէ արդար լուծում:
Օրուան պատգամաբերն էր Հալէպէն ժամանած Պարգեւ Աւագեան, որ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան պատմական անհերքելի իրականութեան եւ Հայ դատի պահանջատիրութեան եւ մեր արդար իրաւունքին: Ան շեշտեց, որ պէտք է ազգովին զարգանալ ու բարձունքներ նուաճել, որպէսզի մեր հաւաքական ինքնութիւնն ու հաւաքական կամքը դառնայ իսկապէս համազգային եւ անոնց շուրջ` իբրեւ գիտակից ու միակամ ազգ, իրագործենք համազգային մեր իրաւունքներու եւ առաջադրանքներու սրբութիւն սրբոցը:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հայր Գէորգ Պահէեանի «Պահպանիչ» աղօթքով:
Հալէպ
Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, 23 ապրիլին տեղի ունեցաւ ջահերով երթ, որ կը խորհրդանշէր հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնն ու 108 տարիներ շարունակ իրերայաջորդ սերունդներու վառ մնացած յիշողութիւնը եւ, վերջապէս, անպատիժ մնացած համամարդկային ողբերգութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Երթը ընթացք առաւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն: Մասնակիցները ջահերով, մոմերով, Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող պաստառներով ուղղուեցան Ազգային գերեզմանատուն, ուր տեղադրուած էին 1915-ին նահատակուած մտաւորականներու պատկերներ: Ցեղասպանութեան յուշաքարին դիմաց զետեղուեցան ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ:
Այնուհետեւ բացման խօսքով հանդէս եկան Մարմանդ Աշոտեան-Շահինեան` հայերէնով, իսկ Յարութ Սունպուլեան` արաբերէնով: Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան խօսք առնելով` շեշտեց, որ ջահերուն բոցը կը խորհրդանշէ մեր նահատակներուն արեան կանչը, որ արդարութիւն կը պահանջէ: Օրուան երթը կը խորհրդանշէ մեր պահանջատիրութիւնը, իսկ բոցավառող կրակը յաւիտենական կեանքի վկայութիւնն է: Սրբազանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին եւ անոր միջոցով` իր նախնիներուն, որոնք ապաստան տուին Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայութեան, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած ու դատապարտած երկիրներուն:
Յունաստան
* Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին առիթով Յունաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը` նախագահ Քաթերինա Սաքելարոփուլու, վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս, արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս, պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Փանայեոթոփուլոս, գլխաւոր ընդդիմութիւն Սիրիզա կուսակցութեան առաջնորդ Ալեքսիս Ցիփրաս, Փոփոխութեան շարժում-Փասոք կուսակցութեան նախագահ, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Նիքոս Անտրուլաքիս, խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու ու պաշտպանութեան մնայուն յանձնախումբի նախագահ Քոսթաս Կիւլեքասհանդէս, խորհրդարանի Յունաստան-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ Տիմիթրիս Մարքոփուլոս, նաեւ բազմաթիւ քաղաքապետներ ու քաղաքական աշխարհի անձնաւորութիւններ հայութեան զօրակցութեան ուղերձներով յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
* Կազմակերպութեամբ Աթէնքի մարզպետարանի եւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին, 23 ապրիլին Աթէնքի կեդրոնական «Աքրոփոլ» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի քաղաքական ելոյթը:
Օրուան նախագահ Արման Գրիգորեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, ինչպէս նաեւ` Արցախի 44-օրեսյ պատերազմի զոհուած հայորդիներուն, ապա իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական եւ քաղաքական անժխտելիութեան իրականութեան:
Յունաստանի կրթութեան փոխնախարար Ակելոս Սիրիղոս ելոյթ ունենալով անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան իրողութեան` շեշտելով, որ պէտք չէ թոյլ տալ Թուրքիոյ` ժխտելու իր կատարած ոճրագործութեան փաստը:
Ատտիկէի մարզպետ Եորղոս Փաթուլիս իր կարգին նշեց, որ հայերու միասնական պայքարի ուժը ամբողջ աշխարհի վրայ վառ կը պահէ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը եւ օրինակ կը դառնայ Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանուած ժողովուրդներու ճանաչման պայքարին:
Յունաստանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի խօսքը ներկայացուց խորհրդական Աննա Մկրտչեան, իսկ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան ուղերձը կարդաց Երուանդ Մանուկեան:
Օրուան բանախօսն էր Պեղոպոնեզի համալսարանի քաղաքական գիտութեանց եւ միջազգային կապերու դասախօս, Միջերկրականեան եւ իսլամական գիտութեանց կեդրոնի տնօրէն, փրոֆեսէօր Սոթիրիս Ռուսոս, որ ներկայացուց Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած 20-րդ դարու քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններու պատմական ենթահողը, ապա շեշտը դրաւ հայ-յունական ընդլայնուած ու ամուր գործակցութեան մը հրամայականին վրայ` դիմագրաւելու համար ներկայ թրքական նորօսմանական նկրտումները տարածաշրջանէն ներս:
Ելոյթի աւարտէն ետք ժողովրդային թափօրը քալեց Աթէնքի կեդրոնական ճամբաներէն` հասնելու համար Սինտաղմա հրապարակին վրայ գտնուող խորհրդարանի շէնքին առջեւ, ապա ուղղուեցաւ դէպի Անծանօթ զինուորի յուշադամբանը, ուր զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:
* ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան աւանդութիւն դարձած ծաւալուն կրպակը դարձեալ տեղադրուեցաւ Սինտաղմայի կեդրոնական հրապարակին վրայ, ուր բազմաթիւ անցորդներ, յոյն եւ օտար մարդիկ կանգ առնելով` առիթը ունեցան իրազեկ դառնալու Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին մասին` քննելով ու կարդալով տեղադրուած պաստառները, պատկերներն ու տեղեկատուական գրութիւնները:
* Հովանաւորութեամբ հայ յարանուանութեանց պետերուն, կազմակերպութեամբ Աթէնքի նահանգապետարանի եւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին, 24 ապրիլին Նէա Զմիռնիի հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ գոհաբանական հանդիսաւոր արարողութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում: Ելոյթ ունեցան` Գէորգ Աւագեան, Ատիկէի փոխմարզպետ Խրիսթոս Թէոտորոփուլոս, որ իր զօրակցական արտայայտութիւններով դատապարտեց թրքական ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, փոխքաղաքապետ Վակելիս Խաչատուրեան, որ վեր առաւ հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարը, որ սկսաւ 19-րդ դարուն եւ պսակուեցաւ անկախ Հայաստանի հաստատումով եւ
պաշտօնապէս յայտարարեց, որ մօտակայ ժամանակաշրջանին, ՀՅԴ մարմիններու գործակցութեամբ, Նէա Զմիռնիի կեդրոնական հրապարակին կողքին պիտի կանգնի նոր մարմարեայ յուշարձան մը, որ պիտի խորհրդանշէ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը եւ հայերու Յունաստան հաստատման աւելի քան 100-ամեայ պատմութիւնը:
Այնուհետեւ յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ կատարուեցաւ գոհաբանական մաղթանքի արարողութիւնը, եւ յաջորդաբար հոգեւոր հայրերուն կողմէ եղան աղօթքներ ու ընթերցումներ, ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
* Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ քայլարշաւ եւ բողոքի ցոյց` դէպի թրքական դեսպանատուն: Դեսպանատան մօտ գործադրուեցաւ զօրակցական խօսքերու յայտագիր մը:
Համապոնտական միութեան անունով խօսք առաւ Նիքոս Քոէնտաս, որուն յաջորդեց Ատտիկէի պոնտացի երիտասարդներու միութեան ներկայացուցիչ Եաննիս Ռափթոփուլոսի խօսքը, ապա ելոյթ ունեցան «Օննետ» եւ «Փասոք-Քինալ» երիտասարդականներու ներկայացուցիչները: Բոլոր խօսողները անվերապահ աջակցութիւն յայտնեցին հայ ժողովուրդին` դատապարտելով թրքական անպատժելիութիւնը եւ զօրավիգ կանգնելով Արցախի մարտնչող ժողովուրդին: ՀՅԴ պատանեկան միութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Ալին Սերոբեան, որ կուռ եւ զօրաւոր ոճով յայտնեց հայ պատանեկութեան աննկուն կամքը` շարունակելու աննահանջ պայքարը մինչեւ վերջնական հատուցում:
Քանատա
Կազմակերպութեամբ Քեպեքի Հայ համայնքի միացեալ մարմնին, 23 ապրիլին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչում:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թալիա Ճապրայեան, որ շեշտեց կարեւորութիւնը մեր նախնիներուն արժանի ժառանգորդները ըլլալու եւ անոնց յիշատակը վառ պահելու, ինչպէս նաեւ` զգաստանալու, որպէսզի չկրկնուին նման արարքներ այսօր եւս: Ապա տեսերիզով հանդէս եկաւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի, որ յորդորեց շարունակել պայքարը ատելութեան դէմ եւ պաշտպանել մեր բաժնեկցած արժէքները Քանատայի եւ ողջ աշխարհի տարածքին:
Յաջորդաբար խօսք առին` Քանատայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, Քեպեքի Հայ համայնքի միացեալ մարմինի ներկայացուցիչ Սարօ Շիշմանեան, Քեպեքի Հայ դատի յանձնախումբի համաատենապետ Վարանդ Եափուճեան, Պլոք քեպեքուայէն Մարթեն Շամփու, Նոր դեմոկրատական կուսակցութեան փոխ նախագահ Ալեքսանտր Պուլերիս, Քեպեք նահանգի խորհրդարանի անդամ Սելին Հայթայեան, Քեպեքի Ազատական կուսակցութեան անդամ Միշէլ Սեթլաքու, Քեպեք սոլիտերի ներկայացուցիչ Անտրէ Ֆոնթեսիլա, Փրոժէ Մոնրէալի ներկայացուցիչ Տոմինիք Օլիվիէ, Անսամպլ Մոնրէալի անունով Արեֆ Սալեմ, Մուվըման լաւալուայի կողմէ Սեդա Թոփուզեան եւ Աքսիոն Լաւալի ներկայացուցիչ Ակլայիա Ռեւելաքիս, որոնք խստօրէն դատապարտեցին Թուրքիոյ հերքումի քաղաքականութիւնը եւ Ազրպէյճանի սադրանքները` իրենց անսակարկ զօրակցութիւնը յայտնելով հայ ժողովուրդի Դատին եւ Քանատայի հայ համայնքին:
Օրուան պատգամաբերն էր Պլոք քեպեքուայի նախկին ղեկավար Ժիլ Տիւսեփ, որ իր խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, որ օր մը Թուրքիան պիտի ընդունի 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ մարդկային իրաւունքներու դէմ կատարուած որեւէ չարագործութիւն` ըլլայ այն ցեղասպանութիւն կամ ցեղային զտում, ինչպէս այսօր եւս կը կատարուի Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ, պէտք է առերեսուի: Եւ Քանատայի կառավարութիւնը ի լուր ամբողջ աշխարհին պարտի դատապարտել նման արարքներ: Ան շեշտեց, որ ժողովուրդ մը չի կրնար ազատ ըլլալ, երբ ան խլած է այլ ազգերու ազատութիւնը: Աւարտին Քեպեքի Հայ համայնքի միացեալ մարմինի ատենապետ Վիգէն Սարգիսեան Ժիլ Տիւսեփին յանձնեց արուեստագէտ Շահէ Յարութիւնեանի «Զարդ աշխարհի» յուշանուէրը:
* Նոյն օրը, կազմակերպութեամբ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ «Մեր իրաւունքը` մեր ձեռքով» քայլերթը Օթթաուայի մէջ` մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնրէալէն, Համիլթընէն, Սենթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանած հայորդիներու:
Դեսպանատան դիմաց բացման խօսքով հանդէս եկան ՀՅԴ ՔԵՄ-ի անդամներ Արմէն Արթին` հայերէնով եւ Մարի Չաթալեան` անգլերէնով, որոնք հաստատեցին, որ Թուրքիա ձախողեցաւ, որովհետեւ Հայաստանը, Արցախը եւ հայ ազգը տակաւին կ՛ապրին, կը գոյատեւեն եւ պիտի գոյատեւեն մինչեւ մեր Դատի արդար լուծման հասնիլը: Անոնք շեշտեցին, որ պիտի պահպանենք մեր մշակոյթը, լեզուն եւ ժառանգութիւնը եւ իրազեկ պիտի դարձնենք ապագայ սերունդները Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որպէսզի կարենանք յարգել մեր նախնիներուն զոհաբերութիւնը եւ թոյլ չտանք նման վայրագութիւններու կրկնուիլը:
ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Մոնրէալի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերուն անունով խօսք առաւ Քամի Ունանեան, որ հաստատեց, թէ հայոց դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն պատմական իրողութիւն է, այլեւ` յիշեցում, թէ ինչպէ՛ս առ այսօր եւ ամէնօրեայ դրութեամբ մենք կը պայքարինք պահպանելու մեր լեզուն եւ ժառանգութիւնը:
ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Շանթ Աֆարեան: Ան ըսաւ, որ մեր պարտքն է` որպէս ցեղասպանութեան զոհեր, բայց նաեւ` որպէս քանատացիներ եւ մարդկութեան անդամ, պահանջել արդարադատութեան իրականացում:
ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան շեշտեց, որ մենք հայաջնջման, հայաթափման եւ հայրենազրկման ծրագիրի իրագործումը պիտի չարտօնենք, որովհետեւ չի կրնար խաղաղութիւն հաստատուիլ այդ տարածաշրջանին մէջ` ի հաշիւ հայութեան իրաւունքներուն, ի հաշիւ արցախցիներուն հայրենիքի խլման, աւելցնելով, թէ պէտք է գիտակցինք, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` մեր ճակատագիրը մե՛նք պիտի կերտենք:
Աւարտին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Վարդան վրդ. Թաշճեան, որ շեշտեց, թէ մենք պէտք չէ վստահինք ոեւէ մէկուն, այլ պէտք է կեդրոնանանք միայն մեր ուժերուն վրայ:
Նշենք, որ ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութեան անդամները քայլարշաւի նախօրէին այցելեցին Օթթաուայի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցան դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանին հետ, ապա ծաղկեպսակ զետեղեցին «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին դիմաց:
Իրաք
Կազմակերպութեամբ Իրաքի Հայ դատի յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին:
Հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով արտասանուած բացման խօսքի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան օրով եւ տարիներու ընթացքին հայերու դէմ ծրագրուած եւ իրականացուած ջարդերու, հայ գաղթականներու տառապանքներու մասին, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ Ազրպէյճանի վարած ռազմատենչ քաղաքականութիւնը, որ կը վկայէ, թէ արցախահայութեան դէմ նոր ցեղասպանութիւն իրականացնելու նպատակներ կան եւ Բերձորի փակումը անոր վառ ապացոյցն է: Խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ արաբ հիւրընկալ ժողովուրդին եւ կառավարութիւններուն, որոնք սիրով ընդունեցին հայ գաղթականները, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ իրաքցի արաբ գործընկերներուն, որոնք շուրջ տասը տարիէ ի վեր կը պաշտպանեն Հայ դատը եւ կը ջանան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Արցախի ժողովուրդի ապահովութիւնն ու ազատագրումը ապահովել:
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցան Սաատ Սալում եւ Մոհամետ Ուկէյլլի որոնք անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան` նշելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնն ու ժխտողականութիւնը յանգեցուցին տարբեր երկիրներու մէջ այլ ցեղասպանութիւններու իրականացման` օրինակ բերելով 2014 թուականին «ՏԱՀԷՇ»-ի կողմէ կատարուած ջարդերը եւ ցեղասպանութիւնը:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան:
Ֆրանսա
Նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու միութեան համակարգող խորհուրդին, 24 ապրիլին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւն եւ երթ: Ելոյթներով հանդէս եկան` Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան, Արա Թորանեան, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալքօ, ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանի:
Մուրատ Փափազեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ 24 ապրիլ 1915-ին թրքական կառավարութիւնը նախաձեռնեց հայ ժողովուրդը բնաջնջելու ծրագիրին, որ եղաւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Ան շեշտեց, որ Թուրքիան պատժամիջոցներու չենթարկուեցաւ մարդկութեան դէմ այս յանցագործութեան համար, աւելցնելով, որ միջազգային հանրութիւնը իր թուլութիւնը ցոյց տուաւ 1915 թուականին: Հայերը կը պահանջէին ճանաչում եւ հատուցում, բայց ներկայ Թուրքիան կառուցուեցաւ հայ ժողովուրդի դիակներուն վրայ: Փափազեան յայտնեց, որ շատ մը պետութիւններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, սակայն միջազգային կառոյցները պայմաններ չեն ստեղծեր Թուրքիոյ համար ճանաչման եւ հատուցման քայլ կատարելու համար: Ան դիտել տուաւ, որ 1915-ի յիշողութիւնը կրկին արթնցաւ 2020-ին եւ կրկին այս աշխարհի ուժերու ընդհանուր անտարբերութեան մէջ, որոնք թոյլ տուին, որ այդ մէկը տեղի ունենայ: Իսկ աւելի վատը` Ազրպէյճանը ներխուժեց եւ գրաւեց Հայաստանի տարածքներու մէկ մասը:
Ուրուկուէյ
Նախագահ Լուիս Լաքաժէ Փօուի եւ փոխնախագահ, Ազգային ժողովի նախագահ Պէաթրիս Արխիմոնի ներկայութեամբ, երկուշաբթի, 24 ապրիլին Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ` կազմակերպուած Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահի եւ Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ:
Խորհրդարանի նախագահ, պատգամաւոր Սեպասթիան Անտուխար իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արցախի ներկային` շեշտելով, որ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը աղէտալի իրավիճակ յառաջացուցած է: Ան ըսաւ, թէ կարելի չէ, որ հաշտութիւն ըլլայ` առանց ճշմարտութեան: Պէտք է պատմութենէն դասեր քաղենք եւ միասին աշխատինք, որպէսզի մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները չկրկնուին:
Ապա Ուրուկուէյ-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի անդամ պատգամաւոր Քոնրատօ Ռոտրիկեզ վերլուծեց ժխտողականութեան դերը` որպէս ցեղասպանութեան յանցագործութեան շարունակութեան ձեւ եւ յիշեցուց ատելութեան հրահրման օրէնքը ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը` ներառելով Հայոց ցեղասպանութիւնն ու հրէական Ողջակիզումի ժխտումը:
Այս արթիւ տեսերիզով իր պատգամը յղեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազոր ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան, որ նկատել տուաւ, թէ 108 տարուան ընթացքին աշխարհը փոխուած է, բայց բռնապետութիւններն ու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները չեն փոխուած: Ան ըսաւ, որ ցեղասպանութիւնները տեղի կ՛ունենան ոչ միայն ստեղծուած մթնոլորտի, այլեւ պատասխանատուութիւն վերագրելու եւ հաշուետուութիւն պահանջելու բացակայութեան պատճառով:
Միջազգային յարաբերութիւններու եւ պատմագէտ Ռոտրիկօ Մելկար ելոյթ ունենալով բացատրեց ցեղասպանութիւն հասկացողութեան զարգացումը` Ռ. Լեմքինի կողմէ ստեղծումէն մինչեւ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու հռչակագրին մէջ ներառուիլը:
Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն Սթեֆանի Տեմիրճեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Ազրպէյճանը ոչ միայն կը շարունակէ ցեղասպանական շրջափակումը, այլ նոյնիսկ միջանցքին վրայ անցակէտ տեղադրեց` վստահ ըլլալով միջազգային հանրութեան կաթուածահար վիճակին եւ անոր ՄԱԿ-ի բարձրագոյն դատական մարմինի վճիռները կատարելու անկարողութեան: Ան ըսաւ, որ պատմութեան կրկնութենէն խուսափելու համար մենք խորին վստահութիւն ունինք Ուրուկուէյի նկատմամբ, անոր երկարամեայ աջակցութեան եւ համերաշխութեան աւանդոյթին: