Շաբաթ, 29 ապրիլ 2023-ին Քանատայի ՀՕՄ-ի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն ցանցերով, ինչպէս նաեւ լրատուական «Հայ Հորիզոն», «Նոր Հայ Հորիզոն» եւ այլ հարթակներով հրապարակուեցաւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինին աշխատանքը ամփոփող տեսերիզ մը` 6 փետրուարին Սուրիոյ աղէտալի երկրաշարժին պատճառով սուրիահայութեան մատակարարուած օժանդակութիւններուն վերաբերեալ:
«Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամին կողմէ պատրաստուած տեսերիզի առաջին բաժնով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան-Փալանճեան, որ ըսաւ. «6 փետրուարին պատահած աղէտը ցնցեց ողջ հայութիւնը` Սուրիայէն մինչեւ այս ցամաքամասը: Մեր կեդրոններուն շուրջ հաւաքուած հայութիւնը` երիտասարդ ու պատանի, միջին տարիքի կամ տարեց, մեր դպրոցներու աշակերտութիւնը եւ մինչեւ իսկ ոչ հայաշատ քաղաքներու մէջ ապրող քանատահայը իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձուց սուրիահայութիւնը»: Ապա խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՕՄ-ուհիներուն` իրենց տարած տքնաջան աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ` բոլոր նուիրատուներուն, բարերարներուն եւ ամբողջ քանատահայութեան, որոնք հաւատալով ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ վստահելով անոր գործելաոճին` անսակարկ նուիրումով իրենց լուման բերին սուրիահայութեան օժանդակութեան ի խնդիր:
Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, որ դրուատեց քանատահայ գաղութին լիաբուռն մասնակցութիւնը սուրիահայութեան օժանդակութեան, ՀՕՄ-ին եւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէին յառաջացուցած Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ յանձնախումբի կամաւորներուն եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Սուրիոյ երկրաշարժի օժանդակութեան Քանատայի մարմինի ատենապետ եւ ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ Անի Հոթոյեան-Ժոլի հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ նշեալ Օժանդակութեան մարմինին կազմաւորման եւ նպատակին մասին, ապա անդրադարձաւ Քանատայի ամբողջ տարածքին անհատական կերպով եւ միութիւններու կողմէ եղած նուիրատուութեանց գործընթացին, որուն որպէս արդիւնք` հանգանակուած էր 150.000 ամ. տոլար. կէսը արդէն փոխանցուած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, իսկ մնացեալը եւս շուտով կ՛ուղարկուի:
Անկէ ետք ցուցադրուեցան Քանատայի տարածքին կատարուած ձեռնարկներէն, միջոցառումներէն եւ աշխատանքներէն լուսանկարներ, որոնց բոլորին հասոյթները տրամադրուեցան վերոնշեալ մարմինին:
Տեսերիզի երկրորդ բաժնով վաւերագրական անդրադարձ մը կատարուած էր Հալէպի նախապատերազմեան մշակութային, ազգային-կրթական եւ հայապահպանման երկարամեայ փառահեղ ընթացքին, ապա պատերազմին եւ վերջերս զայն հարուածած աղէտալի երկրաշարժին: Մանրամասն տեղեկագրութեամբ ներկայացուած են բոլոր այն ծառայութիւններն ու օժանդակութիւնները, որոնք տրամադրուած են մեր աղէտեալ ժողովուրդին, եւ որոնց իբրեւ ապաստան ծառայած են գաղութին հայկական կառոյցներու եւ եկեղեցիներու սրահները, ինչպէս նաեւ Սուրիահայ օգնութեան խաչի կամաւորներուն եւ ընկերաբժշկական կեդրոնին մատուցած սննդամթերքի, սննդակողովներու, հանդերձանքի, դեղորայքի, շտապ օգնութեան, նիւթական յատկացումներուն եւ այլ տեսակի զանազան օժանդակութիւնները` Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ: Անդրադարձ կատարուած էր նաեւ այս ծիրէն ներս Բերիոյ թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի այցելութիւններուն:
ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիրան Ամպարճեան եւս լայնօրէն անդրադարձաւ ՍՕԽ-ի տարած աշխատանքներուն երկրաշարժին յաջորդած օրերուն, ապա յետերկրաշարժեան` առաւել եւս կազմակերպուած ու ծրագրաւորուած կերպով աշխատելու գործընթացին: Ան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ուհիներուն, որոնք, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս զօրավիգ կանգնեցան աղէտեալ մեր գաղութի զաւակներուն:
Աւարտին պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան զեկոյցով հանդէս եկաւ, որուն մէջ նախ յիշեց, որ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը յառաջացուցած էր երկու յանձնախումբ. առաջինը` երկրաչափներէ բաղկացած, որոնք այցելելով հայկական կալուածներն ու մեր ժողովուրդին տուները` պատրաստած էին տեղեկագիրներ, որոնց հիման վրայ կարգ մը տուներու նորոգութիւնները կատարուած են արդէն, իսկ քանդուած բնակարաններու ընտանիքներուն առայժմ ապահովուած են այլ բնակարաններ: Իսկ երկրորդը Երկրաշարժի արտակարգ վիճակի մարմինն էր, որ զբաղած էր երկրաշարժէն տուժած մեր ժողովուրդին կարիքները հոգալու հարցերով: Աւարտին ան իր շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքը ուղղեց յատկապէս ՀՕՄ-ի Քանատայի կառոյցին` իր ցուցաբերած աջակցութեան եւ օժանդակութեան համար:
Նշենք, որ Սուրիահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինին օժանդակող միութիւններն էին` Քանատայի ՀՕՄ-ի կառոյցը, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը, Համազգայինի Քանատայի շրջանը, ՀՅԴ-ՔԵՄ-ն ու պատանեկան միութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ի Քանատայի շրջանը: